Ատրպէյճան Կը Ճնշէ Պուլկարիան՝ Ահաբեկիչներու Զինամթերքի Առաքումները Բացայայտած Լրագրողը Գործէն Արձակելու Պահանջով

By Asbarez | Friday, 01 September 2017

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

 

Harout-Sassounian

Անցեալ ամիս գրած էի պուլկարացի լրագրող Տիլեանա Կայթանճիեւայի բացայայտումներուն մասին, թէ Ատրպէյճանի <<Սիլք Ուէյ>> (Silk Way) պետական օդանաւային ընկերութիւնը դիւանագիտական թռիչքներու քօղին տակ, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին 350 թռիչք իրականացուցած է՝ ծանր զէնքեր եւ զինամթերք առաքելով ահաբեկչական խումբերու, որոնք կը գտնուին Սուրիա եւ այլ երկիրներ։

Օգոստոս 24ին, Տիլեանա իր <<թուիթըր>>ի էջին վրայ գրած է. <<Զիս պարզապէս գործէ արձակեցին՝ դիւանագիտական թռիչքներով Սուրիոյ ահաբեկիչներուն ուղղուած զինամթերքի մատակարարումներու մասին ճշմարտութիւնը ըսած ըլլալուս համար>>։

Տիլեանա իր <<ֆէյսպուք>>ի էջին վրայ գրած էր, որ ինք աշխատանքէ արձակուած է Պուլկարիոյ կառավարութեան վրայ Ատրպէյճանի բանեցուցած ճնշումներուն պատճառով, քանի որ կը պատրաստուէր Սուրիա մեկնիլ՝ շարունակելու համար իր հետաքննութիւնը։

<<Արմէնփրէս>>ին տուած հարցազրոյցին մէջ Տիլեանա ըսած է, որ զինք գործէ արձակելէ առաջ, Պուլկարիոյ ազգային անվտանգութեան գործակալութենէն հեռաձայնած են իրեն եւ հարցուցած իր բացայայտումներու աղբիւրներուն մասին: Պատասխանած է, որ իր աղբիւրը եղած է Ատրպէյճանի դեսպանատան կայքը, զոր մինչ այդ սառեցուցած էին, սակայն այլ մանրամասնութիւններ չ՛ուզեր ներկայացնել: Երկու ժամ ետք, ան հեռաձայն ստացած է <<Թրուտ>> օրաթերթէն եւ իրեն փոխանցած են աշխատանքէ հեռացուած ըլլալուն մասին։

Յօդուածը հրապարակելէ ետք, Տիլեանա բացայայտած է, որ ատրպէյճանական դեսպանատունը յորդորած է Պուլկարիոյ կառավարութիւնը՝ հետաքննել զինք. իբրեւ հետեւանք՝ ան արձակուած է գործէն։

Սակայն, պուլկարացի խիզախ լրագրողը կը հրաժարի լռելէ…: Ան <<Արմէնփրէս>>ին յայտնած է, որ ոչ ոք կրնայ զինք կեցնել իր հետաքննութիւնը շարունակելէ՝ աւելցնելով. <<Անոնք չկրցան կեցնել զիս երկու ամիս առաջ. անոնք չկրցան կեցնել զիս երէկ՝ բարձրաձայն արտայայտուելէ: Ես տակաւին նոր գրեցի ընկերային ցանցերու լրատուական միջոցներու մէջ: Անոնք անկախ լրագրողին չեն կրնար ստիպել լռել: Ես պարտաւորութիւն մը չունիմ ոեւէ մէկուն: Ես պարտաւոր եմ մարդոց ըսել ճշմարտութիւնը, այս է իմ գործը>>։

Տիլեանա շեշտած է, որ Պուլկարիա քաջատեղեակ էր զինամթերքի ապօրինի առաքումներուն մասին, քանի որ անոր ձեռքին տակ էին այն բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը հաստատէին, որ Պուլկարիոյ կառավարութիւնը, քանի մը եւրոպական երկիրներ, Միացեալ Նահանգները եւ շատ ուրիշներ իրենց հաւանութիւնը տուած են այդ գաղտնի եւ անօրինական գործողութիւններուն…

Պուլկարացի լրագրողը կոչ ըրած է ՄԱԿին՝ հետաքննութիւն բանալու Ատրպէյճանի, Պուլկարիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներու դէմ: Բացի ատկէ, Տիլեանա աջակցութեան խնդրանքով դիմած է անկախ լրագրողներուն եւ լայն հասարակութեան: Ան ընդգծած է. <<Ես առաջին եւ վերջին լրագրողը չեմ, որուն գործէ կ՛արձակեն: Ես մեծ ակնկալիքներ չունիմ մեծ լրատուական միջոցներէն, քանի որ անոնք ունին իրենց քաղաքական օրակարգը, նպատակները եւ քաղաքականութիւնը: Այն, ինչը կ՛ակնկալեմ՝ կարենալ տարածելն է այս տեղեկութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ, ոչ մեծ լրատուական միջոցներու ճամբով>>։

Տիլեանա նաեւ բացայայտած է, որ Ատրպէյճան վճարած է պուլկարացի լրագրողներուն՝ Պաքուի համար նպաստաւոր յօդուածներ հրապարակելու նպատակով։ <<Ես կրնամ ձեզի տրամադրել փաստ մը, որ ձեռք բերուած է Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ համակարգչային յարձակումէ ետք գաղտնազերծուած փաստաթուղթերէ: Ատրպէյճանի դեսպանատունը գումարներ վճարած է լրագրողներու՝ յօգուտ Ատրպէյճանի կամ Ատրպէյճանի հրահանգով հրապարակուած յօդուածներու համար>>, յայտնած է Տիլեանա։

Ան կը պնդէ, որ ինք վճռական տրամադրուած է՝ շարունակելու իր աշխատանքը՝ ըսելով. <<Ես կը պատրաստուիմ հիմնելու իմ սեփական առցանց լրատուական միջոցը, քանի որ հիմա Պուլկարիոյ մէջ ոչ ոք կ՛ընդունի հրապարակել հետաքննութիւններս: Պուլկարական լրատուական միջոցները աշխատանք չեն առաջարկեր ինծի: Ուստի, ես կը մտածեմ իմ սեփական լրատուական միջոցը հիմնելու մասին. այս է լուծումը>>։

Տիլեանայի բացայայտումները հաստատած է Թերի Մէյսա՝ sott.net կայքն վրայ տեղադրուած յօդուածով մը՝ նշելով, որ <<Սիքամօր>> (Sycamore) գործողութիւնը կ՛ընդգրկէ առնուազն 17 պետութիւն եւ կը ներկայացնէ տասնեակ հազարաւոր թոն զինամթերք։ <<Վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին ապօրինի կերպով քանի մը միլիառ տոլար արժողութեամբ սպառազինութիւն ուղարկուած է Սուրիա…: Բազմաթիւ փաստաթուղթեր կը վկայեն այն մասին, որ տեղափոխութիւնը կազմակերպուած էր հրամանատար Տէյվիտ Փեթրէուսի կողմէ, առաջին հերթին բացայայտօրէն, Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (ԿՀՎ) միջոցով, որուն տնօրէնն էր ան, ապա՝ մասնաւոր կերպով, KKR ֆինանսական ընկերութեան միջոցով, որոշ բարձրաստիճան պետական ծառայողներու օգնութեամբ…: Այժմ նոր տարրերը ցոյց կու տան Ատրպէյճանի գաղտնիքը՝ պատերազմի զարգացման ընթացքին մասին (Սուրիոյ մէջ)…: Թէեւ դէպի Սուրիա հիմնական սպառազինութիւններ արտածողներէն մէկը Պուլկարիան էր, սակայն անիկա օգնութիւն կը ստանար Ատրպէյճանէն>>, ըսած է Թերի Մէյսա։

Մէյսա իր յօդուածին մէջ կը մէջբերէ Հետաքննութիւններու դաշնակցային բիւրոյի (ՀԴԲ-FBI) նախկին թարգմանիչ եւ Ազգային անվտանգութեան բացայայտողներու համախմբման հիմնադիր Սիպել Էտմընտզը՝ բացայայտելով, որ <<Ատրպէյճան, նախագահ Հէյտար Ալիեւի իշխանութեան օրով, 1997-2001 թուականներուն, Բաքուի մէջ հիւրընկալած է Այման ալ-Զաուահիրին՝ <<Քայիտա>>ի թիւ 2 անդամը: Այդ մէկը կատարուած է ԿՀՎի խնդրանքով: Թէեւ ան պաշտօնապէս կը փնտռուէր ՀԴԲի կողմէ, սակայն այդ անձնաւորութիւնը, որ հետագային միջազգային ճիհատիստական ցանցին մէջ թիւ 2ն էր, ՆԱԹՕի ինքնաթիռներով կանոնաւոր կերպով կը ճամբորդէր դէպի Աֆղանիստան, Ալպանիա, Եգիպտոս եւ Թուրքիա: Զայն յաճախ կը հիւրընկալէր Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Պանտար Պըն Սուլթանը։

Ամերիկահայ համայնքը Միացեալ Նահանգներ պէտք է հրաւիրէ հանրաճանաչ պուլկարացի լրագրող Տիլեանան, դասախօսութիւններու եւ մամլոյ ասուլիսներու ճամբով հրապարակային դարձնելու համար անոր զգայացունց բացայայտումները՝ Ատրպէյճանի կողմէ ահաբեկիչներուն ապօրինի կերպով զինամթերք առաքելու մասին:

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

<<Քալիֆորնիա Քուրիըր>> թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

comments

Advertisement