Խմբագրական. Ստեփանակերտի Ընկալելիութիւնը Ուաշինկթընի Մէջ

By Aztag Daily | Wednesday, 21 March 2018

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խօսքը ուղղուած Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանականներուն (ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցչական տան անդամներ) կարեւորագոյն ուղերձներ կը փոխանցէ` հակամարտութեան էութեան լուսաբանման, Պաքուի կողմէ որդեգրուած եւ հետեւողականօրէն կիրարկուած արցախահայութեան ոչնչացման քաղաքականութեան, արցախահայութեան դիմադրութեան, ինքնապաշտպանութեան եւ պետականութիւն կերտելու ազգային, քաղաքական եւ իրաւական հիմնաւորումներուն եւ այս բոլորին նկատմամբ կայացած համահայկական միասնութեան մասին:

Այս բոլոր հիմնադրոյթներուն ներկայացման ընթացքին օգտագործուած են միջավայրի կողմէ դիւրին ըմբռնելի թեմաներ, խնդիրներու արծարծման առանցքներ, համապատասխան եզրաբանութիւն, որոնք այս պարագային ամերիկեան քաղաքական միջավայրին մէջ գտած են ճիշդ ընկալելիութիւն:

Յիշեցումը, որ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր թեւը առաջիններէն էր, որ քուէարկած է եւ ընդունած Սումկայիթն ու ազրպէյճանական ջարդարար քաղաքականութեան այլ դրսեւորումները դատապարտող փաստաթուղթեր, մէկ օրինակն է արցախեան եւ ամերիկեան դիրքորոշումները ու համատեղելիութիւնը շեշտելու առումով: Քաղաքական հռետորութեան արուեստի օրինակները կը շարունակուին նախագահ Սահակեանի խօսքին մէջ, երբ կ՛ընդգծուի արցախեան կողմին կառչած ըլլալը երկխօսութեան, բանակցային գործընթացին, հետեւաբար նաեւ դիրքորոշումը` պատերազմի մերժումին եւ ուժի բացառումին: Ազրպէյճանի ներկայացումը իբրեւ հայութիւնը բնաջնջելու առաջադրանք ճշդած ահաբեկչական պետութիւն եւ իբրեւ այդպիսին տարածաշրջանին ու մարդկութեան սպառնացող երեւոյթ, կը կապուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ   հակաահաբեկչական միջազգային դաշինք ձեւաւորած ըլլալու իրողութեան:

Բայց` ամէնէն հիմնականը: Նախագահ Սահակեան կ՛ընդգծէր Ուաշինկթընին միակ պետութիւնը ըլլալը, որ ֆինանսական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Արցախին: Որքան ալ հակափաստարկներ հնչեն, այնուամենայնիւ պաշտօնական Ստեփանակերտի եւ Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնողներու իրողական ճանաչումով կրնայ մեկնաբանուիլ երեւոյթը:

Նման մասնակի իրականութեան շեշտադրումն է նաեւ քաղաքային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ սկսած Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումի շղթային գերակշռող մասը Միացեալ Նահանգները տեսնելու նախագահին պաշտօնական յայտարարութիւնը: Այստեղ եւս որքան ալ առարկուի, որ ամերիկեան նահանգներու եւ քաղաքներու ճանաչումները միջազգային իրաւաչափական յարաբերութիւններուն վրայ որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ, այնուամենայնիւ պէտք է ընդունիլ, որ հիմնովին կը նպաստեն նախ ընդհանուր ճանաչելիութեան, ապա ամերիկացի նահանգային եւ քաղաքային պաշտօնատարներու, վաղուան ծերակուտականներու եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներու Ստեփանակերտ այցելութիւններուն: Այս շղթան, իբրեւ որդեգրուած ռազմավարութեան շօշափելի գործնականացումներու շարք, անպայման Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումին նպաստող գործընթաց է: Նախագահին համոզումով ալ Միացեալ Նահանգները այստեղ գերակշռող մաս ապահոված են:

Այդ պատճառով ալ լուրջ անհանգստութիւն կ՛ապրի Պաքուն, որ այս առիթով արտաքին գործոց նախարարութիւն կը կանչէ տեղւոյն ամերիկացի դեսպանը, բողոքի յուշագիր կ՛ուղարկէ Ուաշինկթըն կամ միջազգային հետախուզման դիմում կը կատարէ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուին դէմ:

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու այցելութիւնները Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա թէ Աւստրալիա կամ աշխարհաքաղաքական այլ կեդրոններ, ինչպէս նաեւ ամերիկացի թէ եւրոպացի կամ Աւստրալիոյ օրէնսդիրներու, նահանգային-քաղաքային բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ժամանումները Ստեփանակերտ, կ՛իրականանան քաղաքական ենթահողերու նախապատրաստութեամբ: Այդ ենթահողերու ձեւաւորումներուն մէջ հիմնարար դեր ստանձնած են Հայ դատի գրասենեակները:

Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գործընթացին մէջ տեսանելի այս տեղաշարժերը կարեւոր նախադրեալներ են, որոնք կրնան կտրուկ զարգացման միտումներ դրսեւորել, երբ Պաքուն եւ տուեալ պետութիւնը յայտնուին շահերու բախման կէտերու դիրքերուն վրայ: Այս պարագային յարաբերակցաբար Ուաշինկթընի: Իսկ հաւանական այդ զարգացումներուն համար անհրաժեշտ են նախադրեալներ ձեւաւորող քաղաքական ենթահողերը: Այդ ենթահողի պատրաստութեան մէջ կարեւոր ներդրում կարելի է դիտարկել Բակօ Սահակեանի այցելութիւնը Ուաշինկթըն:

comments

Advertisement