ՀՅԴ Հիմնադիրներուն Յանդգնութեամբ (ՀՅԴ 127Ամեակին Առիթով)

By Asbarez | Tuesday, 12 December 2017

0000KANTSASAR

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ <<ԳԱՆՁԱՍԱՐ>>Ի

 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127ամեակը, տօնակատարութիւններէն անդին, պատմութեան այդ հերոսական շրջանը մտաբերելու եւ 127 տարիներու լոյսին տակ ներկան դիտելու առիթ է նաեւ:

Պահ մը պատկերացնենք, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ կ՛ընթանար մեր պատմութիւնը, եթէ չըլլային յանդուգն յեղափոխականները, հայ ազատագրական պայքարին ռահվիրաները, ռուսական եւ արեւմտեան լուսամիտ շրջանակներու հետ մշտական շփման մէջ եղող մտաւորականները, որոնք մեր ժողովուրդը ստրկութենէ, թմրութենէ դուրս բերելու համար յանդուգն քայլերու դիմեցին, առանց կեղծ յորդորներ արտասանելու կամ մարգարէանալու ժողովուրդին դիմաց, այլ իրենց սեփական օրինակով, ազատագրական պայքարի դաշտ նետուելով՝ փշրելու ստրկութեան շղթան, բայց մանաւանդ նախատեսելի վայրագութիւններուն, կոտորածներուն դէմ ծառանալու խիզախութեամբ ու յառաջդիմական գաղափարներով հայ ժողովուրդին ազատագրութեան մօտալուտ գարունը ազդարարելու յանձնառութեամբ:

Եթէ անոնք հաւատքով տոգորուած չըլլային, կամ պահ մը իսկ տատամսէին կռուելու, իրենց ազատախօս գրիչը շարժելու, հաւանաբար շարունակուէր 600 տարուան մեր ստրկութեան ու այսպէս կոչուած <<հնազանդ ու համակերպող>> ազգ մը ըլլալու ոչ երանելի պատմութիւնը: Անոնք, սակայն, ազատարար շառաչով շրջեցին պատմութիւնը եւ հայ ժողովուրդի յառաջդիմութեան, անկախութեան, արժանապատիւ կեանքի բաղձալի մեկնարկը յայտարարեցին՝ թէկուզ երբեմն զոհեր տալով, ուժաթափ դառնալով կամ կորուստներ ունենալով… Մարգարէներ չէին վերջապէս, այլ հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու,  յառաջդիմելու եւ միջազգային բեմին վրայ ու քաղաքակրթութեան մէջ արժանաւոր տեղը նուաճելու կարողութեան կը հաւատային անոնք, ու պայքարեցան այդ նպատակին համար՝ իրենց գաղափարական ամուր պատուանդանին շնորհիւ:

Եւ մեր ժողովուրդը նուաճեց անկախ ապրելու իրաւունքը, ունեցաւ ազատ ու անկախ հայրենիք, թէկուզ ոչ ամբողջական:

127 տարիներու Դաշնակցութեան պատմութիւնը թելադրող շեշտ ունի մեր օրերուն: Օրեր, որոնք համեմատաբար աւելի նպաստաւոր պայմաններով ու ձեռնտու միջոցներով օժտուած են, ուստի աւելի արդիւնաւոր աշխատանքի առիթը կ՛ընձեռեն:

Դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները փոխուած են այսօր: Հայրենիքի հզօրացում, Հայ Դատի հետապնդում, Սփիւռքի ուժեղացում եւ քաղաքականացում ու վերջապէս մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերում:

Այս մարտահրաւէրներուն դէմ կարելի է դնել Դաշնակցութեան զինանշանի տարրերուն լիիրաւ բռնցքումով միայն: Մտաւորականը՝ իր յանդուգն գրիչով, մեր ժողովուրդին ու պետականութեան կեանքն ու զարգացումը խափանող յոռի երեւոյթներուն խիզախ մերկացումով,  քաղաքական գործիչը՝ իր խիղճով ու արիութեամբ, մշակը՝ հողի թէ մտքի, իր առաքելութեան նուիրուելով, մարտիկը՝ հայրենի հողը պաշտպանելով:

Այս բոլորին մէջ էականը, սակայն, յանդգնութիւնն է: Յանդգնութիւն ազատախօս գրիչները չխամրեցնելու, այլ համարձակօրէն շարժումի մղելու, յանդգնութիւն՝ նորարարութեան հետ քայլ պահելու՝ հեռու մնալով կրկնութիւններէ, ըսուած ու կրկնուած գործելաոճը, խօսքը բազմիցս կրկնելու տմոյն գործելաձեւէ,  յաղթահարելու խոչընդոտները, ստեղծելու եւ զարգացնելու նոր միտք, նոր ոճ, ժամանակին հետ զարգացող աշխատանքի միջավայր ու գաղափարական հիմքով, հոգեկան ամրութեամբ եւ քաղաքական տեսլականով օժտուած երիտասարդութիւն:

Դաշնակցութեան 127 տարիներու պատմութիւնը անշահախնդիր նուիրեալներու, պարզ ու կենսունակ հայորդիներու, արի մարտիկներու, Դաշնակցութեան շարքերէն ներս, թէ շարքերէն դուրս անոր գաղափարաբանութեան ու տեսիլքին հաւատացողներու աշխատանքին արդար հանրագումարն է վերջապէս:

Արդիւնաբեր ու զգաստ աշխատանքն է, որ կ՛արժեւորէ տարիները ու կ՛երաշխաւորէ անոնց բազմապատկումը:

 

comments

Advertisement