Համահարթ Եկամտահարկը Գործատուներու Թիւի Աճին Եւ Արտածումներու Ծաւալին Վրայ Չնչին Ազդեցութիւն Կրնայ Ունենալ

By ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ - Asbarez | Saturday, 22 June 2019

0124arakhanjian

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ

 

Կարծես համախոհութիւն կայ, թէ Հայաստանի կառավարութեան առաջարկած համահարթ եկամտահարկը, որ չհարկուող շեմ չունի, անարդար է:

Այս յօդուածը կը կեդրոնանայ հարկերու համահարթեցումին ունենալիք ազդեցութեան՝ տնտեսական աճին, մրցունակութեան եւ արտածումներուն վրայ:

Եկամտահարկերու նուազեցումը ու համահարթեցումը անարդար ըլլալու կողքին, կարեւոր է նաեւ շեշտել, թէ անիկա գործատուներու աճին, մրցունակութեան ու արտածումներու ծաւալին վրայ չնչին ազդեցութիւն կրնայ ունենալ: Այլ խօսքով՝ ոչ միայն արդարութեան գետնի վրայ, այլ նաեւ տնտեսական աճի գետնի վրայ եւս խոցելի է առաջարկուած համահարթ եկամտահարկը:

Ա.- Եկամտահարկի նուազեցումը, բարձր աշխատավարձ ունեցող աշխատաւորին «մաքուր» եկամուտը կրնայ բարձրացնել եւ գործատուին ծախսերը պահել նոյնը:

Եկամտահարկերու նուազեցումը 23 տոկոսի, ապա 20 տոկոսի եւ համահարթեցումը, գործատուին ծախսերը միայն որոշ չափով կրնայ նուազեցնել, որովհետեւ բարձր աշխատավարձ ունեցող աշխատաւորներուն «մաքուր» եկամուտն ալ, հարկերը վճառելէ ետք, որոշ չափով կը բարձրանայ:

Աշխատանքի շուկային մէջ, ինչպէս որեւէ շուկայի մէջ, ապրանքին գինը, այս պարագային աշխատաւորին աշխատավարձը, հիմնուած է գործատուին կողմէ աշխատանքի պահանջարկին եւ աշխատաւորին կողմէ աշխատանքի առաջարկին վրայ: Կարգ մը ճիւղերու մէջ, ինչպէս՝ բարձր արհեստագիտութեանց մարզերու ոլորտը, Հայաստանի մէջ կայ մասնագէտներու պակաս, այսինքն կայ աւելի պահանջարկ քան՝ առաջարկ: Հետեւաբար, երբ եկամտահարկը նուազի, կարգ մը գործատուներ տրամադիր պիտի ըլլան աւելի բարձր մաքուր աշխատավարձ առաջարկելու, որպէսզի հրապուրեն մասնագէտ աշխատաւորները իրենց քով աշխատելու:

Հոս կարելի է մէջբերել Հայաստանի ֆինանսներու նախկին նախարար Վարդան Արամեանի ելոյթը 13 Յունիսին, եկամտահարկերու նուազեցումին եւ համահարթեցումին նիւթով, նիստին  ընթացքին Ազգային ժողովի տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովին, որուն նախագահն է Բաբկէն Թունեան: Պաշտպանելով, հարկերու նուազեցումը, Արամեան նշեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն փորձը, ուր որպէսզի ներգրաւեն բարձրակարգ կամ մասնագէտ աշխատողներ, եկամտահարկը իջեցուցած են զերոյի: Այլ խօսքով՝ նախկին նախարար Արամեան կ՛ըսէր, թէ երբ եկամտահարկը նուազեցուի, հարկերը վճարելէ ետք մնացած աշխատողներուն եկամուտը կը բարձրանայ: Իսկ երբ աշխատողին «մաքուր» եկամուտը կը բարձրանայ, կը նշանակէ թէ գործատուին ծախսերը կը մնան նոյնը կամ ալ քիչ մը կրնան պակսիլ: Ան նաեւ տուաւ անձնական օրինակ մը: Ան ըսաւ, թէ անցեալ տարուան Մայիսին, երբ դադրեցաւ նախարար ըլլալէ, իրեն աշխատանքի կարելիութիւն կար Վրաստանի մէջ, գրեթէ Հայաստանի մէջ իր ստացած վճարումով: Սակայն Վրաստանի մէջ եկամտահարկը աւելի նուազ ըլլալով՝ իր գրպանը 10 տոկոս աւելի եկամուտ պիտի մտնէր: Հետեւաբար, ան պիտի ուզէր փոխադրուիլ Վրաստան եւ աշխատիլ այնտեղ: Այսինքն, Արամեան հետեւցուց, թէ եկամտահարկի նուազեցումին եւ համահարթեցումի պարագային, պիզնեսի ծախսերը պիտի մնան նոյնը, սակայն աշխատաւորները աւելի «մաքուր» եկամուտ պիտի ստանան, հետեւաբար պիտի նախընտրեն մնալ Հայաստան, փոխանակ երթալու ուրիշ երկիր:

Բ.- Նոյնիսկ եթէ եկամտահարկը պակսեցնելու պատճառով գործատուի ծախսերը որոշ չափով նուազին, չի նշանակեր, թէ նոր գործատեղիներ պիտի բացուին եւ տնտեսութիւնը աճի:

Երբ գործատուին ծախսերը կը նուազին եւ շահոյթը կը բարձրանայ, չի նշանակեր, թէ այդ պիզնեսին տէրը, այդ յաւելեալ շահոյթով նոր գործատեղի պիտի բանայ: Կրնայ այդ յաւելեալ շահոյթով, իր մրցակից գործատուն գնել, որուն հետեւանքով երկրի արտադրութիւնը չի բարձրանար: Կրնայ յաւելեալ շահոյթը երկրէն դուրս հանել եւ ուրիշ երկրի մը մէջ ներդրում ընել: Կրնայ յաւելեալ շահոյթը խնայել ու իր հարստութիւնը բարձրացնել, եւ այլն: Այն գաղափարը՝ թէ գործատուները աւելի ապրանք պիտի արտադրեն, ստեղծելով յաւելեալ աշխատատեղեր եւ բարձրացնելով աշխատավարձերը, որովհետեւ պետական օրէնքները ու հարկերը կը բացակային, տնտեսագիտութեան մէջ կը կոչուի supply-side economics: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռիկըն 80ական թուականներուն սկիզբները գործադրեց այս գաղափարը, սակայն ձախողեցաւ եւ անոր խոստումները չիրականացան: Նախագահ Ճորճ Հ. Պուշ նախագահ Ռիկընի supply-side economics-ը կոչեց voodoo economics կամ կախարդի տնտեսութիւն: Այս տնտեսական գաղափարը կորսնցուց իր ժողովրդականութիւնը, երբ խոստումները չիրականացան եւ այսօր տնտեսագէտներուն մեծամասնութիւնը շատ կշիռ չի տար այս գաղափարին:

Գ.- Եկամտահարկի նուազեցումը ու համահարթեցումը էական չափով հայ գործատուին մրցունակութիւնը չի բարձրացներ:

Ըստ տնտեսագէտ Յովհաննէս Աւետիսեանի հաշուարկներուն՝ Հայաստանի աշխատաւորներուն եւ գործատուներուն արտադրողականութիւնը (productivity-ն), բաղդատած մրցակից երկիրներուն՝ այնքան ցած է, որ եկամտահարկի նուազեցումը եւ համահարթեցումը էական չափով հայ գործատուին մրցունակութիւնը չի բարձրացներ, հետեւաբար, եկամտահարկի պակսեցումը արտածումին վրայ շատ քիչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ:

Այս կը նշանակէ, թէ եկամտահարկի նուազեցումին եւ համահարթեցումին պաշտպաններուն սխալ տպաւորութիւն ստեղծելը, թէ կառավարութիւնը քայլեր կ՛առնէ, որպէսզի գործատուներուն մրցունակութիւնը բարձրացնէ, վտանգաւոր է, որովհետեւ կառավարութեան վրայէն կը պակսի այդ ուղղութեամբ իրապէս կամ իսկական քայլեր առնելու բեռը:

Հետեւաբար, փոխանակ եկամտահարկը նուազեցնելու եւ պետութեան եկամուտը պակսեցնելու բազմաթիւ միլիառ դրամով, եթէ պահենք ներկայ փրոկրեսիւ (փառաջդիմական) եկամտահարկը եւ պետութիւնը ունենայ յաւելեալ եկամտահարկերու մուտք ու գործածէ, օրինակ՝ կրթութեան, առողջապահութեան կամ երկրի ենթակառոյցներուն վրայ, կ՛ունենանք առաւել կրթութիւն ունեցող եւ աւելի առողջ աշխատաւորներ ու աւելի լաւ ճամբաներ եւ ենթակառոյց, որոնց պատճառով երկրին արտադրողականութիւնը կը բարձրանայ, որուն պատճառով մեր գործատուները կարելիութիւնը կ՛ունենան ըլլալու աւելի մրցունակ՝ բաղդատած մրցակից երկիրներուն, ու կարելիութիւնը կը բարձրանայ արտածումներու ծաւալը աւելցնելու:

Դ. Եզրակացութիւն. վերեւը նշուած կէտերուն արդիւնքը այն է, թէ եկամտահարկի համահարթեցումը գործատուներուն ծախսերուն վրայ կրնայ շատ մեծ ազդեցութիւն չունենալ: Եթէ նոյնիսկ որոշ չափով գործատուին ծախսերը նուազին ու շահոյթը որոշ չափով բարձրանայ, այդ որոշ չափով աւելցած շահոյթին որոշ մասով միայն գործատուները ներդրում կ՛ընեն եւ բիզնեսը կ՛ընդլայնեն: Եթէ նոյնիսկ գործատուն որոշ չափով աւելցած շահին որոշ մասով ներդրում ընէ եւ նոր գործատեղի ստեղծէ, անոր մրցունակութիւնը շատ չի փոխուիր, որովհետեւ Հայաստանի գործատուներուն արտադրողականութիւնը էականօրէն ցած ՝է բաղդատած մրցակից երկիրներու հետ: Հետեւաբար, փոխանակ եկամտահարկերը նուազեցնելու եւ համահարթեցնելու, եթէ որոշ բարելաւումներով պահենք ներկայի փրոկրեսիւ եկամտահարկը եւ պետութեան խնայած եկամտահարկերով բարելաւենք կրթութեան, առողջապահութեան մարզերը եւ ենթակառոյցները, երկրի արտարողականութեան, մրցակցութեան ու արտածումի մակարդակները կը բարձրանան:

Մէկ խօսքով՝ եկամտահարկերու նուազեցումը եւ համահարթեցումը, տնտեսական աճին ու մանաւանդ մրցակցութեան մակարդակին եւ արտածումներուն վրայ շատ սահմանափակ ազդեցութիւն կրնան ունենալ:

comments

Advertisement