Լիբանան Կը Փորձէ Շրջանցել Հեռակառավարման Իրողութիւնը Եւ Դրսեւորել Քաղաքական Կամք

By Asbarez | Saturday, 18 November 2017

0000SHAHAN

<<ԳԱՆՁԱՍԱՐ>>Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ <<ԱԶԴԱԿ>> ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

ՊԷՅՐՈՒԹ- Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին եւ Լիբանանի ընդհանուր կացութեան շուրջ <<Գանձասար>> հետեւեալ զրոյցը ունեցաւ <<Ազդակ>> օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ։

 

<<ԳԱՆՁԱՍԱՐ>>- Վարչապետ Հարիրիի հրաժարումէն մէկ շաբաթ ետք, քաղաքական ինչպիսի՞ անդրադարձներ եղան Լիբանանի մէջ: Այս հրաժարականը օրինական կը համարուի՞ լիբանանեան սահմանադրութեան հիման վրայ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ- Վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը յանկարծակիութեան գործօնով անակնկալի առջեւ դրաւ ոչ միայն հասարակութիւնը, այլ նաեւ պետական դաշտը՝ բարձրագոյն մակարդակներով: Լիբանանը երկար սպասումներէ ետք, ի վերջոյ բռնած էր համաձայնական մթնոլորտի վրայ հանգուցալուծումներ իրականացնելու ուղին եւ այդ առումով դրսեւորուած էր համակողմանի քաղաքական կամք: Թէ՛ պետական եւ թէ հասարակական-վերլուծական դիտարկումները կեդրոնացան այն տեսակէտին վրայ, որ հրաժարականը թելադրուած էր, պահանջուած, նկատի ունենալով թէ՛ Լիբանանի մէջ տիրող հանգիստ իրավիճակը եւ թէ վարչապետին Սէուտական Արաբիա կանչուիլը եւ այնտեղէն հրաժարական հնչեցնելը: Տակաւին կային այլ մանրամասնութիւններ, որոնք կը խօսէին հոգեբանական դրոյթի, օգտագործուած բառապաշարի վերլուծական մօտեցումներուն մասին, որոնք ընդհանուր տեսակէտին կը նպաստէին: Խնդիրը սահմանադրական կամ իրաւական ընդունելիութենէն աւելի քաղաքական հնչեղութիւն ապահովեց: Նախագահ Աուն առաջին վայրկեանէն յատարարեց, որ հրաժարականը չ՛ընդունիր, մինչեւ այն ատեն, որ վարչապետը չէ վերադարձած եւ իր հետ չէ խորհրդակցած հրաժարականին տուն տուող պատճառներուն շուրջ:

 

<<ԳԱՆՁԱՍԱՐ>>- Հայ համայնքը, ինչպէս միշտ, դրսեւորած է հաւասարակշռուած մօտեցում: Այս պարագային ի՞նչ էր լիբանանահայ համայնքին անդրադարձը:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ- Ճիշդ է, որ հայ համայնքը նման ճգնաժամային պայմաններու դիմաց եւ ընդհանրապէս որոշած է չներքաշուիլ առճակատման մթնոլորտի մէջ: Այս պարագային, սակայն, պէտք է աւելցնել, որ նման վարքագիծ որդեգրած են ազդեցիկ իրողական լիբանանեան շատ մը կողմեր, սկսեալ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահէն: Բոլորին պահանջը այն է, որ վարչապետը վերադառնայ Պէյրութ եւ վերստանձնէ համալիբանանեան համախոհութեան վրայ ճշդուած իր առաքելութիւնը:

 

<<ԳԱՆՁԱՍԱՐ>>- Այս պայմաններուն լոյսին տակ, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուի՞ն ճշդուած թուականին:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ- Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած ժամանակին ընելը պէտք է դիտարկել պետական հաստատութիւններու սահմանադրական ժամկէտները յարգելու սկզբունքի կիրարկման պարունակին մէջ: Լիբանանը արդէն նախագահի ընտրութենէն ետք իրաւական պետութեան վերակայացման գործընթացին մէջ է եւ անկէ շեղում կատարելը հիմնական խախտում կ՛ըլլայ այդ վարքագիծին:

 

<<ԳԱՆՁԱՍԱՐ>>- Սուրիական փորձը նկատի ունենալով, բնականաբար որոշ երկիրներու կողմէ լարուածութիւնը սրող յայտարարութիւններ կը հնչեն ու պիտի հնչեն: Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք տարածաշրջանային լարուածութեան լոյսին տակ այս սրումներն ու Լիբանանի քաղաքական ներկայ իրավիճակը:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ- Այո, ճիշդ նկատեցիք. Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը իր պատճառահետեւանքային համապատկերով մտածել կու տայ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ վերահսկելի քաոս պահպանելու աշխարհաքաղաքական ծրագիրի մը մասին:

Ժողովրդագրական նոր տեղաբաշխումներով գոյացած պատկեր, սիւնի-շիի մնայուն առճակատման մթնոլորտի թէժացումներ, պատերազմական սահմանափակ գործողութիւններով յատկանշուող կացութիւններ, քրտական գործօնի շահարկումներ եւ մասամբ  նորին կը բնութագրեն անընդհատ եռեւեփումի մէջ եղող տարածաշրջանը: Լիբանանի մէջ եւս համայնքային դրուածքը, երկար ժամանակի վրայ արձանագրուած դէպքերը, քաղաքական անորոշութիւնը, պետական հաստատութիւններու անդամալուծումը պարարտ ենթահող են որեւէ լարուածութեան յետցնցումային վիճակի ստեղծման համար: Բայց Լիբանան, հակառակ այդ բոլորին, որոշ ժամանակէ ի վեր հեռակառավարուելու իրողութիւնը կը փորձէ շրջանցել եւ դրսեւորել քաղաքական կամք՝ համալիբանանեան համախոհութիւնը առարկայացնելու թէ՛ քաղաքական, թէ՛ իրաւական եւ թէ հասարակական մակարդակներու վրայ:

 

 



comments

Advertisement