Ազդակի Խմբագրական. Առանցքը` Արցախը

By Aztag Daily | Wednesday, 30 January 2019

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի կայացումը Արցախ, բացման հանդիսութեան փոխանցուած կուսակցութեան խօսքը, Արցախի Հանրապետութեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ Ընդհանուր ժողովին յղուած ուղերձները, ժողովի կազմին հանդիպումը Արցախի նախագահին հետ, ժողովի նախագահութեան կողմէ Արցախի նախագահին ուղղուած խօսքը, Ընդհանուր ժողովի կողմէ հրապարակուած Արցախի հարցին վերաբերող յայտարարութիւնը եւ Ընդհանուր ժողովի աւարտէն անմիջապէս ետք նորընտիր Բիւրոյի  ներկայացուցիչին գլխաւորութեամբ Բիւրոյի պատուիրակութեան Արցախի նախագահին հետ կայացած հանդիպումը ընդգծումներով կը փոխանցեն արցախեան հիմնախնդիրին ուղղութեամբ համայն Դաշնակցութեան կողմէ անտեղիտալի յանձնառութեան վերահաստատումը:

Արցախեան հիմնախնդիրին առանցքային նշանակութիւն տալը ո՛չ միայն Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական վարքագիծի հետեւողականութեան համոզիչ դրսեւորումն է, այլ նաեւ կը յուշէ, որ հիմնահարցը ստացած է աշխարհաքաղաքական օրակարգի հրատապութիւն:

Այս հանգամանքն է, որ մղած է Ընդհանուր ժողովը յատուկ Արցախի հարցին ուղղութեամբ յայտարարութեամբ հանդէս գալու: Յայտարարութեան բովանդակային կէտերը լուսարձակի տակ բերելով անհրաժեշտ է կատարել որոշ դիտարկումներ:

Կէտերը, գաղափարաքաղաքականօրէն փոխկապակցուած են եւ կը ներառեն ազատամարտի մեկնարկի ազգային փիլիսոփայութիւնը, բանակցային հոլովոյթի տարբեր փուլերու առաջ քշուած հանգուցալուծման ոչ հայանպաստ տարբերակներու վնասազերծումի միտումները, միջազգային հանրութեան ներկայանալու համար որոշ իրաւաչափութիւններ նկատի ունեցած ըլլալու փաստը, վերջին շրջանին միջնորդներու ցուցաբերած աշխուժութիւնը, Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը, Արցախի հզօրացման համար ընկերային-տնտեսական իրավիճակի բարելաւման անհրաժեշտութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխիք ըլլալու պարտաւորութիւնը:

Ըստ էութեան այս բոլորը վերաբանաձեւումն են Դաշնակցութեան` արցախեան հիմնախնդիրի հայեցակարգին, դիրքորոշումներուն եւ մինչ այժմ տարուող քաղաքական աշխատանքներու գերակայ ուղղութիւններուն:

Երբ կը խօսուի տարածքներու անզիջելիութեան մասին, կը յստակացուի, որ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած եւ Արցախ աշխարհ նկատուող այսօրուան փաստացի սահմաններուն մասին է արցախապատկան տարածքներ հասկացողութիւնը: Երբ Սահմանադրութիւնը արժանացած է Արցախի ժողովուրդին զանգուածային համաձայնութեան, այդ կը նշանակէ, որ անկախ ապրելու նման իր տարածքներուն ուղղութեամբ եւս ինքնորոշուած է Արցախը, որուն զինեալ ուժերը կը վերահսկեն այսօրուան փաստացի սահմանները:

Յաչս միջազգային ընտանիքին իբրեւ անկախ հանրապետութիւն ներկայացող Արցախը, որուն անվտանգութեան երաշխիքը է՛ ու պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անհրաժեշտ է, որ իրաւական հիմք տայ տարբեր ոլորտներու, այդ կարգին նաեւ ռազմական համագործակցութեան փաստացի իրողութիւններուն. առ այդ` անյետաձգելի հրամայական կը դառնայ Երեւան-Ստեփանակերտ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը: Տարիներէ ի վեր Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած այս դաշինքի ուղղութեամբ թէ՛ Երեւանը եւ թէ՛ Ստեփանակերտը տարբեր մակարդակներով եւ տարբեր առիթներու հրապարակաւ յայտնած են իրենց համաձայնութիւնը: Աշխարհաքաղաքական գործընթացները կը յուշեն իրականութիւն դարձնել առաջադրանքը:

Երեւանն ու Ստեփանակերտը ամէն առիթի յիշեցուցած են ու կը յիշեցնեն պաշտօնական Ստեփանակերտի վերադարձը` բանակցային սեղան: Եւրոպական շրջանակներու, Մինսքի խմբակի համանախագահներու, Մոսկուայէն եւ Ուաշինկթընէն հնչող ձայներու` տարածաշրջանային խնդիրներու քննարկումի շրջագիծին մէջ պատմական կաղապարներէ դուրս գալու, հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման համար արցախեան հակամարտութիւնը հանգուցալուծելու, «տարածք խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը առաջ քշելու, հասնելու համար ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու քաղաքական տեսք ստացած ցանկութեան, կը նախանշեն, որ հանդիպումային զրոյցներէն բովանդակային քննարկումի փուլ թեւակոխելու հանգրուանին կը գտնուի ըստ էութեան սառեցուած հակամարտութիւնը: Հետեւաբար, պէտք է նախապատրաստել նաեւ Ստեփանակերտի վերադարձը իբրեւ բանակցող կողմ: Այս քայլը նաեւ համահունչ կը դառնայ ամբողջ հակամարտութեան ներկայացման փիլիսոփայութեան: Ինքնորոշուած կողմն է, որ կը բանակցի իբրեւ իրողապէս անկախ հանրապետութիւն. Երեւանը կը բանակցի միայն բուն կողմին մասնակցութեան նախապայմանով, իբրեւ նոյն  այդ ինքնորոշուած հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորը:

Ասկէ մեկնած նաեւ յայտարարութեան վերջին կէտը կը վերաամրագրէ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր երաշխաւորի հանգամանքը, որ դարձեալ փոխկապակցելով յայտարարութեան նախորդ կէտին, յաչս միջազգային ընտանիքին պէտք է ունենայ իրաւական տեսք` կնքելով ռազմաքաղաքական դաշինք ինքնորոշուած հանրապետութեան հետ:

Աշխարհաքաղաքական գործընթացներէ եւ համազգային հանգամանքներէ մեկնած Դաշնակցութիւնը Արցախի մէջ համախմբուելով վերաբանաձեւեց իր դիրքորոշումը, բայց մանաւանդ վերահաստատեց  այդ դիրքորոշումին ուղղութեամբ աշխարհասփիւռ կառոյցները վերստին զօրաշարժի ենթարկելու իր յանձնառութիւնը:

comments

Advertisement