Սեւր 2ը՝ Միջազգային Քաղաքականութեան Տրամաբանութեամբ

By Asbarez | Saturday, 12 August 2017

0812sevre

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ <<ԱԶԴԱԿ>>Ի

Սեւրի դաշնագիրի մասին հրապարակային վերլուծում կամ պայմանագիրին հետ կապուած իրադարձութիւններու այժմէականացման որեւէ փորձ անպայման անմիջականօրէն մեզի համար կը կապուի Ուիլսընի իրաւարար վճիռին հետ:

Այստեղ կայ նախ եւ առաջ զուտ իրաւական  մեկնաբանութեան հարց: Իրաւարար վճիռը ըստ միջազգային օրէնքի անբեկանելի է եւ հետեւաբար ուժի մէջ մտնելու կամ չմտնելու խնդիր չի դիմագրաւեր, այդ պատճառով ալ կայ այսօր իրաւագիտական մօտեցում, որ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը չէ գործադրուած եւ ոչ թէ անվաւեր նկատուած է:

Միւս կողմէ, սակայն, կայ նաեւ մեկնաբանութիւն, որ իրաւարար վճիռը այս պարագային կը տեղադրուի Սեւրի համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ. արդ, եթէ Սեւրը իրաւականօրէն չի վաւերացուիր եւ կը փոխարինուի Լօզանով, հետեւաբար իրաւարար վճիռը նաեւ չ՛ունենար գործադրելիութեան հանգամանք:

Սեւրն ու Լօզանը այս օրերուն անկախ հայկական գործօններէ ստացած են աշխարհաքաղաքական օրակարգի տարողութիւն: Էրտողանը, եթէ մէկ կողմէ կը բողոքէ Լօզանի դաշնագիրով փոքրամասնութիւններուն տրուած իրաւունքներուն դէմ, միւս կողմէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը առիթը բաց չի ձգեր յիշեցնելու, որ եթէ Լօզանէն դժգոհ են Անգարայի վարիչները, ապա կրնան վերադառնալ Սեւրին:

Ըստ էութեան սակայն, Սեւրը Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող միջազգային որոշումն է: Եւ այս պարագային Սեւրն ու Ուիլսընի իրաւարար վճիռը պէտք է ընկալել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Չմոռնանք, որ այս շրջանակներուն մէջ սահմանագծուած էր նաեւ Քիւրտիստանը, ինչ որ նաեւ հայկական դիտակէտէ կարեւոր է, այն առումով, որ կը սահմանազատէ Հայաստանն ու Քիւրտիստանը եւ այդպիսով լուծած կ՛ըլլայ նաեւ մեր պատմական տարածքներու պատկանելիութեան խնդիրը ո՛չ միայն յաչս Թուրքիոյ, այլ նաեւ յաչս քիւրտերուն:

Այս հանգամանքը կարեւոր է, որովհետեւ տարածք առ տարածք քիւրտերը, վայելելով միջազգային հովանաւորութիւն, փորձ կը կատարեն քարտէսագրելու ամբողջական Քիւրտիստանը: Քրտական գործօնը այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, վերածուած է աշխարհաքաղաքական գործօնի եւ տարածաշրջանին մէջ կը շարունակէ օգտագործուիլ իբրեւ խաղաթուղթ այս կամ այն գերտէրութեան քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին:

Սեւրի վերյիշեցումը այս օրերուն ամէնէն առաջ էրտողանական Թուրքիոյ մասնատման սպառնալիքն է. այս ուղերձները շատ արագ ընկալած են Անգարայի վարիչները, երբ ամէն առիթի կը խօսին Թուրքիոյ մասնատումը նպատակադրած ուժերու քաղաքականութեան վտանգներուն մասին: Այս վտանգներու ահազանգումը եթէ մէկ կողմէ կը բացայայտէ որոշ պետութիւններու ծրագիրները, միւս կողմէ էրտողանական համակարգին կողմէ կ՛օգտագործուի ընդդիմադիր տարրերը չէզոքացնելու համար:

Համապատկերը այն է, որ անկախ հայկական գործօնէն եւ անկախ մեր բարձրաձայնումներէն, Սեւրը թէ՛ քաղաքական եւ թէ վերլուծական կեդրոններու կողմէ այժմէական երանգներ կը ստանայ այսօր: Եւ պատահական չէ, որ վերջին տասնամեակին հայկական կողմը թէ՛ պետական եւ թէ հասարակական մակարդակներու վրայ Սեւրն ու Ուիլսընի վճիռը կ՛արծարծէ ամէն պատեհ առիթի: Պետական-հասարակական գնահատականի ամէնէն յատկանշական բանաձեւումը Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով ընդունուած համահայկական հռչակագիրին բաժինն է Սեւրի եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին այժմէական իրաւաքաղաքական նշանակութիւնը ընդգծող:

Աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնները այնպէս կրնան ընթանալ, որ Սեւրի քաղաքական տրամաբանութիւնը կրնայ վերատիրապետել միջազգային օրէնքին վրայ. Սեւր 2ի հեռանկարը խիստ արդիական է այսօր միջազգային քաղաքագիտական տրամաբանութեան մէջ:

 



comments

Advertisement