Շուշին Մեր Դասագիրքը

By Asbarez | Saturday, 11 May 2019

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

garoarmenian

ՀՀ Հանրային հեռուստատեսութեան եթերը այսօր յատկացուած է մեր ազգային հպարտութեան փառապանծ վայրկեաններէն մէկուն՝ Շուշիի ազատագրութեան մեծ տօնին: Շուշիի ազատագրութիւնը այն օրն էր, երբ ազգը իր լաւագոյն որդիներով իջաւ մարտի դաշտ վերջնականօրէն քաշելու կարմիր գիծը մեր եւ մեր անցեալին միջեւ եւ աշխարհով մէկ ծանուցելու մեր ազգային լինելիութեան նոր դարաշրջանը:

Շուշին ոչ միայն ռազմավարական անհրաժեշտութիւն էր Արցախեան ազատամարտի ձեւաւորման մէջ, այլեւ ոգեկան հզօր մէկ ոստիւն մեր ժողովուրդին համար: Ան ոչ միայն մեր յաղթանակն էր ցեղասպան թշնամիին դէմ, այլեւ մեր յաղթանակը մեր իսկ վրայ: Ան մեր յաղթանակն էր ընդդէմ բոլոր մեր ձեռնթափութիւններուն, մեր դարաւոր վախերուն, պատանդ մարդու մեր յաւիտենական թուող գոյավիճակին: Ան յաղթանակն էր կայսրութիւններու միջեւ տուայտող Հայրենիքին, Սփիւռքին եւ այդ երկու ճնշիչ իրականութիւններուն դէմ տեւաբար ըմբոստացող մեր երիտասարդութեան: Այդպէս էին 1918ի անկախութեան մեր ճակատամարտերը՝ Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսան: Այդպէս էր Վանի հերոսամարտը: Այդպէս էին բոլոր մեր հերոսամարտերը՝ Մուսա լեռն ու Շապին Գարահիսարն ու Ուրֆան ու Հաճընն ու Այնթապն ու Մարաշը: Այդպէս էր Վարդանանց մեծ սխրագործութիւնը:

Հետեւաբար, պիտի ազգովին ընդունինք, որ նոր ժամանակներու մեր պատմութեան անցման պահն էր Շուշին: Այսօրուան մեր անկախ պետականութեան կրակի մկրտութի՛ւնը: Բայց մանաւանդ պիտի ընդունինք, որ Շուշին մեր դասագիրքն է ըլլալու այսօրուան եւ վաղուան համար: Շուշիի հրամանատարներն ու մարտիկները (անկախ իրենցմէ ամէն մէկուն քաղաքական դաւանանքէն այսօր) հիմը դրին մեր ազգային ազատագրական շարժման նոր դպրոցին: Անկաշկանդ մտածողութեան նոր ուխտի՛ն՝ որ կը պատգամէ, թէ չկայ բան, զոր մենք ազգովին չկարողանանք իրագործել: Այն ուխտին, որ կ՛ըսէ, թէ մենք՝ ինքնե՛րս ենք ճշդելու մեր անկախ պետականութեան անվտանգութեան սահմանագիծը: Մե՛նք ենք գրելու մեր օրինագիրքը: Մենք ենք դարբնելու մեր ճակատագիրը: Մենք ենք վճռելու մեր պատմութիւնը:

Մենք այս չափանիշը նուաճած ենք Շուշիի մեր ամրոցի պատերուն տակ եւ այդ նոյն չափանիշով պիտի գործէ մեր ազգային քաղաքականութիւնը ամէնուրեք, ներքին եւ արտաքին ճակատի վրայ եւ անկախ այն բանէն, թէ ո՞վ է մեր պետականութեան ղեկավար դիրքերուն վրայ այսօր, վաղը եւ ամէն օր: Մեր ազգը պիտի չնահանջէ այդ դիրքերէն: Արեամբ նուաճուած ազգային չափանիշները պիտի չխախտին: Մենք այլեւս Շուշի՛ն ենք եւ Շուշին մե՛նք ենք, մէկ ու անբաժանելի իրարմէ: Արիւնը արիւնէն և ոսկորը ոսկորէն: Շուշիի գաղափարախօսութիւնը հաստատուած է ցկեա՛նս:

Յաւե՜րժ յարգանք մեր ազատութեան մարտիկներուն:

 

Մայիս 9, 2019

Ուաշինկթըն

comments

Advertisement