By Asbarez | Thursday, 20 December 2018
Հայութեան եւ Հայ դատի հաւատարիմ զինուոր հանդիսացած Հրայր Մարուխեանի 90-ամեակն է այսօր` 19 դեկտեմբերին, իսկ քանի մը օր ետք` 21 դեկտեմբերին, կ’ամբողջանայ անոր մահուան 20-ամեակը:
Ան եղաւ հայ իրականութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն եւ ներդրում ունեցած ղեկավար մը, որ դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով պայքարի ուղին բացաւ, ամրապնդեց հաւաքական կամքը ո՛չ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ համայն հայութեան շարքերուն մէջ:
Աւելի քան 25 տարի վարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը` այսպիսով տիրանալով հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւոր ղեկավարի դափնեպսակին:
Այս մեծ անձնաւորութեան կեանքին ու տարած մեծ աշխատանքին կ’անդրադառնանք իր մահուան օրը` 21 դեկտեմբերի մեր էջերով:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է