Արցախեան Պատուիրակութեան Այցը Աւստրալիա Չափազանց Կարեւոր Քաղաքական Իրադարձութիւն է

By Yerkir.AM | Saturday, 03 August 2019



Արցախեան պատուիրակութեան այցը Աւստրալիա չափազանց կարեւոր քաղաքական իրադարձութիւն է, Արցախի՝ ընդհանրապէս ճանաչելիութեան, նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման առաջադրանքի փուլային իրականացման ռազմավարական խնդրի առումով. Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Շահան Գանտահարեանը, պատասխանելով՝ «ի՞նչ կարեւորութիւն ունի Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ՝ Արտաքին Գործոց նախարարի մակարդակով Արցախեան պատուիրակութեան այցը Աւստրալիա, որը տեղի կ’ունենայ Ֆրանսայի մէջ Արցախեան եւ Ֆրանսական քոյր քաղաքներու միջեւ կնքուած պայմանագրերուն՝ դատարաններու կողմէ չեղարկման հեռանկարին առընթեր» հարցումին:

«Պարզ է, որ ինչպէս քաղաքային, այնպէս ալ նահանգային մակարդակներու վրայ Արցախի հետ հորիզոնական, ուղղակի յարաբերութիւնները իրաւական դարձնելու վարքագիծ է, եւ այս այցը այդ առումով շատ նշանակելի իրադարձութիւն է:  Պաքուն խոր անհանգստութիւն կ’ապրի՝ ի տես այս վարքագծին, եւ կը փորձէ հակակշիռ գործողութիւններ իրականացնել: Ֆրանսական քոյր քաղաքներուն հետ պայմանագրերու չեղարկումները կարելի է ընկալել այս տրամբանութեամբ, բայց այդ չի նշանակեր, որ հարցը հոն աւարտած է. Այդ վճիռները արդէն կը բողոքարկուին եւ մարդու իրաւունքներու ու եւրոպական հասկացողութիւններու հետ համահունչ այլ իրաւական հիմնաւորումներով աշխատանք կը տարուի պայմանգրերը անվավերացնելու ուղղութեամբ»,- ըսաւ Գանտահարեան:

Ըստ Գանտահարեանի՝ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար-Հայ Դատի յանձնախումբեր համատեղ կազմուածքը լիարժէք կը գործեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Արցախի ճանաչման գործընթացի անխափան երթը շարունակելու համար:

«Ես կ’ըսեմ, որ շատ մեծ հիմնական նշանակութիւն ունի Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցածը: Այս մէկը կը կատարուի ոչ միայն Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցած Հարաւային Ուէլզի մակարդակով, այլ դաշնակցային: Արցախեան պատուիրակութիւնը ընդունած են, Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ ծերակուտականներ, պատգամաւորներ, որոնց շարքին՝ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան ութ մշտական յանձնաժողովներու նախագահներ եւ նախարարներ: Այս աննախադէպ տարողութիւն է դէպի իրաւական ճանաչում տանող ճամբու հարթման տեսակէտէն»,- նշեց ան:

Անդրադառնալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախի ականապատուած տարածքներու ականազերծման համար տրամադրուող ֆինանսական աջակցութեան կրճատման՝ Գանտահարեան նշեց, թէ անկախ նիւթական խնդրէն, հարկ է նշել, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները միակ պետութիւնն է, որ ուղղակիօրէն պաշտօնապէս Ստեփանակերտին ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ:

«Այս Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւններու ճանաչման համազօր իրականութիւն է, որ իր հերթին կ’ենթադրէ նաեւ ժողովուրդի կամաարտայայտութեան փաստի իրաւական ընդունում: Իսկ այդ կամաարտայայտութիւնը ինքնորոշում է, կամ Հանրապետութեան հռչակում եւս: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը կը կատարուի հետեւողականօրէն, կանոնաւոր կերպով եւ նիւթական առումով կ’ենթարկուի վերիվայրումներու: Շատ պարզամիտ պէտք է ըլլալ՝ ենթադրելու համար, թէ Պաքուն անտարբեր է այս իրողութեան նկատմամբ: Փաստն այն է, որ հետեւողական բողոքները տեղ չեն հասնիր եւ Ուաշինկթընը կը շարունակէ ֆինանսական օժանդակութիւն տրամադրել ուղղակի օրէն Արցախին: Տուեալ քաղաքական պահուն սակայն, Պաքուի նկատմամբ կիրառկուող Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան ելեւէջները կարող են ազդել գումարի ծաւալին, բայց ոչ Ստեփանակերտին ֆինանսաւորելու որոշման վրայ, որը Ուաշինքթըն-Ստեփանակերտ հորիզոնական կապի աննախադէպ, բայց հետեւողական երեույթ է: Այստեղ, ի հարկ է, Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան ուղղութեան առընթեր պէտք է անպայման նշել Հայ Դատի գործոնի, մասնագիտական աշխատանքի արդիւնքը»,- ըսաւ «Ազդակի» գլխաւոր խմբագիրը:

comments

Advertisement