Դէպի Նոր Հայաստան

By Asbarez | Saturday, 12 May 2018

0000KANTSASAR

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԳԱՆՁԱՍԱՐ-Ի

 

Հայաստանի համաժողովրդային խաղաղ շարժումը անկիւնադարձային փուլի մը առաջնորդեց մեր հայրենիքը:

Այս փուլի սեմին, նախ պէտք է պատուով արձանագրել, որ Հայաստանի ժողովուրդը յաղթական դուրս եկաւ ու փաստեց, որ, ձերբազատուելով ամէն տեսակի կապանքներէ, ունի իր ճակատագիրին տէրը դառնալու վճռակամութիւն: Փաստեց, որ արտաքին մարտահրաւէրները արգելք չեն կրնար հանդիսանալ ներքին փոփոխութիւններուն, երկրի ներքին ախտերու բուժումին: Լոկ արտաքին վտանգի զսպաշապիկով առաջնորդուիլը  ժամանակավրէպ է այլեւս,  որովհետեւ հզօր ու անվտանգ Հայաստան կերտելու համար նոյնքան կարեւոր է ներքին մարտահրաւէրներուն, ժողովուրդի պահանջներուն անսալը, ապա թէ ոչ՝ մեր երկիրը պիտի մնայ փխրուն ու դիւրաբեկ, պիտի շարունակուին արտագաղթն ու փտածութիւնը, տն-տեսութեան տեղքայլն ու նահանջը՝ սակաւապետներու գերիշխանութեան ներքեւ:

Ժողովրդային այս շարժումը արդիւնաւորելու եւ զայն համակարգային տեսանելի փոփոխութիւններու առաջնորդելու համար, սակայն, նոյնքա՛ն էական է կասկածներ յարուցանելով սոսկ վտանգներ մատնանշելու փոխարէն՝ առողջ քննարկումներով, խորհրդակցութիւններով հարթել Նոր Հայաստանի ուղին, ճամբայ բանալ Նորին:

Համաժողովրդային այս շարժումը մեր տեսլականներու իրականացումին առաջնորդող քայլ մըն էր վերջապէս: Ո՛չ ոք կրնայ ժխտել այս իրողութիւնը: Այդ ճամբուն վրայ խոչընդոտներ յառաջացնելու փոխարէն, ուրեմն, քաղաքական ուժերը գործակցութեամբ, քաղաքական սխալներ բացառելու յանդգնութեամբ ու ողջախոհութեամբ կրնան այս շարժումը ծառայեցնել մեր հայրենիքի վերածաղկումին՝ բնականաբար առանց անտեսելու արտաքին մարտահրաւէրները եւ աշխարհաքաղաքական զարգացումները, նորարարական մօտեցումներուն մէջ անգամ առաջնահերթ համարելով մեր հայրենիքին անվտանգութիւնը:

Աշխարհը այսօր վկան դարձաւ հայկական այնպիսի յեղափոխութեան մը, որ թափանցիկ գործելաոճի, արդար հասարակարգ ստեղծելու ու ազգային գաղափարներով առաջնորդուելու նոր ուղի մը, անարիւն ուղի մը բացաւ Հայաստանին դիմաց: Այս յեղափոխութիւնը քաղաքական գետնի վրայ արդիւնաւորուելով ու ազգային մեր տեսլականները իրականութեան վերածելու գործելաոճ ձեւաւորելով կրնայ ամրապնդել մեր միասնակամութիւնը, հայրենադարձութիւնը դուրս բերել լօզունքներու սահմանէն ու կասեցնել արտագաղթը:

Վստահութեան, մեր սեփական կարելիութիւններուն հանդէպ հաւատքի ամրապնդման առողջ մթնոլորտ մը ստեղծուած է այսօր հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: Համաժողովրդային այս եռանդն ու լաւատեսութիւնը արդիւնաւորելու մեծ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կը գտնուին հայ քաղաքական ուժերը:

 


comments

Advertisement