Հալէպ. Կիսատ Եւ Անյստակ Միտքեր

By Asbarez | Friday, 28 July 2017

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

 

0728manuelkeshishian

Այսօր հալէպահայ գաղութը կայ:

Կայ սակայն կարելի չէ ըսել, թէ ապահովական հարցերը լուծուած են: Հալէպի արեւմտեան սահմաններուն վրայ  տակաւին կը վխտան տասնեակ հազարաւոր զինեալ ընդդիմադիրներ, որոնք լուրջ սպառնալիք են քաղաքին համար. Հալէպը ենթակայ է վտանգին պայթուցիկ նիւթերու, որոնք կրնան ամէն օր տեղադրուիլ զանազան վայրերու մէջ, կան պետութեան  ենթակայ անհնազանդ զինեալներ, եւ այլն,  եւ այլն… Եւ սակայն հալէպահայ գաղութը լաւատես է,  պարզապէս անոր համար որ կ՛ուզէ լաւատես ըլլալ: Այսօր, մէկ կողմ, ձգենք ապահովական հարցերը, որոնց գոյութեան կամ վերացման պատճառները մեր ուժերէն վեր են:

Այսօր գաղութը կայ:

Չորս անգամ նուազած՝ բայց գաղութը կայ:

Երիտասարդ տղոց թիւը երեք անգամ նուազ է նոյն տարիքի աղջիկներու թիւէն, սակայն գաղութը կայ:

Դպրոցներ փակուած են, դպրոցներ իրար միացած են, եւ սակայն գաղութը կայ:

Հարիւրաւոր տուներ քանդուած են, հարիւրաւոր գործատեղիներ քանդուած են, եւ սակայն գաղութը կը շարունակէ ապրիլ:

Հատուկենտ վերադարձողներու կողքին, բազմաթիւ հեռանալ ուզողներ կան, սակայն գաղութը կայ:

Գաղութը կայ, կայ նաեւ համահայկական միտում ու որոշում՝ գաղութի պահպանումին: Այս որոշումով հանդերձ, ամէն տեղ քիչ մը դժուարացած է դրամ հաւաքել: Հալէպահայերը նոր տեսերիզներ կը պատրաստեն եւ գաղութի վերականգնումին մասին երաշխիքներ կը փորձեն տալ:

Անցեալ Ապրիլին, Անթիլիասի մէջ գումարուած ժողովը տենդագին աշխատանքի մէջ է՝ պատրաստելու առաջնահերթութիւն տրուած խնդիրներու լուծման ծրագիրները եւ գտնելու անոնց իրագործման լաւագոյն միջոցները: Հալէպի մէջ արդէն արձանագրուած եւ գնահատուած են ազգային կառոյցներու ու հայ անհատներու կրած վնասներուն չափերը, ճշդուած վերականգնումի համար անհրաժեշտ գումարները:

Նախ եւ առաջ պէտք չէ՞ ճիշդ իմանալ գաղութին թիւը: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, երբեմն այս կամ այն համայնքը կը միտի իր զաւակներուն թիւը բազմապատկուած ցոյց տալ: Մինչեւ հիմա չկրցանք Հալէպի մէջ մնացած հայերուն ճշգրիտ թիւը գիտնալ. ամենամօտիկ թիւը ենթադրաբար կու տանք՝ յենուելով հայ աշակերտներու թիւին: Պէտք չէ՞ գիտնալ, թէ ո՛վ կարիքաւոր է, ո՛վ՝ ոչ: Չէ՞ որ գաղութին մէջ կան նաեւ օգնութեան կարիք չունեցող ընտանիքներ, չէ՞ որ գաղութին մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք վճարունակ են եւ այսպիսիներէն պէտք է գանձուին, օրինակ, դպրոցական կրթաթոշակները:

Դժուար լուծելի խնդիր է դպրոցներու պարագան: Կը կարծեմ, թէ ճիշդ պիտի չըլլայ այս տարի եւս ամբողջութեամբ անվճար ուսում տալ: Այս հարցին շուրջ միասնական որոշում պէտք է առնուի. դպրոց մը ձրի, դպրոց մը վճարովի չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ ասիկա պատճառ կը դառնայ աշակերտներու դէպի այս կամ այն դպրոց հոսքին: Կը յիշեմ պատասխանատուի մը անցեալ տարեմուտին ըսած խօսքը. <<Իրար հետ մրցումի ելեր ենք. այս ընթացքով աշակերտը մեր դպրոցը բերելու համար մենք պէտք է իրեն դրամ տանք…>>:

Այո՛, վճարունակ մարդոց զաւակները ձրի պէտք չէ յաճախեն դպրոց: Նշենք, որ քիչ չէ թիւը այն աշակերտներուն, որոնք մասնաւոր ուսուցիչներ ունին, մանաւանդ աւարտական դասարաններուն: Այս կամ այն կերպ մեզմէ շատեր կը յաջողին մեծ գումարներ վճարել այս ուսուցիչներուն:

Հալէպահայութեան ամենակարեւոր հարցերէն մէկը դպրոցն է: Կան վարժարաններ, որոնք կանգնած են փակուելու շեմին: Աշակերտներու սակաւութեան պատճառաւ Ազգային դպրոցները դարձան միացեալ: Ճիշդ քայլ մըն էր ասիկա: Կան վարժարաններ, որոնց աշակերտներուն թիւը 50-60 է: Կ՛արժէ՞ բաց պահել այս վարժարանները:

– Այդ ի՞նչ հարցադրում է,- պիտի ըսեն եւ պիտի շարունակեն, – Դպրոց փակելը ոճիր է…

Դպրոց փակելը ոճիր է, բայց այս վիճակով դպրոց պահելը աւելի մեծ ոճիր չէ՞: Երբ աշակերտներուն կէսէն աւելին հայեր չեն, երբ պահանջուած ուսումնական մակարդակն ալ չի պահպանուիր: Չմտածե՞նք այս մասին, սպասենք մինչեւ որ դպրոցէն միայն անո՞ւնը հայկական մնայ…

Դպրոցի հարցը անլոյծ ձգելով՝ անցնինք այլ խնդիրներու: Ինչէ՞ն սկսինք վերականգնումը: Եկեղեցիներէ՞ն, թէ եկեղեցիները միշտ ալ կարելի է նորոգել, եկեղեցիները թերեւս կարելի ըլլայ վերանորոգել համաշխարհային կազմակերպութիւններու կամ նոյնինքն պետութեան քսակէն: Թերեւս ամէնէն ճիշդը պիտի ըլլար սկսիլ շուրջ երկու հարիւր վնասուած աշխատատեղիները ոտքի կեցնելէն: Ասիկա անյետաձգելի խնդիր մը չէ՞:

Վերականգնումի մասին խօսելով, պէտք է նկատի ունենանք նաեւ մեր արժանապատուութիւնը: Հալէպի մէջ գրեթէ բոլորը նպաստ կը ստանան, գրեթէ բոլորը կը թակեն բարեսիրական հաստատութիւններու դռները: Բոլորը միշտ կը դժգոհին նպաստներու չափէն: Կան մարդիկ, որոնց խօսակցութեան միակ նիւթը նպաստներն են: Յետո՞յ: Ժամանակը չէ՞, որ քիչ մը նուազի նպաստընկալներուն թիւը, ժամանակը չէ՞, որ կարգ մը հալէպահայեր, իրե՛նք նպաստներ յատկացնեն. թէեւ յանուն ճշմարտութեան պէտք է արձանագրել, որ կան ասոր կամ անոր օգնող հարուստներ, կամ նոյնիսկ ոչ հարուստներ, որոնք չեն ուզեր իրենց անուան յիշատակումն իսկ: Կա՛ն, կա՛ն հարուստ հալէպահայեր, որոնք պարտաւոր են իրենց բաժին ինկած չափով մասնակցիլ ընդհանուր վերականգնումին:

Մեր որբե՞րը: Հալէպի մէջ ապրող պատերազմի 35-40 որբերուն ապագան պէտք չէ՞ ապահովէ գաղութը: Ասոնց համար անձեռնմխելի ֆոնտ մը պէտք չէ՞ հաստատուի:

Հապա տուներնին քանդուած ընտանիքները՞, որոնք ժամանակաւորապէս հաստատուած են երկրէն հեռացած իրենց ազգակիցներու տուներուն մէջ: Ուշ կամ կանուխ տանտէրերը պիտի ծախեն իրենց տուները: Ուրե՞մն…

Հապա միութիւններո՞ւ քանդուած շէնքերը: Թերեւս այս պարագային ալ արժէ մտածել՝ ո՞ր կեդրոնը նորոգել, ո՞ր մէկը ծախել:

– Ի՞նչ, կալուա՞ծ ծախել: Այո՛, կալուած ծախել: Այսօր Հալէպի մէջ կան կազմակերպութիւններ, որոնց անդամներուն թիւը քանի մը տասնեակը չ՛անցնիր, բայց… ի՞նչ բայց, բաց աչքերով դիմագրաւենք մեր իրականութիւնները:

Հապա՞…

Որքա՞ն դրամ պիտի հաւաքուի Հալէպի հայ գաղութի վերականգնումին համար: Որքան ալ հաւաքուի՝ քիչ պիտի սեպուի, այդ քիչը չմսխելու մասին պիտի մտածենք, թէ չէ ծախսելիք տեղերը շատ շատ են: Կան այրիները, կան վեց-եօթ տարի ծառայելէ ետք բանակէն վերադառնալիք 5-6 տասնեակ տղաքը, կան երիտասարդ ուսումնաւարտները, կա՛ն, կա՛ն, կա՛ն…

Այս ամէնը մեզ կը դնէ մէկ ստիպողական հարցի առջեւ:

Գաղութը պէտք է մտածէ ԻՆՔՆԻՐԵՆ ոտքի ելլելու մասին:

Կա՛ն ասոր ազդակները:

 



comments

Advertisement