Աւստրալիայէն Հայկական Կեանքեր. Կանք, Կը Մնանք

By Aztag Daily | Tuesday, 15 August 2017

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ

Երեւի հայ <<ըլլալու>> եւ <<մնալու>> հրամայականը քիչ մը ամէն տեղ ինքզինք զգալի կը դարձնէ աշխարհի ամբողջ տարածքին: Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքը բացառութիւն պիտի չկազմէ: Եթէ քաղաքին գեղեցկութիւնը կը զգլխէ ու կ՛անցնի ամէն երեւակայութիւն, կը սքանչանաս եւ երեւի քիչ մըն ալ կը <<նախանձիս>> այն բոլորին, որոնք կ՛ապրին այդ գեղեցկութեան մէջ, բայց այդ քաղաքին մէջ առկայ է նաեւ հայկական գեղեցկութիւնը: Եւ իմ աշխատանքային ու ասպարէզային կեանքիս եւ անոր ամբողջ միջազգային պարունակին ընդմէջէն անկարելի է, որ ազգայինը, հայկականը չփնտռեմ, չգտնեմ ու չտեսնեմ… Բայց նաեւ չհպարտանամ անոր` հայկականին գեղեցկութեամբ: Եթէ ասիկա ինքնութեան կանչ է, բայց նաեւ մշակութային հիմք մըն է, առանց որուն` պիտի պարպուի իմ եւ ոեւէ մարդու ներաշխարհը:

Սիտնի, Աւստրալիա, յունիս-յուլիս 2017: Եթէ կը մասնակցիմ միջազգային մեր կազմակերպութեան աշխատանքային մէկ համագումարին, ուր աւելի քան հարիւր երկիրներէ եկած էին մօտաւորապէս 220 ներկայացուցիչներ, բայց նաեւ մէկ-մէկ կ՛ուզեմ քակել հայկական իրականութիւնը` հանդիպելով հայուն` հեռաւոր (գէթ` ինծի համար) Աւստրալիոյ մէջ: Ոչ հայ գործակիցներս վարժուած են իմ այս սովորութեանս: <<Քանի՞ հայու հանդիպեցար այս անգամ>>, կը հարցնեն ինծի` առանց ուշացնելու իրենց դիպուկ սրամիտ կատակը:

Հայկազուն եպս. Նաճարեանին հետ ծանօթութիւն ունիմ այն օրէն, երբ 1990-ական թուականներէն սկսեալ յաճախակիօրէն կ՛այցելէի Էջմիածին, ուր կը փորձէինք հիմը դնել աստուածաշնչային ընկերութեան մեր գրասենեակին: Հալէպ ծնած, Պէյրութ մեծցած ու տակաւին բազմաթիւ երկիրներու մէջ ապրած` ան իր հոգեւոր-եկեղեցական առաջնորդութեան ընդմէջէն միշտ ալ եղած է հաստատ` իր ինքնութեան եւ կոչումին: <<Չեմ գիտեր` ո՛ր երկրին հետ առնչել իմ կեանքս>>, իրեն յատուկ կատակ-տրամադրութեամբ մը սրբազանը իր առաքելութեան կեանքին ճամբան կը ներկայացնէր: Բայց սրբազանին համար Քրիստոսի եւ Հայ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը ամէն բանէ վեր է, եւ ան այսօր իր կարեւոր ներդրումը կը բերէ Հայ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան մէջ` Աւստրալիոյ հայկական գաղութին համար:

Նշան Պասմաճեանը դիւանապետն է: Ծանօթութիւնս իրեն հետ կը սկսի Տուպայէն: Իր մէջ տեսած եմ հայ մարդուն տոկուն նկարագիրը, որ իր մէջ սրսկուած է Քեսապէն` իր ծննդավայրէն: <<Կուսակցական պատկանելիութիւնս եւ անոր սկզբունքները դարձուցի կեանքի ձեւ>>, կ՛ըսէ Նշան: <<Եւ քրիստոնէութիւնը ծառայութեան եւ սիրոյ սկզբունքներուն լաւագոյն վարդապետութիւնն է, իսկ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին` այդ սկզբունքներուն կիրարկման գործելադաշտը>>, կ՛աւելցնէ ան: Այս բոլորին համադրումով` Նշանը <<երջանիկ>> հայն է, որ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ կը շարունակէ իր ազգային կեանքը:

Վերապատուելի Գրիգոր Եումուշաքեանի հետ եղած ենք դասընկերներ եւ գործակիցներ` Պէյրութի օրերէն, եւ ան այսօր Սիտնիի Միացեալ աւետարանական եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան մէջ է: Եթէ տեղական եկեղեցւոյ մէջ է ան, բայց հայկականը միշտ ալ ցայտուն է իր կեանքին մէջ: Վերապատուելի Եումուշաքեան մեծ աշխատանք տարաւ, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունուի Աւստրալիոյ Միացեալ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ, որ կը նկատուի երկրին երրորդ մեծագոյն եկեղեցական-կրօնական համայնքը:

Տոքթ. Յարութիւն Ճէպէճեան հոգեբուժ է: Աղեքսանդրիայէն գաղթած է Սիտնի: Ընտանեկան հարազատներ ենք, եւ անոր առաջին անգամ կը ծանօթանայի եւ կը հանդիպէի… Սիտնիի մէջ: Մեր երկուքին մեծ ծնողները Այնթապէն տեղահանուած են: Իր ընտանիքը հասած է Եգիպտոս, իսկ իմ պարագաներս` Հալէպ-Պէյրութ: Ընտանեկան-ազգականական մեր կապը պիտի հաստատուէր Աւստրալիոյ մէջ: Եւ ինչպէ՞ս չապրիլ Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը այն իմաստով, որ հայ ընտանիքներ ոչ միայն նահատակուեցան, այլ նաեւ անջատուեցան… Եւ <<զրկուեցան>> իրարու հետ ըլլալու եւ միասին ապրելու տեսլականէն… Բայց այս (չ)ապրուած  կեանքերուն եւ անոնց <<կորսուած>> ու  <<կարօտի>> հաղորդակցութեան օրերուն պահանջատիրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ:

Էտի Տեմիրճեան ծնած է Սիտնի: Ան տնօրէնն է Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն հայկական վարժարանին: Գեղեցիկ անտառներով շրջապատուած եւ դպրոցական շէնքի բոլոր արդիական յարմարութիւններով օժտուած այս վարժարանը հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ աւելի քան 320 աշակերտներու: Եթէ եղած է ժամանակ, որ աշակերտներուն թիւը նուազած է, բայց այսօր արդէն սկսած է կամաց-կամաց աւելնալ: <<Ամէն աշխատանք եւ կարելիութիւն կը ստեղծենք, որպէսզի հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղարկեն>>, Էտին է խօսողը:

Եւ նայելով դպրոցին, արդիական շրջափակին,  կարելիութիւններուն, հանդարտ մթնոլորտին եւ կրթական մակարդակին` հարց տուի. <<Ինչո՞ւ հայ ծնողները իրենց զաւակները հայկական դպրոց չղրկեն>>:

Մանուկ Տեմիրճեան Պէյրութի տղան է: Ան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Ալեքսանտր դպրոցի տնօրէնն է: 41 աշակերտներով փոքր <<գումարտակ>>-ով մը Մանուկը կը պայքարի դպրոցը պահելու… <<Մեր միութեան կեդրոնական ղեկավարութիւնը ուզեց դպրոցը փակել տնտեսական պատճառներով>>,  ըսաւ Մանուկ` աւելցնելով. <<Շատ զօրաւոր կերպով դէմ կեցանք>>: Եւ զարմանալի չէ… Մանուկը ապրած է Լիբանանի պատերազմը եւ անոր արհաւիրքը: <<Թրծուած>> է կեանքի դժուար պայմաններուն դէմ պայքարելու եւ մարտնչելու ոգիով: <<Վերջապէս համաձայնեցանք, որ մեր ղեկավարութիւնը տնտեսական օժանդակութիւնը պիտի կասեցնէ, եւ մենք մեր գլխուն ճարին պիտի նայինք>>,  եզրափակեց Մանուկ: Իսկ <<գլխուն ճարին>> նայի՞լը… Մանուկ դիմած է պետական օժանդակութեան, եւ այսօր դպրոցը կը ստանայ նպաստ եւ կը շարունակէ իր հայակերտումի առաքելութիւնը:

Եւ հարց պիտի տալ: Ի՞նչն է սփիւռքեան մեր հայկական իրականութեան մեծագոյն եւ կարեւոր հիմնահարցը: Եթէ <<հայապահպանումն>> է եւ անոր հետ` <<պահանջատիրութիւնը>>, բայց այս սրբազան առաքելութիւնները ի՞նչ նժարի վրայ պիտի դրուին: Նիւթական պարտաւորութի՞ւնը, թէ՞ հայկական ամբողջական մշակոյթի ապահովութիւնը եւ շարունակականութիւնը: Ու տակաւին, պէտք չէ՞ մտածել չորրորդ հայ սերունդին մասին, որ կը մեծնայ… Հապա՞ հինգերորդը… հայ մատղաշ մանուկներու սերունդը: Կարելի՞ է այս սերունդներու հայ <<մեծնալու>> հոլովոյթը սակարկութեան դնել:

Այս իմաստով իւրաքանչիւր հայկական հանդիպում օղակ մըն էր` տեսնելու հայկական կեանքի մեծ խճանկարը Սիտնիի մէջ: Վարուժան Իսկենտերեան կու գայ Երուսաղէմէն, ան Արցախի Հանրապետութեան նախկին ներկայացուցիչն է Աւստրալիոյ մէջ: Գայլար Միքայէլեան Իրանէն է եւ` Արցախի Հանրապետութեան այժմու ներկայացուցիչը: Գօգօ Սողոմոնեանը կու գայ Եգիպտոսէն եւ ստանձնած է Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուութիւնը: Հենրիեթ Անդրէասեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչն է եւ կու գայ Իրանէն: Վիգէն Գարօղլեան Հալէպէն է եւ աշխուժ մասնակցութիւն ունի Համազգայինի մշակութային գործունէութիւններու կազմակերպումին մէջ: Սէմ Արոյեան կու գայ Հալէպէն, իսկ անոր կինը` Լիւսին, Եգիպտոսէն: Ճորճը եւ Լենան` Քեսապէն եւ Հալէպէն: Եւ այս բոլորին դիմաց անպայմանօրէն հարց կու տաս: Ինչո՞ւ հայը այսքան պէտք էր տեղափոխուէր ու տարածուէր… Ու տակաւին, ապրէր իր հողէն հեռու եւ մէկէ աւելի ոստաններու մէջ:

Բայց իւրաքանչիւր հայկական հանդիպումիս կարելի էր տեսնել նուիրուածութիւնը: Հայապահպանումին եւ հայ մշակոյթին համար նուիրական ծառայութիւնը: Ծառայութիւն մը, որ պիտի ապահովէ հայուն շարունակականութիւնը: Եւ իւրաքանչիւր հայու մէջ, որ հանդիպեցայ, կրցայ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս իր սրտին մէջ ճզմած ու շալկած է այս քաղցր լուծը… Ու կ՛ապրի այս քաղցր լուծը ապրեցնելու հրամայականով:

Հայկական Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն վարժարանի բակին մէջ կար արձան մը, որուն վրայ արձանագրուած էր` <<Կանք, կը մնանք>>:

Եւ Աւստրալիոյ իւրաքանչիւր հայկական կեանքին, որ հանդիպեցայ, եւ իր բոլոր տարբերութիւններուն մէջէն ունէր մէկ նուիրական պատմութիւն:

<<Կանք, կը մնանք>>:

Այս ալ հայկական սփիւռքի բարդ իրավիճակին ու անոր բոլոր տարբերութիւններուն մէջէն դուրս ցցուող հասարակ յայտարարն է, որ կը միացնէ մեզ բոլորս:

Եւ եթէ Ցեղասպանութենէն ետք հայը <<ստիպուած>> եղաւ տարածուելու աշխարհով մէկ եւ քանի մը անգամ, բայց նոյն հայը  տակաւին ունի ապրող առաքելութիւն:

Եւ այս իմաստով, եթէ հայը կը յիշէ Ցեղասպանութիւնը, քանի որ ան <<կայ>>: Եւ եթէ կը <<պահանջէ>>, քանի նոյն հայը պիտի <<մնայ>>:

<<Կանք, կը մնանք>>: Սիտնի եւ տակաւին աշխարհով մէկ:

 


comments

Advertisement