Նուրբ Դիրք՝ Պրիւքսէլի Եւ Մոսկուայի Միջեւ

By Asbarez | Friday, 15 September 2017

0914Shahan Agnarg

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

 

Համաեւրոպական մակարդակի վրայ Պաքուի ուղղութեամբ բացասական մթնոլորտի տարածման միտումները թափով զարգանալու նախադրեալներ կը փոխանցեն:

Խաւիարային դիւանագիտութեան ծալքերու բացայայտման դրսեւորումները, ամբողջացման կարգով արձանագրած են Փարիզի մէջ պաշտօնական Պաքուի բացած դատը երկու լրագրողներու դէմ, որոնք ալիեւեան իշխանութիւնը որակած էին բռնատիրութիւն. պուլկարական մամուլին կատարած բացայայտումները ատրպէյճանական զինամթերքի ահաբեկչութեան տրամադրումին մասին, ինչպէս նաեւ Պուտափեշթ-Պաքու արտայանձնման գործառքային գործողութիւնը իրականացնելու համար միլիոնաւոր տոլարներու յատկացման փաստի շրջանառութիւնը եւ նորագոյնը՝ ատրպէյճանական լուացքատան գաղտնազերծումը՝ կը խօսին տնտեսաահաբեկչական պետական միաւորի մը մութ, սակայն հետզհետէ լոյսին եկող գործունէութեան մասին:

Այս բոլորը, ի հարկէ կ՛արժէ հարց տալ, որ հետաքննական լրագրութեամբ բացայայտուող երեւոյթներ չեն կրնար ըլլալ իրենց բացարձակին մէջ: Կ՛ենթադրուի, որ հետեւող պետութիւնները թէ՛ արտայանձնման մանրամասնութիւններէն, թէ՛ ահաբեկչական խմբաւորումներու հայթայթուած գումարներէն, թէ՛ ալ դրամական հսկայական գումարներու լուացման մեքենականութիւններու մանրամասնութիւններէն տեղեակ էին օրին:

Հիմա պահն է, երբ այդ բոլորին լուռ հսկած կեդրոնները, յաճախ ալ այդ գործընթացները տուեալ պահուն արտօնածները, այժմ գէթ տեղեկատուական մակարդակի վրայ գայթակղութիւններու թղթածրարը կ՛ուզեն հարստացնել՝ Պաքուի հետ երկխօսելու նոր պայմաններ ստեղծելու համար:

Դիտարժան երեւոյթ է այն, որ որքա՛ն մօտենայ Երեւան-Պրիւքսել նոր համաձայնագիր ճշդելու թուականը եւ որքա՛ն շատնան այդ ուղղութեամբ եւրոպական համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն դրական ու հեռանկարային յայտարարութիւնները, միաժամանակ այնքան բացասական ընթացք կը ստանան Անգարա-Պրիւքսէլ կամ Անգարա-Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններ յարաբերութիւնները: Կը թուի, որ Անգարայի ուղղութեամբ սկսած է ընթանալու նաեւ Պաքուի նկատմամբ եւրոպական քաղաքականութիւնը: Առայժմ՝ յայտարարողական եւ տեղեկատուական մակարդակներու վրայ:

Այս առումով անտեսելի չէ պաշտօնական Մոսկուայի յայտարարութիւնը: <<Ատրպէյճանի լուացքատուն>> անուանումը ստացած հետաքննութեան կապակցութեամբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնի բանբեր Մարիա Զախարովան հանդէս եկած է ի պաշտպանութիւն ալիեւներուն եւ Ատրպէյճանը անուանած է <<Ռուսիոյ դաշնակից>>: <<Տեղի ունեցածը ցոյց կու տայ, որ Արեւմուտքը ճնշում կը գործադրէ Ռուսիոյ դաշնակիցներուն վրայ: Կը կարծեմ՝ խօսքը քանի մը ուղղութիւններով տեղեկատուական ուժեղ ճնշման մասին է: Ատիկա կը կատարուի մեծ քանակութեամբ կեղծ նորութիւններու հրապարակման միջոցով: Մենք կը փորձենք միշտ արձագանգել անոնց>>, ըսած է Զախարովա:

Յայտնապէս նուրբ է ու բարդ իրավիճակը: Հայկական կողմը ռուսական պահուածքը նկատի ունենալով խանդավառութեան ալիք բարձրացնելու շատ պատճառներ չունի՝ Պաքուի նկատմամբ եւրոպական քաղաքական բեմերու վրայ զարգացող հակաատրպէյճանական մթնոլորտին դիմաց: Պրիւքսէլի հետ նոր համաձայնութիւն ստորագրելու նախաշեմին գտնուող Երեւանը մէկ կողմէ փոխլրացնող բազմաշառաւիղային արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր շրջափուլ թեւակոխելու պատրաստ, միւս կողմէ ռազմավարական յատուկ գործընկերոջ ցուցաբերած զգայնութիւնները հաշուի առնելով, ծայրայեղօրէն հաւասարակշռուած քայլեր առնելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուի:

Քաղաքական հաշուարկային տրամաբանութիւնը այս բոլորին մէջ կը յուշէ, որ Մոսկուան Պաքուի նկատմամբ սիրաշահելու մօտեցումները պիտի շարունակէ, մինչ եւրոպական պետութիւններ հակաատրպէյճանական տրամադրութիւններու զարգացման պարագային հաւանաբար յիշեն ինքնորոշման իրաւունքի վերաբերող միջազգային իրաւաչափութիւնները:

 



comments

Advertisement