Հայաստանը Կը Պարպուի, Իսկ Սփիւռքը Կը Մաշի. Ախտաճանաչումը Պէտք Է Ճիշդ Կատարել

By Asbarez | Tuesday, 19 September 2017

0919Aram

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵԼՈՅԹԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԴԻՄԱՑ

 

Ջերմօրէն կ՛ողջունենք Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովը <<Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն>> խորագիրին տակ դնելու ճիշդ որոշումը. եւ կը յուսանք, որ ներկայ համաժողովը կը դառնայ Հայաստան-Սփիւռք իրապաշտ երկխօսութեան եւ համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկման եզակի առիթ:

Կ՛ողջունենք յատկապէս համաժողովի խորագիրին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած <<վստահութիւն>> բառը: Արդարեւ, որեւէ ձեւի ու բնոյթի գործակցութիւն, ուր վստահութիւնը բացակայ է, կը դառնայ կեղծ ու վնասաբեր: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք երկուստեք սխալներ եղան: Հայաստան եւ Սփիւռք զիրար չէին ճանչնար, կար անվստահութեան մթնոլորտ մը, որ իր բացասական հետեւանքները ունեցաւ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս:

Արդ, աւելի քան 25 տարիներու մեր փորձառութեան լոյսին տակ, փոխադարձ վստահութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, աւելի ճիշդ է ըսել՝ հաւաքակա՛ն պատասխանատուութիւնը, գեղեցիկ լօզունգէ անդին՝ կեանքի պէտք է վերածուին՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ դերերու յստակացումով, առաջնահերթութիւններու ճշդումով ու գործակցութեան նոր որակ տալով: Ա՛յս է մեր ազգը իր հայրենիքով ու Սփիւռքով դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդող միակ ապահով ճամբան: Ա՛յս գիտակցութեամբ հարկ է համազգային մտածողութեան մշակոյթ ստեղծել, հաւաքաբար ծրագրել ու գործել: Ա՛յս տեսլականով հարկ է բացուիլ նոր հորիզոններու ու քաջօրէն դիմագրաւել մեզ շրջապատող մարտահրաւէրներն ու տագնապները:

Կը գտնուինք մեր պատմութեան մէկ վճռադրոշմ խաչմերուկին դիմաց: Եկէք ըլլանք իրապաշտ ու անկեղծ: Հայաստանը կը պարպուի, իսկ Սփիւռքը կը մաշի: Այս վտանգալից իրականութեան դիմաց պատահական նախաձեռնութիւններ չեն կրնար մեր տագնապները լուծել եւ վէրքերը դարմանել: Ժամանակի նշանները պէտք է ճիշդ կարդալ, ախտաճանաչումը պէտք է ճիշդ կատարել եւ համապատասխան կողմնորոշումներ ճշդել ու ազդու միջոցներու դիմել:

Անհրաժեշտ է Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը դուրս բերել պատահական տնտեսական ներդրումներու ու թուրիստական այցելութիւններու շրջագծէն եւ զայն դարձնել մեր ազգային քաղաքականութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը: Ամբողջական Հայաստանի տեսլականը ունենալով մեր ազգային գաղափարախօսութեան հենքը ու նպատակը, ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՄՈՒՐ ԱՐՑԱԽ ու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ՍՓԻՒՌՔ պէտք է դառնան մեր ազգային քաղաքականութեան ռազմավարական ու մարտավարական ուղեցոյցը: Ազգային այս գաղափարախօսութեամբ ու տեսլականով ամրագրուած ազգային քաղաքականութիւնը անկասկած  իր շուրջ պիտի համախմբէ մեր ազգին բոլոր զաւակները, մարդուժն ու ներուժը, միաժամանակ մղիչ ուժը դառնալով համահայկական մտածողութեան կազմաւորման ու գործելակերպի զարգացման:

Շրջափակումի ենթարկուած Հայաստանը պատերազմի մնայուն վտանգին դիմաց է: Արդ, Հայաստանի անվտանգութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է, եւ սա առաջին հերթին կը պահանջէ հայրենի մեր ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը իր հողին: Հայրենիքը հող ու ժողովուրդ է՝ պետութիւն ու տնտեսութիւն ըլլալէ առաջ: Հաւատարմութիւնը հայրենիքին նկատմամբ վեր է ամէն տեսակ նկատումներէ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի՝ արտագաղթը նուազեցնելու եւ Հայաստանի բնակչութեան թուային աճը ապահովելու ձգտող քոնքրեթ (յստակ-Խմբ.) միջոցներու կիրարումը: Հարկ է ըլլալ զգոյշ: Եթէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումը ընթանայ համրաքայլ եւ փտածութեան առաջքը առնելը դառնայ դժուար, եւ միւս կողմէն՝ եթէ ժողովուրդի կենսամակարդակը չդառնայ գոհացուցիչ, արտագաղթը նոյն թափով կրնայ շարունակուիլ եւ աղքատութիւնը դառնալ աղբիւր ամէն տեսակ ընկերային ու բարոյական չարիքներու:

Դիւրին է այս հարցերուն մասին խօսիլը, գիտե՛նք. հեշտ է նաեւ քննադատելը, դարձեա՛լ գիտենք. էականը մեր ցաւերուն դարման որոնելու իմաստութիւնը, կամքն ու յանձնառութիւնը ունենալն է: Արդ, սպասելի է, որ բարեփոխեալ սահմանադրութեամբ դէպի կառավարման աւելի թափանցիկ ու հաշուետու կառոյցներ ու գործընթացներ ընթացող Հայաստանը կարենայ, նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ընձեռած կարելիութիւններու ճիշդ օգտագործումով, լուծումներ որոնել յիշեալ եւ այլ հիմնահարցերուն:

Հայաստան եւ Սփիւռք սոսկ գործընկերներ կամ գործակիցներ չեն սովորական առումով, այլ՝ նո՛յն ազգի ու հայրենիքի զաւակներ: Ա՛յս հայեցակէտով պէտք է ծրագրուի ու հունաւորուի Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը: 27 տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ զարգացած կապերը, իրենց դրական թէ բացասական երեսներով, մեզ պէտք է մղեն տարբեր որակ ու արեւելում տալու մեր գործակցութեան: Տեղքայլը նահանջ է, իսկ նահանջը արտօնելի չէ տագնապներով ու մարտահրաւէրներով շրջապատուած մեր ազգին ու հայրենիքին համար:

Սիրելի՛ հայորդիներ, Հայաստանը զբօսավայր չէ՛, պիզնեսի շուկայ չէ՛, անցագիր չէ՛. վա՜յ մեզի երբ միայն այսպէ՛ս մօտենանք Հայաստանին: Հայաստանը աշխարհի վրայ ինքզինք հայ դաւանող հայուն տո՛ւնն է՝ անցեալի, ներկայի ու ապագայի տունը: Մեր հաւաքական տան նկատմամբ ընելիք ու ըսելիք ունինք եւ պէտք է ունենանք: Պիտի հզօրացնենք ու ծաղկեցնենք Հայաստանը մեր ողջ կարողականութեամբ: Սա իւրաքանչիւր հայուն սրբազան ուխտը պէտք է դառնայ:

Արդ, մէկ կողմէն, բարեսիրական գործերով եւ միւս կողմէն՝ <<եկէք պիզնես արէք>> ըսելով, որքան ալ գնահատելի ըլլան նման նախաձեռնութիւններ ու կոչեր, չենք կրնար հզօր Հայաստան կերտել: Սփիւռքը պատահական ներդրումներէն անդին կոչուած է լայնածաւալ ու երկարաշունչ ծրագիրներով մասնակից դառնալու Հայաստանի տնտեսութեան աճման: Սփիւռքի տնտեսական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծաւալումը կ՛ենթադրէ գործակցութեան տինամիք (աշխոյժ-Խմբ.) մեքանիզմներու (մեքենակառոյցներու-Խմբ.) ստեղծում՝ համաշխարհայնացած տն-տեսութեան ընձեռած լայն միջոցներու օգտագործումով:

Սակայն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը միայն տնտեսական շրջագծէն ներս պէտք չէ դիտել: Սփիւռքի դերը Հայաստանի նկատմամբ սոսկ պիզնես ընել չէ: Սփիւռքը մասնագիտութեամբ թրծուած հարուստ փորձառութիւն է. Սփիւռքը պահանջատիրական ոգիով շաղախուած երիտասարդութիւն է. Սփիւռքը բազմաթիւ ու բազմազան կարելիութիւններով օժտուած հարուստ շտեմարան է: Սփիւռքը անբաժան ու անբաժանելի մասն է հայութեան: Հետեւաբար, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզերէն ներս ծրագրուած գործակցութեան կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ լրջօրէն մտածել Սփիւռքի փորձագէտները ու մասնագէտները Հայաստանի կառավարման կառոյցներուն գործնապէս մասնակից դարձնելու միջոցներուն մասին: Այս մօտեցումով միայն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը իր լիարժէք իմաստը կը ստանայ:

Արցախը, բնականաբար նաեւ Հայաստանը, կը գտնուին ոչ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութիւն իրավիճակի մէջ: Այս անորոշ կացութեան երկարաձգումը լուրջ վտանգ մըն է Հայաստանի համար: Թերեւս այսպէ՛ս կ՛ուզեն թէ՛ մեր բարեկամները եւ թէ ոչ-բարեկամները՝ մեկնելով շրջանի իրենց աշխարհաքաղաքական շահերէն: Մեր դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ազգին ու հայրենիքին փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջ է եւ մեր հաւաքական ուժին ու վճռակամութեան հարազատ արտայայտիչը հայոց արի բանակն է: Իւրաքանչիւր հայ զինուոր մըն է հայոց բանակին. զինուոր՝ նիւթապէս նեցուկ դառնալով անոր զօրացման եւ ի պահանջեալ հարկին՝ իր արիւնը թափելով ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան:

Սփիւռքի վերակազմակերպումը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Ըսած ենք ու կը կրկնենք. Սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի հզօրացումն է, եւ՝ փոխադարձաբար: Հարկ է ըլլալ իրատես ու հեռատես: Եթէ բազմերանգ ու բազմաշերտ դարձած Սփիւռքը իր ներուժի ներդաշնակման առաջնորդող հաւաքական ուղեգիծեր չճշդէ, հետզհետէ պիտի ընթանայ դէպի կազմալուծում ու մաշում:

Հայաստանը կարեւոր դեր ունի կատարելիք Սփիւռքի հայօրէն վերակենսաւորման, յատկապէս մշակութային ու կրթական մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման գծով: Արդարեւ, Սփիւռքի հայերուն քաղաքացիութիւն շնորհելը կարեւոր քայլ մըն էր:

Լուրջ տագնապի մէջ գտնուող գաղութի մը, օրինակ Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ Հայաստանի պետութեան ցուցաբերած քաղաքական եւ մարդասիրական աջակցութիւնը այլապէս կարեւոր քայլ մըն էր: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի հռչակագիրը պատմական նշանակութիւն ունէր: Անհրաժեշտ է մէկ ազգի ու հայրենիքի պատկանելիութիւնը ամրագրող քոնքրեթ նախաձեռնութիւնները շարունակել նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ: Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100ամեակի համահայկական նշումը, վստահաբար նոր շեշտ պիտի տայ մեր ազգային միասնականութեան: Եւ աւելի՛ն, փոխադարձ զիջումներով միացեալ ուղղագրութեան հաստատումը, արեւմտահայերէնի պահպանութեան գծով Հայաստանի պետութեան զօրակցութիւնը անկասկած պիտի դառնան մեր միասնականութեան ամրակուռ սիւները:

Սակայն չմոռնանք երբեք, որ ազգ մը միացնողը, ամրացնողը ու յաւերժացնողը իր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներն են: Հետեւաբար, թոյլ չտանք, որ մեր ազգին արժէքները ապականին, մեր արժէքներու համակարգը խախտի: Արդարեւ, մեր ազգին մտահոգութիւնները ու կարելիութիւնները լուրջ քննարկումի ու համակարգումի ենթարկող եւ ազգային միասնականութեան տեսանելի արտայայտութիւն տուող Համազգային Խորհրուդի մը ստեղծումը կը նկատենք անյետաձգելի հրամայական:

Այսօրը ծրագրել կը նշանակէ վաղը երաշխաւորել: Ազգին տան հիմքը ամրացնելը կ՛ենթադրէ ազգին բեկորները ի մի խմբող վստահութիւնը ամրապնդել ու ներուժը զօրաշարժի ենթարկել: Այլապէս սոսկ լօզունգներ հնչեցնելով փակ օղակներու մէջ պիտի մնանք: Չվստահինք աշխարհաքաղաքական շահերով պայմանաւորուած ուրիշներու բարեկամութեան: Վստահինք մեր սեփական ուժին ու միասնականութեան, մեր հաւատքին ու վճռակամութեան: Յ. Շիրազի բառերով՝ <<Բա՛ւ է հայեր ցրուած մնաք մատներիս պէս. բռունցքուելն է՝ յաւերժութիւնը Հայաստանի>>: Ա՛յս է դարերէն եկող ու դարերուն գացող պատգամը հայոց պատմութեան:

 



comments

Advertisement