Ընկեր Յակոբ Քորթեանի յիշատակին

By armenia.com.au | Thursday, 12 April 2018

Երեք տարիներ առաջ երբ հաստատուեցայ Սիտնի-Աւստրալիա, շարք մը հայրենակիցներ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին օգտակար դառնալու ինծի ըլլայ այդ հեռաձայնային կապերով, պատահական հանդիպումներով, եւ տնային այցելութիւններով: Բոլորը, անխտի՛ր, երբ կը գիտնային բնիկ Քեսապցի ըլլալս, հարց կու տային թէ առիթը ունեցայ հանդիպիլ ընկեր Յակոբին կամ ոչ: Կարծես վէմ մըն էր ան, որուն հպարտութեամբ կը նայէին բոլորը:

Ի վերջոյ, միութենական ժողովի մը աւարտին բախտաւորութիւնը ունեցայ գտնալու զինք: Հակառակ որ մտապատկերիս մէջ ան հսկայ անձ մը կը թուէր ըլլալ, հեռուէն երբ տեսայ իրեն, ամենակարճն էր ընկերներուն մէջ: Քմծիծաղով մօտեցայ եւ կտրտուած Քեսապերէնովս բարեւեցի, բայց երբ ձեռքս երկարեցի ձեռնուելու հետը, ուշքի եկայ եւ վերյիշեցի որ տիտանի մը հետ կը ձեռնուիմ, ընկեր Յակոբ Գորթեանին: Այս աշխատասէր արհեստաւորին ափը առիւծի թաթի մը նման էր, ճակատի կնճիռները Աւստրալիոյ զօրաւոր արեւի ճառագայթներէն դաժանօրէն խտացած, իսկ հայացքը՝ առծիւի աչքերու նման երբէք չընկճուող: Ան գլուխը անձի մը համար չէր բարձրացնէր, իր աչքերը սեւեռելով իրմէ երկարահասակներուն, առեղծուածային յօնքերու շարժումներով կը պարտադրէր դիմացինը փոխել իր դիրքը: Ընկեր Յակոբի կեցուածքը կը ձգէր քեզ կամ մի քանի քայլ ետեւ գաշուիլ կամ ալ ծունկերդ վախէդ ծռելով աչքերդ եւ իր աչքերը մէկ հորիզոնի վրայ դնել: <<Դօն Ինճէճիկունց տղիկն ի՞ս>> հարց տուաւ, <<Հովը>> պատասխանեցի: Հայրական խրատներով քաջալերեց զիս ու ազգային ոգիս ալ աւելի զօրացուց, տեսնելով իր հաստատակամ ուղին հեռաւոր այս ափերուն մէջ:

Ընկեր Յակոբը կրցաւ իր ազգային ինքնութիւնը պահել ոչ թէ միայն իր անձնաւորութեան շրջագիծէն ներս, այլ իր կողակիցին հետ միասին ցանեց զայն իր  հայկական բոյնին մէջ որ հաստատած էր օտարութեան մրրիկներուն մէջտեղ: Այն բոլոր հայկական արժանիքները որ սնացած էր Քեսապէն, փոխանցեց զանոնք իր զաւակներուն եւ թոռներուն: Հիացմունքով կը նայէր իր ընտանիքի եւ ակումբի անդամներուն, որոնք իր սկսած ճանապարհը կը հարթեն ալ աւելի մասնագիտացած ձեւով:

Օրինակի համար, ընկեր Յակոբ կը պատմէր ինծի թէ ինչպէս ինք եւ իր սերնդակիցները հրճուանքով կարդացած են հայոց ցեղասպանութեան մասին առաջին անգամ լոյս տեսած անգլերէնով յօդուած մը տեղական խեղճուկ թերթի մը մէջ, եւ այդ դէպքը կը բաղդատէր ներկայի Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքներուն հետ, որուն ձայնը ներկայիս կը հասնի մինչեւ Աւստրալիոյ Նահանգային եւ Դաշնակցային Խորհրդարանները:

Նմանօրինակ բախտատութիւններ կ'ընէր շաբաթօրեայ դպրոցներուն միջեւ, որոնք սկսան անձնական աշխատանքներով եւ յետագային կազմաւորուեցան ու ալ աւելի ծաղկեցան Համազգայինի հովհանաւորութեան տակ, որ չբաւարարուելով անոնցմով ամէնօրեայ դպրոց մըն ալ հիմնեց աւելի քան 30 տարիներ առաջ:

Ընկեր Յակոբը ականատէս դարձած էր Աւստրալիոյ հայ գաղութի կազմաւորման եւ զարգացման երեւոյթին ու միշտ տառապելով կը փորձէր նկարագրել այս գործընթացքը: Սակայն, երկու կէտեր մատնանշելով կը բաւարարուէր ու մեծամասնութեան կը համոզէր: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ հիմնադիր ծառը: Միայն այս երկու նիւթերուն մասին անդրադառնալու ժամանակ էր որ յարգանքով գլուխը կը բարձրացնէր դէպի վեր ու կը պատմէր թէ ինչպէս 1964-ին իր 11 գաղափարի ընկերներուն հետ միասին հիմնեցին ՀՅԴ-ի առաջին միաւորը Աւստրալիոյ մէջ համախմբուած ծառի մը շուրջ, որ կ'ուզեմ կոչել հիմնադիր ծառ:

Գրեթէ ամէն խրախճանքի ընկեր Յակոբ կը բաժնեկցէր այդ առաջին ժողովի մանրամասնութիւնները ներկաներուն հետ ու կը շեշտէր թէ ինչպէս ծառի մը շուրջ հաւաքուելով այսօր ուր հասած ենք եւ ուր պէտք է երթանք: Վերջին խրախճանքին, ընկեր Յակոբ դարձեալ խօսեցաւ հիմնադիր ծառին մասին, բայց այս անգամ կարծես գիտէր որ իր վերջին ելոյթը պիտի ըլլայ իր գաղափարակից ընկերներուն հետ, հետեւաբար յայտնեց թէ պէտք է ցոյց տամ այս ծառը ձեզի թէ ուր կը գտնուի:

Մեր վերջին հանդիպումէն 3 ամիսներ ետք մահուանդ գոյժը առի ընկեր: Առաջին հարցումը որ միտքս եկաւ <<Արդեօ՞ք ծառին ուր ըլլալը յայտնի եղաւ>>:

Յիշատակդ միշտ անթառամ մնայ ընկեր: ՀՅԴ-ի դրօշը պիտի ծածանենք հիմնադիր ծառին շուրջ մօտ ապագային:

Մոսիկ Ինճէճիկեան

07/04/2018



comments

Advertisement