Հին Աշխատանք, Նոր Մօտեցում

By Asbarez | Saturday, 17 March 2018

0317or

<<ԱԶԴԱԿ>>

 

ՀՅԴ տեղեկատուական դաշտի պատասխանատուներու խորհրդաժողովը, որոշ ընդհատումէ ետք վերստին համախմբեց այս ոլորտին մէջ գործող Դաշնակցութեան աշխարհատարած կառոյցի ներկայացուցիչները:

Այս դաշտի վերաձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ կար հիմնական նորութիւն: Վերջերս նշանակուած ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու մարմինն ու հանրային կապերու գրասենեակը կը յուշեն, որ այս մարզը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը նոր աշխատաոճով ծրագիրներ իրականացնելու հրամայականը կ՛ընդգծէ: Մարմինին ու գրասենեակին առընթեր կը նշանակուին նաեւ իւրաքանչիւր կազմակերպական շրջանի մէջ գործող հանրային կապի պատասխանատուներ:

Այս համակարգը իր տեսակով, ծրագրային բովանդակութեամբ եւ աշխատաոճով նոր մշակոյթ կ՛ապահովէ կուսակցական գործունէութեան իրազեկման առաջադրանքներուն:

Փաստօրէն, ամիսներէ ի վեր նախապատրաստուող Հանրային կապերու համակարգի գործունէութեան ռազմավարութիւնը, կառուցակարգը, մարմին-գրասենեակ յարաբերութիւններու, իրաւասութիւններու ճշդումը եւ մանաւանդ նոր նշանակուող հանրային կապերու պատասխանատուներու միջեւ ցանցային աշխատելաեղանակի հետ կապուած խնդիրները օրակարգային կէտեր էին Երեւանի մէջ երեք օր տեւած խորհրդաժողովի քննարկումներուն:

Այսպիսով, լուսարձակի տակ եկող ցանցայնութիւնը կը ներառէ ՀՅԴ զանգուածային լրատուամիջոցներու՝ տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլ, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայաններ, ընկերային ցանցերով դրսեւորուող պաշտօնական էջեր եւ հանրային կապերու պատասխանատուներ:

Այս բոլորի գոյքագրման եւ վիճակագրական արդիւնքներու ձեռքբերման փորձը անպայման շատ տպաւորիչ թիւերու հանրագումար մը կը ներկայացնէ: Այս բոլորի հասանելիութեան լսարանային համրանքները անդրադառնալ կու տան, որ Դաշնակցութեան խօսափողները ի՛նչ տեսակ  եւ համրանքային առումով ի՛նչ տպաւորիչ զանգուածներու կը հասնին: Հանրագումարը անպայման հարիւր հազարական թիւերով նոր մրցանիշներ կը գրանցէ, եթէ այս բոլորին վրայ աւելնան նաեւ ՀՅԴ ուսանողական ու  երիտասարդական ելեկտրոնային էջերը եւ անոնց աշխուժ շրջագայութեամբ ապահոված թիւերը:

Համեմատելով նախորդներուն հետ, եթէ յատկապէս դասական մամուլի խմբագիրները այդ խորհրդաժողովներուն առաւելաբար կը կեդրոնանային գաղափարական այն հարցերուն վրայ, որոնց ուղղութեամբ հանրային ակնկալութիւն գոյութիւն ունէր լուսաբանելու, մեկնաբանելու եւ վերլուծելու, ապա այժմ նոյնքան շեշտակի կարեւորութեամբ կ՛արծարծուին արհեստագիտական եւ մեթոտաբանական խնդիրները:

Այսօրուան բաց համակարգը եւ գաղափարական լրատուամիջոցը շատ յաճախ կը բախին մէկ կողմէ նոր ու զանգուածայնացուող օրինաչափութիւններու, միւս կողմէ գաղափարական դասական ընկալումներու: Այդ քննարկումներուն ընթացքին անդրադառնալու համար նաեւ այն իրողութեան, որ այսօր պաշտօնաթերթ հասկացողութիւնը ստացած է ժամանակավրէպ յղացք յատկապէս մերօրեայ ամէն ինչ քննարկելի դարձնող եւ անհատակեդրոն այլընտրանքային լրատուամիջոցի բերած արդիւնքին դիմաց՝ կայծակնային արտադրութիւններու համապատկերին մէջ:

Կը բախին նաեւ մէկ կողմէ կուսակցութեան գործունէութեան հրապարակային քննարկման-քննադատութեան աւանդական ընկալումներն ու միւս կողմէ այսօրուան համակարգին քաջալերած հաւնելու (կամ չհաւնելու), բաժնելու եւ տեսակէտ յայտնելու դրութիւններով ինքնադրսեւորման համատարած երեւոյթները:

Տեղեկատուական նոր փիլիսոփայութեան հետ հաշուի նստելու պահ էր նաեւ այս խորհրդաժողովը: Ելեկտրոնային անկարգ դաշտի մը հետ մեր գաղափարականութիւնն ու կուսակցականութիւնը հաշտեցնելու փորձերու քննարկում, որ յամենայն դէպս առիթ տուաւ խորհրդաժողովի առողջ բանավէճերու, ազատ մտածողութեամբ փակագիծերու բացման, տեսակէտներու բախման, բայց մանաւանդ եւ ի վերջոյ այդ բոլորին ճիշդ, գաղափարական նորարարութիւն ապահովող բանաձեւումներու եզրայանգումին:

Այս հիմնաւորումներով ալ կը բացատրուի <<հին աշխատանք, նոր մօտեցում>> բանաձեւը, որ այլ բան չէ, եթէ ոչ կուսակցութեան գործունէութեան լուսաբանումն ու վերլուծումը գաղափարական առանցքով եւ նորարար ոճով հանրայնացնելու առաջադրանքը:

 


comments

Advertisement