ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 70ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ- Տարեդարձս Է

By Asbarez | Tuesday, 03 October 2017

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

0913bedikian

2017. արդէն 70 տարեկան եմ եւ տարեդարձս է: Շատեր պիտի հարցնեն, թէ ո՞վ եմ ես: Բացատրեմ: Ես, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանն եմ: Գիտեմ, որ կը ճանչնաք զիս: Բայց կ՛ուզեմ քիչ մը աւելի մօտենալ ձեզի: Ըսեմ, որ աշխարհացրիւ սաներս ու համակիրներս, հայահոծ գաղութներու մէջ, այս տարի ծնունդս պիտի յիշատակեն կամ արդէն սկսած են աւանդական այս գեղեցիկ սովորութեան:

Հպարտօրէն նաեւ կրնամ աւելցնելով՝ ըսել, թէ իմ այս ծնունդը պատահականութեան արդիւնք չէր: Եթէ կ՛ուզէք, հայ ժողովուրդի մտաւոր ապագայով մտահոգ եւ տագնապող հայորդիներու տեսիլքէն էր: Անոր համար, կառչած մնացի հայութեանս եւ մշակոյթիս ու դարձայ տեսակ մը փարոս՝ հայութեան եւ գիտութեան:

Զիս ծնողները, մեծ դերակատարութիւն մը ինծի վստահած էին, անգնահատելի, որովհետեւ ծնունդ տուած էին ի սէր եւ ի խնդիր հայ նոր սերունդներուն ծառայութեան: Զիս աշխարհ բերած էին, որպէսզի այդ նոր սերունդի միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ վար ու ցան ընեմ, եւ աւելին՝ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման ու զարգացման անհրաժեշտ միջոցները որոնեմ:

Անկեղծօրէն եւ հպարտօրէն ըսեմ նաեւ, որ օրին ծնողներուս շնորհքը խառնուած էր նոյն այդ սիրելի ծննդավայր Հալէպիս հասարակութեան կեանքին հետ: Որովհետեւ բոլորը կը հաւատային, որ ես անձնապէս պատմական անփոխարինելի առաքելութիւն մը ունէի փոխանցելիք, մեր մայրենիի ոգիէն եւ գաղափարական մեծութենէն:

Տարեդարձս է ըսի: Նոյնքան ալ՝ տօնահանդէս:

Ուրախ եմ եւ երջանիկ, որովհետեւ հպարտօրէն ականատես եղած եմ անցնող 7 տասնամեակներուն վրայ երկարող կեանքիս, գործելակերպիս, աշխատանքիս, ծրագիրներուս ու մանաւանդ ներկայութիւնս իմաստաւորող սաներուս ճիգերուն, յաջողութիւններուն, աշխատանքներուն եւ որոնումներուն:

Անոր համար են այս տողերս: Բիւր շնորհակալութիւն:

Կեանքի կոչուելէս ի վեր, ո՛չ ոք կը հաւատար, որ ես կրնայի ապրիլ, երթս շարունակել  այսքան երկար եւ տակաւին բարգաւաճիլ: Ո՛չ ոք:

Գիտեմ, որ ինծի եւ իմ նմաններուս համար պատկառելի է տարիքս: 70 տարեկան: Բայց, հակառակ այս տարիքիս, քալեցի կեանքիս ճակատագրային բոլոր ճամբաներէն: Շատ յաճախ որբացայ, բայց երբեք որբ չմնացի: Ճամբու ընթացքին շատեր կորսնցուցի: Հիները գացին, բայց միշտ համոզուած էի, որ նորերը զիս ջերմացնելու պիտի գային եւ այդ պաճառաւէ այս օրերուն ու ինչպէս միշտ, հպարտ եմ ու երջանիկ: Սերունդներ հասցուցած եմ: Վկա՛յ ամբողջ աշխարհը:

Գիտեմ, որ իբրեւ խիղճի պարտք, ամէն տեղ բոլոր սաներս հաւաքուած են նշելու, յիշատակելու, տօնախմբելու, ոգեկոչելու եւ, միաժամանակ, իրենց ուխտը նորոգելու: Եւ այս է ահա՛ հաւաքական հրճուանքը: Որովհետեւ փեթակիս մէջ, հայ լեզուն, հայ գիրն ու գրականութիւնը, եւ վերջապէս հայ մշակոյթն էր, որ լայն ծաւալով. ծնունդի օրէս ի վեր, տեղ բռնած էր։

Հաւանաբար կարգ մը գաղութներէ ներս, շատ մը բեմերու վրայ մինչեւ հիմա զիս յիշեցին: Երգեցին: Լաւ խօսքեր արտասանեցին: Ոգեւորուեցան: Ինծի հասցէագրուած կարճ ու երկար ճառեր խօսեցան եւ սիւնակներ գրեցին: Երբեմն ալ յուզումնախառն ու բարձրաձայն երգեցին: Թերեւս ալ արժանաւորները պարգեւատրեցին ու վերջապէս յիշատակեցին անյետաձգելի պարտականութիւններս ու առաքելութիւնս ու ես կրկին անգամ ծաղկեցայ: Յիշեցին ծնողներս, խնամակալներս, դաստիարակներս եւ այն բոլոր մեծերն ու պզտիկները, որոնք հովանիիս տակ աչքի լոյս վատնեցին, սորվեցան եւ սորվեցուցին, զիս պահելու համար ժամերով ծրագրեցին ու զիս այս յո-բելեանին հասցուցին:

Այս բոլորը, գիտակցումի արտայայտութիւն ըլլալով հանդերձ, ազգային աւանդական վարքագիծին մաս կը կազմեն: Դարձեալ՝ երախտագիտութիւն:

Այսօր, հպարտօրէն կը կրկնեմ, թէ ես 70 տարեկամ եմ:

Անցնող 7 տասնամեակներուն, յառաջացած վտանգները դիմակայելու համար, սաներուս, իմ կեանքովս ու գործովս ճիշդ ճամբան ցոյց տուած էի: Հաւատացէ՛ք, որքա՜ն կարիքը ունինք բոլորս ալ ճիշդ ճամբաներ առաջնորդողներու եւ առաջնորդուելու:

Տարիներու ընթացքին մեր գիրն ու գրականութիւնը եւ մշակութային հարստութիւնը պահելու եւ պահպանելու պարտականութեան ընթացքին, շատ բաներ տեսայ: Պատմական օրեր: Տխուր օրեր եւ ժամեր:

Տեսայ, որ շատեր հեռացան, կամայ ակամայ: Իսկ ուրիշներ՝ ամրօրէն կառչած մնացին ու տեղի չտուին: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ հրաշքներու համազօր իրականութեան հանդիպեցայ: Միշտ փորձեցի ոտքի կանգնիլ: Չյուսահատիլ: Ու յաջողեցայ, ընձիւղուեցայ եւ երբեմն ալ դժբախտաբար ինձմէ անկախ եւ անհասկնալի պատճառներով, հակառակը պատահեցաւ:

Սակայն միշտ յոյսերս արդարացան ու ես այսպէս ճակատաբացօրէն ծառայեցի նպատակիս: Շնորհիւ իմ յանձնառութեանս, գիտակից սաներս եւ իմ առաքելութեանս հաւատացող հայորդիներս, զիս փորձեցին պահել բարձունքիս ու դիրքիս վրայ: Ապրեցայ ժողովուրդիս հետ, սաներուս կողքին: Չէ՞ որ ե՛ս հայ միտքի ու հոգիի, հայ մշակի եւ հայ մշակոյթի պահակի պաշտօնն ալ ունէի:

Իսկ հիմա:

Հիմա, որ այլեւս տարեդարձիս տօնախմբութիւններն ու տօնակատարութիւնները կարգ մը տեղեր սկսած են եւ կամ նոյնիսկ աւարտած, հիմա, երբ զաւակներս սկսած են արժեւորումը եւ գնահատականը պատրաստելու իրենց այս աշխատանքներուն, ես ինծի հարց կու տամ. <<Ասկէ ետք ի՞նչ պիտի ընէք>>:

Պէտք է շարունակել <<երթը>>: Կը կրկնեմ քաջաբար եւ վստահաբար: Շարունակել աւանդը: Լիացնել արժէքը: Գիտեմ, թէ մինչեւ հիմա դուք ինչ ըրիք եւ ինչեր չըրիք: Հիմա ինծի համար կարեւորն ու էականը այս մէկն է:

Այն, ինչը տեղի կ՛ունենայ այսօր, ինչը հրապարակային կերպով կը կատարէք, չեմ ցանկար, որ պարագայական երեւոյթ մը ունենայ: Ինծի համար իմաստ չունի ձրի հպարտութիւնը:

Հաւատացէ՛ք: Կը կարծեմ, որ պէտք է զօրաշարժի ենթարկել ու ենթարկուիլ: Ձեւապաշտ վիճակէն դուրս գալ: Էականը այս բոլորին, իմ՝ ձեր բոլորին կողմէ ընկալումն է: Ու իբրեւ  առաջնահերթութիւն՝ նիւթական նոր խարիսխներ ստեղծելու կողքին, ինծի քաջալերանք եւ կանաչ ճանապարհ ապահովող ձեր խոստումներն են:

Ահա մեծագոյն նուէրս այս տարեդարձիս առիթով:

Նոր շունչ տուէ՛ք: Քաջալերեցէ՛ք: Կը հաւատամ, որ այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել գալիք ճանապարհս:

Արդ, բարի տարեդարձի ձեր մաղթանքներուն կողքին, իմ կողմէ կրկին անգամ ընդունեցէ՛ք շնորհակալութիւնս եւ երախտագիտութիւնս: Ուստի, բարի նոր երթ, թէ՛ ինծի, եւ թէ ձեզի:

 

bedig43@aol.com

 

comments

Advertisement