Մեծագոյն Իրագործումը

By Asbarez | Saturday, 17 February 2018

 

0217artsakh30

<<ԱՍՊԱՐԷԶ>>

 

Արցախի ազտագրումը մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն իրագործումն է։

Իբրեւ ամբողջ սերունդի մը հրաշալի սխրանք, Արցախի ազատագրութիւնը կը մնայ ներշնչման հզօրագոյն եւ անսպառ աղբիւր՝ մեր պետականութեան ամրապնդման եւ մեր ժողովուրդին արժանապատիւ կեանք ապահովելու ճիգին:

Ամէն անգամ, երբ մենք մեզ գտնենք ծանր մարտահրաւէրի առաջ, ամէն անգամ, երբ թուլացման ու ընկրկման փորձութիւններու ենթարկուինք, Արցախեան հերոսամարտի նուիրեալներու պայծառ յիշատակը մեզ կրնայ սթափեցնել, կրնայ լիցքաւորել ու նորոգուած խանդով աշխատանքի դաշտ նետել:

Ընդդամէնը՝ պէտք է հաւատարմութիւն ուխտել այն գաղափարներուն, այն արժէքներուն, որոնք Հայոց Ազատագրական պայքարի ակունքներէն վերցուած են եւ նորոգուած բովանդակութեամբ ժառանգուած են մեզի՝ Արցախեան ազատամարտի հերոսներուն կողմէ: Այդ ուխտը կ՛ուղղորդէ մեզ դէպի անշահախնդիր ծառայութիւն՝ հայրենիքին, պետութեան ու ժողովուրդին:

Այդ ուխտը կը պարտադրէ մեզի ըլլալ անհանդուրժող հանդէպ այն բոլոր երեւոյթներուն, որոնք կը կրծեն մեր դիմադրականութեան հիմքերը, որոնք կը շեղեն մեզ արդար երկիր կառուցելու ճանապարհէն:

Արցախի Ազատագրութեան շարժումի երեսունամեակի տօնակատարութեան այս օրերը պէ՛տք է, եւ վստահ ենք, որ կրնա՛նք վերածել նոր սկիզբի՝ թօթափելով ամէն տկարութիւն, ետ մղելով անձնակեդրոն ու նեղ հաշիւներու ծառայելու ամէն փորձութիւն: Ուրիշ ճանապարհ չկա՛յ: Կայ միայն յաղթանակներու ճամբան, որ գծուած է հերոսներու թափած վառ արիւնով: Դաւաճա՛ն ենք, եթէ չքալենք այդ ճանապարհով:

 



comments

Advertisement