Խմբագրական. Եռատօն, 100-ամեակ Եւ Նոր Հայաստան

By Aztag Daily | Monday, 28 May 2018

Մայիսեան եռատօնը Հայրենական պատերազմին, Շուշիի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան բանակին ստեղծման կը վերաբերի: Մայիսը այս եռատօնին առընթեր այս տարի կը յատկանշուի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակով:

100-ամեակին ընդառաջ վերջին շրջանին կային պետական նախապատրաստական աշխատանքներ: Նշանակուած էր յատուկ պետական յանձնաժողով, որուն ծրագրային բովանդակութիւնը ներառած էր մշակութային ձեռնարկներ, գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, զինուորական շքերթներ, արձանի բացում: Տօնը  առաւելագոյն ձեւով համաժողովրդայնացնելու պետական այս քաղաքականութիւնը ունեցած  էր նաեւ սփիւռքեան արձագանգումներ, ուր կազմուած էին համագաղութային յանձնաժողովներ` արժանավայելօրէն տօնակատարելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը:

Մայիս 8-ի վարչապետի ընտրութեան յանգած համաժողովրդային շարժումը  քաղաքագիտական նոր երեւոյթ մը պարզեց համայն աշխարհին, երբ համաժողովրդային վստահութիւն վայելող, այսուհանդերձ խորհրդարանական փոքրամասնութիւն ունեցող թեկնածուն ապահովեց խորհրդարանի մեծամասնութեան քուէն: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը ընդառաջ գնաց ժողովուրդի առաջադրանքին:

Նման եզակի  եւ իւրայատուկ պարագայ ամրագրելով եւ իրողապէս թաւշեայ յեղափոխութիւն եւ թաւշեայ իրաւապահ գործողութիւններ կիրարկելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը թէ՛ իբրեւ պետութիւն եւ թէ՛ իբրեւ հասարակութիւն ընկալուեցաւ իբրեւ ժողովրդավարութեան մոտել երկիր:

Շատ կարեւոր երեւոյթ մը արձանագրուեցաւ վարչապետի ընտրութեան առաջին փուլի նախօրեակին: Ամբողջ երկիրը առկախեց մէկ կողմէ անհնազանդութեան շարժումը, միւս կողմէ քաղաքական բանավէճերն ու քննարկումները եւ մէկ մարդու նման ուղղուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ`  ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը:

Երեւոյթը եթէ մէկ կողմէ համոզեց բոլորին գիտակցութեան բարձր մակարդակին մասին, միւս կողմէ նաեւ ընդգծեց, որ հակառակ թէժ իրավիճակին, նոյնիսկ սահմանադրական ճգնաժամի նախադրեալներ փոխանցող մթնոլորտին պետական եւ հասարակական ուղղութիւնները իրականացուցին պարտականութիւններու եւ իրաւասութիւններու գործադրման առաջադրանքներու քաղաքակիրթ ամբողջականութիւն մը:

Հիմա, հանգուցալուծման մեկնարկային իրաւական փուլը կայացած է արդէն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունին որ վարչապետ: Եւ ինչպէս որ մայիսեան եռատօնը Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ արժանավայել հնչեղութեամբ կը տօնուի, նոր վարչապետին առընթեր Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի գործող-առկախ պետական յանձնաժողովը անմիջապէս պէտք է վերակազմուի:

Շուշին ազատագրուեցաւ համահայկական մասնակցութեամբ: Շուշիի խորհուրդը այսօր կը ստանայ աւելի քան այժմէական հնչեղութիւն: Յուշելու համար, որ համաժողովրդային շարժումը մնայ ազգային եւ ընկերային առաջադրանքներ իրականացնելու իր իրաւաքաղաքական առողջ հունին մէջ, յաջողի կանխարգիլել որեւէ շեղում եւ արտաքին շահարկում, բայց մանաւանդ գերադաս, անտեղիտալի սկզբունք պահէ հայկական այսօրուան 42.000 քառ. քիլոմեթր հաշուող տարածքներու անվտանգութիւնն ու սահմաններու պաշտպանութիւնը:

Նոր Հայաստանի մեկնարկը կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին: Թէ՛ մայիսեան եռատօնը եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան խորհուրդը իբրեւ արժէքային համակարգ լաւագոյն հիմքը կրնան դառնալ նոր Հայաստանին:

comments

Advertisement