Ենթակառո՛յցը Կ՛արժեւորէ Անկախութիւնը

By Asbarez | Saturday, 12 May 2018

razmigshirinian1

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Հայրենի ժողովուրդի յեղափոխական նկարագիրն է, որ անկախութիւն կը կերտէ: Դժուար է մեզի յեղափոխական չըլլալ ու չհիանալ հայրենի մեր ժողովուրդին խորքէն եկող պոռթկումի ուժին: Ժողովուրդի այրած հոգիներէն եկաւ այդ պոռթկումը իշխանութեան դէմ, կեղեքումին դէմ, ու տարիներով կուտակուած զրկուածութեան դէմ: Բողոքը կեանքի խորքէն եկած իմաստ ունի, միտք ունի եւ, վերջին հաշուով՝ լոյս մը կը տեսնէ ապագային մէջ՝ վերստեղծելու համար հայ ժողովուրդի պատմութեան քաղաքական կեանքը: Յստակ է, որ իշխանութիւնը չէր ճանչցած իր ժողովուրդը, որպէսզի կարենար օրէնքներ գրել ու գործադրել քաղաքական զարգացումին համար:

Եթէ անկախութիւնը քաղաքական արժէք է, ապա այդ արժէքը պէտք է փնտռել ժողովուրդի ամէնէն պարզ ու սովորական յարաբերութիւններուն մէջ:

Պէտք է փնտռել առօրեայ կեանքի թաւալումներուն մէջ, երբ սովորական կեանքը ժամանակին հետ եւ բնականաբար կը յղկէ ու կը մշակէ մարդուն անկախ հոգին ու հայրենիքի ազատութեան ձգտումը: Անկախութիւնը կը թաւալի տուներու, թաղերու եւ գործատեղիներու մէջ, մարդուն առօրեայ կեանքին մէջ ու, ի վերջոյ, կը հաստատուի հոգիներուն մէջ իբրեւ բարձունքներ կերտող, ոչ թէ համակերպող, կացութիւններ յաղթահարող, ոչ թէ կացութիւն փրկող քաղաքական արժէք:

Գոյատեւման կռիւ է հայրենի ժողովուրդի առօրեան, երբ տակաւին կը կարդանք աղքատութեան, անօթութեան եւ արտագաղթի մասին: Այս կռիւին մէջ հայը ամէն բանէ առաջ պէտք ունի նիւթական ապահովութեան, սնունդի, պատսպարանի, եկամուտի եւ բարեկեցիկ կեանքի: Այս կռիւէն յաղթական դուրս գալէն ետք միայն հայը, գիւղացին թէ քաղաքացին, պիտի կարենայ ոստում կատարել դէպի ամբողջական անկախութիւն եւ որոշել հաւաքական իր ճակատագիրը: Անկախութիւնը իմաստ պիտի առնէ սեփական ճակատագիրը որոշելու գործին մէջ: Դժուար է պատկերացնել անկախ եւ քաղաքակրթուած հայրենիք՝ առանց բարեկեցիկ կեանքի, առանց հոգեկան անդորրի: Պարզ է, որ հայրենի ժողովուրդը չի կրնար ազատ ու անկախ իր կեանքը ու հոգեկան զարգացումը ապրիլ ճնշուած, շահագործուած ու իրողապէս հարստահարուած պայմաններու մէջ, ուր դաժան կեանքը կը բռնանայ մարդկային իրաւունքներուն ու նաեւ արգելք կ՛ըլլայ հոգեբարոյական զարգացումին:

Ժամանակն է, որ հայրենի ժողովուրդին ներկայ կեանքը բնորոշենք եւ արժեւորենք իր ենթակառոյցին մէջ: Իր առօրեայ, սովորական կեանքի յարաբերութիւններուն մէջ: Հասկնանք այդ կեանքը առարկայական իր վիճակին մէջ եւ սկսինք անոր գաղափարական տարածքը զարգացնել, ու ռազմավարութիւն մը ճշդել հայրենի կենցաղին համար: Երանի հայ քաղաքական միտքը կարենայ ձերբազատել ինքզինք քաղաքական հաստատուած տեսութիւններէն ու սկսի զարգացնել հայրենի իւրայատկութենէն բխող ու անոր կապուած գոյատեւման եւ զարգացման տեսութիւն մը: Տեսութիւն մը որ խարսխուած ըլլայ ենթակառոյց հասկացողութեան մէջ:

Յաճախ կրկնած ենք ու համոզուած, որ կեանքի զարգացումը կ՛ընթանայ առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու փոխներգործութեամբ: Ասիկա կը նշանակէ որ հայ անհատը իր համոզումով ու նուիրումով ներդրում կ՛ունենայ հայրենի կեանքին մէջ ու կը նպաստէ անոր առարկայական զարգացումին: Հետեւաբար, հայրենի ժողովուրդին յեղափոխական գործն է այսօր այդ փոխներգործութիւնը քաղաքական գետին բերել՝ կառոյց եւ ենթակառոյց տուեալներու շաղկապումով: Այլ խօսքով, պետական թէ անհատական, քաղաքական թէ տնտեսական կառոյցները, հաստատութիւնները եւ մարմինները ուղղակի կապուած ու զօդուած ըլլան ժողովուրդի առօրեայ կեանքին հետ, ենթակառոյցին հետ: Հոս է որ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմինները ինչպէս նաեւ տնտեսական ու հասարակական կազմակերպութիւնները, յետ-իշխանափոխութեան այս փուլին յեղափոխական կամ արմատական փոփոխութիւններ կը բերեն համակարգին մէջ: Հետեւաբար, յեղափոխութիւնը տակաւին կը շարունակուի, որովհետեւ այդ կառոյցները իրենց քաղաքական եւ տնտեսական որոշումներով ու գործունէութեամբ տակաւին չեն մտած ենթակառոյցին մէջ:

Յեղափոխութիւնը կը շարունակուի որովհետեւ ներկան տակաւին ազատական-դրամատիրական հանգրուանն է: Այս հանգրուանին մէջ հայը պիտի պայքարի իր իրաւունքներուն համար, իր եկամուտին համար մինչեւ ամբողջական անկախութիւն, երբ երկրի բոլոր կառոյցները իւրացուած կ՛լլան ենթակառոյցին մէջ:

Տակաւին իշխանափոխութիւն է միայն: Յեղափոխութիւնը կը հետեւի իշխանափոխութեան, որովհետեւ առաջնահերթ մեր թիրախը այսօր Հայաստանի անտուն եւ աւերակներու մէջ բնակող ընտանիքներու պարագան է, բնական հարստութեան շահագործումը, անգործութեան եւ արտագաղթի հարցը, գիւղատնտեսութիւնը, աղքատութեան աճը, տարեկան առնուազն 30,000 արտագաղթողի հարցը, տնտեսութեան բացարձակ կեդրոնացումը: Թիրախ է նաեւ աշխատաւոր դասակարգի անտեսուած ու արժեզրկուած կացութիւնը՝ իշխանութեան ցարդ ապաքաղաքականացած միտքերուն պատճառաւ: Հայ աշխատաւոր դասակարգը, անշուշտ, նիւթական ունեցուածքի, դիրքի կամ եկամուտի հարց չէ միայն, այլեւ՝ ոճի, մտայնութեան եւ շահագործումի գիտակցութեան, որ նոյնքան քաղաքական կիզակէտ է ազատագրական պայքարի մտած եւ ապստամբող ժողովուրդին համար:

Յետ-իշխանափոխութիւն այս յեղափոխութիւնը կը սկսի դէպի ժողովուրդ աղղուած ու ժողովուրդին կենցաղը զարգացնող խորհրդարանի առաջին որոշումով:

 


comments

Advertisement