Բաց Նամակ Պատգամաւոր Նարինէ Թուխիկեանին Եւ Մայրենիի Պաշտպաններուն

By Asbarez | Saturday, 04 May 2019

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

 

Hagop Balian

Հարազատի յեղափոխութեան մը սպասումով…

Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Նարինէ Թուխիկեանի արեւմտահայերէնի տէր կանգնելու օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը զիս կը մղէ մտածելու ընդհանրապէս հայերէնի պաշտպանութեան մասին:

Նարինէ Թուխիկեան գիտէ, որ լեզուն կը պաշտպանուի, պետութիւններ կը պաշտպանեն իրենց ազգային լեզուն, ունին կաճառներ, կը հրատարակեն լեզուի ուսուցման համար պատշաճ դասագիրքեր, կը պատրաստեն ուսուցիչներ: Ինք, օրինակելի յանդգնութեամբ կ՛ըսէ, որ Հայաստանի պետութիւնը տէր պէտք է ըլլայ արեւմտահայերէնին, քանի որ ան կը գտնուի վտանգուած լեզուներու շարքին, այդ հունով ալ տիրութիւն ընելով այդ լեզուով ստեղծուած հարուստ գրականութեան:

Ազգային Ժողովի յարգելի պատգամաւորները իրենք իրենց եթէ քսանչորս ժամ արձակուրդ տան, եւ իրենց ձեռքին թուղթ-մատիտ առած, թոշակառու մամիկի եւ պապիկի պէս նստին հեռատեսիլի պատուհանին առջեւ, եւ բծախնդրութեամբ արձանագրեն յարգելի պատգամաւորներու, վարչապետի, նախարարներու քաղաքական գործիչներու խօսքին մէջ ներխուժած օտար բառերը, կ՛որոշեն քայլ պահել Նարինէ Թուխիկեանի հետ, կ՛ունենան օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, հայերէնի բառագանձը ազատագրելու համար գաղութացումէ, (եզրը լեզուաբան Հաժէժ գործածեց ֆրանսերէնի համար ընդդէմ ամերիկերէնի ներխուժման), որուն եզրայանգումը մեր հայրենիքին մէջ ապրելով հանդերձ՝ օտարումն է: Օտարում, այլասերում, թէեւ արդիականացած քաղաքական բարբառով կ՛ըսենք alienation:

Բայց քանի որ լեզուական մանրուքներով զբաղելու ժամանակ չունին յարգելի պատգամաւորները, վարչապետը, նախարարները եւ քաղաքական գործիչները, ես փորձեցի ըլլալ իրենց ականջը եւ գրիչը, արձանագրելով գէթ մէկ մասը այն բոլոր խորթ եւ անհարազատ բառերուն, որոնցմէ եթէ հրաժարին եւ հրաժարինք, ոչ Հայաստանի տնտեսութիւնը կը վնասէ, ոչ արտաքին յարաբերութիւնները կը խանգարուին, ոչ ալ մեր ցուցադրած եւ ցուցամոլիկ գաղափարները կ՛աղքատանան: Իւրաքանչիւր քաղաքացի նախ իր տան շեմը պէտք է մաքրէ, այս պարագային հայերէնի պաշտպանութեամբ, որպէս օրինակելիութիւն, պէտք է սկսի վերի յարկերէն:

Այս ընելու համար, Լեզուի Պետական Տեսչութիւնը պէտք է մնայուն կայք հաստատէ Ազգաին Ժողովին մէջ, եւ իւրաքանչիւր խորթ բառ արձանագրէ ժողովասրահի այն պաստառի կողքին ուր կ՛երեւին քուէարկութիւններու արդիւնքները: Կամ իւրաքանչիւր խորթ բառի համար հաստատուի տուգանք: Վստահ եմ, այդ տուգանքներու գումարներով բազմաթիւ բնակարաններ կարելի կ՛ըլլայ կառուցել եւ տալ աներդիքներու:

0504toukhikian

Կոորտինացման, էվոլուցիա, ֆաունտըր, էկոնոմիկա, տեխնոլոգիա, կոնստրուկտիֆ, այդ րէժիմով, մէսէճ, քատրեր, ֆինանսաւորում, կապիտալ ներդրումներ, ինտելլեկտուալ, սոցիալական աքտ, կրաֆիկ, մեխանիզմ, սպեցիֆիկ, երեխաների տրաֆիկ, ատմինիստրատիֆ, կոնսենսուս, ինտենսիվ եւ դեռ անխուսափելի պրոբլեմները, ակտիվութիւնները…

Թերեւս Ազգային ժողովը, ժողովուրդի լեզուի մաքրութեան նախանձախնդիր, կը նախաձեռնէ Ազգային ժողովի նիստերու ընթացքին գործածուած օտար բառերու դէմ պայքարի, նոյնիսկ եթէ անոնք մէկ դարու աւանդութեամբ տուն-տեղ եղած են: Նման վերաբերում օրինակ կ՛ըլլայ լրատուամիջոցներուն եւ ժողովուրդին: Ազգային Ժողովը ինչպէ՞ս կ՛ընդունի, որ փոխադրա-միջոցներու նախարարութիւնը կոչուի տրանսպըրտի նախարարութիւն:

Նարինէ Թուխիկեան հայերէնի պաշտպանութեան եւ զտման ազնիւ մտահոգութիւնը ինչո՞ւ պիտի չփոխադրէ քաղաքացիի առօրեային, հաղորդակցութեան եւ աշխատանքի մակարդակին, գործածուող բոլոր օտար բառերը աստիճանաբար հեռացնելով հայերէնէն: Ինչո՞ւ կանաչի վաճառողը անհարազատ պետրուշքան եւ մաղտանոսը պիտի գործածէ, երբ մենք հայերէն բառ ունինք, ազատքեղ, միթէ՞ ան տգեղ է օտար բառերուն բաղդատած, կամ եթէ հայերէն բառը գործածենք այդ համեմին հա՞մը կը փոխուի: Նոյն հունով՝ բադրիջանը, բիբարը, եւ բոլոր միւս օտար բառերը…

Պատգամաւոր Նարինէ Թուխիկեանի նախաձեռնութիւնը՝ արեւմտահայերէնին տիրութիւն ընելու՝ դրական ընթացք է: Բայց եթէ այդ տիրութիւնը պիտի ըլլայ զոյգ աշխարհաբարներու կողք կողքի ուսուցումով, ան պատճառ պիտի ըլլայ որ արեւմտահայերէնն ալ ողողուի օտար բառերով, այդ պիտի նշանակէ այդ լեզուի այլասերումը՝ սեփական երկրին մէջ, երբ արտասահմանի մէջ ցարդ ան կրցած է համեմատական մաքրութիւն պահել:

Քիչ մը քաջութեամբ քայլ մըն ալ դէպի առաջ ոստում ընելով, ինչո՞ւ Ազգային ժողովին չներկայացնել դասական ուղղագրութեան վերականգնումի առաջարկ, որպէսզի գրաբարը, արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը իրարմէ խորթացած չմնան: Դժուարութիւններ պիտի ըլլան, բայց եթէ նկատի ունենանք այն բոլոր առաւելութիւնները որոնք պիտի հետեւին նման բարեկարգումի, ապագայատես ղեկավարութիւնը պահիկ մը անգամ չի տատամսիր:

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը դրական վերաբերում է: Իսկ հայերէնի պաշտպանութիւնը իր հարազատութեամբ, մեր խօսքին եւ գիրին մէջ, ազգային հիմնարար քաղաքականութիւն է:

Եւ քանի որ կը խօսինք թաւշեայ յեղափոխութեան մասին, ինչո՞ւ չիրականացնենք հարազատի յեղափոխութիւն մը… Արգիլուած չեն ոչ երազը եւ ոչ յոյսը, անոնք լծակներն են յեղափոխութեան:

Ազգային Ժողովի յարգարժան պատգամաւորները գիտեն, թէ ինչպէս, մեր ճակատագրին հետ հանգունակութիւններ ունեցող ժողովուրդ մը իրականացուց իր լեզուական յանդուգն քաղաքականութիւնը…

Եւ կը յուսամ, որ Նարինէ Թուխիկեան կը տեսնէ այս տողերը, կամ զանոնք իր ուշադրութեան յանձնողներ կ՛ըլլան:

comments

Advertisement