Արցախեան Հակամարտութեան Մասին Պրիւքսելի Բանաձեւը

By Aztag Daily | Tuesday, 17 October 2017




Պրիւքսել-Երեւան խոր եւ համապարփակ համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութեան յետհաշուարկը սկսած է: Ամիս մը ետք տեղի ունենալիք գագաթնաաժողովին, բոլոր նախադրեալները պատրաստ են, որ ստորագրութիւնը կայանայ:

Նկատելի շրջանառութիւն գտած էր այն մտավախութիւնը, որ Վիլնիւսի նման, մետասաներորդ պահուն տնտեսական եւ քաղաքական բաղադրիչներ ներառած փաստաթուղթի ստորագրութենէն հրաժարելու նման, այս մէկը եւս քաղաքական որոշ ճնշումներով չեղեալ նկատուի:

Նախադրեալները այդպէս չեն սակայն. առարկայական դիտարկում կատարելու փորձով պէտք է արձանագրել, որ Երեւանը չէր, որ նախկինի պարագային շեղում կատարած էր իր վարքագծային հետեւողականութենէն: Երեւանը սկիզբէն յայտարարած էր իր արտաքին բազմաշառաւիղային քաղաքականութիւնը, <<Թէ՛, թէ՛>>-ով յատկանշուած. Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան համար պատճառ հանդիսացած էր գործընթացի չեղեալ նկատուելուն. աւելի ուշ` առկախման եւ բանակցութիւններու վերսկսման:

Հիմա կան արտաքին երեւոյթներ, որոնք ստորագրութեան ապահովման կը միտին: Նախ փաստաթուղթի ամբողջական բնագիրի հրապարակումը կ՛օժանդակէ ստորագրութեան: Չմոռնանք, որ թէ՛ նախագահ Սարգսեան եւ թէ՛ նախարար Նալբանդեան յաջորդաբար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ Եւրոպայի արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ժամանակ յայտարարեցին, որ Երեւանը պիտի ստորագրէ համաձայնագիրի փաստաթուղթը:

Մասնագիտական գնահատականները կը խօսին փաստաթուղթի առաւել եւս քաղաքական բաղադրիչ ունենալու մասին, քան առեւտրական` տրուած ըլլալով, որ Երեւանը որդեգրած է այս մարզին մէջ, Եւրասիական տնտեսական միութեան կանոնները: Բայց առեւտրական գետնի վրայ համագործակցութեան վերաբերող յօդուածներ եւս ներառուած են աւելի քան երեք հարիւր էջ հաշուող այս փաստաթուղթին մէջ:

Քաղաքական բաժինը առաւելաբար կը վերաբերի  փտածութեան դէմ պայքարին, փողերու լուացման դէմ պայքարին, արդարադատութեան համակարգի փոփոխութիւն, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ նման ոլորտներու:

Քաղաքական առումով կար նաեւ մտավախութիւն, որ արցախեան հակամարտութեան առնչութեամբ ոչ հայանպաստ նշումը կրնար տապալել համաձայնագիրին ուժի մէջ մտնելու պահը: Այստեղ եւս մտավախութիւնները փարատած են: Նախաբանին մէջ արցախեան հակամարտութեան վերաբերող բաժինը բանաձեւուած է հետեւեալ կերպով.

Մասնաւորապէս նշուած է, որ կ՛ընդունուի արցախեան հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութեան կարեւորութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններու շրջանակներուն մէջ ըստ կարելւոյն շուտ կարգաւորման հասնելու անհրաժեշտութիւնը: Ընդգծուած է նաեւ այն, որ կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան եւ ԵԱՀԿ Հելսինքեան եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած նպատակներուն եւ սկզբունքներուն վրայ, մասնաւորաբար, ուժի սպառնալիքէն կամ գործադրումէն զերծ մնալու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներու եւ ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ, հաշուի առնելով նաեւ կարգաւորման գործընթացին աջակցելու Եւրոպական Միութեան ուղղութեամբ  հաստատուած յանձնառութիւնը:

Համաեւրոպական մէկ կարեւոր այլ կառոյց Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը ո՛չ միայն պաշտօնանկ կ՛ընէր Պաքուէն կաշառուած նախկին նախագահը, այլ միաձայնութեամբ կ՛որդեգրէր լուացքատունը գործարկող Պաքուն դատապարտող երկու հիմնական բանաձեւեր:

Մարդու իրաւունքներու ոտնակոխումի փաստերով, լրագրողներ հալածելով, բռնաընտանեկան վարչակարգի ամրագրման փորձերով եւ լուացքատան շինարարութեամբ ու գործարկումով յատկանշուող Պաքուն դեռ լուրջ խնդիրներ կրնայ դիմագրաւել եւրոպական տարբեր կառոյցներու կողմէ: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ հայկական հարցերու, ընդ որում արցախեան հակամարտութեան ուղղութեամբ կրնան հնչել արցախահայութեան եւ եւրոպական հայեցակէտերը նկատի ունենալով Արցախի մէջ ապրող մարդու ինքնորոշման եւ  ապահովութեան ու իրաւունքները յարգող պաշտօնական դիրքորոշումներ:

comments

Advertisement