Հայաստան Նոր Սահմանադրութեամբ Պիտի Կառավարուի

By Asbarez | Saturday, 14 April 2018

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

 

Hagop Balian

Հայաստանի նոր սահմանադրութիւնը կը հաստատէ խորհրդարանական կառավարման վարչաձեւ, ինչ որ, տեսականօրէն, իշխանութեան կու տայ աւելի ժողովրդավարական նկարագիր, քանի որ կառավարութիւնը անմիջականօրէն հաշուետու կ՛ըլլայ խորհրդարանին, ուր կուսակցութիւնները տեւաբար կրնան հարցապնդել կառավարութիւնը եւ ի հարկին՝ հրաժարեցնել:

Բայց, նոր սահմանադրութեամբ, խորհրդարանը կրնայ արդէն բազմացած կուսակցութիւններու մրցակցութիւններու մրցադաշտ ըլլալ: Եթէ կուսակցութիւն մը մեծամասնութիւն չունենայ, կառավարութիւն կազմելու մաշեցնող բանակցութիւն-սակարկութիւններ պիտի կատարուին: Ֆրանսայի 4րդ Հանրապերութիւնը կը յիշուի միշտ որպէս բացասական օրինակ, երբ կառավարութիւն կազմել մեծ աճպարարութիւն կը պահանջէր, կառավարութիւններու կեանքն ալ կարճատեւ կ՛ըլլար: Մեր անմիջական ներկային մէջ, Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնը կուսակցութեան մը խորհրդարանական մեծամասնութիւն չտուաւ եւ կառավարութիւն կազմելու համար տեղի ունեցած բանակցութիւնները ամիսներ տեւեցին: Բայց նոր կառավարութեան կազմութեան ուշացումը, իշխանութեան պարապ չստեղծեց, վարչապետը եւ նախարարները շարունակեցին իրենց աշխատանքը եւ ոչ ոք խոչնդոտեց իշխանութեան ընթացքը:

Հայաստան փոքրիկ երկիր է, բայց Գերմանիայէն աւելի մեծ թիւով կուսակցութիւններ ունի: Միշտ ալ զարմացած եմ, որ այդ փոքրիկ երկիրը կառավարելու համար երեսունէ աւելի կուսակցութիւնները ի՞նչ բանի կը ծառայեն: Ի՞նչ բանի կը ծառայեն անհատի մը շուրջ եղած խմբաւորումները, որոնք իրենք զիրենք կը համարեն կուսակցութիւն: Միթէ՞ այդ փոքրիկ երկրին համար կառավարման երեսուն տեսակ ծրագիրնե՞ր կան, այդ ծրագիրներէն տեղեա՞կ են զանգուածը եւ ընտրողները: Քաղաքական մեկնաբանները պիտի ըսե՞ն, թէ ի՛նչ տարբերութիւններ եւ հասարակաց ի՞նչ նմանութիւններ ունին այդ երեսունէ աւելի կուսակցութիւնները: Անհատականէ եւ հատուածականէ տարբեր ի՞նչ կ՛ըսեն, ինքնուրոյն ի՞նչ ծրագիր ունին:

Մենք որ շատ կը սիրենք այս կամ այն երկրին բաղդատուիլ, չե՞նք տեսներ, որ անոնց կուսակցութիւնները այդպէս մանրուած չեն: Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ կուսակցութիւններու թիւը տասնի չի հասնիր, Միացեալ Նահանգները ունի երկու գլխաւոր կուսակցութիւն:

Փոխանակ փող-թմբուկի հայրե-նասիրական երգերով սրահներ յուզելու, լաւ պիտի ըլլար, որ երբեմն մեր բանաստեղծներու իմաստութիւնը լսէինք, ոչ միայն դպրոցական հանդէսներու ընթացքին, այլ մամուլով, քաղաքական հանդիպումներու եւ հանրաժողովներու ընթացքին: Գէորգ Էմին, իմաստութեան լուսաւորումով, պարզած է կացութիւնը, հայելի մը՝ որուն մէջ մենք մեզ պէտք է դիտենք, դիտած ըլլայինք:

Մենք գահ ու թագ չենք ունեցել,

Եւ… արքա՛յ է ամէն մի հայ.

Զօրք ու բանակ չենք ունեցել,

Եւ… սպայ է ամէն մի հայ:

Հայաստանի պարագային յիշեցինք կուսակցութիւները: Սփիւ-ռք(ներ)ը ոչ մէկ ձեւով ետ կը մնայ բազմապատկուելու ախտէն: Անիկա, իր կարգին, թատերաբեմ է գերաճող <<կազմակերպութիւններ>>ու, քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային, երաժշտական, մարզական, կրթական, առեւտրական, եկեղեցական-կրօնական:

Պատահա՞ծ է, որ փորձենք կազմել ցուցակը հայկական այս բոլոր <<կազմակերպութիւններ>>ուն, Հայաստան, Արցախ, եւ Սփիւ-ռք(ներ): Յայտարարել անոնց թիւը: Պարզապէս թիւը: Ապա փորձել հասկնալ, թէ քանի անդամ ունին: Երբեմն ալ պէտք է հարցնել, թէ քանի անձեր քանի մը միութիւններու անդամ են եւ քանի վարչութիւններու եւ յանձնախումբերու: Կը յիշեմ, տարիներ առաջ, հանդիպման մը ընթացքին, <<ազգային>> մը հերոսաբար սեղանին վրայ նետեց տասըչորս անդամատետր, որոնք կը վկայէին, որ ենթական տասնըչորս միութիւններու անդամ էր: Մոռցուած եւ անծանօթ դարձած անուններ: Բայց միշտ կան անոնց <<նախագահ>>ները, յաճախ ընտանեկան յաջորդութեան իրաւունքով,- զաւակ, դուստր, հարս, փեսայ, թոռ եւ ծոռ,- որ կը կոչուի nepotisme:

Եթէ <<հետախուզող մամուլ եւ լրագրող>> ունենայինք, անոնք կրնային լոյս սփռել կացութեան վրայ, ներկայացնելով Հայաստանի կուսակցութիւններու եւ Սփիւռք(ներ)ի <<կազմակերպութիւններ>>ու գործունէութիւնը, անդամներու թիւը, ծրագիրը, դերակատարութիւնը, նիւթական միջոցները, ընտրական-ներկայացուցչական դրութիւնը:

Անցեալին գրած եմ եկեղեցական ժողովներու պատգամաւորներու ընտրութեան մասին: Օրինակ, Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր ժողովին համար օրէնքով կը նախատեսուի 25.000 հոգիի համար մէկ պատգամաւոր ընտրել, բայց ընտրութեան կը մասնակցին իրաւասու 100-200-300 հոգի, կը նշանակէ որ 24700 անձի իրաւունքի անտեսում կայ, եթէ երկու պատգամաւոր պիտի ընտրեն, 49,700 անձի անտեսում: Անցեալին, Գերմանիոյ մէջ կային ցկեանս Մեծ Ընտրողներ (Grands Electeurs), ժառանգական իրաւունքով: Հայ կեանքի մէջ ալ այս անգիր դրութիւնը գոյութիւն ունի յաճախ, նոյնիսկ եթէ երբեմն ժողովրդավարական շղարշով ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան նոյն անձերով, <<հայր, որդի եւ պարագայք իւրեանց>>, վերսկսելու եւ շարունակելու համար:

Կառավարման վարչաձեւեր փորձուած են ժողովրդավարական եղանակով առաջնորդուող երկիրներու մէջ եւ կենսափորձը ցոյց տուած է, որ անոնք միշտ ալ ունեցած են դրական եւ բացասական արդիւնքներ: Անգլիական վարչաձեւը դիմացած է ժամանակին եւ մրցակցութիւններու, քանի որ թագաւորը,- կամ թագուհին,- կ՛իշխէ բայց չի կառավարեր, այսինքն գործադիր իշխանութիւնը երկգլխանի չէ, ընտրութենէն բխած մեծամասնութիւնը կը կառավարէ: Խորհրդարանական վարչաձեւի մէջ երկրի նախագահը ներկայացուցչական հանգամանք ունի եւ պահակն է սահմանադրութեան:

Խորհրդարանական վարչաձեւի տկարութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ երբ կառավարութիւն կազմելու համար մեծամասնութիւն չի գոյանար, իշխանութեան տագնապ կը ստեղծուի, կառավարութիւնը միշտ կախում կ՛ունենայ կուսակցութիւններու խաղէն: Գերմանիոյ մէջ վերջին կառավարութիւնը կազմելու բանակցութիւնները ամիսներ տեւեցին:

Եթէ Խորհրդարանին մէջ բազմաթիւ կուսակցութիւններ ըլլան, եւ ոչ մէկը մեծամասնութիւն ունենայ, նոր խմբաւորումներ ստեղծուին, կառավարութեան տրուած վստահութեան քուէն կը փոխուի: Բաւարարութիւն տալու համար կուսակցութիւններու նոր խմբաւորման, հարկ կ՛ըլլայ նոր կառավարութիւն կազմել:

Պատմութեան դասը կայ: Ֆրանսայի մէջ, 1946ին զօր. Շարլ տը Կոլ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, քանի որ իր ըմբռնումով, կառավարութիւնը կը կառավարէ, մինչդեռ կուսակցութիւններուն համար կառավարութիւնը կուսակցութիւններու ներկայացուցչներու դաշնութիւն մըն է (federation): Ֆրանսայի 4րդ հանրապետութեան շրջանին, կառավարութիւններ իրարու կը յաջորդէին, կախում ունէին կուսակցութիւններու միջեւ գոյացած կամ քանդուած համաձայնութիւններէն: 1946ին, տը Կոլ հրաժարած է, ըսելով, որ <<վերայայտնուած է կուսակցութիւններու յատուկ վարչաձեւը, ես այդ կը դատապարտեմ: Բայց բացի այն պարագայէն որ մենատիրութին (dictature) հաստատուի, ինչ որ չեմ ուզեր, եւ որ վստահօրէն վատ հետեւանքներ կ՛ունենայ, ես չեմ կրնար արգելք ըլլալ այս փորձին: Ուստի ստիպուած եմ հեռանալ>>*:

Խորհրդարանական վարչաձեւը կ՛ենթադրէ քաղաքական հասունութիւն եւ ժողովրդավարական  փորձ ունեցող ունեցող հանրութիւն եւ ղեկավարութիւն:

Պէտք է յուսալ, որ բազմաթիւ փորձութիւններէ անցած մեր ժողովուրդը օրինակելի ներազգային համախոհութեամբ կը յաջողի անցնիլ այս պետաշինական հանգրուանէն:

Քիչ խօսելով, ապագան ծրագրելով եւ որակի ու արժէքի կռթնած՝ շատ գործելով:

Որպէսզի օր մը, բանաստեղծ նոր Գէորգ Էմին մը, կամ Յակոբ Պարոնեան մը, չըսէ, որ բանակ եւ զօրք չունէինք, բայց ամէնքս ալ սպայի ուսադիրներով ման կու գայինք պատմութեան քարքարոտ ճամբաներուն վրայ…

Եւ որպէսզի նոյնիսկ քարքարոտ ճամբաներուն վրայ անցաւ եւ անսայթաք, քալենք միշտ հետամուտ պէտք է ըլլալ իրաւ ժողովրդավարութեան, յիշելով Յակոբ Պարոնեանի կոչը. <<Դու, ժողովուրդ, գիտե՞ս ինչ ձայն ունիս, քու ձայնդ Աստծոյ ձայնն է>>…

 

Նուազի-լը-Կրան

 

*Ch. de Gaulle, Memoires de Guerre, Le Salut, 1944-1946

 

comments

Advertisement