Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Խօսքը Ամուլսարի Մասին

By Asbarez | Tuesday, 17 September 2019

Կարօ Արմենեան

Կարօ Արմենեան

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կարդա՛լ Դաշնակցութեան փորձագիտական յանձնաժողովի եզրակացութիւնը («Ամուլսարի Հանքավայրը Չի Կարող Օգտագործուել, Երբ Կան Անկառավարելի Ռիսկեր»)  Ամուլսարի ոսկեհանքի շահագործման բնապահպանական վտանգներուն եւ անոնց կառավարելիութեան խնդիրներուն մասին:

Թէեւ զեկոյցը կը վերաբերի բացառապէս Ամուլսարի ծրագիրին, պէտք է շեշտենք, որ այս խնդիրով զարգացող բանավէճը չի կրնար անտեսել ընդհանրապէս հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի համապատասխան բացերը Հայաստանի մէջ: Մեծ բացթողումներ եւ տասնամեակներու տեւողութեամբ կուտակուած ու յետաձգուած մեղքեր գոյութիւն ունին այս մարզին մէջ: Ի վերջոյ կառավարութեան եւ հանրութեան սեղանին վրայ պիտի դրուի ա՛յս մեծ հարցը: Կարելի չէ Ամուլսարով ամուր փակել ապականութեան »դուռ«ը եւ միւս կողմէ ապիկարօրէն լայն բանալ «պատուհան»ները թոյլ տալով, որ հանքերու արդիւնաբերութեան աւանդական տէրերը շարունակեն թունաւորել մեր բնաշխարհը:

Փորձագետինը հետեւեալն է: Մենք՝ որպէս հանրութիւն պէտք է այժմէն դիտենք եւ տեսնենք, որ միւս հանքատէրերը սարսափահար վիճակի մատնուած են Ամուլսարի քննարկումներով… Յուսամ մատնանշումս յստակ է: Եթէ միւս հանքատէրերը կը շարունակեն ապրիլ իրենց յանցաւոր երանութեան մէջ (ընդհանրապէս »ուղղորդել«ով կացութիւնը Ամուլսարը քաւութեան նոխազի դիրքերուն վրայ պահելու), կը նշանակէ, թէ այս ամբողջ բանավէճը կը ծառայէ միայն ու միայն հանրութիւնը խաբելու…

Այս իսկ պատճառով, կենսական է, որ Հայաստանի հանրութիւնն ու Սփիւռքը մօտէն առընչուին Դաշնակցութեան տուած հեռատես գնահատականներուն: Կացութիւնը կրնայ խաբող ըլլալ իր հաստատուած անցեալով, բայց ան չի դադրիր ճգնաժամային ըլլալէ: Հայաստանը կրնայ սիրուն եւ ներշնչող ըլլալ հայրենակարօտ մեր ժողովուրդին համար, բայց ան կրնայ շուտով վերածուիլ հանքարդիւնաբերական աղէտի գօտիի, եթէ այժմէն խորքային քննարկման չենթարկուի ամբողջութիւնը հանքարդիւնաբերական դաշտին: Այս գործին ներդրողները – օտարազգի կամ հայ – հոս են ոսկիին համար միայն եւ ոչ՝ մեր երկրի բնութեան ու մեր ժողովուրդի առողջապահութեան: Մենք ենք տէրը մեր երկրին եւ մեր հաւաքական ճակատագիրին: Մենք ենք, որ տիրութիւն պիտի ընենք մեր մէկ ու միակ այգիին:

comments

Advertisement