Շնորհաւոր` Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 27-ամեակը

By Aztag Daily | Sunday, 23 September 2018

2018 սեպտեմբերի 21-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը  իր ետին պիտի թողու անկախութեան 26 տարիները եւ պիտի թեւակոխէ վերանկախութեան 27-րդ տարին: Ամէն տարի 21 սեպտեմբերին ողջ հայ հասարակութիւնը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան օրը:

Այս օրը հայ ժողովուրդի համար ամենակարեւոր ու նշանակալից  օրերէն մէկն  է:

Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը ընդունուեցաւ 23 օգոստոս 1990 թուականին, Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին կողմէ: Իսկ 21 սեպտեմբեր 1991 թուականին Հայաստանի ժողովուրդը ընտրեց «անկախութիւնը»` տեղի ունեցած հանրաքուէին իր վճռական «Այո՛»-ն ըսելով: Թէեւ այդ պահուն այնքան գիտակից չէին, թէ ի՛նչ է երկրի մը անկախութիւնը եւ ի՛նչ ձեռքբերում ունի անկախութիւնը, բայց Հայաստանի քաղաքացիները անկախ ապրելու կողմ քուէարկեցին:

Յատկապէս մեզի նման ժողովուրդներու համար, որոնք իրենց պատմութեան մէջ օտար տիրապետութեան տակ երկար տարիներ ապրելու ցաւերն ու տանջանքներ ապրած են եւ շատ կարճ շրջան մըն ալ անկախ պետութիւն ունենալու բարիքները վայելած են, անկախութեան տարեդարձները իւրայատուկ կարեւոր նշանակութիւն մը ունին:

Անկախութեան տարեդարձները ժողովուրդներուն եւ անոնց ղեկավարներուն առիթ մը կու տան` իրենց անցեալին յետադարձ ակնարկ մը նետելու, անցեալը հաշուեյարդարի ենթարկելու ու նաեւ ապագայի վերաբերեալ խորհրդածութիւններ կատարելու համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան անցնող 26 անկախ տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդը ապրեցաւ բազմաթիւ հպարտառիթ պահեր, իրադարձութիւններ եւ եղելութիւններ: Հայաստանը` որպէս անկախ պետութիւն, դարձաւ միջազգային կազմակերպութիւններու լիիրաւ անդամ, ունեցաւ բազմաթիւ երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու քով դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, զարգացան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, կեանքի կոչուեցաւ սփիւռքի նախարարութիւնը` նպատակ ունենալով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման խթան հանդիսանալ: Այս նպատակով կազմակերպուեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ ու միջոցառումներ, որոնցմէ մէկն է «Համահայկական ողիմպիական խաղեր»-ը:

Անշուշտ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը հայ ազգին շնորհեց զանազան դրական ձեռքբերումներ, որոնց շարքը երկարել կարելի է: Սակայն Հայաստան, անկախութեան հռչակումէն 27 տարի ետք, այսօր իսկ, ցաւօք սիրտի կը գտնուի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, ժողովրդավարական, մարդկային իրաւունքներու պահպանման եւ ընկերային դժուարին հարցերու առջեւ ու նաեւ` մեծ տագնապներու դիմակայելու պարտաւորութեան տակ: Ասոնցմէ գլխաւորներն ու կարեւորագոյներն են` արտագաղթը, քաղաքական անկայունութիւնը, տնտեսական ծանր վիճակը,  կաշառակերութիւնը եւ անգործութիւնը:

Շատ մօտիկ անցեալին Հայաստանի տնտեսութիւնը կեդրոնացած էր 20-30 ընտանիքի ձեռքերուն մէջ, երկրի բարիքները եւ հարստութիւնը բնակչութեան չէր բաշխուեր համաչափ ու արդար, եւ ժողովուրդին մէջ ծնունդ կ՛առնէին` անհաւասարութիւն, խմբաւորումներ եւ խտրականութիւն: Հանրապետութեան տարածքին ժողովրդավարութիւնը ու արդարութիւնը կը բացակայէին, գագաթնակէտին հասած էին անգործութիւնը, կաշառքը եւ այլ բացասական երեւոյթները. յատկապէս երիտասարդ սերունդը ու նաեւ ժողովուրդի տարբեր խաւերը  մղուած էին իրենց ապագան զանազան արտերկիրներու մէջ փնտռելու հրամայականին:

Մայիս 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ ոչ բռնի` «Թաւշեայ յեղափոխութիւն». այս յեղափոխութեամբ  հայ ժողովուրդին մէջ  երկրի ապագային վերաբերեալ դրական նոր յոյսեր ծաղկեցան, սակայն պէտք չէ մոռցուի, որ այս յեղափոխութիւնը իմաստ չ՛ունենար, եթէ Հայաստան չկարենայ հասնիլ «տնտեսական յեղափոխութեան», այս առումով, հայ ժողովուրդը կը գտնուի ամենակարեւոր ժամանակաշրջանի մը մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախութեան 27-ամեակը պիտի թեւակոխէ  նոր կառավարութեամբ, որուն առաջնահերթ խնդիրներն են` արտահերթ ընտրութիւններու իրականացումը, կաշառք-փտածութեան դէմ պայքարը, երկրին մէջ հնարաւորութիւններու ստեղծումը:

Երբեք պէտք չէ յուսահատութեան մատնուիլ եւ երես դարձնել Հայաստանին ու հանրապետութեան անկախութեան:

Բոլորս ալ համոզուելու ենք, որ բոլոր բացասական երեւոյթները ժամանակաւոր բնոյթ ունին, եւ հայ ժողովուրդը զանոնք յաղթահարելու ուժը, կորովն ու կամքը ունի իր մէջ:

Չարենց  հետեւեալը կ՛ըսէ. «Հայ ժողովուրդի փրկութիւնը իր հաւաքական ուժին մէջն է»:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձը բոլորիս շնորհաւոր թող ըլլայ:

Գերմանիա

comments

Advertisement