14 Սեպտեմբեր 1915. Մուսա Լերան Հերոսամարտի Փրկարար Ուղին

By Asbarez | Saturday, 16 September 2017

0916musa

Ն.

102 տարի առաջ այս օրերուն, 12-14 Սեպտեմբեր 1915ին, աւելի քան 4 հազար հայ մարդիկ՝ մանուկ եւ ալեհեր, կին թէ տղամարդ, իրենց զէնքերով եւ փոխադրելի ինչքերով, ապաստան գտան ֆրանսական 5 մարտանաւերու վրայ եւ հեռացան իրենց հայրենի դարաւոր ոստանէն՝ Մուսա լերան գիւղերէն:

Անոնք հայրենիքը կամովին լքողներ չէին: Ընդհակառա՛կն. պապենական հողին կառչած հայեր էին, որոնք ամբողջ 40 օր անհաւասար կռիւ մղեցին օսմանեան զօրքին դէմ՝ սեփական հողին վրայ խաղաղօրէն ապրելու եւ արարելու իրենց բնական ու անբռնաբարելի իրաւունքին պահպանման, ամրագրման համար:

Անոնք յաղթանակով պսակեցին 40 օրերու իրենց հերոսամարտին օրհասական ճակատումի բոլոր պահերը, երբ խիզախօրէն դիմագրաւեցին եւ ետ մղեցին թրքական զօրքի յարձակումները: Բայց Մուսա լերան լանջերուն տարածուած իրենց գիւղերէն հաւաքաբար լերան գագաթը բարձրացած եւ անառիկ արծուեբոյն կազմած մուսալեռցիները ի վերջոյ առանձին էին, դիմադրութեան եւ ինքնապաշտպանութեան սոսկ կղզեակ մըն էին ողջ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կիլիկիան հարուածած տարագրութեան ու կոտորածներու ցեղասպանական ալեկոծ ծովուն մէջ: Մանաւանդ որ փամփուշտն ու սնունդը հատնելու վրայ էին, իսկ ոսոխը անընդհատ կը վերանորոգէր իր շարքերը՝ ինկողներուն տեղ նոր ուժեր կը հասցնէր եւ լեռն ի վեր յարձակումը անընդհատ կը շարունակէր:

Օգնութեան եւ փրկութեան միակ յոյսը Միջերկրական ծովն էր, որուն բացերուն պարբերաբար կ՛երեւէին ֆրանսական մարտանաւեր, որոնք թէեւ օսմանեան բանակին հետ ընդհանուր պատերազմի մէջ էին՝ Դաշնակից ուժերու շարքին, բայց ռազմական գործողութեանց յատուկ ծրագիր չունէին ուղղակիօրէն Աղեքսանտրէթի նահանգին եւ Սուէտիոյ գաւառակին վերաբերեալ, ուր կը գտնուէր Մուսա լեռը:

Այդ պատճառով ալ, երբ Մուսա լերան հայութեան հերոսական ինքնապաշտպանութեան բռնկումէն 40 օր ետք ֆրանսական ծովուժը պատրաստակամութիւն յայտնեց առժամաբար տեղափոխելու եւ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութենէն փրկելու աւելի քան 4 հազար մարտնչող հայերը, մուսալեռցիք ընդառաջեցին եւ բաժնուեցան իրենց հայրենի ոստանէն:

Սկզբնապէս դէպի Կիպրոս ուղղուեցան Մուսա լերան հայութիւնը փոխադրող ֆրանսական մարտանաւերը, բայց Կիպրոսը ի վիճակի չէր պատսպարելու այդքան մեծ թուով նոր գաղթականութիւն: Եգիպտոսի Փոր Սայիտ նաւահանգիստը երկրորդ ընտրանքն էր, ուր եւ տեղափոխուեցաւ Մուսա լերան հայութիւնը: Մինչեւ 1919 եւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտը, մուսալեռցիք գաղթական ապրեցան Փոր Սայիտի մէջ, վրաններու տակ: 1919ին անոնք մեծ մասով վերադարձան իրենց հայրենի ոստանները, ուր մնացին մինչեւ 1939, երբ Սուրիոյ եւ Անտիոքի հոգատարութիւնը ստանձնած Ֆրանսան այդ շրջանները… յանձնեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան:

1939ին Մուսա լերան հայութիւնը որոշեց հեռանալ 10րդ դարէն սկսեալ իր շէնցուցած պապենական օճախէն: Մեծ մասը տեղափոխուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Այնճար՝ Լիբանան: Որոշ մաս մը հետագային ներգաղթեց Հայաստան: Իսկ նոյնինքն Մուսա լերան գիւղերէն միայն Վագըֆի մէջ հայեր շարունակեցին ապրիլ՝ մինչեւ մեր օրերը հայկական հետքերը պահպանելով:

Մուսա լերան հերոսամարտը, անշո՛ւշտ, միակը չէր իր տեսակին մէջ՝ 1915ին հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ ի գործ դրած ցեղասպանութեան շրջանին: Սասունն ու Վանը, Ուրֆան եւ Շապին Գարահիսարը լայն տարողութեամբ մարմնաւորեցին ու շնչաւորեցին հայ ժողովուրդին դիմադրական ոգին եւ հերոսական ծառացումը ցեղասպան ոսոխին դէմ: Բայց թէ՛ Ֆրանց Վերֆելի <<Մուսա Լերան 40 Օրերը>> վէպով գրականօրէն անմահանալով, թէ՛ հայ ժողովուրդի ազգային նկարագիրին հերոսական խոյանքին մանրանկարը շնչաւորելու իր հանգամանքով՝ ինչպէս հետագային Վահան Թէքէյեան պիտի գրէր իր ծանօթ բանաստեղծութեան մէջ, Մուսա լեռը իր հայկական փոքր գիւղերով <<անհունօրէն մեծցաւ>>…

Եւ ինչպէս որ տասնամեակներ ետք Մուսա լերան արժանաւոր զաւակներէն՝ դաշնակցական տարաբախտ ղեկավար Սարգիս Զէյթլեան դիպուկ շեշտադրումով մը եւ պատկերաւոր ձեւով պիտի ընդգծէր, Մուսա լերան հերոսամարտը եղաւ ովկիանոսի այն կաթիլը, որ բաւարար է ստուգելու եւ ճանչնալու համար ամբողջութեան՝ հայ ժողովուրդի հերոսական նկարագիրին ճշգրիտ բաղադրութիւնը:

Մանրամասն յիշեցման արժանի է Մուսա լերան հերոսամարտը, որ իր բոլոր հանգրուաններով եւ ծալքերով հարազատօրէն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմական ճակատագիրին փառքն ու ողբերգութիւնը: Բայց յուշատետրի նեղ սիւնակը հազիւ ուրուագծային խտացման հնարաւորութիւնը կ՛ընձեռէ: Այդքանով ալ պարզ կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս Մուսա լերան հայութիւնը իր ուրոյն տեղը նուաճեց հայոց պատմութեան հերոսական մեծագործութեանց հպարտանքի մատեանին էջերուն մէջ:

<<Ճեպէլ Մուսա>> (<<Մովսէսի լեռ>>) արաբերէն անուանումէն կու գայ Մուսա լեռը, որ մաս կը կազմէ Ամանոս լեռնաշղթայի հարաւային ճիւղաւորումին արեւմտեան բաժինին: Ինկած Որոնդէս գետի հիւսիսային ափին, անտառախիտ ու կանաչապատ այդ փոքրիկ լեռնաշղթան կը խրի Միջերկրականի ջուրերուն մէջ, աւարտելով Ռաս էլ Խանզիր (<<Վարազի Գլուխ>>) հրուանդանով: Լեռնաշղթային արեւելեան բաժինը կ՛իշխէ Անտիոք քաղաքին վրայ:

Մուսա լերան բարձունքներուն եւ Որոնդէս գետի ափերուն միջեւ երկարող տարածութեան վրայ, պատմական Սելեւկիա նաւահանգիստի մերձակայքը, 10րդ դարէն սկսեալ հայեր բնակութիւն հաստատած եւ շէնցուցած են վեց գիւղեր՝ Պիթիաս, Հաճի Հապիպլի, Եողուն Օլուգ, Խտըր Պէյ, Վագըֆ եւ Քեպուսիէ: 1915ին, վեց գիւղերու հայութեան ընդհանուր համրանքը կ՛անցնէր վեց հազարը: Երբ օսմանեան կառավարութիւնը Դաշնակիցներուն դէմ պատերազմի գօտի հռչակեց ամբողջ շրջանը, եւ Սուէտիոյ գաւառապետը իբր <<սրտցաւութեամբ>> Մուսա լերան հայերուն տեղահանութիւն <<առաջարկեց>>, իբր թէ աւելի ապահով շրջաններ ժամանակաւորապէս պատսպարուելու համար, շուրջ երկու հազար մուսալեռցիներ հաւատացին թրքական կեղծ <<հոգատարութեան>>, ընտրեցին տարագրութեան ճամբան եւ մեծ մասով կորսուեցան: Մնացեալ աւելի քան չորս հազարը, ի մի գալով եւ երկարատեւ խորհրդակցութիւններ ու վէճեր ունենալով՝ տեղահանութեան <<առաջարկ>>ը ընդունելու կամ մերժելու դիրքորոշումներուն շուրջ, վերջապէս յանգեցաւ ամբողջ ժողովուրդով լերան գագաթը բարձրանալու եւ թրքական հաւանական յարձակման վտանգը դիմագրաւելու եզրակացութեան: Յուլիս 31ին սկսաւ բոլորով — տուն-տեղ լքած եւ փոխադրելի ինչքերը հակ կապած ու շալկած — դէպի լերան գագաթը բարձրանալու եւ դիրքաւորուելու դժուարին, այլ հերոսական գործողութիւնը:

Ճիշդ է, այդ խորհրդակցութեանց մասնակիցները վեց գիւղերուն երեւելի ու հեղինակաւոր՝ ներկայացուցչական դէմքերն էին, բայց ամբողջ Մուսա լերան հայութիւնը իր խօսքը ունեցաւ տրուած որոշումին մէջ: Փաստօրէն ամբողջ հերոսամարտին ընթացքին եւ այնուհետեւ ալ, Փոր Սայիտի մէջ գաղթականութեան շրջանին թէ Մուսա լեռ իրենց վերադարձէն ետք, նաեւ՝ հայրենի օճախին պարպումէն եւ Այնճար հաստատուելէն ասդին, մուսալեռցիներու ազգային-հասարակական կեանքին ակնբախ առանձնայատկութիւններէն մէկը եղած է իրենց հաւաքական ընտրանքները, որոշումները եւ քայլերը խորհրդակցաբար ու համաժողովրդային մասնակցութեամբ կայացնելու սովորոյթը:

Գիւղական համայնական կեանքի դրական այդ երեւոյթը մեծապէս նպաստեց, որպէսզի լեռ բարձրացած չորս հազարէ աւելի ժողովուրդը իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ հերոսամարտին՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան եւ հնարաւորութիւններուն համապատասխան նուիրաբերումով: Համախոհական այդ մթնոլորտը նաեւ օգնեց, որ առանձին դէմքեր ու անհատականութիւններ ճառագայթող հեղինակութիւն դառնան եւ ղեկավար դեր ստանձնեն ինքնապաշտպանութեան անհաւասար ուժերով կռուի ամբողջ 40 օրերուն ընթացքին: Այդպէ՛ս է, որ Մուսա լերան հերոսամարտը ունեցաւ իր փայլուն դէմքերը, որոնք արժանաւորապէս ղեկավարեցին մարտնչող ժողովուրդը եւ պատմութեան անցան փառքի դափնեպսակով, ինչպէս պատուելի Տիգրան Անդրէասեան (ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական մարմինի նախագահը), Մովսէս Տէր Գալուստեան (նոյն մարմինի անդամ ու զինուորական խորհուրդի ղեկավարը), հերոս մարտիկ Եսայի Եաղուպեան եւ ուրիշներ:

Նաեւ յանուն պատմական ճշմարտութեան պէտք է աւելցնել, որ 1890ականներէն սկսեալ Մուսա լերան հայութիւնը ազգային-ազատագրական զարթօնքի արագընթաց փուլ մը ապրեցաւ, որ իր բարերար անդրադարձը ունեցաւ ընդհանուր տարագրութեան ընդդիմանալու մուսալեռցիներու վճռականութեան դրսեւորման վրայ: 1890ականներուն Հնչակեան կուսակցութիւնն ու Վերակազմեալ Հնչակեանները, իսկ 1900ականներու սկզբնաւորութեան յատկապէս Դաշնակցութիւնը արագ տարածում գտան երիտասարդ մուսալեռցիներու մօտ: 1908ին արդէն, Դաշնակցութիւնը կազմակերպական իր աշխոյժ կառոյցը ստեղծած էր, որուն շարքերէն գալով, տակաւին երիտասարդ, Մովսէս Տէր Գալուստեան վճռորոշ դեր ունեցաւ ինչպէս 1915ի հերոսամարտին, այնպէս ալ մուսալեռցիներու հետագայ կեանքի հունաւորման եւ ղեկավարման մէջ:

Մնացեալը 40 օրերու հերոսապատում է, որ այնքան գեղեցկօրէն գրականացուած ու յաւերժութեան յանձնուած է Վերֆելի աշխարհահռչակ վէպով:

Սահմանափակ թիւով զէնքերով եւ փամփուշտներով սկսած ինքնապաշտպանական կռիւը կրցաւ իր յաղթական երթը պահպանել՝ շնորհիւ մուսալեռցիներու խիզախութեան ու մարտունակութեան: Ռազմական իւրաքանչիւր յաղթանակի հետ, մարտնչող հայերը կրցան հզօրացնել զէնքի եւ փամփուշտի իրենց ուժը՝ պարտութեան մատնուած թշնամիին իսկ զէնքերով ու զինամթերքով: Իսկ ժողովուրդը կրցաւ հողին բարիքները առաւելագոյնս օգտագործել, լերան բարձունքին իր օրաւուր սնունդը ապահովելու համար:

Վերջապէս, Մուսա լերան հերոսամարտին անբաժան մասը կը կազմէ ֆրանսական <<Կիշէն>> մարտանաւը, որ Օգոտոսի 10ի շուրջ առաջին անգամ երեւցաւ ծովուն բացերը: Մուսալեռցիք իրենց յատուկ աղերսագիրը՝ զէնք, զինամթերք եւ սնունդ ստանալու կամ, այլապէս, նաւով տեղափոխուելու խնդրանքով, քանի մը լողորդներով հասցուցին ֆրանսական մարտանաւ:

<<Կիշէն>>ի հրամանատարը խոստացաւ աղերսագիրը հասցնել իր կառավարութեան եւ հեռացաւ ու շաբաթներ տեւեց, մինչեւ որ վերադառնայ եւ բերէ Փարիզի պատասխանը, որ մուսալեռցիներու տեղափոխութեան տրուած համաձայնութիւնն էր:

Սեպտեմբեր 9ին <<Կիշէն>> մարտանաւը, <<Տեսեքս>> մարտանաւի ընկերակցութեամբ, խարսխեց ծովուն բացերը եւ սկսաւ ռմբակոծելու թրքական դիրքերը: Միաժամանակ մակոյկով ծովափ եկաւ ֆրանսացի հրամանատարը եւ մուսալեռցիներուն հետ վերջնական բնոյթ տուաւ լեռնէն ծովափ իջնելու եւ մարտանաւեր փոխադրուելու գործողութեան: Մարտնչող հայորդիներուն պարպումի գործողութիւնը սկսաւ Սեպտեմբեր 12ին եւ տեւեց երկու օր: Մինչ այդ ծովուն բացերը հասած էին եւս երեք մարտանաւ՝ <<Տեսթրէ>>, <<Ամիրալ Շարնէ>> եւ <<Ֆոտր>>: Լերան գագաթին, կռուող խումբեր հսկեցին թրքական շարժումներուն վրայ, մինչեւ որ նախ ժողովուրդը իջնէ ծովափ եւ տեղաւորուի մարտանաւերուն վրայ, ապա իրենք՝ վերջին կռուողներն ալ միացան իրենց հարազատներուն եւ այդպէս մուսալեռցիք հեռացան դէպի Միջերկրականի բացերը:

Այդ օրէն ի վեր, ամէն Սեպտեմբերի կիսուն եւ Ս. Խաչի տօնին առիթով, աշխարհի չորս ծագերուն, բայց յատկապէս Այնճարի (Լիբանան) եւ Նոր Մուսա լեռի (Հայաստան) մէջ, Մուսա լերան հերոսական հայութեան ժառանգորդներուն հետ, ամբողջ մեր ժողովուրդը կ՛ոգեկոչէ հայոց պատմութեան այս հպարտառիթ հերոսամարտին յիշատակը՝ սերունդներուն պատգամելով, որ պէտք չէ հաւատալ թրքական կեղծիքին եւ պատրաստ պէտք է ըլլալ, ի հարկին զէնքի ուժով, դիմադրելու Թուրքիոյ ցեղասպանական սադրանքներուն:

Փրկութեան այլ ելք ծանօթ չէ հայոց պատմութեան:

Մուսա լերան հերոսամարտին 102րդ տարեդարձը ա՛յդ պատգամը կը յուշէ հայոց սերունդներուն՝ հայրենի բռնագրաւեալ հողին տէր կանգնելու անվհատ պահանջատիրութեան մէջ կը կայանայ միակ ու անփոխարինելի երաշխիքը հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրումին եւ լիարժէք վերականգնումին:

 



comments

Advertisement