Դամբանական. Ընկեր Դանիէլ Մելոյեանի

By Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Սարդարապատ Կոմիտէ | Monday, 08 July 2019



Դամբանական` Ընկեր Դանիէլ Մելոյեանի


Սիրելի՛ սգակիր ընկերներ եւ բարեկամներ,

Պատիւը ունիմ այսօր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան անունով, վերջին հրաժեշտի խօսքը տալու մեր շատ սիրելի, ազնիւ ու համեստ ընկերոջ՝ հանգուցեալ ընկեր Դանիէլ Մելոյեանի մահուան տխուր առթիւ:

Բիւր յարգանքով կը խոնարհիմ, ընկեր Դանիէլի նման կուսակցական ընկերոջ մը շիրիմին առջեւ:

Ընկ. Դանիէլ Մելոյեան, ծնած է՝ 15 Նոյեմբեր 1938-ին, Սուրիոյ Արաբբունար գիւղաքաղաքին մէջ։ Հայրը՝ Կարապետ եւ Մայրը՝ Ովսաննա։ Հասակ առած է բազմանդամ եւ աւանդական հայ ընտանիքի մը մէջ։ Եղբայրները՝ Մկրտիչ, Երեմ, Աւետիս եւ Համբարձում իսկ քոյրերը՝ Նուարդ եւ Հռիփսիմէ։ Մանկութենէն ունեցած է արկածախնդիր եւ համարձակ բնաւորութիւն։ Յաճախած է իր ծննդավայրի Եփրատ Ազգային վարժարանը, ուր եղած է փայլուն աշակերտ։ Ան յատուկ սէր ունեցած է հանդէպ իր մայրենի լեզուին ու հայերէն գիրքը եղած է իր սրտին ամէնամօտիկ առարկան, սէր մը, որը յետագային փոխանցուած է իր զաւակներուն, իր տան հարուստ ու ճոխ գրադարանին միջոցաւ։

Հակառակ իր ունեցած բուռն սիրոյն հանդէպ ուսման, կեանքի եւ ապրուստի դժուար  պայմաններով ան նետուած է աշխատանքի ասպարէզ։ Իր փոքր տարիքէն ունեցած է ծանր պատասխանատուութիւններով բեռնաւորուած կեանք մը, միշտ պայքարելով ամենադժուարին կացութիւններուն մէջ յանուն իր ընտանիքի բարօրութեան։ Իր ընկերասէր խառնուածքը պատճառ կը հանդիսանայ որ ան շրջապատուած ըլլայ զինք սիրող եւ յարգող ընկերային շրջանակով։

1962-ին, ան իր կեանքի սրբազան երդումը կատարած է մուտք գործելու Սուրիոյ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերէն ներս, հերթապահ Յակոբ Տողրամաճեանի օրով։ 2001 թուականին ան միացած է Աւստրալիոյ ՀՅԴ-ի շարքերուն մինչեւ իր կեանքի վերջին վայրկեանը հաւատարիմ մնալով իր պաշտած կուսացութեան։ Երկու տարիներ առաջ, ընկեր Դանիէլը բախտը ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ ԿԿոմիտէէն ստանալու իր 50 տարուայ կուսակցական ծառայութեան շքանշանը:

Իր երիտասարդական ամենախանդավառ տարիներուն, 1965-ին բախտը կ’ունենայ հանդիպելու իր կեանքի ընկեոջ եւ ապագայ կողակիցին` Սոնա Շէկոյեանին, որուն հետ  1967-ին միասնաբար կը կազմեն սիրով ու համերաշխութեամբ լեցուն հայկական տաքուկ բոյն մը, որուն միասնականութիւնը շուտով կ’ամբողջանայ չորս զաւակներով` Մարալ, Մարօշ, Նորա եւ Կարպիս։ Ընկ. Դանիէլը իր զաւակներուն սրտերուն մէջ միշտ սերմանեց  ուսման եւ լաւագոյնին ու բարձրագոյնին ձգտելու մարմաջը եւ անոնց յարատեւ մղեց իրականացնելու իր կիսաւարտ երազները։ Ան Իր զաւակներու Հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւնը առաջնահերթ պարտականութիւն համարեց եւ ոչինչ խնայեց իրագործելու այդ մէկը։

1994 թուականին, իր զաւակներուն Մարալին եւ Նորային վերամիանալով հաստատուեցաւ  Աւստրալիա եւ այս անգամ կեանքի նոր ու տարբեր ճանապարհ մը որոնելով վերստին միացուց իր ընտանիքի բաժանուած մասնիկները։ Դանիէլ Մելոյեանի կեանքի ամենամեծ հարստութիւնն ու ուրախութիւնը եղան իր եօթը թոռները՝ Ասպետը, Մեղեդին, Արմանը, Նժդեհը, Փաթիլը, Տանիէլը եւ Ալեքսը, որոնք համակ սիրով ու յարգանքով լեցուցին եւ հարստացուցին դանիէլի կեանքի օրերը։ Ան իր խրատներով եւ պատգամներով միշտ շեշտեց իր թոռներուն ընտանեկան սրբութեան եւ բարոյական արժէքներու կարեւորութիւնը իրենց կեանքէն ներս։

Ընկ. Դանիէլ ոչ միայն եղաւ օրինակելի ու անձնուէր հայր եւ մեծ հայր այլ նաեւ ան եղած է տիպար եւ գուրգուրոտ ամուսին մը իր կնոջ Սոնային, որուն հանդէպ ունեցաւ անսահման սէր մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը։ Փոխադարձաբար ան վայելեց իր կնոջ անխնայ եւ ամբողջական հոգատարութիւնը իր կեանքի ընթացքին ի մասնաւորի վերջին տարիներուն երբ հիւանդութիւնը ամբողջովին իշխած էր իր վրայ։

Բարութիւնը, համեստութիւնը եւ երախտապարտութիւնը  հանդէպ իր ընտանիքին եւ շրջապատին Դանիէլի նկարագրին ամենայատկանշական գիծերն են, որոնք դիւրաւ տեսանելի դարձած են բոլոր անոնց որոնք ճանչցած են զինք։ Իր կատակասէր եւ զուարճախօս բնաւորութիւնը, դէմքէն անբաժան մշտական լայն ժպիտը զինք դարձուցած են բոլորին հաճելի ու սիրելի ընկերակիցը։

Դժբախտաբար երկարատեւ հիւանդութիւնը հալածեց զինք մինչեւ Կիրակի 30 Յունիս 2019, երբ ան ինչպէս միշտ ցանկացած էր, իր վերջին չունչը փչեց շրջապատուած իր սիրելիներով եւ աչքերը իր կնոջ, զաւակներուն ու թոռներուն վրայ սեւեռած հրաժեշտ տուաւ այս կեանքին, ետին ձգելով անմոռանալի եւ քաղցր յուշերու գունագեղ ծաղկեփունջ մը, ու հարազատներու սրտերուն մէջ իր բաժանման դառն ու խոր կսիծը։

Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» կոմիտէութեան մեծ ընտանիքին անունով, կու գանք մեր վշտակցութիւնը յայտնելու ընկ. Դանիէլ Մելոյեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր ընկերներուն, աղօթելով բարձրեալին, որ լոյսերու մէջ պահէ հանգուցեալի հոգին:

Ոյժ եւ համբերութիւն իր տիկնոջ, զաւակներուն եւ թոռներուն յաղթայարելու այս վիշտը:

Այս օտար հողը թեթեւ գա վրադ, սիրելի՛ ընկ. Դանիէլ:


Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Սարդարապատ Կոմիտէ

comments

Advertisement