Մեր Ոսկեայ Պատեհութիւնը

By Asbarez | Friday, 27 April 2018

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի յայտարարութիւնը կառավարական դաշինքէն դուրս գալու մասին վաղուց սպասուած ջրբաժան մըն է, որ աշխատանքի հսկայ նոր ասպարէզ մը կը բանայ Դաշնակցութեան առջեւ վերջին օրերու մահացու շփոթներէն արագօրէն ձերբազատուելու եւ մեր պետականութեան կառուցման գործին նորոգեալ թափով նուիրուելու:

Յայտարարութեան մէջ յստակօրէն կը խօսուի խորհրդարանի նոր ընտրութիւններ կայացնելու պահանջին մասին. քա՛յլ մը՝ որ կենսական նշանակութիւն ունի այսօր մեր երկրին համար եւ քաղաքական ոստիւնի հրամայական պատեհութիւն մըն է երկրի ժողովրդավարական ուժերը աննախընթաց տարողութեամբ զօրաշարժի ենթարկելու: Իմ կարծիքով, վաղուան խորհրդարանի ձեւաւորումը առաջնահերթ եւ կենսական խնդիր է այսօր ամէն հայու համար: Թող ներուի ինծի ըսել, որ մենք ազգովին իրաւունք չունինք պատմական այս պահը պատահականութիւններու զոհ տալու:

Մեր երկրի քաղաքական բեմին վրայ դեռեւս կը գործեն հասարակութեան խարդախ ոլորտի ուժերը կապուած մենաշնորհային համակարգի սարդոստայնին եւ անոնք անպայման պիտի շղթայազերծեն իրենց բոլոր կարողականութիւնները առեւանգելու համար վաղուան խորհրդարանը: Կասկած մի՛ ունենաք: Մեր պարտաւորութիւնն է այժմէն իսկ իջնել հրապարակ եւ առնել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը ընտրակաշառքի յայտնի գործօնները իրենց բոյներուն մէջ խեղդելու եւ հիմնական վերանայման ենթարկելու երկրի ընտրական օրէ՛նքը:

Այս նոր յառաջընթացի բովին մէջ, կասկած չկայ, որ Դաշնակցութիւնը աւելի ամբողջականօրէն պիտի գրաւէ իր տեղը երկրի քաղաքական դաշտին մէջ եւ նոր ուժականութեանբ տէր կանգնի ժողովրդական այն լայն շերտին, որ իր բնական կազմախօսութեամբ իսկ Դաշնակցութեան քաղաքական գործի հարազատ հողը կը ներկայացնէ եւ երկրի զարգացման մեծ խարիսխը: Միաժամանակ մեր գործը պիտի ըլլայ քաղաքական դաշտէն իսպառ դուրս քշել Հանրապետական Կուսակցութիւնը քաղաքական բռնամիջոցներու իր մեքենականութեամբ: Մեր գործը պիտի ըլլայ միանգամընդմիշտ ազատել քաղաքական բռնադատումներու զոհ մեր երկրի քաղաքացին:

Պարզ խօսքով, յառաջիկայ ընտրութիւնները մեր ոսկեայ պատեհութիւնն են օլիգախիան իր զէնքերէն զրկելու եւ Հայաստանի քաղաքական դաշտը ժողովրդավարութեան բնականոն չափանիշներուն ենթարկելու: Երկրին քաղաքական մշակոյթը փոխելու մեծ շրջադարձը այս ընտրութիւններու բովին մէջ է, որ պիտի իրագործուի եւ հետեւաբար վաղուան յարացոյցին էութունը հոս է, որ պիտի ճշտուի:

Ասիկա մեր ժողովրդավարութեան նոր օրն է, մեր երկրի նոր զարթօ՛նքը. եւ մեր նոր երթը դէպի իրաւական հզօր պետականութիւն, որուն անկեղծ զինուորն է Դաշնակցութիւնը այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան: Բարի երթ բոլորիս:

 

 

Կարօ Արմենեան

Ապրիլ 25, 2018

Ուաշինկթըն


comments

Advertisement