Մուսուլէն Ռաքքա

By Asbarez | Saturday, 21 October 2017

 

AZTAG-logo-colour2

<<ԱԶԴԱԿ>>

 

ՏԱՀԵՇի մայրաքաղաք Ռաքքայի ազատագրումի հանգամանքները որոշակի առումներով լոյս կը սփռեն տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ:

Թէ՛ Իրաքի եւ թէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչազերծումի գործողութիւնները կ՛ընթանան հաստատ կշռոյթներով: Երկու տարածքներուն վրայ ալ գործողութիւններուն աշխուժօրէն կը մասնակցին քրտական զինեալ խմբաւորումները: Մաքրազտման այս գործողութիւնները հիմնական շրջանները մաքրելով հանդերձ շատ արագ <<թայմաու>>չներ կ՛առնեն: Միակտուր եւ համընդհանուր ահաբեկչութեան արմատախլման եւ վերջնական մաքրումին չեն յանգիր: Չէ բացառուած, որ ի վերջոյ այդ մէկը եւս տեղի ունենայ, երբ տեղայնացուած այս գործողութիւններու սահմանափակ համաձայնութիւնները յանգին ընդհանուր մեծ համաձայնութեան:

Ռաքքայի ազատագրումի ամիսներ տեւած գործողութիւններուն ամէնէն շատ երեւցաւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու  մասնակցութիւնը: Պարզ է եւ ընդհանուր համոզում, որ այս ուժերը խորքին մէջ հովանաւորուած են Միացեալ Նահանգներուն կողմէ, ուրկէ եւ կը ստանան թէ՛ ֆինանսական եւ թէ զինուորական օժանդակութիւն: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հիմնական բաղկացուցիչ հանդիսացող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Ռաքքայի ազատագրման գործողութիւններուն ընթացքին: Ուրեմն խորքին մէջ Ուաշինկթընի օժանդակութիւնը դէպի քրտական զինեալ ուժեր տեղի կ՛ունենայ միջնորդաւորուած ձեւով:

Միւս կողմէ, կառավարական ուժերը, որոնք չմասնակցելով Ռաքքայի ազատագրութեան՝ կը ստանձնեն Ռաքքայի զինուորական վերահսկողութիւնը, բնականաբար կը հովանաւորուին Մոսկուայի կողմէ, առաջին հերթին: Գործողութիւնը կ՛իրականանայ Ուաշինկթընի հովանաւորած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն կողմէ, իսկ ազատագրուած տարածքներու վերահսկողութիւնը կը ստանձնեն Մոսկուայի հովանաւորութիւնը վայելող Սուրիոյ կառավարական ուժերը: Քրտական ուժերը, որոնք մասնակից են այս երկկողմանի գործողութիւններուն, ունին յստակ դերակատարութիւն ահաբեկչազերծումի ընդհանուր պատերազմին մէջ: Մոսկուա-Ուաշինկթըն լուռ համաձայնութիւնը կը դրսեւորուի այս ձեւով:

Աւելիով կը շեշտուի Իսլամական պետութեան ամբողջ վախազդու համակարգին սնանումը այն ուժերուն կողմէ, որոնք այսօր որոշած են գէթ այս փուլին նուազեցնել անոր ազդեցիկութեան գործօնը: Իսլամական պետութեան մայրաքաղաքը երկար ժամանակ չի դիմանար ոչ թէ այս կամ այն գերտէրութեան վճռորոշ հարուածներուն, այլ անոնց կողմէ միջնորդաւորուած ձեւով գետնի վրայ կատարուող յարձակումներուն:

Ոչ երկար դիմադրութենէ ետք փուլ եկող՝ աշխարհը սարսափեցուցած, քարիւղի հանքերու տիրացած, ժամանակակից զինատեսակներ ձեռք ձգած, տարբեր տարածքներու վրայ ցեղային զտումներ իրականացուցած Իսլամական պետութեան մայրաքաղաքի պատկերը հետագայ իրադրութիւններուն վրայ կրնայ որոշ լոյս սփռել:

Աշխարհագրական նոր սահմանագծումներով եւ ժողովրդագրական տեղաբաշխումներով յատկանշուող տարածքներուն համապատկերը աւելի կը յստականայ, երբ Տէր Զօրի քաղաքամէջն ու անապատի խորքերը՝ դէպի իրաքեան եւ սուրիական սահմաններ գացող շրջանները եւս ազատագրուին ահաբեկիչ տարրերէ:

Լարուածութեան մեղմացման գօտիներ հասկացողութիւնը, որ անմիջականօրէն իբրեւ գլխաւոր խաղացողներ ունի Իրանը, Թուրքիան եւ Ռուսիան, հետզհետէ պիտի տարածուի ամբողջ Սուրիոյ եւ Իրաքի վրայ: Բնականաբար նաեւ ներառելով Ուաշինկթընը:

Նման համաձայնութիւններէ ետք աւելի պարզ կը դառնայ, թէ ինչպէս կ՛ազատագրուին, կը դիմափոխուին եւ նոր վերահսկողութիւններ կը ստանան այդ տարածքները, որոնք ըստ ձեւի՝ լարուածութեան մեղմացման, ըստ էութեան սակայն՝ ազդեցութեան գօտիներ են առնչուած գերտէրութիւններուն համար:

 



comments

Advertisement