Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

By Asbarez | Wednesday, 20 September 2017

0913Garo Armenian

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

<<… ՀՀԿի ու ՀՅԴի գործակցութիւնից պէտք է շահի երկիրը: Հասարակութիւնը պէտք է իմանայ ՀՅԴի աշխատանքի մասին, որպէս կոալիցիոն գործընկեր: Սակայն ՀՀԿն եւ ՀՅԴն տարբերւում են իրարից: ՀՅԴի օրակարգը սոցիալական արդարութիւնն է: Մենք պէտք է պահենք մեր դիմագիծը, չսպառենք այն բարոյական կապիտալը, ինչը որ կայ: Այս խորհրդաժողովը կ՛օգնի, որ ծնուի ՀՅԴ տնտեսական ամբողջական հայեցակարգը, որի առանցքը կը լինի սոցիալական արդարութիւնը>>:

 

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Սեպտեմբեր 16, 2017

Աղուերան

 

Յստակ է, որ Դաշնակցութիւնն ու Հանրապետական կուսակցութիւնը գաղափարական գործընկերներ չե՛ն: Այն դաշինքը, որ այժմ ի մի բերած է երկու քաղաքական ուժերը, կոչուած է հնարաւոր դարձնելու երկու կուսակցութեանց համագործակցութիւնը ազգային գերամեծար նպատակներու շուրջ, յատկապէս երկրին դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքներու մարզին մէջ։

Միւս կողմէ, պէտք է կարեւորութեամբ արձանագրենք, որ Մայիս 18ին արտասանուած ՀՀ նախագահի ճառը՝ Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստի ամպիոնէն, հանգամանօրէն կը դնէ ընկերային արդարութեան առաջնահերթութեան խնդիրը: <<Մենք այսօր պատերազմի նոր փուլ ենք յայտարարում անարդարութեանը>>, կ՛ըսէ նախագահը՝ գէթ սկզբունքային հողի վրայ իւրացնելով Դաշնակցութեան օրակարգը: Հետեւաբար, երկու ղեկավար ուժերը իրենց առաջին դէմքերուն իսկ հրապարակային ելոյթներով կու գան հաստատելու, որ միասնական աշխատանքի կոյս տարածք մը գոյութիւն ունի այսօր՝ երկրէն ներս ընկերային արդարութեան կենսական առաջնահերթութիւնը լիարժէք թափով հետապնդելու: Պր. նախագահէն եկող այս հաւաստիքը հանրութիւնը պէտք է ընդունի որպէս անժամանցելի պարտամուրհակ։

Ըսած եմ ասկէ առաջ եւ կը կրկնեմ. գործող դաշինքին մէջ նախագահին կուսակցութիւ-նը կը ներկայացնէ մենաշնորհային համակարգի դասակարգային շահերը, իսկ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ հանրութեա՛ն շահերը: Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօք այս երկու շահակցական շերտերու հանդիպումը հնարաւո՞ր է այս կէտին վրայ, երբ երկրի արտադրողական միջոցները լայն չափերով կը գտնուին մենաշնորհային համակարգի հակակշիռին տակ, որ ընկերային անարդարութեան գլխաւոր գործօնն է երկրէն ներս: Այս հարցումին պատասխանը կը բխի դաշինքի յառաջիկայ օրերու եւ ամիսներու արդիւնաւոր ընթացքէն: Փաստը այն է, որ յանկարծ քաղաքական բեմը — գէթ սկզբունքօրէն — ծնունդ տուած կը թուի ըլլալ հանգիտութեան իր նոր եզրերուն… Յանկարծ երկու ուժերու հաւաքական յանձնառութեամբ կը թուի բիւրեղացած ըլլալ ընկերային գործի գործադաշտը՝ <<պատերազմական>> յայտարարելով գոյութիւն ունեցող արդարութեան ճգնաժամը երկրէն ներս…

Ուրեմն եկած է ժամանակը լօզունգներէն անդին անցնելու: Եկած է ժամանակը Դաշնակցութեան <<պլատֆորմ>>ը դաշինքէն ներս վերածելու գործօն քաղաքականութեան: Եկած է ժամանակը խիզախ քայլերով կազմաքանդելու ազգային տնտեսութեան կեանքը պատուհասող մենաշնորհային համակարգը: Ընկերային արդարութեան հրամայականը այսօր միայն մէ՛կ առաջնահերթ թիրախ ունի  Հայաստանի մէջ. իշխանութիւնը պէտք է կարենայ տարանջատել ինքզինք մենաշնորհային համակարգի շահերէն եւ սկսի գործելու իբրեւ հանուր ազգի ներկայացուցիչը՝ արմատականօրէն կարգաւորելով երկրի տնտեսակարգը եւ զայն բերելով մրցակցային դաշտէն ներս: Ասով պէտք է նշանաւորուի դաշինքը որպէս հաւաքական մտատեսիլ: Ընկերային արդարութիւնը կը պահանջէ ընկերային կարգավիճակի հիմնական յեղաշրջում՝ աշխատատեղերու ստեղծման գործօնները խթանելով եւ ազգային եկամուտի շարունակական վերաբաշխումը ապահովելով: Հայ մարդը պիտի զգայ, որ այս երկրին տէրն է ինք եւ իր զաւա՛կը՝ իրմէ ետք: Միայն այդ հողին վրայ է, որ մենք կ՛ունենանք արտագաղթի խայծերը մերժող ԱԶԳ-ԲԱՆԱԿ, որ պատրաստ է ինքզինք նուիրաբերելու երկրի բոլոր մարտահրաւէրներուն ու ինքզինք դնելու պատմութեան նժարին վրայ՝ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան:

 

comments

Advertisement