30ԱՄԵԱԿ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՇՂԹԱՅԱԶԵՐԾՄԱՆ- Արձագանգ Կայ, Արձագա՛նգ Ալ Կայ…

By Asbarez | Saturday, 17 February 2018

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Writers Sarkis MahseredjianԱյս օրերուն, երբ կը նշենք Արցախեան Շարժումի շղթայազերծման 30րդ տարեդարձը, հաւանաբար յաճախ պիտի լսենք ու մեր ինքնավստահութիւնը հաստատելու համար պիտի կրկնենք, որ սեւակեան արտայայտութեամբ՝ Աւարայրէն ջանք ընող եւ պահ մը Սարդարապատի մէջ կանգ առնող մեր քաջերը տասնամեակներ ետք նոյն երթն է որ վերսկսան Արցախի բարձունքներուն ու կը շարունակեն մինչեւ այսօր։ Այս իրողութիւնը կրնանք բացատրել նաեւ Վարուժանի «Ցեղին Ձայնը» հատորին խորհուրդով, ընդգծելու համար, որ մեր ազատագրական եւ իրաւատիրական բոլոր պայքարները ցոյց կու տան, թէ մեր քաջերը միշտ ալ ականջալուր եղած են այդ Ձայնին, գլխագի՛ր ձայնին, որ առանձնակի հնչում չէ եղած, այլ գտած է արձագանգումներ, հունաւորած՝ մեր ինքնուրոյնութեան պահպանման երթը։

Շարժումի մը արձագանգը հնչած է կարճ կամ երկար ժամանակ ետք, մի՛շտ ալ յաղթանակելու կամքով, յաղթահարած է պարտադիր ընկերկումներ եւ նահանջներ, ահաւոր ողբերգութիւններն անգամ շրջած է ու վերածած՝ յաղթական տողանցքի։ Անհրաժեշտ է նաեւ այն, որ մեր ժողովուրդը, պայքարո՛ղ ժողովուրդը, այդ ընկրկումներէն բխած յուսախաբութեանց պատանդը չէ մնացած, այլ վերականգնած է իր դիմադրականութիւնն ու պահանջատիրական կամքը, հաւատարիմ մնալով հոգեհարազատ արձագանգներուն։ Ու պայքարի փուլերը դարձած են երգ, իրենց կարգին արձագանգելով մէկզմէկուն։

 

***

 

Մեր միտքի ու բազուկի զարթօնքը՝ 19րդ դարուն, մղիչ ուժ հանդիսացաւ, որ առանց փող ու թմբուկ զարնելու՝ Զէյթունէն մինչեւ Սասուն, Վան ու հայկական այլ բարձունքներ ձայներ հնչեն ու իրարու արձագանգ հանդիսանան, աշխարհին յայտարարելու, որ հայութիւնը վճռած է վերջ դնել թուրքին ու այլ բռնադատողներու ճնշումներուն ենթակայ մնալու դարաշրջանին, վճռած է հող ու իրաւունք պաշտպանել կարելի բոլոր միջոցներով։

Հայ մայրը զարթնելու հրաւիրեց իր զաւակը եւ գիրքի փոխան զէնք տուաւ անոր ձեռքը. ուրիշ մը բազէն հրաւիրեց, որպէսզի կռուի երգերով իր մանուկին քուն բերէ. դարուց ի վեր սուր-զէնք չտեսած հայ գիւղացին բահն ու մաճը դաշտը թողուց ու անոնց տեղ զէնք առաւ. իսկ եթէ հայրը ինքզինք ատակ չէր նկատեր կռուի դաշտ նետուելու, իր օրապահիկը ապահովող ջուխտ եզը ծախու հանեց, որպէսզի Խրիմեան Հայրիկի պատգամին ընդառաջելով՝ իր երիտասարդ զաւակին համար զէնք գնէ ու զայն ֆետայի գրէ…։ Մէկ խօսքով, հայը անկարելին կարելի դարձուց իր տարրական իրաւունքներուն ճանաչումին ու իրականացման ի խնդիր, յանձն առաւ գերագոյն զոհողութիւն, բիւրաւոր երիտասարդ կեանքեր զոհաբերեց հայրենիքի պաշտպանութեան եւ պահպանումին ի խնդիր, եւ այդ զոհաբերութեանց պտուղները բաշխեց իր բոլոր զաւակներուն, Հայաստանի մէջ թէ այլուր։ Վսեմ աւանդութիւնը կը շարունակուի այսօր։

 

***

 

demo3 19րդ դարու երկայնքին ու անցեալ դարու առաջին տասնամեակներուն բազմաճիւղ ու բազմերես պայքարներն ու անոնցմէ տարածուող արձագանգները առանձնակի վիճակ չեն։ Ինչպէս նշեցինք, Արցախեան Շարժումը պատմութեան ընթացքին հնչած բազում սխրանքներու նորագոյն արձագանգը կը հանդիսանայ ու մինչեւ այսօր ալ պարուրած է մեր հոգիներն ու կամքը, աշխարհի ո՛ր ծայրն ալ որ գտնուինք։ Անցեալ 30 տարիները բազմիցս հաստատած են այս իրականութիւնը, իսկ վերջին ուժեղ արձագանգը լսեցինք ու ապրեցանք շուրջ երկու տարի առաջ, Ապրիլեան Քառօրեայ ճակատումներուն։

Միջին ու երէց սերունդներու յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է, իսկ երիտասարդն ու պատանին իմացած են, որ Արցախեան Պայքարը սկիզբ առաւ Երեւանի հրապարակներէն, ծովածաւալ խաղաղ ցոյցերով, իբրեւ նորագոյն արձագանգ՝ 60ականներուն հնչած իրաւատիրութեան։ 60ական տարիներուն, նոյն հրապարակներուն վրայ հնչած՝ «Մեր հողերը, մեր հողերը» կանչը 1988ին արձագանգ գտաւ «Ղարաբաղը մերն է», «Միացում» եւ նմանօրինակ բացագանչութիւններով։ Ծնունդ առաւ «Ղարաբաղ կոմիտէ»ն, առաջնորդող դէմքեր բանտարկուեցան, մտաւորականներ, գիտնականներ ու քաղաքական մարդիկ միացան պահանջատիրութեան, խորհրդային Կրեմլինի սրահներուն ու քուլիսներուն մէջ հնչեց նոյն պահանջատիրութիւնը, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրեց Գետաշէն, Շահումեան, Աղտամ, Մարտակերտ ու, Լեռնային Արցախէն հարաւ՝ մինչեւ Արաքս տարածուող շէները վերստին հայացնող ազատագրական մարտերը։ Շուտով Հայաստան վերատիրացաւ անկախութեան, սեփական հողի մէկ բաժինին վրայ վերականգնեց գերիշխան պետութիւն եւ լծուեցաւ հայրենիքի վերականգնումին, արցախցիին կողքին բարձրացուց հողահաւաքի դրօշը։

Հայրենի հողին վրայ արձանագրուած ճակատումներուն արձագանգները արտայայտութիւն գտան մեր երգերուն մէջ, հիներուն արձագանգումի ոգիով։ Եթէ տասնամեակներ առաջ, ոչ-պատերազմական շրջանի մը, երբ հայութեան կեանքը կ՛ապրէր խորհրդային կամայականութեան դէմ զարթօնք մը, Արցախը, իբրեւ մեզի պարտադրուած ստալինեան կամայականութեան դէմ արդարատենջութեան արտայայտութիւն, մարմնաւորում գտաւ Յովհաննէս Շիրազի «Ղարաբաղ» բանաստեղծութեան մէջ. մեր ժողովուրդը տասնամեակներ շարունակ երգեց, ոգեւորուեցաւ ու երազեց այդ մարտակոչով։ Հայը յիշեց ու կրկնեց, որ կռուածաղիկի վերածուած Ղարաբաղը պոկողը Հայաստանի եղբայրը չէ, մահն իսկ չի կրնար Արցախը հայութենէն զատուիլ, իսկ բռնագրաւուած այդ հողը հայութեան միակ վէրքը չէ, այլ սահմանէն անդին կան խլուած դրախտներ՝ Վանը, Կարսը, Սիփանն ու Մասիսը։

…Եւ օր մըն ալ, բանաստեղծին իղձը իրականացաւ. հայութեան ձեռքերը վեր բռնցքուեցան Արցախի լեռներուն պէս, թանկագին կեանքեր զոհաբերուեցան, գերիվեր ուժերով օժտուած թշնամիին յառաջխաղացքները մինչեւ իսկ յուսալքումի պահեր բերին, սակայն ցեղին ձայնը անգամ մը եւս արձագանգ գտաւ պաշտպանական ուժերու բազուկներուն մէջ, Գուսան Հայկազուն – եւ ուրիշներ – արձագանգ եղան շիրազեան հրաւէրին ու անկէ դար մը առաջ՝ Քաջորդւոյն թաղումը նկարագրած Պեշիկթաշլեանի մարտակոչին, հայութիւնն ու սահմանապահ բանակները խրախուսեցին «ինչքան էլ որ դժուար լինի դիմացէք» մարտահրաւէրներով։ Անգա՛մ մը եւս հնչեց Մուշը, Սասունը, Արարատն ու Մուսա Տաղը ետ բերելու կամքը։ Մարտակերտի, Մարտունիի եւ աւելի հարաւ ու արեւմուտք գտնուող հայկական հողեր ազատագրուեցան, իսկ մնացեալ շրջաններուն պարտամուրհակը կը մնայ բաց հրաւէր…

 

***

 

30 տարի առաջ, ու այնուհետեւ՝ տաք ու գաղջ փուլերու, հայրենի հողին պաշտպանութիւնը կատարուեցաւ ու կը կատարուի սուղ գինով, սակայն նոյն բանաստեղծը այդ մասին ունի պատմութեան արձագանգող՝ խտացեալ պատգամ մը։ Մօտաւորապէս երկու դար առաջ, Խաչատուր Աբովեան պատգամած էր. եթէ կ՛ուզէք ազգ ու հայրենիք պահնել, մեռէ՛ք անոնց համար։ Խրիմեան Հայրիկ ու մեր աննման ֆետայիները քայլ մը յառաջ անցան ու ահագին զոհաբերութիւններով կերտեցին հայուն ճակատը բարձրացնող ուղին, երգեցին՝ եթէ պէտք է ես մեռնիմ, հայրենի՛ք, դուն ապրէ՛…։ Այդպէս է որ կերտուեցան մեր պանծալի հերոսամարտերը, երկնուեցան Սարդարապատն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Նոյն ոգիով ալ մեր այսօրուան քաջերը կ՛արձագանգեն հինէն եկող կոչերուն, գիտեն, որ վախկոտը ամէն օր կը մեռնի, իսկ քաջը՝ մէկ անգամ՝ փառքով, ու իր արիւնով կը պահէ հողը։

Սահմաններուն վրայ շարունակուող սխրանքները վաղն ալ անարձագանգ պիտի չմնան. ռազմադաշտերէն անդին, համապարտասխան արձագանգներ պիտի լսուին քաղաքական ու դիւանագիտական բեմերու վրայ, անսալու համար պատմութենէն մեզի հասնող այն պատգամին, որ անհաւասար կռիւներու ճամբով ու հսկայական զոհաբերութեամբ շահուած յաղթանակները չեն կրնար մսխուիլ քաղաքական սակարաններու մէջ, ու պիտի չմսխուի՛ն։

***

 

Եթէ վերի սեղմ «յուշագրութիւնը» մեր աչքերուն առջեւ կը պարզէ հայութեան կեանքին մէջ հեռաւոր ու մօտիկ անցեալի փոխ-արձագանգումներու ուրուագիծը, Արցախեան Պայքարի 30ամեակի հանգրուանին, չենք կրնար մոռնալ մետալին միւս երեսը՝ թրքական ոճով արձագանգումները։

Բռնագրաւող Ատրպէյճանը մեր արդար ու խաղաղ միջոցներով սկսած պահանջատիրութեան հակադարձեց ջարդերով, ռազմական գործողութիւններով ու կեղծիքի-խեղաթիւրման քարոզչական արշաւներով։ Ատրպէյճանի այս վարմունքը այլապէս արձագանգ մըն էր իր վարպետին ու եղբօր՝ թուրքին ոճրային քաղաքականութեան։ Ատրպէյճան առաջին օրէն ի վեր ու մինչեւ այսօր գործնապէս ցոյց տուած ու փաստած է Թուրքիոյ պետական վարիչներու այն հաւաստիքները, թէ իրենք եղբայրներ են։

Եւ ի՜նչ եղբայրութիւն…։ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ դար մը առաջ թուրքին գործած ջարդերուն արձագանգներուն՝ աշխարհը ականատես ու ականջալուր եղաւ Պաքուի փոկրոմներուն ճամբով, արցախեան կարգ մը սահմանամերձ շրջաններու հայաթափումով ու նախճիրներով։ Ատրպէյճան վարքագիծի վերածած է արձագանգել թրքական ոճրային յարձակումներուն, որոնք այսօր կը կրկնուին քիւրտերու եւ Սուրիոյ դէմ, ու իր կարգին, օր չ՛անցնիր, որ զինեալ ոտնձգութիւններու չդիմէ Արցախի ու Հայաստանի սահմանային կարգ մը դիրքերու դէմ։

Արձագանգ կայ, արձագա՛նգ ալ կայ…։

Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ համար, արձագանգել կը նշանակէ գործել նոր ոճիրներ ու բռնարարքներ, որոնք կ՛ուղղուին հաւասարապէս՝ մէկ կողմէ Արցախի ու հայութեան, ու միւս կողմէ՝ քիւրտերու, արաբ դրացիներու եւ անգա՛մ «Սուլթան Էրտողան»ի ընդդիմադիր թուրքերու ու այլ փոքրամասնութեանց դէմ։ Եթէ Թուրքիոյ համար սեփական միջոցները բաւարարող չըլլան, պատրաստ է ահաբեկչական խմբաւորումներ կազմակերպելու, զինելու, պաշտպանելու եւ հովանաւորելու, միաժամանակ փորձելով աշխարհը համոզել, թէ իրականութեան մէջ կը պայքարի ահաբեկիչներու դէմ…

 

***

 

demo2 Մենք մեր երթը պիտի շարունակենք՝ ցեղին ձայնին արձագանգելու մե՛ր ոճով։ Աշխարհին կը մնայ տեսնել թուրք-ատրպէյճանական արձագանգումներուն նկարագիրը եւ որդեգրել համապատասխան հակադարձութիւն, որովհետեւ ոճրային արարքներն ու նմանօրինակ արձագանգումները միայն հայութիւնը թիրախ չեն դարձներ, այլ մարդկութիւնը կը ստանայ հարուածներէն ի՛ր բաժինը։ Իսկ պէ՞տք է արդեօք հաստատել ու վերյիշեցնել այն ճշմարտութիւնը, որ ցեղասպանութիւնները, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մարդկութեան դէմ ոճիրներ են։

 

Փետրուար 2018


comments

Advertisement