Պոլսահայութեան Դիմադրականութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 27 February 2018

 

 

0000Nor Harach

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ <<ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ>>Ի

Պատրիարքի ընտրութեան տագնապը մեծ ցնցում յառաջացուց թէ՛ համայնքին եւ թէ արտասահմանի մէջ: Օսմանեան կայսրութեան շրջանէն ի վեր, ժամանակները կ՛անցնին, իշխանութիւնները կը փոխուին, սակայն իրադրութիւնը կը մնայ նոյնը՝ կառավարութիւն մը, որ կ՛ոտնահարէ պետութեան իրաւական հիմքերը, կը միջամտէ կրօնական փոքրամասնութեան ներքին կազմակերպչական որոշումներուն: Այս պարագային, Պոլսոյ Կրօնական ժողովի կանոնաւոր որոշումը թրքական կառավարութեան կողմէ մերժուեցաւ, պարզապէս որովհետեւ Գարեգին արք. Պէքճեան անբաղձալի անձ էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար: Եթէ կառավարութեան նախասիրած անձը՝ Արամ արք. Աթէշեան շահած ըլլար տեղապահի ընտրութիւնը, բնաւ խնդիր պիտի չյառաջանար:

Թուրքիա ունի երկու կարմիր գիծեր, որոնց զանցումը աններելի կը նկատէ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ քրտական հարցը: Թուրք պետութեան հիմնադրութեան ժխտական երկու հիմնաքարերը: Քրտական հարցը այսօր Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ անոր պատերազմելուն պատճառ դարձած է: Իսկ հայկականի պարագային՝ Պէքճեան սրբազանի Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդութեան շրջանին՝ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը, զինք դարձուց անբաղձալի խօսակից:

Դժբախտաբար, միայն Թուրքիոյ իշխանութիւնները չեն որ կը միջամտեն իրենց երկրի փոքրամասնութիւններու հոգեւոր պետի ընտրութեան գործընթացին: Երուսաղէմի, Անթիլիասի եւ Էջմիածինի պարագաներն ալ նոյնն են: Սակայն, Թուրքիոյ պարագային՝ հայութեան բնաջնջումը, եւ ներկայիս՝ քաղաքական հակառակորդներու դէմ հալածանքները, դաւադրութիւններով՝ լրագրողներու, փաստաբաններու, մտաւորականներու ձերբակալութիւնները, արեւելեան Թուրքիոյ, Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնները, նոյնիսկ հասարակ ժողովուրդը թիրախ առնող ռմբակոծումները ցոյց կու տան անոր ահաբեկող գործելակերպը եւ յետին նպատակը: Ահա այս պայմաններուն մէջ է, որ պատրիարքական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենային: Համայնքին մէջ պատրիարքական փոխանորդ Աթէշեանի գահակալութենէն դժգոհողներ շատ են: Սակայն, պետութիւնը պարտադրեց իր նախընտրած անձը: Թէ ինչո՛ւ Աթէշեանն է թրքական կառավարութեան նախընտրած անձը: Ըստ շրջող շշուկներու՝ կան տնտեսական գործունէութեան ասպարէզներ, որուն համար ան յարմար գործակատար է: Կան քաղաքական զգայուն հարցեր, որոնց համար նման տարրերու գործակցութիւնը օգտակար է:

20րդ դարուն, Պոլսոյ պատրիարքարանը ունեցած է բացառիկ դէմքեր, որոնք հակառակ թրքական իշխանութիւններու սարսափելի ճնշումներուն, կրցած են դիմանալ ու դիմադրել եւ առաւելագոյնս համայնքին շահերը պաշտպանել: Սակայն ներկայ պարագային, ներքին պառակտումն է ամէնէն մտահոգիչը: Նախքան Պէքճեան արքեպիսկոպոսի տեղապահ ընտրութիւնը, Սահակ եպս. Մաշալեան սպառնացած էր հրաժարիլ Կրօնական ժողովի նախագահութենէն, ամբաստանելով պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Աթէշեանը զանազան մեղադրանքներով: Սակայն, ներկայիս նոյն Կրօնական ժողովը պետութեան ճնշումին տակ չեղեալ կը համարէ անցեալ Մարտին ի՛ր իսկ կայացուցած տեղապահի ընտրութիւնը եւ կը վերահաստատէ Արամ արք. Աթէշեանը փոխանորդի պաշտօնին վրայ: Ըստ երեւոյթին, այս իրադրութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքի վախճանումը:

Շուրջ տասը տարուան բարենպաստ շրջանէ մը ետք, պոլսահայութիւնն ալ,– ինչպէս շրջանի բոլոր ժողովուրդները եւ երկիրները,– կ՛ապրի տագնապալի ծանր պահեր: Ինչ որ Էրտողան շնորհեց հայերուն եւ Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնութիւններուն, իր իշխանութեան առաջին շրջանին, անսպասելի ու հրաշալի նուէր մըն էր: Փակագիծ մը, որ Թուրքիա ապրող հայերուն եւ հաստատութիւններուն վերադարձուց կալուածային իրաւունքներ եւ ընծայեց փոխյարաբերութիւններու բարելաւում, իսլամացուած հայերու յայտնաբերում, Ցեղասպանութեան մասին հրապարակային վիճարկում: Փակագիծը փակուած է:

Տկարացած ըլլալով հանդերձ, պոլսահայութիւնը կը պայքարի, կը դիմադրէ: Ունի դէմքեր, որոնք ամէն օր կրնան մահափորձի թիրախ հանդիսանալ: Անիկա ցոյց տուաւ իր դիմադրականութիւնը նոյնիսկ պատրիարքական պայքարին մէջ, ներքին գործոց նախարարին դիմաց իսկ, կարգ մը պատգամաւորներու խիզախ ու անթաքոյց դժգոհութիւններու արտայայտութիւններով: Նոյնիսկ Գարեգին արք. Պէքճեան իր օրինական գործելաոճով դարձաւ դիմադրական եւ օրինակելի:

 

Ժ. Չ.

 



comments

Advertisement