By Asbarez | Wednesday, 19 July 2017
ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
<<Աչքերու տեղ աչքեր հանենք,
Ատամի տեղ, ատամներ,
Մեր մէկ հաւը գողացողին
Ամբողջ տունը թալանենք…>>
Քսանհինգ տարի եւ աւելի է արդէն, որ ազատ Արցախի հանրապետութիւնը գոյութիւն ունի եւ կը բարգաւաճի։
Քսանհինգ տարի եւ աւելի է, որ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի հանրապետութիւններուն միջեւ կնքուած զինադադարը կը խախտուի գրեթէ ամէն օր։
Քսանհինգ տարի եւ աւելի է, որ Արցախի սահմանները պաշտպանելու իրենց պարտականութեան ընթացքին հայորդիներ կը զոհուին՝ արհամարհելով մահը, քաջ գիտնալով, որ իրենց անձը զոհելով հայրենիքին փառքին՝ փրկած պիտի ըլլան շատ աւելի թանկագինը…
Պատանութեանս շրջանին, երբ անդամագրուած էի ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան, մեր խրախճանքներու ընթացքին սովորութիւն ունէինք երգելու հայրենասիրական ու յեղափոխական երգեր, որոնք մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէին մեր երիտասարդ հոգիներուն մէջ, կ՛ամրապնդէին մեր հաւատքն ու կորովը, եւ ինչո՞ւ չէ, որոշ չափով ալ կը դաստիարակէին մեզ, մեր նախնիներուն փորձառութենէն պատառիկներ հաղորդելով…
Այդ երգացանկին վրայ կար <<Վրէժ>> խորագիրով երգ մը, որուն տողերուն կան թուրքին եւ թաթարին էութիւնը բացատրող տողեր, նաեւ՝ անոնց հետ վարուելու միակ ձեւն ու միջոցը թելադրող պատգամներ. այդ պարզունակ երգի տողերուն իմաստը ժամանակ չի ճանչնար եւ ի զօրու է նաեւ այսօր։ Ինչպէս անցեալին, այսօ՛ր ալ թուրք ու ազերի իշխանաւորներուն հետ վարուելու միակ ձեւն ու միջոցը եղած է, եւ դժբախտաբար ցնոր տնօրինութիւն պիտի մնայ բազուկի ուժի միջոցը. փաստօրէն, իրենց նախահայրերուն՝ Ճենկիզ խանի ու յաջորդներուն օրերէն ի վեր, թուրք ու անոր նորագոյն <<եղբայր>>՝ ազերի իշխանութեան, ճանչցած են միայն ու միայն բիրտ ուժի լեզուն, զայն ի գործ դրած են մահ, աւեր ու ստրկութիւն պարտադրելու եւ քաղաքակրթութիւն խորտակելու համար. Էրտողան ու Ալիեւ այս ուղիէն չեն հրաժարած իրենց երկիրներուն մէջ, իսկ Թուրքիոյ նախագահը կը փորձէ նաեւ այս «քաղաքականութիւնը» իջեցնել ուրիշներու կոկորդէն վար, ինչպէս պատահեցաւ վերջերս, Ուաշինկթըն իր այցելութեան օրերուն, ինչպէս կը պատահի ամէն օր՝ Արցախի սահմանային գիծին վրայ…
Մենք՝ հայերս, լաւ գիտենք այս նկարագիրը։ Աշխարհը յաճախ կը մոռնայ կամ շահադիտական հաշիւներու զոհ կը դարձնէ իր գիտցածը, որմէ միայն չարիք ու վնաս կը հասնի անոր։
Եւրոպական կարգ մը երկիրներ իրենց այս զգացումը սկսած են աւելի համարձակօրէն արտայայտելու։ Կը մնայ, որ թուրք ու ազերի իշխանաւորներուն դաժան վարմունքը զսպելու եւ հետեւանքները դարմանելու կամքը տարածուի ամէն տեղ, մարդիկ յանգնութիւնը ունենան տեսնելու եւ ըսելու, որ Միջին Արեւելքն ու այլ շրջաններ պատուհասող ոճրային ալիքները ծնունդ ու ներշնչում կ՛առնեն թուրք ու ազերի ցեղապաշտունենէն։
Երգը՝
Թող կորնչին տաճիկները
Հայաստանի սուրբ հողից,
Թշնամական անարգ լուծը
Ջնջուի Հայաստանից։
Բաւական է որքան նրանք
Հայու արիւն ծծեցին,
Հայու ջանքով աշխատանքով,
Պետութիւն հաստատեցին։
Հայի հացը, հայի փողը,
Մինչեւ երբ տաճիկն ուտէ,
Իր գարշելի պիղծ բերանով
Հայութիւնը անարգէ։
Աչքերու տեղ աչքեր հանենք,
Ատամի տեղ ատամներ,
Մեր մէկ հաւը գողացողին
Ամբողջ տունը թալանենք։
Վրիժուց կայծակ թող բորբոքի
Հայ առիւծների սրտում.
Թաղենք վատերու գլուխներ
Դիւցազուններու երկրում։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է