Էրտողան Սպառնալիք Է Աշխարհի Համար. Պէտք Է Կանգնեցնել Զայն, Քանի Տակաւին Ուշ Չէ

By Asbarez | Friday, 02 March 2018

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

 

Harout-Sassounian

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեծ սպառնալիք դարձած է իր սեփական ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ շատերու համար: Վերջին տարիներու անոր գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները պէտք է լրջօրէն անհանգստացնեն անոր դրացիներն ու ամբողջ աշխարհը։

Միջազգային հանրութեան կողմէ անտեսուած վերջին բռնակալը ցեղասպան դահիճ Ատոլֆ Հիթլերն էր, որ սանձազերծեց Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը՝ ներխուժելով տասնեակ երկիրներ եւ սպաննելով միլիոնաւոր մարդիկ: Ցաւօք, արեւմտեան ղեկավարները կը փորձեն գոհացնել Էրտողանը, անով իսկ ստեղծելով հրէշ մը…: Տարօրինակ է, որ իսլամական աշխարհի մէջ ոմանք յարգանքով կը վերաբերին անոր հետ, իսկ արեւմտեան շարք մը երկիրներ Թուրքիան կը համարեն իրենց գլխաւոր դաշնակիցներէն մէկը: Աւելի վատը այն է, որ Ռուսիա եւս կը փորձէ իր կողմը տանիլ Էրտողանը՝ Արեւմուտքէն եւ ՆԱԹՕէն հեռացնելու համար զայն։

Էրտողանի անհաւասարակշիռ հոգեվիճակին մէկ վառ օրինակն է անոր հրապարակային տարօրինակ յայտարարութիւնը, որ տեղադրուած է Թուրքիոյ նախագահի կայքին վրայ՝ <<Թուրքիա արդարութեան համար համաշխարհային պայքարի դրօշակակիրն է>> վերնագիրով։

Առողջ դատողութեամբ ոեւէ մէկը նման խաբուսիկ յայտարարութիւն մը չէր ըներ: Թուրքիա վերջին երկիրն է, զոր կարելի է բնութագրել որպէս <<արդարութեան համար համաշխարհային պայքարի դրօշակակիր>>: Ինչպէ՞ս կրնայ Էրտողան այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարել, երբ հարիւրաւոր լրագրողներ եւ տասնեակ հազարաւոր փրոֆեսէօրներ, փաստաբաններ, դատաւորներ եւ հանրային աշխատողներ բանտարկուած են: Բացի թուրք ժողովուրդին նկատմամբ ներկայ անարդարութիւններէն, Էրտողան կը հերքէ նաեւ անցեալի զանգուածային անարդարութիւնները, ինչպէս՝ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը։

Փետրուարի սկիզբը, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Էսքիշեհիրի նահանգային խորհրդարանին մէջ, Էրտողան անամօթաբար յայտարարեց. <<Թուրքիա նաեւ արդարութեան համար համաշխարհային պայքարի դրօշակակիրն է: Թուրքիա ապահով ապաստան է ճնշուածներու եւ մղձաւանջ՝ ճնշողներու համար>>: Եթէ Թուրքիա այսպիսի <<ապահով ապաստան>> է, ապա ինչո՞ւ բազմաթիւ թուրքեր կը փորձեն փախչիլ երկրէն եւ ապաստան խնդրել Եւրոպայի մէջ: Ինչո՞ւ թրքական կառավարութիւնը ձերբակալման հրաման կու տայ փախածներու դէմ եւ ճնշում կը գործադրէ եւրոպական երկիրներու վրայ՝ թուրք լրագրողներ, մտաւորականներ եւ իրաւապաշտպաններ Թուրքիոյ յանձնելու համար։

Ինքզինք կարգելով համաշխարհային ղեկավար, Էրտողան լայն ցանց մը նետած է՝ առատ միջամտութիւններ ընելով հեռու ու մօտիկ երկիրներու ներքին գործերուն. <<Թուրքիա յոյսի աղբիւր է Խրիմի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, Թուրքիստանի (թրքական ժողովուրդ՝ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ) ճնշուածներուն եւ Կովկասի, Սարայեւոյի եւ Ափրիկէի մեր ընկերներուն համար>>: Շարունակելով՝ ան կը պնդէ. <<Եթէ մենք սայթաքինք, ապա Ալ Քուտսը (Երուսաղէմ) կ՛իյնայ, Պաղեստինը, Ռախինը (շրջան՝ Մեանմարի մէջ) եւ Սոմալիան կ՛իյնան>>։

Էրտողանի ամպագոռգոռ ելոյթէն քանի մը օր անց, թուրք ընդդիմադիր լրագրող Ուզայ Պուլութ քննադատական մեկնաբանութիւն մը գրեց <<Ուաշինկթըն Փոսթ>>ի մէջ, <<Թուրքիոյ՝ Բռնութեան Երանգներով Արտաքին Քաղաքականութիւնը>> վերնագիրով։

Ուզայ յիշեցուցած է ընթերցողներուն, որ <<Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հսկայական տարածքներու բռնագրաւումը եւ իսլամութեան նուաճման դրօշը տակաւին ազդեցութիւն ունին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ, ներառեալ անոր յափշտակութիւններն ու ցեղային զտումները>>։

Յայտնի թուրք մեկնաբանը յատկապէս յիշատակած է Էրտողանի միջամտութեան քաղաքականութիւնը Հիւսիսային Սուրիոյ (Աֆրին) եւ Կիպրոսի մէջ: Ուզայ նշած է, որ Թուրքիա, 1974ին յափշտակելով Հիւսիսային Կիպրոսը՝ ներկայիս կը սպառնայ Կիպրոսի մնացած հատուածին: Էրտողան ըսած է. <<Կիպրոսի քաջութիւնը կը շարունակուի միայն այնքան, որքան կիպրացիները տեսնեն մեր բանակը, նաւերն ու ինքնաթիռները>>: Փաստօրէն Թուրքիա անտեսած է ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի տասնեակ բանաձեւերը, որոնք կը պահանջեն թրքական զօրքերու հեռացումը Հիւսիսային Կիպրոսէն։

Էրտողան նաեւ նախազգուշացուցած է եւրոպական ընկերութիւնները, որոնք կազի հանքավայրեր կը հետազօտեն Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի եւ Կիպրոսի տարածքային ջուրերուն մէջ: Փետրուարի սկիզբը Ուզայ գրած էր. <<Թրքական ռազմանաւերը արգելափակած են իտալական ENI ուժանիւթի ընկերութեան պատկանող նաւասարքը՝ Կիպրոսի ջուրերուն հասնելու եւ կազի հետազօտման աշխատանքները սկսելու համար>>։

Էրտողան խոստովանած է իր յափշտակիչ քաղաքականութիւնը՝ զուգահեռներ գծելով Աֆրինի, Կիպրոսի եւ Եգէական ծովու յունական կղզիներուն միջեւ, որոնք յաճախ թիրախ կը դառնան թրքական սպառնալիքներու եւ պահանջներու: Էրտողան լկտի կերպով յայտարարած է. <<Մեր իրաւունքները նոյնն են՝ ինչպէս Աֆրինի, այնպէս ալ Եգէական ծովու եւ Կիպրոսի մէջ: Երբեք չմտածէք, որ բնական կազի հետազօտումը Կիպրոսի ջուրերու եւ շահագործման փորձերը Եգէեան ծովուն մէջ դուրս կը մնան մեր ռատարներէն>>։

Թուրք միապետի գլխաւոր խորհրդականներէն Եիկիթ Պուլութ, աւելի ծայրայեղ քայլերու դիմելով՝ յոխորտանքով սպառնացած է Յունաստանի՝ կապուած վերջինիս Իմիա կղզիին, զոր թուրքերը կ՛անուանեն <<Քարտաք>>: Ան սպառնացած է՝ ըսելով. <<Աթէնքը պիտի արժանանայ Թուրքիոյ ցասումին առաւել՝ Աֆրինը: Մենք կը կոտրենք ձեռքերն ու ոտքերը վարչապետի (Յունաստանի) եւ ոեւէ նախարարի, որոնք կը համարձակին ոտք դնել Եգէական ծովու Քարտաք կղզին: Այս տարածաշրջանին մէջ չկայ զինուած ուժ մը, որ կարենայ դիմակայել թրքական զինուած ուժերը: Այնպէս որ, բոլորը պէտք է իրենց տեղը գիտնան: Բոլոր կայսերապաշտները կը համաձայնին, որ այս հողին վրայ բոլորը թուրքեր են եւ այս հողին վրայ ապրող ազգը իսլամական <<ումմա>> (ազգ) է, եւ անոնք կը համբուրեն այն ձեռքը, զոր չեն կրնար կտրել>>։

Մեկնաբան Ուզայ տեղեկացուցած է, որ Էրտողան անձամբ սպառնացած է Կիպրոսին՝ մէկ այլ ռազմական ներխուժումով. <<Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մենք խափանեցինք դաւադրութիւնները (Սուրիոյ մէջ) <<Եփրատի վահան>> եւ <<Ձիթենիի ճիւղ>> գործողութիւններուն միջոցով, եւ շուտով Մանպիճ եւ այլ շրջաններու մէջ, այնպէս ալ կրնանք եւ կը խափանենք դաւադրութիւնները բոլոր անոնց, որոնք սխալ հաշիւներ կ՛ընեն մեր հարաւային սահմաններուն գծով: Մեր ռազմածովային եւ օդային ուժերը աչալուրջ կերպով կը հետեւին տարածքին՝ որեւէ պահու միջամտելու համար>>։

Թուրքիոյ դրացիները պէտք է տեղեակ ըլլան, որ Էրտողան մտադիր է վերականգնելու օսմանեան տարածքները: Ան բացայայտօրէն սպառնացաւ. <<Անոնք, որոնք կը կարծեն, որ մեր սիրտերէն ջնջած ենք այն հողերը, որոնցմէ մենք հարիւր տարի առաջ հեռացած ենք արցունքոտ աչքերով, չարաչար կը սխալին>>։

Իր յօդուածի աւարտին Ուզայ արդարացիօրէն կը մատնանշէ, որ հիմնականին մէջ արեւմտեան երկիրներն են պատասխանատու՝ Էրտողանի չվերահսկուող վարքագիծին. <<Միջազգային անտարբերութիւնը՝ ի պատասխան թրքական յարձակողականութեան, կը խրախուսէ Էրտողանը՝ Արեւմուտքի այսպէս կոչուած <<դաշնակից>> նախագահին, սպառնալու Կիպրոսին ռազմական յարձակումով մը եւս…: Այն, ինչը թոյլ կու տայ Էրտողանին՝ ազատօրէն ճախրելու իր ահաբեկող հռետորաբանութեամբ եւ մշտական թշնամանքով, Արեւմուտքի ակնյայտ թուլութիւնն  ու շփոթանքն են՝ թրքական բռնազբօսիկ գերակայութեան դիմաց>>։

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

<<Քալիֆորնիա Քուրիըր>> թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

comments

Advertisement