Էրտողանի Յունաստան Այցելութեան Պատմական Նշանակութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 13 December 2017

1212erdogan

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ <<ԱԶԱՏ ՕՐ>>Ի

Թուրքիոյ նախագահ պրն. Էրտողանի Յունաստան երկօրեայ այցելութիւնը <<պատմական>> իրադարձութիւն մը եղաւ ոչ միայն սոսկ այն պատճառով, որ 1952էն ասդին, 65 տարուան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ մը պաշտօնապէս կ՛այցելէր արեւմտեան իր դրացիին՝ Յունաստանի Հանրապետութեան, որուն հետ ի դէպ դաշնակից է ՆԱԹՕի ճամբով:

Պրն. Էրտողանի Յունաստան այցը դառնօրէն եւ թրքավայել ոճով <<պատմական>> եղաւ նաեւ ու մանաւա՛նդ այն պատճառով, որ դիւանագիտական պատշաճութեան ամէն սահման ոտնակոխելով, նոյնիսկ կոխկռտելով՝ Թուրքիոյ նախագահը կոպտօրէն կարծր քննադատութեանց եւ մեղադրանքի նշաւակ դարձուց իր հիւրընկալները:

Մինչեւ իսկ միջազգային լրատուամիջոցները ապշեցան՝ ի տես եւ ի լուր Թուրքիոյ նախագահին կիրարկած ամբարտաւան եւ արհամարհական ոճին ու փութացին ընդգծելու, որ Յունաստանի բարի-դրացիական հրաւէրին եւ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ վիճելի հարցերը հաշտարար երկխօսութեամբ հարթելու Աթէնքի բարեացակամութեան՝ Անգարա փաստօրէն կը պատասխանէ թրքական հանրածանօթ (իմա՛ ծաւալապաշտական) կեցուածքներու կարծրացումով:

Անկախ Կիպրոսի հարցին վերաբերեալ Յունաստանը իբրեւ <<պառակտի>>չ կողմ մեղադրելու թրքական յանկերգը կրկնելէն՝ Թուրքիոյ նախագահը Յունաստան իր <<պատմական>> այցը… պսակեց 1923ի Լօզանի Դաշնագիրը <<այժմէականացնելու>>՝ վերանայելու պահանջով:

Իսկ Լօզանի Դաշնագիրին <<այժմէականացման>> Էրտողանեան պահանջը կը նշանակէ թէ՛ հարեւան ու ՆԱԹՕի մէջ դաշնակից զոյգ երկիրներուն միջեւ պետական սահմաններու վերաճշդումը (յատկապէս Եգէականի մէջ), թէ՛ հիւսիսային Յունաստանի մէջ ապրող թուրք փոքրամասնութեան (որ Յունաստանի կողմէ կը նկատուի իսլամ, այլ ոչ թէ թուրք փոքրամասնութիւն) իրաւունքներուն ընդլայնումը…

Փաստ է, որ վերջին տասնամեակներուն Յունաստան եւ Թուրքիա քանի մը անգամ մատնուեցան պատերազմական բախումի վտանգին՝ Անգարայի կողմէ թրքական օդուժին հրահանգուած Եգէականի սահմանները բռնաբարելու ոտնձգութեանց հետեւանքով:

Նոյնպէս փաստ է, որ Թուրքիա առաջին իսկ օրէն մերժած է յարգել Լօզանի Դաշնագիրով երաշխաւորուած Թուրքիոյ յոյն, ինչպէս եւ հայ թէ քիւրտ փոքրամասնութեանց իրաւունքները, մինչդեռ Յունաստան իր հողին վրայ ապրող բոլոր փոքրամասնութեանց, այդ կարգին եւ առաջին հերթին իսլամ փոքրամասնութեանց իրաւունքները յարգելու երկարամեայ աւանդութիւն ունի:

Ո՛չ, հիւրընկալ Յունաստանի դէմ կատարուած Թուրքիոյ նախագահին նորագոյն՝ կարծր ու կոպիտ յարձակումները ոչ միայն անհիմն են ու կեղծ, այլեւ պարզապէս ապացոյցն են <<լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է>> ուսուցանող ռազմավարութեան, որուն այնքան հաճոյքով փարած են անցեալին եւ այսօր ալ կը շարունակեն փարիլ ցեղասպան թրքական պետութեան օրինակով յանցագործները:

Հարեւաններուն հետ <<զերօ հարց>> ունենալու Թուրքիոյ պաշտօնական յոխորտանքին որքա՜ն հատու եւ խօսուն պատասխան կու տան նոյնինքն պրն. Էրտողանի կատարած այսօրինակ շինծու մեղադրանքները՝ Յունաստանի հասցէին:

Այնքան ատեն, որ միջազգային ընտանիքը հաշուետուութեան եւ արդար դատաստանի չ՛ենթարկեր յանցագործ՝ յատկապէ՛ս ուրիշին հողը բռնագրաւող եւ ամբողջ ազգեր ցեղասպանութեան թիրախ դարձնող իր յանցագործ անդամները, մարդկային քաղաքակրթութիւնը միշտ ալ պիտի դիմագրաւէ անպատիժ մնացած յանցագործներու նորանոր ոճրային սանձարձակութիւնները…

Ահա՛ խտացած դասը Թուրքիոյ նախագահին Յունաստանի տուած <<պատմական>> այցելութեան՝

Ե՛ւ յանցագործ, ե՛ւ պահանջկոտ նման վարքագիծով՝ Թուրքիա միայն աւելիով կը ծանրացնէ մարդկութեան առջեւ իր պատասխանատուութեան արիւնոտ բեռը:

 



comments

Advertisement