Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

By Asbarez | Friday, 18 August 2017

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ



Ամերիկահայերը գիտէին, որ իրենք մեծ յաղթանակ տարած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ, երբ Թեքսաս դարձաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ամերիկայի 46րդ նահանգը: Սակայն անոնք չէին գիտակցեր, որ Թեքսասի ճանաչումը կործանարար ազդեցութիւն ունեցած է այդ նահանգի թրքական համայնքի լոպիիստական ջանքերուն վրայ։

<<Թրքիշնիուզ>> (Turkishnews.com) կայքին վրայ հրապարակուած յօդուածով մը դոկտոր Ֆերուհ Տեմիրմէն կը բացայայտէ յուսահատութեան այն աստիճանը, զոր ինք եւ իր թուրք ընկերները ապրած են Թեքսասի մէջ, երբ նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 19 Մայիս 2017ին: Շատ յաճախ չենք հանդիպիր թուրք լոպիիստի մը, որ կ՛ընդունի իրենց կողմի ջախջախիչ պարտութիւնը հայ համայնքին կողմէ։

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման համար Տեմիրմէն սկիզբը կը մեղադրէ իր թուրք ընկերները՝ <<թրքական անտարբերութեան եւ կրաւորականութեան տարիներուն համար, համադրուած հայկական յարձակողականութեամբ եւ արեւմտեան նախապաշարումներով>>: Ան նաեւ կ՛ընդունի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին աշխուժութիւնը՝ <<քաղաքային հանդիպումներու ընթացքին հայ գործիչներու (activists) մասնակցութեամբ շրջայցեր կազմակերպելու, նահանգի ընտրուած պաշտօնատար անձերը կարգով այցելելու եւ Տալասի, Օսթընի եւ Հիւսթընի մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբի մասնաճիւղեր ստեղծելու>> համար։

Թուրք գործիչը Ցեղասպանութեան բանաձեւի յաջողութեան մէջ կ՛ընդունի նաեւ <<նահանգի ներկայացուցիչ Սքաթ Սենֆըրտի աջակցութիւնը, որ միաժամանակ Թեքսասի Մկրտչական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է>>: Իր յօդուածին համար մեծածաւալ հետազօտութիւն ընելով՝ Տեմիրմէն կը յիշեցնէ, որ <<Ապրիլ 2016ին, Տալասի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած հանդէսին, ներկայացուցիչ Սենֆըրտ արժանացած է <<Արդարութեան պաշտպան>> մրցանակին՝ <<Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան բարձրացման գործով իր ունեցած մեծ նուիրումին համար>>։

<<Հանդէսին ընթացքին կարդացուած է հանրապետական ծերակուտական Թետ Քրուզի նամակը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին>>, կը գրէ Տեմիրմէն։

26 Յունուար 2017ին, Սենֆըրտ ներկայացուցած է Թեքսասի Ներկայացուցիչներու տան HR-191 բանաձեւը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին: Բանաձեւը առաջին անգամ ներկայացուած է Առեւտուրի եւ միջպետական հարցերու յանձնաժողովին (TIAC), որ կոչ ըրած է Ապրիլ 24ին հանրային քննարկումներ կատարել Օսթընի մէջ գտնուող Նահանգի տան մէջ:

Տեմիրմէն ափսոսանք կը յայտնէ, որ Թեքսասի օրէնսդիրը <<հրապարակային լսումներու համար ընտրեց Ապրիլ 24ը, որ խորհրդանշական օր է հայկական անհիմն պնդումներուն համար, (որ) առաջին նշանն էր, որ TIAC հայամէտ է իր հայեացքներով>>։

Տեմիրմէն դժգոհ է, որ <<լսումները լաւ համակարգուած էին Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ներկայացուցիչ Սենֆըրտի կողմէ, եւ ի տարբերութիւն հայկական կողմի, որ կանուխէն գիտէր լսումներուն մասին, թրքական կողմը հանդիպման մասին տեղեկացած է միայն քանի մը օր առաջ>>: Ասոր իբրեւ հետեւանք, լսումներուն մասնակցած են միայն վեց թուրքեր (հինգը՝ Հիւսթընէն, մէկը՝ Տալասէն), մինչդեռ <<հայկական կողմէն ներկայ էր մեծ բազմութիւն մը: Իբրեւ <<դիտորդ>> (TIACի մէջ) ներկայ էր նաեւ Սենֆըրտ։

Տեմիրմէն ափսոսանք կը յայտնէ, որ միայն չորս թուրքեր, ներառեալ՝ ինք, վկայութիւն տուած են յանձնաժողովին մէջ, մինչ 21 հայեր տուած են վկայութիւններ: <<Հայկական կողմը հինգ անգամ աւելի հնարաւորութիւն ունէր իր տեսակէտը ներկայացնելու, քան թրքական կողմը: Այսպիսով, հայկական կողմը լսումներուն ընթացքին գերակշռեց ոչ միայն <<ներկայութեան>> առումով, այլ նաեւ տուած վկայութիւններով>>, խոստովանած է Տեմիրմէն։

<<Հայկական կողմէ վկայութիւն տուողներու շարքին էին Թեքսասի Հոլոքոսթի եւ Ցեղասպանութեան յանձնաժողովի եւ Հիւսթընի Հոլոքոսթի թանգարանի ներկայացուցիչները>>, կը տեղեկացնէ Տեմիրմէն: Բացի ատկէ, <<հարիւրաւոր նամակներ ուղարկուած էին նահանգի օրէնսդիրներուն: Թիւով աւելի շատ հեռաձայններ եղած էին հայկական համայնքին կողմէ>>։

Բանաձեւին դէմ վկայութիւն տուած թուրքերու առարկութիւններն էին. 1) <<Թեքսասի օրէնսդիրներու անպատշաճ միջամտութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն, 2) վնասը, զոր բանաձեւը կրնայ հասցնել Թեքսասի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող առեւտրական յարաբերութիւններուն, 3) բանաձեւին պառակտող դերը, եւ ոչ միայն, 4) փաստը, որ բանաձեւը վիրաւորական կը համարուի Թեքսասի թուրք բնակչութեան կողմէ>>, բողոքած է Տեմիրմէն։

Այս առարկութիւններէն ոչ մէկը ազդեցութիւն ունեցած է TIAC-ի անդամներուն վրայ, որոնք Ապրիլ 24ին բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունեցին: Թեքսաս նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը բանաձեւը ընդունեց Մայիս 19ին՝ կողմ քուէարկած 137 ձայներով հաստատելով զայն (ութ անդամ բացակայած է, հինգը ձեռնպահ մնացած է):

Խորապէս յուսահատ՝ Տեմիրմէն այս արդիւնքը կը ներկայացնէ իբրեւ <<Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ գլխաւորուած իրագործում, աջակցութեամբ Թեքսաս նահանգի Ներկայացուցիչներու տան: Թէեւ բանաձեւը իրաւական ուժ չունի, սակայն բոլոր գործնական նպատակներու եւ լայն հասարակութեան համար անիկա հռչակագիր մըն է, որ օսմանեան թուրքերը կը նկատէ մեղաւոր՝ կատարուած սոսկալի ոճրագործութեան համար>>։

Տեմիրմէն կը խոստովանի, որ <<թրքական արձագանգը HR-191ին, առնուազն ստորին մակարդակի վրայ, թոյլ էր…: Թուրքերը չեն կրնար մրցիլ հայերու հետ իրենց աշխուժութեամբ՝ <<Ցեղասպանութեան>> հարցին շուրջ…: Թրքական կողմը միայն ինքզինք պէտք է մեղադրէ՝ իր թուլութեան եւ անգործութեան համար>>։

Թուրք գործիչը իր յօդուածը կ՛աւարտէ՝ մեղադրելով ATA-Հիւսթընը (Ամերիկայի թրքական ընկերակցութիւն), որ ջանքեր չգործադրեց HR-191 բանաձեւը դիմակայելու համար: Ան խումբը կը կոչէ <<միասին ուրախ ժամեր անցընելու համար 1979 թուականին հիմնադրուած ընկերակցութիւն, որ հետաքրքրուած չէ Հայկական Հարցով…>>։

Թէեւ Տեմիրմէն կը մեղադրէ Թեքսասի թուրքերը՝ իրենց անգործութեան համար, սակայն իրականութեան մէջ միայն մէկ պատճառ կայ, որ բանաձեւը ընդունուեցաւ. անիկա ճշմարտութիւնը կ՛արտայայտէ…: Թեքսասի նահանգը վերջապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը…

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

<<Քալիֆորնիա Քուրիըր>> թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

comments

Advertisement