Կեցցէ՛ Դաշնակցական Millennial երիտասարդութիւնը

By armenia.com.au | Monday, 11 December 2017

Ստորեւ կը ներկայցնենք ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեանի պատգամը ՀՅԴ 127 ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին որ տեղի ունեցաւ Սիտնիի մէջ Կիրակի 3 Դեկտեմբեր 2017ին

 

Բոլորդ կը շնորհաւորեմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան առիթով.

Կեցցէ՛ք սիրելիներ. Կեցցէ՛ք բոլո՛րդ.

Կեցցէ՛ք, որ այսօր հաւաքուած էք մեզի հետ, մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127 ամեայ վեհ ծառայութեան:

Ձեր այս ներկայութեամբ է սիրելի հայրենակիցներ, որ կ'արժեւորենք գաղափարական, մարտական եւ քաղաքական այս կառոյցը, ժողովուրդին եւ հայրենիքին հոգերով ապրած այս կուսակցութիւնը, ու անոր էջերը գրած Դաշնակցական հսկաները, որուն շարքերուն մէջ էին Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը կերտած Արամները, Դրօները, Վրացեանները, Ռուբէնները, Աղբալեաններն ու իրենց սերնդակից շատերը:

Ձեր այս ներկայութեամբ է, որ կ'արժեւորենք Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարիներուն նուիրեալ Դաշնակցական  քաղաքական գործիչներ Քաթարինէ Զալեան-Մանուկեանը, Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանը եւ Վառվարա Սահակեանը, որոնց անունները ճիշտ է շատերուն ծանօթ չեն, բայց անոնք կը համարուին աշխարհի առաջին կիներէն, որոնք դարձած են խորհրդարանի անդամներ:

Ձեր այս ներկայութեամբ է, որ կ'արժեւորենք Դաշնակցական քաղաքական գործիչ Աւետիս Ահարոնեանը, ով 1919-ին գլխաւորեց Սեւրի դաշնագրին Հայաստանի պատուիրակութիւնը:

Ձեր այս ներկայութեամբ է, որ կ'արժեւորենք Դաշնակցական Սողոմոն Թեհլիրեանը, Նեմեսիսի արդարութեան միւս բազուկները, ովքեր պատժեցին ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները:

Ձեր այս ներկայութեամբ է, որ կ'արժեւորենք Արցախի մեր ընկերները, Դաշնակցութեան հարիւրամեայ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» գաղափարի հաւատարիմ Շահէնները, Թաթուլները, Մհերներն ու Վիգէնները:

Ձեր ներկայութեամբ, կ'արժեւորենք նաեւ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին տարիներուն, «Աղբալեան» ակումբին մէջ, ընկերներուն կեանքը փրկելու համար անձնազոհութեան դիմած Սերժ Թովմասեանէն, մինչեւ Հալէպի Հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան ղեկավար ընկեր Ռաֆֆի Պչագճեանը, եւ այսպէս՝ 127 տարուայ մէջ, այս կուսակցութեան դրօշին տակէն անցած հարիւրաւոր նուիրեալներ ու նահատակներ:

Կեցցե՛ն մեր անմահ հերոսները։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցի հիմնադիր Գարեգին Նժդեհի շատ մը փիլիսոփայութիւններէն մեզի լայն ձեւով հասած է նաեւ այս խօսքը՝ <<Եթէ ուզում ես տեսնել, գուշակել ժողովուրդի մը ապագան, նայիր նրա երիտասարդութեան>>:

Նժդեհի խօսքը ուղղութիւն դարձաւ մեր կուսակցութեան ղեկավարութեան, եւ այդ ուղին՝ պահեց Դաշնակցութիւնը միշտ երիտասարդ:

Այսօր, մենք ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն, յարմար տեսանք հաշուետուութիւն կատարելու ձեր դիմաց եւ տեսնելու, թէ որքանով մենք հաւատարիմ մնացած ենք Նժդեհի խօսքին:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի, տարիներ առաջ կայացուցած, շրջանի երիտասարդականացման որոշումը, մեր երիտասարդականի կեդրոնական վարչութիւններու, մասնաճիւղի վարչութիւններու և պատանեկան վարիչ մարմիններու միասնական և հետեւողական աշխատանքներով հասած է որոշ արդիւնքի:

7 տարի առաջ, Աւստրալիոյ կառոյցը ունէր 1 պատանեկան եւ 1 երիտասարդական մասնաճիւղեր՝ 40 անդամներով:

Այսօր, շրջանի կառոյցը ունի 2 պատանեկան եւ 3 երիտասարդական մասնաճիւղեր, ներառեալ Արեւմտեան Սիտնիի եւ Մելպուրնի մասնաճիւղերը։ Ընդհանուր անդամակցութիւնը հասած 150ի:

Ճիշդ է, որ քանակը լաւ երեւոյթ է. սակայն Նժդեհի խօսքը, Նժդեհի մարտահրաւէրը աւելի կը վերաբերի որակին. այն երիտասարդը, որուն նայելով պէտք է տեսնենք մեր ժողովուրդի ապագան, պէտք է ըլլայ հայրենասէր, նուիրեալ, պէտք է ըլլայ յեղափոխական եւ գաղափարապաշտ. այդպէս պէտք է ըլլայ նաեւ Դաշնակցական երիտասարդը։

Աւստրալիոյ ամէն առումով ազատ երկրին մէջ, դժուար է որ այսօր ծնողք մը իր զաւակը հեռացնէ իր բջիջային հեռաձայնէն: Պահ մը երեւակայեցէք պատանեկան միութեան մը, կամ երիտասարդական միութեան մը դժուար աշխատանքը:

Տարիներ շարունակ, Դաշնակցութիւնը իր երիտասարդութեան մէջ փորձած է դրոշմել իր այս երթի գլխաւոր նպատակը՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը:

Սերունդներ շարունակ բացատրած են, թէ մեր ապագան օտարութեան մէջ ապահով չէ. ազգի փրկութիւնը եւ յարատեւութիւնը կրնայ միայն ապահովել պատմական Հայաստանի եւ այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութեան միացումով կերտուելիք՝ ամբողջական Հայաստանը, ուր կը համախմբուինք բոլորս:

Դաշնակցութիւնը ոչ միայն բացատրած է այս բոլորը, այլ ցոյց տուած է այս նպատակին, այս գաղափարին հաւատալու, համոզուած ըլլալու եւ մեր հայրենակիցները համոզելու եւ հաւատացնելու կարողութիւնը:

Մօտէն երբ նայինք դաստիարակուած դաշնակցական երիտասարդի մը աչքերուն մէջ, Պայքա՛ր է, որ պէտք է երեւի. Պայքարո՛ղ պէտք է ըլլայ Դաշնակցական երիտասարդը։

Իսկ մենք մեր կարգին կը կրենք այդ պայքարի մէջ մաս մը, զինելու այս երիտասարդութիւնը եւ անոնց յաջորդող սերունդները պատրաստ ըլլալու ղեկավարութեան համար, և այդ ամբողջական երազանքի իրագործման յաղթական պահին համար:

Սակայն, ինչպէ՞ս կարելի է այս առաքելութիւնը շարունակել, պայքարիլ եւ այս հեռաւոր ափերուն մէջ դաստիարակել սերունդները ամբողջական եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարով:

Սերունդ մը, որ կը կարծէ թէ ինք ամէն ինչ գիտէ Wikipedia-ով, facebook-ով, google-ով, snapchat-ով եւ Instagram-ով, այսքան ազատութեան մէջ, այսքան զբաղումներու այլազանութեան հետ:

Millennials կոչուած սերունդ մը, որ հանրութիւնը կը որակէ իբրեւ աւելի «cynic» կամ յոռետես, բաղդատելով նախորդ «իտէալական» սերունդներուն:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Բարեբախտաբար եւ վստահութեամբ կրնանք հաստատել, որ այս սերունդին հետ մեր աշխատանքային փորձառութիւնը, հանրութեան կարծիքին հակառակը ցոյց կու տայ:

Մենք՝ նայելով Աւստրալիոյ կառոյցի Դաշնակցական այդ «Millenial»-ներուն եւ յատկապէս ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան անդամներուն, մեր համայնքին համար միայն կրնանք կանխատեսել փայլուն ապագայ:

Շատեր այսօր Դաշնակցական  երիտասարդութիւնը կը դատեն հին չափանիշներով. Ժամանակն է համոզուելու, որ վրաններու տակ ապրելով, ծառ մագլցելով կամ մարտական փորձարութիւնով չէ միայն, որ պէտք է դատենք մեր սերունդներու ծառայութիւնը:

Մենք այս սերունդին փայլուն կը գնահատենք, որովհետեւ անոնց աչքերուն մէջ երբ նայինք, կը տեսնենք պայքար, կը տեսնենք յեղափոխականութիւն, ազգասիրութիւն, զոհողութիւն եւ վերջապէս՝ Դաշնակցականութիւն:

Ասոնք են մեզի համար Դաշնակցական երիտասարդի հիմնական չափանիշները, որոնց բացակայութեան պարագային, երիտասարդը չի՛ կրնար դառնալ Դաշնակցական. Եւ այս չափանիշներով է, որ այսօր մեր երիտասարդութիւնը կրնանք զանազանել ուրիշներէ:

2016 թուականի Յուլիս ամիսն էր, եւ համալսարանները ձմեռնային դադարի մէջ էին, երբ իրենց սերունդի երիտասարդութեան մեծ մասը կը մտածէր վայելելու մասին. Եւրոպաներ երթալ իրենց տարեկիցներով լեցուած նաւերով. Ընկերներով երթալ ձիւնագնացութեան, ուտել, խմել, զուարճանալ, հանգստանալ. Շատերը կը մտածէին աշխատիլ, դրամ հաւաքել զուարճանքի աւելի մեծ ծրագիրներու համար:

Իսկ մեր ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութիւնէն 26 ընկերներ եւ ընկերուհիներ մեկնեցան Հայաստան. այո՛ սիրելիներ. մեկնեցան Հայաստան, սակայն չմնացին Երեւանի լաւագոյն պանդոկներուն կամ հիւրանոցներուն մէջ. անոնք ապրեցան Երեւանի ծայրը գտնուող Նոր Նորքի շրջանի հանրակացարանի մը մէջ, ուրկէ ամէն օր, անոնք կ'երթային շրջանի Նիկոլ Դուման երիտասարդական կեդրոնը, ուր կազմակերպած էին բանակում-ճամբար շրջանի երեխաներուն համար:

Ամէն առտու այդ երեխաներուն ծնողները, իրենց զաւակները կը բերէին եւ կը յանձնէին մեր AYF-ի ընկերներուն, որոնք իրենց կը սորվեցնէին պատմութիւն, երգ ու պար, անգլերէն լեզու. Կը խաղային, կ'երգէին ու կը պարէին անոնց հետ:

Մէկ ամիս շարունակ, ամէն օր, Աւստրալիոյ «Millenial» Դաշնակցական երիտասարդները հոգացին Հայրենիքի մէջ հասակ առած թիւով 120-է աւելի պատանիներու: Կեցցե՛ն մեր ընկերները:

2017 Հոկտեմբերի առաջին շաբաթն էր. Համալսարանական քննութիւններէն մօտ մէկ ամիս առաջ, երբ այլեւս աշակերտներն ու ուսանողները կը սկսին իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իրենց դասերուն վրայ, մեր երիտասարդականի ընկերները որոշեցին իրենց աշխատանքներէն ամբողջ շաբաթ մը նուիրել Արցախին։

Կազմակերպեցին Արցախի պահանջատիրական շաբաթ Սիտնիի և Մելպուրնի մէջ, օտարներու եւ անծանօթներու ուշադրութեան բերելու Արցախի հարցը:

Այդ շաբթուան ընթացքին, բնական էր տեսնել մեր ընկերները Սիտնիի եւ Մելպուրնի հրապարակին վրայ, գնացքի, Train-ի կայարաններուն մօտ, համալսարաններու մէջ, ուր կը բաժնէին Արցախի հիմնահարցը ծանօթացնող թռուցիկներ, անցորդ օտարներուն:

Նոյն շաբթուան աշխատանքային ծիրէն ներս, AYF-ի երիտասարդները արեան տուուչութեան արշաւ մը կազմակերպեցին ուր 39 երիտասարդներ, իրենց արիւնը նուիրեցին մինչեւ Հոկտեմբեր ամիսը այս տարուայ ընթացքին 39 նահատակուած Արցախի քաջ զինուորներու յիշատակին համար։

Այս բոլորէն ետք, խօսինք այդ շաբաթավերջին՝ Շաբաթ օրուան մեր երիտասարդներու կատարածին մասին եւ այդպիսով հասկնանք, իսկապէ՞ս արժանի են անոնք մեր բոլորի գնահատանքին:

Բոլորս գիտենք, թէ ինչ առիթներ կան եւ որքան յաճախելու տեղեր կան շաբաթ գիշերները, այս երկրին մէջ ապրող ամենագէտ millennial երիտասարդութեան համար:

Սակայն մեր երիտասարդները որոշեցին ինքնաշարժներով 3.5 ժամ ճամբայ քշելէ ետք, ջահերով, իրենց ուսերուն վրայ կռելով Արցախի դրօշակը, հասնիլ մայրաքաղաք Canberra։ Հոն Ատրպէյճեանի դեսպանատան դիմաց բարձրաձայն երգեցին յեղափոխական-ազգային երգեր, որպէս բողոքի ցոյց:

Դեսպանատան աշխատողները, որոնք հաստատ նշանակուած են Հայասպան Ալիեւի կողմէ, իրենց բնակարաններէն անկասկած լսեցին մեր «millennial» երիտասարդութեան ձայնը, երբ կ'երգէին Շահէնի, Մհերի, Թաթուլի եւ անոնց նման անկեղծ զինուորներու յիշատակի երգերը:

Կեցցէ՛ն մեր յեղափոխական երիտասարդները:

2017 թուականի Նոյեմբերն էր. Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կ'այցելէր Canberra, իր տարեկան պահանջատիրական շաբաթը իրականանցնելու համար. երիտասարդական միութենէն անոնց միացան երկու ընկերուհիներ եւ մէկ ընկեր, ովքեր հետաքրքրութիւն յայտնած էին Հայ Դատի քաղաքական պահանջատիրական պայքարի աշխատաքներուն մասնակցելու:

Ընկերուհիներէն մէկուն երբ առաջարկեցին միանալ, մեր դիմաց, վերցուց իր հեռախօսը, զանգեց իր գործատեղը եւ ըսաւ, թէ ես այս ինչ թուականին պիտի երթամ Canberra, որովհետեւ ես Հայ եմ, եւ պահանջատիրական պայքար ունիմ կատարելիք, պիտի ներէք բացակայութեանս համար.

Բարեբախտաբար իր օտար վարպետը համաձայնեցաւ:

Այս երիտասարդները, Աւստրալիոյ Ուսանողական Միութեան և Մելպուրնէն միացած իրենց ընկերոջ հետ միասին, Հայ Դատի պայքարի դիմագիծը փոխեցին Աւստրալիոյ խորհրդարանին մէջ. անոնք երիտասարդականացուցին մեր պայքարը, պայծառացուցին ապագան, առին պայքարի ջահը եւ անցան առաջ դէպի այդ ապագան:

Կեցցե՛ն մեր պահանջատէր երիտասարդները. Կեցցե՛ն մեր յեղափոխական երիտասարդները. Կեցցե՛ն դաշնակցական «Millenial» այս երիտասարդները:

Ուրեմն, սիրելի Նժդեհ, այսօր, երբ մենք կը նայինք մեր երիտասարդութեան, կը տեսնենք մեր ապագան, եւ գոհացում կը զգանք անոնցմով:

Սիրելի AYF, գիտեմ պատրաստ էք, բայց պէտք է ըսեմ, թէ այսպէ՛ս շարունակեցէք ձեր երթը:

Ուրախ ենք, որ գալ տարի դարձեալ պիտի մեկնիք Երեւանի Նոր Նորքի շրջան, ուր ձեր անցեալ տարուայ ջանքերով հիմը դրիք երկու պատանեկան մասնաճիւղերու։ Հոն դարձեալ պիտի կազմակերպէք ճամբար այդ պատանիներուն համար։

Աւելին՝ այս տարի, աւելի՛ հպարտ ենք ձեզմով, որովհետեւ որոշած էք երկրորդ ճամբար մը կազմակերպել, այս անգամ Արցախի մէջ, որովհետեւ Արցախի մեր երեխաներն ալ արժանի՛ են ձեր աշխատանքին ու նուիրումին:

Ուրախ ենք նաև որ գալիք Յունուարին կազմակերպած էք Սարդարապատ բանակումը, նուիրուած Հայաստանի առաջին անկախութեան 100 ամեակին, որուն ներկայ պիտի գտնուիք 5 մասնաճիւղերով և 150 անդամներով։

Սիրելիներ,

2018-ին, իրենց միջ-մանսաճիւղական բանակումին կողքին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութիւնը, Դաշնակցութեան եւ իր ուղեկից միութիւններու ջանքերով և բոլորիս մասնակցութեամբ, մեծ շուքով պիտի նշենք նաեւ Հայաստանի առաջին անկախութեան 100 ամեակը:

Darling Harbour-ի փառատօն, Յարութի եւ Գառնիկի մասնակցութեամբ համերգ-տօնախմբութիւն, եւ այլ ձեռնարկներ պիտի լեցնեն մեր բոլորին օրացոյցները 2018-ին:

Սիրելի ներկաներ, հարազատ հայրենակիցներ,

Այսօր, պատիւը ունիմ առաջին անգամ ըլլալով յայտարարելու ձեզի, թէ Յունիս 2018-ին, Գոլստըն Ճեմարանի մէջ պիտի յաւերժանայ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տիտաններէն մէկուն յիշատակը։ Այս ճեմարանին մէջ Ընկեր Արամ Մանուկեանի կիսանդրին պիտի զետեղուի:

Ինչպէս Արամները, Քրիստափորներէն ստանձնեցին պայքարի ջահը եւ փոխանցեցին իրենց յաջորդներուն, այնպէս ալ մենք, պէտք է կատարենք նոյնը, ջահը տանք երիտասարդութեան, պատանիներուն, մեր աշակերտութեան, եւ առաջնորդենք շարունակելու մեզի փոխանցուած առաքելութիւնը:

Այս մէկը միայն մեր գործը չէ սիրելի հայրենակիցներ: Այս մէկը ձեր բոլորի՛ն աշխատանքն է, որովհետեւ այդ պատանին ու աշակերտը պէտք է իր տան մէջ տեսնեն հայապահպան եւ հայրենասէր ծնողքը, մե՛նք պիտի դառնանք մեր զաւակներուն առաջին նախանձելի օրինակը:

Ինչպէս իմ ընկերներէս մէկը, անգամ մը յայտարարեց ուրիշ հայկական համայնքի մը բեմէն, նոյնը կը կրկնեմ ձեզի այսօր. Այստեղ ներկաներէն միայն փոքր թիւ մըն է, որ շարքային կուսակցական է. բայց դուք, մենք, բոլորս ալ ենք Դաշնակցականնե՛ր:

Ուղեկից միութիւններու անդամներ, Սիտնիի Ապրիլեան տողանցքին 3000 մասնակիցներ, Արցախի, Սուրիահայութեան օժանդակողներ, պարախումբերու եւ երգչախումբերու անդամներ, հայ ուսանողներ, եկեղեցականներ…

Եթէ կը հաւատանք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականին, եթէ պահանջատէր ենք Հայութեան իրաւունքներուն եւ կը հետապնդենք Հայ դատի շահերը, եթէ կը լսենք եւ կը պատասխանենք Արցախի եւ Սուրիոյ հայութեան կոչերուն, եթէ հայկական դպրոցի աշակերտ ենք կամ հպարտ ծնողներն ենք այդ աշակերտներուն, եթէ պատրաստ ենք ըլլալու հայապահպանութեան առաքեալներէն մէկը մեր տուներէն մինչեւ մեր ակումբները... մենք բոլորս ալ ենք Դաշնակցական:

Եթէ բոլորս Դաշնակցական ենք, ուրեմն պէտք է պայքարինք, որովհետեւ ինչպէս Դաշնակցական երիտասարդը, այնպէս ալ ամէն մէկ դաշնակցական, պէտք է ունենայ տարբերուող այդ յատկութիւնները, չյոգնելով պայքարելու, նուիրուելու ցանկութիւն, յեղափոխական եւ գաղափարական ոգի եւ մտածելակերպ:

Մեր պայքարը, ունի յստակ ուղղութիւն.

Տեսնել դիւրին ճամբան, սակայն ընտրել Հայ մնալու՝ պայքարի ճամբան:

Տեսնել մեր մօտ գտնուող օտար դպրոցը, սակայն ընտրել աւելի մայրենին, ազգայինը, հայկական ճեմարանը:

Տեսնել աժան թրքական ապրանքը, բայց ընտրել ոչ-թրքականը եթէ չկայ հայկականը:

Շատ լաւ գիտնալ Անգլերէնը, բայց խօսիլ հայերէնը:

Երեւակայել, ծրագրել հանգիստ, ուրախ շաբաթ գիշեր մը, բայց որոշել քաջալերել հայկական միութեան մը կազմակերպած ձեռնարկը:

Երթալ Հայաստան, տեսնել Երեւանը, բայց տեսնել նաեւ Արցախը, Գիւմրին, Սիւնիքը եւ միւս շրջանները. Այդտեղ դիւրին չէ՛ կեանքը Երեւանի նայելով, բայց մե՛րն է, ա՛ն ալ Հայաստան է:

Մէկ խօսքով, պայքար, պայքար մինչե՛ւ յաղթանակ:

Կեցցե՛ն այս երազին ու անոր յաղթանակին հաւատացող բոլո՛ր հայրենակիցները.

Կեցցէ՛ Աւստրալահայութիւնը.

Կեցցէ՛ Աւստրալիոյ Դաշնակցական Millennial երիտասարդութիւնը.

Կեցցէ՛ միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանը ու այդ Հայաստանին հաւատացող, այդ Հայաստանին համար իր ամենափայլուն զաւակները նուիրած 127 տարեկան, ալեհեր՝ բայց միշտ երիտասարդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:




comments

Advertisement