Ամփոփում, Լուսանկարներ, Տեսանիւթեր. Աւստրալիական Պատուիրակութեան Պատմական Այցելութիւնը Դէպի Հայաստան եւ Արցախ

By armenia.com.au | Thursday, 07 November 2019



20-27 Սեպտեմբեր 2019-ին, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնորդութեամբ, դաշնակցային ղեկավարութեամբ առաջին Աւստրալիական պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստան եւ Արցախ, ականատես եղաւ հայրենիքի գեղեցկութեան, ուսումնասիրեց անոր ներուժը եւ մասնակցեցաւ քաղաքական կարեւոր հանդիպումներու, որոնք նպաստեցին Աւստրալիա-Հայաստան փոխ յարաբերութիւններու զարգացման:

Ստորեւ ամփոփ ձեւով կը ներկայացնենք, Աւստրալիական պատուիրակութեան Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան շուրջ, կարգ մը  լրատուամիջոցներու հրապարակումները:


Ճոն Ալեքսանտր դարձաւ Արցախ այցելող Աւստրալիոյ դաշնակցային խորհրադարանի առաջին անդամը



Ստեփանակերտ. Պրն. Ճոն Ալեքսանտր դարձաւ Արցախի Հանրապետութիւն այցելող Աւստրալիոյ առաջին դաշնակցային խորհրդարանականը, Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանի անդամ՝ Հյու Մաքդերմոտի եւ Հայաստան այցելող Աւստրալիական առաջին դաշնակցային պատուիրակութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ, յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Պրն. Ալեքսանտր եւ Դոկտ. Մակդերմոտ, որոնք մաս կը կազմեն Արցախի Աւստրալիացի բարեկաներ ցանցի ստորագրեալներուն, անտեսեցին Արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարարութիւններու անտեղեակ նախզգուշացումները անցնելու սահման եւ տեսնելու Արցախը ինչպէս որ է:

«Մենք կ’ողջունենք պրն. Ալեքսանտրի եւ դոկտ. Մակդերմոտի ցուցաբերած քաջութիւնն ու համոզուածութիւնը անտեսելու համար բոլոր գրաւոր անտեղեակ նախզգուշացումները դիւանապաշտներու կողմէ, որոնք բնաւ այցելած չեն Արցախ, ինչպէս նաեւ վկայելու համար, թէ Արցախը զարգացած եւ ժողովրդավար երկիր է, միշտ կը ձգտի խաղաղութեան, որուն արգելք կը հանդիսանայ անոր բռնակալ դրացին՝ Ազրպէյճանը, որ հետաքրքրուած է պատերազմի մեղադրանքով եւ կաշառակերութեամբ», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:

«Պրն. Ալեքսանտր եղաւ Արցախ այցելող Աւստրալիոյ առաջին դաշնակցային խորհրդարանականը: Այս այցելութիւնը կարելի է համարել պատուիրակութեան ամենակարեւոր նուաճումներէն մէկը»:

«Պրն. Ալեքսանտրի եւ դոկտ. Մակդերմոտի այցը, որոնք միացան Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վեց այլ խորհրդարանականներու, որոնց շարքին նաեւ կը գտնուի ներկայ նահանգապետ՝ Գլատիս Պէրէճիքլեան, կու գայ ամրապնդելու իրենց աջակցութիւնը բնիկ Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքին հանդէպ, եւ աւելի օրինականացնելու Արցախի Հանրապետութիւնը, որ ընտրուած է գերակշռող իր ժողովուրդին կողմէ», աւելցուց Գայսէրեան:

Իրենց այցելութեան ընթացքին, խորհրդարանականները հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Պրն. Աշոտ Ղուլեանին եւ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Պրն. Մասիս Մայիլեանին հետ: Անոնք հանդիպում ունեցան նաեւ նորաստեղծ Աւստրալիա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակին հետ, որուն ղեկավարն է՝ Արցախի Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Պրն. Դաւիթ Իշխանեան:

Դոկտ. Մակդերմոտ այցելեց նաեւ զինուորական կեդրոն մը, յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց հայրենի հողին սահմանները պաշտպանող զինուորներուն, որոնք կը ձգտին տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը պահելու, յարգելով Արցախի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն կողմէ ստորագրուած 1994-ի զինադադարի պայմանագիրը, որ յաճախ կը խախտուի Ազրպէյճանի կողմէ:

Օգոստոսին հիմնուած Արցախի Աւստրալիացի բարեկամներ ցանցին նման, Արցախ-Աւստրալիա բարեկամական շրջանակը բաղկացած է՝ խորհրդարանի անդամներէ, կառավարական նախարարներէ եւ այլ նշանաւոր Արցախահայերէ, որոնց շարքին են, Արցախի պետական համալսարանի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան «Սօսէ» մանկապարտեզի տնօրէններ, հոգեւորականներ եւ այլ ներկայացուցիչներ:

Աւելի կանուխ, պատուիրկութեան Հայաստան գտնուած ժամանակամիջոցին, Կիւմրիի մէջ, Դոկտ. Մակդերմոտ եւ Պրն. Թիմ Ուիլսոն հանդիպեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Պրն. Բակօ Սահակեանին հետ:


Դաշնակցային ղեկավարութեամբ, Հայաստան այցելող առաջին Աւստրալիական պատուիրակութիւնը պատմական այցելութիւն կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր



Երեւան. Կիրակի,  22 Սեպտեմբեր 2019-ին,  Աւստրալիական դաշնակցային խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը այցելեց Երեւանի մէջ գտնուող Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրն ու թանգարանը, յարգելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 Միլիոն նահատակներու յիշատակը, յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Աւստրալիա-Հայաստան միջ խորհրդարանական միութեան (Բարեկամութեան խումբ), Հայաստան այցելող՝ քսան անդամներէ բաղկացած Աւստրալիական առաջին դաշնակցային խորհրդարանական պատուիրակութեան մաս կազմեցին, երեք դաշնակցային եւ մէկ նահանգային խորհրդարանականներ, ինչպէս նաեւ հինգ Հայ-Աւստրալիացի գործարարներ:

Յուշահամալիր այցելող քսան հոգինոց կազմին մէջ էին, Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամներ՝ Թրենտ Զիմերման, Թիմ Ուիլսոն, Ճոն Ալեքսանտր, ինչպէս նաեւ երկրի ամենամեծ նահանգ՝ Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանի անդամ՝ Հյու Մակդերմոտ, որոնք այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը, ծաղկեպսակ զետեղէցին յաւերժական կրակին մօտ, շրջեցան թանգարանին մէջ եւ ստորագրեցին այցելուներու տետրակը:



Անոնք, պատուիրակութեան անունով տնկեցին յիշատակի ծառ մը, արտասահմանէն այցելող բարձրաստիճան այլ այցելուներու տնկած ծառերուն կողքին:

Վերոյիշեալ չորս խորհրդարանականները, զօրավիգ եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին, յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:

«Այս այցելութիւնը դիւրայոյզ փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ Պրն. Զիմերմանի, Ուիլսոնի, Ալեքսանտրի եւ Մակդերմոտի համար, որոնք երկար տարիներ Աւստրալիոյ քաղաքականութեան տարբեր մակարդակներուն վրայ այս խնդիրը զարգացնելու առաջատարներէն եղած են», ըսաւ Գայսէրեան:

«Աւստրալահայ համայնքը շատ բախտաւոր է այսպիսի վաստակաւոր անդամներու բարեկամութեամբ: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները պէտք է յանձնուին միջազգային ուշադրութեան»:

2018-ի Յունիսին, Աւստրալիա-Հայաստան միջ խորհրդարանական միութեան (Բարեկամութեան խումբ) նախագահ՝ Թրենտ Զիմերման ներկայացուց խորհրդրանական բանաձեւ մը, ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն օգնելու Աւստրալիոյ առաջին միջազգային մարդասիրական առաքելութիւնը: Այս բանաձեւը, որ «Ցեղասպանութիւն» հասկացողութիւնը գործածող Աւստրալիոյ դաշնակցային խորհրդրանական առաջին բանաձեւն էր, երկրորդուեցաւ Պրն. Ալեքսանտրի կողմէ եւ քննարկուեցաւ առանց տարաձայնութիւններու:

Ալեքսանտր՝ Աւստրալիոյ ամենահայաշատ դաշնակցային ընտրազանգուածի՝ Bennelong-ի անդամ է: Նախապէս եղած է Թէնիսի ախոյեան գրաւեով աշխարհի ութերորդ դիրքը:

2018-ի Դեկտեմբերին, Հայկական ծագումով Աւստրալիոյ միակ դաշնակցային խորհրդարանականը՝ Թիմ Ուիլսոն ներկայացուց բանաձեւ մը, ընդունելով ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ոճրագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի պայմանադրութեան 70 ամեակը: Բանաձեւը ճանչցաւ, թէ թուրքերու կողմէ Հայ ժողովուրդի հանդէպ գործադրուած ջարդերն ու կոտորածները իմանալէ ետք, Ռաֆայէլ Լեմքին սահմանեց ցեղասպանութեան հասկացողութիւնը եւ ծրագրեց պայմանադրութիւնը:

Այս երկու բանաձեւերով, Պրն. Զիմերման, Պրն. Ալեքսանտր եւ Պրն. Ուիլսոն առիթը օգտագործեցին կոչ ուղղելու Աւստրալիոյ կառավարութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Պատուիրակութիւնը ղեկավարող չորս խորհրդարանականները նոյնպէս ցոյց տուած են Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքները ներկայացնելու իրենց նուիրուածութիւնը:

2019-ի Յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Պրն. Մասիս Մայիլեանի ղեկավարած Աւստրալիա այցելող Արցախեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան այցելութեան ընթացքին մեկնարկուեցաւ Արցախի Աւստրալիացի բարեկամներ նախաձեռնութիւնը: Արցախի Աւստրալիացի բարեկամներ խմբակցութիւնը նշանաւոր Աւստրալիացինրու ցանց մըն է, որուն գլխաւոր նպատակներն են՝ նեցուկ կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին եւ կոչ ուղղել Աւստրալիոյ կառավարութեան ճանչնալ Արցախահայութեան անկախութիւնը: Հայաստան այցելող պատուիրակութիւնը ղեկավարող չորս խորհրդարանականները մաս կը կազմեն Արցախի Աւստրալիացի բարեկամներու 47 անդամներէ բաղկացած խմբակի ստորագրեալներուն:


Հայաստան այցելող Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը կը նշէ Հայաստանի անկախութեան տօնը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ՝ Արմէն Սարգիսեանի հետ



Կիւմրի. Աւստրալիոյ ներկայացուցիչներու պալատի տնտեսագիտութեան յանձնաժողովի նախագահ՝ Թիմ Ուիլսոն եւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ դոկտ. Հյու Մակդերմոտ, Կիւմրիի մէջ ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ՝ Արմէն Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած՝ Հայաստանի Անկախութեան 28 ամեակի տօնակատարութիւններուն:

Կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Աւստրալիա-Հայաստան միջ խորհրդարանական միութեան (Բարեկամութեան խումբ), Հայաստան այցելող պատուիրակութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով, այցելեց Հայաստանի երկրորդ ամենամեծ քաղաքը՝ կիւմրի, մասնակցելու Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութիւններուն:



Պաշտօնական յայտագրէն ետք, որ կ’ընդգրկէր նաեւ վարչապետ Փաշինեանի ուղերձը, պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ ընդունելութեան, ուր պատուիրակութեան անդամները առիթ ունեցան զրուցելու ազգի քաղաքական ղեկավարներուն հետ:

«Վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Սարգիսեան սիրով ընդունեցան պատուիրակութեան կանուխ ժամանող անդամներ՝ պրն. Ուիլսոնին եւ դոկտ. Մակդերմոտին, որոնք իրենց կարգին խոստացան ընել կարելին երկու երկիրներու կապերու ամրապնդման համար», յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ  Գայսէրեան:



Պատուիրակութիւնը կենաց կիսեց նախագահ Սարգիսեանին եւ վարչապետ Փաշինեանին հետ եւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ մէջ կապերու ամրապնդման կարեւորութեան:

Նախագահին եւ Վարչապետին կողքին, պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ նաեւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնակատրներու հետ:


Հայաստան այցելող Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը կը հանդիպի Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Բակօ Սահակեանին հետ



Կիւմրի. Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Պրն. Բակօ Սահակեան Կիւմրիի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Աւստրալիոյ ներկայացուցիչներու պալատի տնտեսագիտութեան յանձնաժողովի նախագահ՝ Թիմ Ուիլսոնի եւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ դոկտ. Հյու Մակդերմոտի հետ:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումին կազմակերպութեամբ, դաշնակցային ղեկավարութեամբ Հայաստան այցելող առաջին Աւստրալիական պատուիրակութեան նադմաները սիրով ընդունուեցան նախագահ Սահակեանին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Պրն. Մասիս Մայիլեանին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Պրն. Դաւիթ Իշխանեանին եւ Նախագահի խօսնակ՝ Պրն. Դաւիթ Բաբայեանին կողմէ:

Զրուցելով Պրն. Ուիլսոնի եւ դոկտ. Մակդերմոտի հետ, նախագահ Սարգիսեան վերահաստատեց Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքներու ճանաչման կարեւորութիւնը Եւ Արցախի անվտանգութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը, Ազրպէյճանի սպառնալիքէն, որ վտանգի կ’ենթարկէ Արցախահայութեան գոյութիւնը:



Նախագահ Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան, Արցախի Աւստրալիացի բարեկամներ ցանցին համար, որուն ստորագրեալներէն են՝ Պրն. Ուիլսոն եւ Դոկտ. Մակդերմոտ, ինչպէս նաեւ բոլոր այն ջանքերուն համար որոնք տարուած են դաշնակցային եւ պետական խորհրդարաններու սահմաններէն ներս թէ դուրս, Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման առնչութեամբ:

Արցախի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Պրն. Մասիս Մայիլեան անգամ մը եւս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Աւստրալիոյ խորհրդարանականներուն, 2019-ի Յուլիսին իր գլխաւորած պատուիրակութեան ջերմ ընդունելութեան համար: Փոխադարձաբար, Ան հրաւիրեց Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը այցելելու Արցախ:



«Արցախի պատուիրակութեան Աւստրալիա կատարած այցելութենէն եւ 47 զօրաւոր բարեկամներէ բաղկացած Արցախի Աւստրալիացի բարեկամներ ցանցի հիմնադրութենէն ետք, Արցախի հանրապետութեան նախագահի այս հանդիպումը Պրն. Ուիլսոնի եւ Դոկտ. Մակդերմոտի հետ կը պատկերացնէ զգալի հասունութիւն Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքի հանդէպ աջակցութեան», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:


Հայաստան այցելող Աւստրալիական պատուիրակութիւնը Էջմիածնի մէջ հանդիպում կ’ունենայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ



Էջմիածին. Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը սիրով ընդունեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Հայաստան այցելող Աւստրալիական պատուիրակութիւնը, Էջմիածնի Մայր Աթոռին մէջ:

Կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Աւստրալիա-Հայաստան միջ խորհրդարանական միութեան (Բարեկամութեան խումբ), Հայաստան այցելող՝ քսան անդամներէ բաղկացած Աւստրալիական առաջին դաշնակցային խորհրդարանական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն, երեք դաշնակցային եւ մէկ նահանգային խորհրդարանականներ, ինչպէս նաեւ հինգ Հայ-Աւստրալիացի գործարարներ:

Մայր Աթոռ այցելող քսան հոգինոց կազմին մէջ էին Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամներ՝ Թրենտ Զիմերման, Թիմ Ուիլսոն, Ճոն Ալեքսանտր, ինչպէս նաեւ երկրի ամենամեծ նահանգ՝ Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանի անդամ՝ Հյու Մակդերմոտ, որոնք նախքան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ հանդիպումը այցելեցին Մայր Աթոռի թանգարանը:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կ’ընկերակցեր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեան եւ Թեմական Խորհուրդի անդամ՝ Պրն. Ստեփան Քըրքաշարեան:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան, որ երկար ճանապարհորդութիւն կատարած է եւ հեռաւոր Աւստրալիայէն Հայաստան ժամանած, ամրապնդելու համար Հայկական հիմնական հարցերու նկատմամբ իրենց աջակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին, Ամենայան Հայոց Հայրապետը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցման կարեւորութեան եւ Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքի բացարձակ առաջնահերթութեան շուրջ:

Հայկական ծագումով Աւստրալիոյ միակ դաշնակցային խորհրդարանականը՝ Թիմ Ուիլսոն պատուիրակութեան անունով Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց յուշանուէր մը:

Հանդիպման աւարտին, պատուրակութեան պատգամաւորները շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին իր օրհնութիւններուն եւ հիւրընկալութեան համար:


Թիմ Ուիլսոն Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար՝ Պրն. Զոհրապ Մնացականեանին հետ



Երեւան. Աւստրալիոյ ներկայացուցիչներու պալատի տնտեսագիտութեան յանձնաժողովի նախագահ՝ Թիմ Ուիլսոն Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ, Հայաատանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար՝ Պրն. Զոհրապ Մնացականեանին հետ, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, դաշնակցային ղեկավարութեամբ Աւստրալիական առաջին պատուիրակութեան աշխատանքներու առիթով:

Հայկական ծագումով Աւստրալիոյ միակ դաշնակցային խորհրդարանականը՝ Թիմ Ուիլսոն հիւրընկալուեցաւ Պրն. Մնացականեանի Գրասենեակին մէջ, Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2019-ին:

Հանդիպման ընթացքին Պրն. Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Ուիլսոնի, Աւստրալիոյ քաղաքականութեան մէջ, Հայկական հիմնահարցերու առնչութեամբ  իր ցուցաբերած աջակցութեան համար:



Պրն. Մնացականեան խոստովանեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցերու առնչութեամբ Աւստրալիական հասարակական կարծիքի վերջին զարգացումներուն մասին եւ նշեց, թէ շատ տպաւորուած է իր գործընկերոջ, Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան ջերմ ընդունելութեամբ: Այդ այցելութեան ընթացքին, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերով հիմնուեցաւ Արցախի Աւստրալիացի բարեկամներ ցանցը, բաղկացած նշանաւոր Աւստրալիացիներէ, որոնք իրենց աջակցութիւնը կը ցուցաբերէն Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքներուն առնչութեամբ:

Արտաքին գործոց նախարար՝ Պրն. Մնացականեան, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, միջազգային ատեաններու մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն աջակցող Աւստրալիոյ կառավարութեան եւ կեդրոնացաւ Ազրպէյճանի կողմէ բանեցուած Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան սպառնալիքներուն վրայ, որը որպէս տարածք պէտք է նման կառավարութեան մը գնահատանքին արժանանայ:

Զրուցակիցները քննարկեցին Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առեւտուրի եւ փոխ յարաբերութեան խորացման հնարաւորութիւնները, նեռարեալ խելացի (smart) գիւղատնտեսութեան եւ Հայաստանի զարգացող արուեստագիտութեան ոլորտները:

Որպէս պատասխան Պրն. Ուիսոնի Մնացականեանի ուղած Աւստրալիա այցելելու հրաւէրին, Պրն. Մնացականեան շեշտեց, թէ ամենամօտ առիթին Գանպերայի մէջ դեսպանատուն հիմնելու ծրագիրը իր նախարարութեան առաջնահերթութիւններէն է:



«Այս հանդիպումը մեծ նշանակութիւն ունի Աւստրալահայութեան համար եւ ցոյց կուտայ երկու երկիրներու միջեւ ազդեցիկ ներուժը», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան, որ ներկայ էր հանդիպման իր գործընկերներուն՝ Օլիվիա Տիլանչանեանին, Սարին Սողոմոնեանին եւ Ալեքս Գալիկցիի ընկերակցութեամբ:

«Պատուիրակութեան այցելութեան տեւողութեան, մենք կը յուսանք ունենալ նման կարեւոր պատեհ առիթներ եւ հնարաւորութիւններ, աւելի ընդարձակ համագործակցութեան ակնկալութեամբ»:


Ճոն Ալեքսանտր եւ Հյու Մակդերմոտ կը պարգեւատրուին Նախագահական շքանշաններով



Ստեփանակերտ. Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ պրն. Բակօ Սահակեան, նախագահական շքանշաններով պարգեւատրեց Աւստրալիոյ դաշնակցային խորհրդարանի պատգամաւոր՝ Պրն. Ճոն Ալեքսանտրին եւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ Դոկտ. Հյու Մակդերմոտին, Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքի հանդէպ իրենց օրինակելի պաշտպանութեան համար, յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Պրն. Ալեքսանտր, որ Արցախ այցելող առաջին Աւստրալիական դաշնակցային խորհրդարանականն է, պարգեւատրուեցաւ «Վաչական Բարեպաշտ» շքանշանով, իսկ դոկտ. Մակդերմոտ «Երախտագիտութիւն» շքանշանով:



Վերոյիշեալ երկու անձնաւորութիւններու շքանշանները յանձնեց Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Պրն. Աշոտ Ղուլեան: Ներկայ էին նաեւ, Արցախի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Պրն. Մասիս Մայիլեան, Արցախ-Աւստրալիա բարեկամութեան շրջանակի ատենապետ՝ Պրն. Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայցուցիչ՝ Պրն. Քայլար Միքայէլեան, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբէն՝ Պրն. Վաչէ Գահրամանեան եւ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Պրն. Հայկ Գայսէրեան:

«Ի պաշտպանութիւն Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքներուն, Պրն. Ալեքսանտր եւ Դոկտ. Մակդերմոտ երկար տարիներ հրապարակաւ խօսած են եւ այսօր պատմութիւն կը կերտեն պատուիրակութեան միջոցաւ Հայկական դրախտային այս կտոր հողի այցելութեամբ», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:



«Այս շքանշանները արդարացուած պատիւ են երկու անձնաւորութիւններուն համար, որոնք առաջին անդամագրուողները եղած են Արցաի Աւստրալիացի բարեկամներ ցանցին, որ մինչ օրս համախմբած է 47 յայտնի Աւստրալիացիներ, ի պաշտպանութիւն Արցախի հանրապետութեան», աւելցուց Գայսէրեան:

Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ՝ Պրն. Քայլար Միքայէլեան շնորհաւորելով Պրն. Ալեքսանտրի եւ Դոկտ. Մակդերմոտի շքանշանները ըսաւ, «Պատիւ էր գտնուիլ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահի գրասենեակին մէջ, ուր պարգեւատրուեցան Արցախի Հանրապետութեան կապակցութեամբ խաղաղութիւն հաստատելու ցանկութեան առնչութեամբ Աւստրալահայութեան ամենազօրաւոր կողմնակիցներէն երկուքը»:

Աւելի ուշ, երեկոյեան, Պրն. Ղուլեան, Պրն. Մայիլեան, Պրն. Իշխանեան եւ բարձրաշնորհ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան ներկայ էին Հայաստան եւ Արցախ այցելող Աւստրալիական առաջին դաշնակցային պատուիրակութեան ի պատիւ կազմակերպուած աստղազարդ ընդունելութեան:


Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան կը հիւրընկալէ Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը



Երեւան. Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ՝ Պրն. Արարատ Միրզոյեան հիւրընկալեց Հայաստան այցելող Աւստրալիական առաջին դաշնակցային պատուիրակութիւնը, վերահաստատելով, թէ երեւանը մտադիր է առաւել եւս զարգացնել երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, Գանպերայի մէջ հայկական դեսպանատուն հիմնելով, յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Հայաստան այցելող՝ քսան անդամներէ բաղկացած Աւստրալիական առաջին դաշնակցային խորհրդարանական պատուիրակութեան մաս կազմեցին, երեք դաշնակցային խորհրդարանականներ՝ Պրն. Ճոն Ալեքսանտր, Պրն. Թիմ Ուիլսոն եւ Պրն. Թրենտ Զիմերման, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ Դոկտ. Հյու Մակդերմոտ եւ հինգ Աւստրալահայ գործարարներ:



Պրն. Միրզոյեան, որ Թաւշեայ Յեղափոխութեան ժամանակ առաջատար անձնաւորութիւններէն մէկն էր, հանդիպումը բացաւ շնորհակալութիւն յայտնելով Աւստրալիոյ խորհրդարանականներուն, հայկական կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնելու իրենց առաջնորդութեան համար, ինչպէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ արդար հատուցում, Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւն եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքներու ամրապնդում:

Պրն. Միրզոյեան շնորհաւորեց Պրն. Ալեքսանտրին եւ Դոկտ. Մակդերմոտի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ իրենց պարգեւատրման կապակցութեամբ: Պրն. Ալեքսանտր պարգեւատրուած էր «Վաչական Բարեպաշտ» շքանշանով, իսկ Դոկտ. Մակդերմոտ՝ «երախտագիտութիւն» շքանշանով:

Այնուհետեւ, հետեւելով Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար՝ Պրն. Զոհրապ Մնացականեանի պատուիրակութեան հետ ունեցած հանդիպման, Պրն. Միրզոյեան վերահաստատեց Գանպերայի մէջ Հայկական դեսպանատուն հիմնելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրը:

«Կը կարծեմ, այս ծրագրի իրականացումը, կարեւոր պայման պիտի ըլլայ յետագային երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման համար», ըսաւ Միրզոյեան:



Պրն. Զիմերման, Պրն. Ալեքսանտր եւ Դոկտ. Մակդերմոտ պատուիրակութեան անունով խօսք առին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Պրն. Միրզոյեանին ու Ազգային Ժողովին, յոյս յայտնելով, թէ այս հանդիպումով երկու երկիրներու միջ-խորհրդարանական կապերը կ’անցնին նոր փուլ:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պրն. Միրզոյեանին, իր տրամադրած ժամանակին եւ ուշադրութեան Հայաստան այցելող Աւստրալիական այս պատմական պատուիրակութեան առնչութեամբ», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան: «Հայաստանը, ինչպէս միշտ եղաւ անթերի հիւրընկալող», աւելցուց ան:



Պրն. Միրզոյեանի հետ կայացած հադիպման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ազգային Ժողովի Աւստրալիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամները, պրն. Արման Պոշեանի առաջնորդութեամբ:



Պրն. Պոշեան եւ բարեկամութեան խումբի իր չորս գործընկերները, յետագային հիւրընկալեցին պատուիրակութիւնը ոչ պաշտօնական ընթրիքի մը, յարաբերութիւնները զարգացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ նշելու Աւստրալիա այցելող Աւստրալիական առաջին դաշնակցային պատուիրակութեան նուաճումները:


Հայաստան այցելող Աւստրալիական պատուիրակութիւնը հանդիպումներ  ունեցաւ Ազգային Ժողովի կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ



Երեւան. Երեւանի մէջ Հայաստան այցելող Աւստրալիական առաջին դաշնակցային պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ընդդիմադիրներու ներկայացուցիչներուն հետ, յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը:

Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին երեք դաշնակցային խորհրդարանականներ՝ Պրն. Ճոն Ալեքսանտր, Պրն. Թիմ Ուիլսոն եւ Պրն. Թրենտ Զիմերման, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ Դոկտ. Հյու Մակդերմոտ եւ հինգ Աւստրալահայ գործարարներ, քննարկեց վերջերս տեղի ունեցած Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը, եւ անոր յաջորդող Հայաստանի ժողովրդավարացման մարտահրաւէրները:



Լուսարձակի տակ առնուեցաւ, Խորհրդային Միութենէն անկախացման յաջորդող 27 տարիներու ընթացքին տիրող փտածութենէն ձեռբազատուելու համար մղուած պայքարը: Այդ փտածութիւնը երկիրը առաջնորդած էր դէպի տնտեսական մենաշնորհացում:

Պատուիրակութեան անդամները առիթ ունեցան Աւստրալիոյ մէջ, փտածութեան դէմ պայքարի իրենց սեփական փորձառութիւնները բաժնելու եւ խոստացան շարունակել այս երկխօսութիւնը, կառավարութեան օգնելու համար:



Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելով, անոնք անդրադարձան խորհրդարանին մէջ բազմակարծութեան զարգացման կարեւորութեան, որովհետեւ այդ հիմնական պայմանն է իսկական խորհրդարանական ժողովրդավարութեան ձեւաւորման:

«Այս հանդիպումները կարելի է սկիզբ համարել երկու երկիրներու միջ-խորհրդարանական կարեւոր յարաբերութիւններուն, որոնք կրնան նպաստել երկու երկիրներու յառաջացման», յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:


Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը եւ Աւստրալիացի պատգամաւոր Թիմ Ուիլսոն կը քննարկեն եւ կրկնակի տուրքերու պայմանագիրը



Երեւան. Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարի տեղակալ՝ Պրն. Աւագ Աւանէսեան եւ Աւստրալիոյ ներկայացուցիչներու պալատի տնտեսագիտութեան յանձնաժողովի նախագահ՝ Պրն. Թիմ Ուիլսոնի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին, սկսաւ Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կրկնակի տուրքերու պայմանագրի հնարաւորութիւններու քննարկումը:

Երկու երկիրներու միջեւ կրկնակի տուրքերու պայմանագիր մը կրնայ քաջալերէ  յետագայի ներդրումները, մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ Աւստրալիացիներու կողմէ, որովհետեւ կը բացառէ ներդրողներուն երկու անգամ տուրք վճարել, թէ Հայաստանի եւ թէ Աւստրալիոյ մէջ:

Հանդիպման ընթացքին, Պրն. Աւանէսեան եւ Պրն. Ուիլսոն, որ Հայկական ծագումով միակ Աւստրալիացի դաշնակցային խորհրդարանականն է, բաժնեցին իրենց փորձառութիւններն ու առաջնահերթութիւնները: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին անդամները, Պրն. Վաչէ Գահրամանեան եւ Օրդ. Թալին Շամլեան:

Լսելէ ետք Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ կրկնակի տուրքի պայմանագրի խնդիրը, Պրն. Ուիլսոն խոստացաւ քննել ճանապարհային քարտէզի հնարաւորութիւններն ու խորհուրդները Գանպերայ վերադառնալէն անմիջապէս ետք:

«Այս օրինակ է մեր ակնկալած երկխօսութեան, որուն կը ձգտէինք Աւստրալիական առաջին դաշնակցային պատուիրակութեան Հայաստանի այցելութիւնը կազմակերպելու նախօրեակին», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:

«Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ կրկնակի տուրքերու պայմանագիրը կը հեռացնէ հիմնական խոչընդոտներէն մէկը, որոնք կ’արգիլեն մասնաւորապէս Աւստրալահայերու եւ ընդհանրապէս Աւստրալիոյ մեծ համայնքին յետագայի ներդրումները դէպի Հայաստան եւ հակառակը»:

Հայաստան այցելող Աւստրալիական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն երեք դաշնակցային խորհրդարանականներ՝ Պրն. Ճոն Ալեքսանտր, Պրն. Թիմ Ուիլսոն եւ Պրն. Թրենտ Զիմերման, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ Դոկտ. Հյու Մակդերմոտ եւ հինգ Աւստրալահայ գործարարներ:


Հանդիպումներու ընթացքին Ճոն Ալեքսանտր կը քննարկէ Հայաստանի դպրոցներու մէջ պարտադիր շախմատի նախաձեռնութիւնը փոխադրել Աւստրալիա



Երեւան. Աւստրալիոյ ամենահայաշատ դաշնակցային ընտրատարածք՝ Պէնէլոնկի անդամ՝ Ճոն Ալեքսանտր, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխ նախարար Տիկ. Արեւիկ Անապիոսեանի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, քննարկեց Հայաստանի շախմատ դպրոցներուն մէջ նախաձեռնութիւնը Աւստրալիա փոխադրելու քայլերը:

Պրն. Ալեքսանտր եւ Տիկ. Անապիոսեանի անդրադարձան, թէ ինչպէս Հայաստան մէջ շախմատը ուսումնական ծրագրին մէջ ներառելու աշխատանքը յաջողեցաւ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին փորձելու եւ քայլեր ձեռնարկելու այս ծրագիրը վերարտադրելու Աւստրալիոյ մէջ, սկսելով Պրն. Ալեքսանտրի Պէնէլոնկի ընտրատարածքին մէջ, միջ-դպրոցական մրցումներով:

Տիկ. Անապիոսեան Պրն. Ալեքսանտրի բացատրեց գործընթացը եւ տրամադրեց նիւթեր, որոնք Թենիսի նախքին ախոյեան՝ Պրն. Ալեքսանտրի կողմէ պիտի ուսումնասիրուին եւ իրականացուին, Աւստրալիա վերադառնալէն ետք:

Պրն. Ալեքսանտր հանդիպեցաւ նաեւ Աւստրալիոյ շախմատի նախքին ախոյեան՝ տիկ. Արիանա Կաոիլիի հետ (Հայ շախմատի աւագ պետ՝ Պրն. Լեւոն Արոնեանի կինը),  քննարկելու համար նախաձեռնութիւնը սկսելու շօշափելի քայլերը:

«Պրն. Ալեքսանտր միշտ հիացած է, շախմատի ախոյեաններ պատրաստելու Հայաստանի կարողութեամբ, ճանչնալով շախմատի առաւելութիւնները, ուղեղի զարգացման եւ խնդիրներու լուծման հնարաւորութիւններու աճման կապակցութեամբ», յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:



Տիկ. Անապիոսեանին եւ Տիկ. Կաոիլիի հետ Պրն. Ալեքսանտրի ունեցած հանդիպումները բիւրեղացուցին քայլերը, որոնցմով Պրն. Ալեքսանտր կարողացաւ նախագիծ պատրաստել սկսելու գործընթացը, համագործակցութեամբ Աւստրալահայ համայնքին հետ:

Պրն. Ալեքսանտր Հայաստան կը գտնուէր, որպէս դաշնակցային ղեկավարութեամբ Հայաստան այցելող Աւստրալիական առաջին պատուիրակութեան անդամ, որուն մաս կը կազմէին նաեւ երկու այլ դաշնակցային խորհրդարանականներ՝ Թրենտ Զիմերման եւ Թիմ Ուիլսոն, ինչպէս նաեւ երկրի ամենամեծ նահանգ՝ Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանի անդամ՝ Հյու Մակդերմոտ եւ հինգ Աւստրալահայ գործարարներ:


Հյու Մակդերմոտ հանդիպում ունեցաւ Արդարադատութեան փոխ նախարար՝ Քրիստինա Գրիգորեանին հետ



Կիւմրի. Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգ՝ Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանական՝ Դոկտ. Հյու Մակդերմոտ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարի տեղակալ՝ Քրիստինա Գրիգորեանին հետ, Կիւմրիի մէջ:

Դոկտ. Մակդերմոտ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանման, իրաւապահերու հետաքննութեան յանձնաժողովի եւ ոճրագորճութեան դէմ պայքարի յանձնաժողողովի անդամ է, եւ ունի նախախորհրդարանական իրաւագիտութեան յատուկ մասնագիտութիւն:

Արեւմտեան Սիտնիի, Prospect ընտրատարածի ներկայի անդամ՝ Դոկտ. Մակդերմոտ իր իրաւաբանութեան դոկտորական ուսումը աւարտած է 2008-ին, Լոնտոնի Քինկ համալսարանին մէջ, եւ այդ օրէն աշխատած է Միացեալ Թագաւորութիւններու աշխատանքային իրաւունքի տարածքին մէջ, որպէս Ժնեւի աշխատանքային իրաւունքի միջազգային յանձնաժողովի յանձնակատար, նախքան առեւտրային իրաւաբան նշանակուիլը, Կայմանեան կղզիներու իրաւաբանական ընկերութեան մէջ, որը կը զբաղուի տնտեսական ոճրագործութեամբ, դրամներու լուացմամբ եւ փտածութեան դէմ պայքարելով:

Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի տեղակալ՝ Տիկ. Գրիգորեան ներկայացուց, ներկայիս Հայաստանի մէջ ընթացող դատական բարեփոխումներու գործընթացը, ապա երկու կողմերը փտածութեան դէմ պայքարի առնչութեամբ գաղափարներ եւ փորձառութիւններ փոխանակեցին:

Մէկ ժամ տեւողութեան, իրենց արդիւնաբեր քննարկումներու ընթացքին, Դոկտ. Մակդերմոտ առաջարկեց իր աջակցութիւնն ու հմտութիւնը, քանի Հայաստան կը շարունակէ անցնիլ դէպի Կովկասեան օրինակելի ժողովրդավարութիւն: Տիկ. Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց Դոկտ. Մակդերմոտի այս արդիւնաբեր հանդիպման եւ շարունակական երկխօսութեան առաջարկին համար:

«Դոկտ. Մակդերմոտի եւ Տիկ. Գրիգորեանի միջեւ հանդիպումը արդիւնաբեր փոխանակումներու առիթ էր: Մեր ակնկալութիւնն էր այսպիսի հանդիպումներու կայացումը պատուիրակութեան անդամներու եւ իրենց հայ գործընկերներու միջեւ», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:

«Անոնք բաժնեցին գիտելիքներ, փորձառութիւններ եւ գաղափարներ, ինչպէս նաեւ սկսան երկխօսութեան, որուն արդիւնքով կարելի է իսկական շահեր ապահովել, թէ Հայաստանի եւ թէ Աւստրալիոյ»:

Դոկտ. Մակդերմոտ, Արցախի Աւստրալիացի բարեկամներ ցանցի ստորագրեալներէն մէկն է: Ան մաս կը կազմէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ՝ Հայաստան այցելող Աւստրալիական առաջին դաշնակցային պատուիրակութեան:


Հայաստան այցելող Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը կարեւոր երկխօսութիւն կը սկսի ենթակառոյցներու եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն հետ

Երեւան. Հայաստան այցելող դաշնակցային ղեկավարութեամբ Աւստրալիական առաջին պատուիրակութիւնը կարեւոր երկխօսութիւններ սկսաւ ենթակառոյցներու եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ դատական համակարգին հետ, յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Հայաստան այցելող՝ քսան անդամներէ բաղկացած Աւստրալիական առաջին դաշնակցային խորհրդարանական պատուիրակութեան մաս կազմեցին, երեք դաշնակցային խորհրդարանականներ՝ Պրն. Ճոն Ալեքսանտր, Պրն. Թիմ Ուիլսոն եւ Պրն. Թրենտ Զիմերման, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ Դոկտ. Հյու Մակդերմոտ եւ հինգ Աւստրալահայ գործարարներ:



Աւստրալիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատի ենթակառոյցներու, փոխադրութեան եւ քաղաքներու մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Պրն. Ալեքսանտր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի տարածքային զարգացման եւ ենթակառոյցներու փոխ նախարար՝ Պրն. Վաչէ Տէրտէրեանի հետ:

Անոնք քննարկեցին ենթակառոյցներու մարտահրաւէրները Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ առջեւ, ինչպէս նաեւ անդրադարձան տարբեր ոլորտներում մէջ, երկու երկիրներու նմանատիպ հետաքրքրական ընդհանրութիւններու շուրջ, խոստանալով շարունակական երկխօսութիւն, որ շահաբեր պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն:



Աւստրալիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատի առողջապահութեան, ծերութեան եւ մարզանքի հարցերով մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Պրն. Զիմերման, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարի տեղակալ՝ Տիկ. Անահիտ Աւանէսեանին հետ:

Երկու կողմերը քննարկեցին իւրաքանչիւր երկրի սեղանին վրայ գտնուող առողջապահութեան հիմնական օրակարգը, առաջարկելով շարունակել երկխօսութիւնը Պրն. Զիմերմանի հետ, աջակցելու Հայաստանին քաղաքականութեան իրականացման աշխատանքի առնչութեամբ, որուն կապակցութեամբ Աւստրալիան տարիներու փորձառութիւն ունի:

Փտածութեան եւ դրամներու լուացման դէմ պայքարի մասնագէտ, Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ Դոկտ. Մակդերմոտ, որ Աւստրալիոյ, Միացեալ Թագաւորութիւններու եւ Կայմանեան կղզիներուն մէջ աշխատանքի փորձառութիւն ունի, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ՝ Պրն. Հայկ Յովհաննիսեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին, Պրն. Յովհաննիսեան բաժնեց յետ-յեղափոխութեան մարտահրաւէրները, նկատի ունենալով Հայաստանի դատական համակարգը: Տեղի ունեցաւ նաեւ երկու կողմերու փորձառութիւններու քննարկում եւ միտքերու փոխանակում, որոնք կը նպաստեն երեւանի շահերուն:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան ողջունեց երկխօսութիւնը:

«Պատուիրակութեան կազմին մէջ եղող Աւստրալիացի բոլոր խորհրդարանականները պատրաստակամութիւն ունէին այսպիսի բարձր մակարդակի գաղափարներու փոխանակման: Մենք համոզուած ենք, որ ասիկա ուղիղ երկխօսութեան սկիզբ է, որ կու տայ շօշափելի արդիւնքներ երկու երկիրներուն համար, մասնաւորապէս Հայաստանին, որ կը ձգտի ժողովրդավարութեան», ըսաւ Գայսէրեան:

Կարեւոր հանդիպումներ տեղի ունեցան նաեւ տնտեսութեան, կրթութեան եւ արդարադատութեան ոլորտներու կապակցութեամբ:


Հայաստանի մէջ Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը կ’այցելէ Թումօ, Picsart, Արարատ խմիչքի գործարան, Trinity Canyon  եւ Մէկրեան գորքեր

Երեւան/Վայոց ձոր. Հայաստանի մէջ, դաշնակցային ղեկավարութեամբ առաջին Աւստրալիական պատուիրակութիւնը այցելեց Հայկական նշանաւոր արհեստանոցներ եւ գործարաններ, ինչպէս՝ Արարատ խմիչքի գործարանը, Թումօ ստեղծարար արուեստագիտութիւններու կեդրոնը, Trinity canyon այգեստանը եւ Մէկրեան գորքերը:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Հայաստան այցելող՝ քսան անդամներէ բաղկացած Աւստրալիական առաջին դաշնակցային խորհրդարանական պատուիրակութեան մաս կազմեցին, երեք դաշնակցային խորհրդարանականներ՝ Պրն. Ճոն Ալեքսանտր, Պրն. Թիմ Ուիլսոն եւ Պրն. Թրենտ Զիմերման, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ Դոկտ. Հյու Մակդերմոտ եւ հինգ Աւստրալահայ գործարարներ:

«Անհրաժեշտ էր պատուիրակութեան անդամներուն առիթ ստեղծել ամբողջական փորձառութեան, ձեռնարկելով այցելութիւններ հայկական նշանաւոր գործարաններուն եւ արհեստանոցներուն, որոնք երկրին մէջ յաջողութիւններ արձանագրած են գիւղատնտեսութեան եւ արհեստագիտութեան ոլորտներուն մէջ», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:



Պատուիրակութիւնը շրջեցաւ մեծապէս գնահատուած Հայկական մեծագոյն խմիչք արտադրող Արարատ խմիչքի գործարանին մէջ, ապա համտեսեց եւ վայելեց կարգ մը խմիչքի լաւագոյն տեսակներ:



Թումոն, դպրոցական աշակերտներու համար, բոլորովին անխվճար մասնագիտութիւններու յետ-դպրոցական ուսուցման կեդրոն է: Անոնք շրջեցան ժամանակակից մարդ-մեքենայաշինութեան եւ երաժշտութեան աշխատանոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ականատես եղան նախագծային եւ ճարտարագիտութեան ուսանողներուն կողմէ պատրաստուող քանի մը նորաձեւական ծրագիրներու:

Թումօ-ի նորագործերու խմբակը, Բեկոր Փափազեանի գլխաւորութեամբ ընկերակցեցաւ պատուիրակութեան, ծանօթացնելու իրենց միջազգային ընդլայնման տարբերակները, որ կեդրոններ ունի Փարիզի եւ Պէյրութի մէջ, իսկ Գերմանիոյ եւ Թոքիոյի մէջ նկատի առնուած է յառաջիկայ տարուան ընթացքին: Պատուիրակութիւնը խոստացաւ ուսումնասիրել Աւստրալիոյ մէջ Թումօ հիմնելու հնարաւորութւնները, Սիտնի վերադառնալէն ետք:

«Մեր պատուիրակութեան անդամները հիացան Թումոյի մէջ: Մեր հաւաքական մտադրութիւնն է այս հոյակապ հայկական արտահանումը բերել Աւստրալիա, որու նպատակով մեզի տրուած է յստակ ուղեցոյց», ըսաւ Հայկ Գայսէրեան:



Պատուիրակութիւնը շրջեցաւ նաեւ Picsart-ի մէջ, որ 250 Ամերիկեան տոլարի արուեստագիտութեան ընկերութիւն է:



Պատուիրակութիւնը առիթ ունեցաւ վայելել պտոյտը դէպի Trinity canyon Հայաստանի պատմական Արենի գինիի տարածաշրջանին մէջ, որ վերջերս յայտնաբերուած է, թէ հոն գինիի պատրաստութեան աշխատանքները սկսած են 6200 տարիներ առաջ: Անոնք շրջեցան այգիներուն մէջ, ականատես եղան աւանդական գինեգործութեան Կարասի մէջ, ապա սեփականատէր Յովակիմ Սաղաթէլեանի ընկերակցութեամբ ունեցան գինի համտեսելու հաճելի փորձառութիւն:



Հռոմի Պապ Պենետիկդի, Քոնան Օ Բրայնի եւ Քարտաշեաններու նաման նշանաւորներու քայլերով, պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Մէկրեան գորքեր, ուր ծանօթացան Հայկական գորգագործութեան հնագույն արուեստին: Ապա, ուրիշ հիւրերու հետ միասին, որոնց շարքին Հայաստան այցելող Աւստրալիացիներ, վայելեցին Մշակութային ներկայացումն ու խնճոյքը:


Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը կ’այցելէ Արցախի Հայ Օգնութեան Միութեան «Սօսէ» մանկապարտէզը



Ստեփանակերտ. Դաշնակցային ղեկավարութեամբ Հայաստան ժամանած Աւստրալիական առաջին պատուիարակութիւնը, Ստեփանակերտի իր պատմական այցելութեան ընթացքին, այցելեց Արցախի Հայ Օգնութեան Միութեան «Սօսէ» մանկապարտէզը, յայտեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Աւստրալիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատի ենթակառոյցներու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ, Արցախ այցելող Աւստրալիական առաջին դաշնակցային խորհրդարանական՝ Պրն. Ճոն Ալեքսանտր եւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ Դոկտ. Հյու Մակդերմոտ այցելեցին մանկապարտէզը, որու յատկագումարի մէկ մասը հոգացած է Հայ Օգնութեան Միութեան Աւստրալիոյ շրջանը:

Իրականացուած հաստատութիւնը կը հոգայ մինչեւ 140 ուսանողի, առաջնահերթութիւն տալով կարիքաւորներուն, ներառեալ Արցախահայ երեխաներուն, որոնք խորապէս ազդուած են պատերազմի արդիւնքով իրենց ծնողներու կորուստով:

Պատուիրակութիւնը շրջեցաւ մանկապարտէզին մէջ, ընկերակցութեամբ մանկապարտէզի տնօրէն՝ Տիկ. Նէլլի Ղուլեանի եւ Վերակացու՝ Տիկ. Արտէմիս Գրիգորեանի, որ Աւստրալահայ հայրենադարձ մըն է:

Տարբեր դասարաններու աշակերտները, ասոյթներով, բանաստեղծութիւններով եւ երգերով ուրախութեամբ ողջունեցին պատուիրակութիւնը:

«Մենք սկիզբէն կը հաւատանք, թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը ներկայացնէ Հայութեան սիրտն ու հոգին, եւ այս հաստատութիւնը կու գայ ապացուցելու այդ իրականութիւնը», մեկնաբանեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:

«Անհրաժեշտ էր, որ մեր խորհրդարանականները տեսնեն Արցախի բազմաթիւ նախագիծերէն մէկը, որուն մէջ ներդրում ունեցած են իրենց Աւստրալահայ քուէատուները: Մեզի համար պատիւ էր այսպիսի ջերմ ընդունելութիւն», աւելցուց Գայսէրեան:

Այս այցելութիւնը կազմակերպած էր, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայցուցիչ՝ Պրն. Քայլար Միքայէլեան, որ դաշնակցային ղեկավարութեամբ Հայաստան այցելող Աւստրալիական առաջին պատուիրակութեան անդամ էր:


Արցախի «Լէյտի Գոքս» վերականգնումի կեդրոնը հիւրընկալեց Աւստրալիական պատուիրակութիւնը



Ստեփանակերտ. Արցախի մէջ գտնուող «Լէյտի Գոքս» Վերականգնումի կեդրոնը հիւրընկալեց դաշնակցային ղեկավարութեամբ Հայաստան այցելող Աւստրալիական առաջին պատուիրակութիւնը, Ստեփանակերտ իր պատմական այցելութեան ընթացքին, յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը:

Կեդրոնը հիմնած եւ անոր դրամագլուխը ապահոված է, Միացեալ Թագաւորութիւններու լորտերու պալատի նախկին փոխ խօսնակ՝ Պարոնուհի Գերոլայն Գոքս, 1990 ական թուականներու պատերազմի արդիւնքով վիրաւորուածներու վերականգումին նպատակով: Մինչ պատերազմի արդիւնքով վնասուածքներն ու հիւանդութիւնները մինչեւ օրս կը բուժուին «Լէյտի Գոքս» կեդրոնին մէջ, կեդրոնի ծառայութիւնները ընդլայնած են, անոր մէջ հոգ կը տարուի բազմաթիւ անկարողներու եւ հաշմանդամներու:

Կեդրոնի տնօրէն՝ Պրն. Վարդան Թադէոսեան պատուիրակութեան առաջնորդեց շրջելու կեդրոնէն ներս: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին, Արցախ այցելող Աւստրալիական դաշնակցային խորհրդարանի առաջին պատգամաւորը՝ Պրն. Ճոն Ալեքսանտր եւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ Դոկտ. Հյու Մակդերմոտ:

Կեդրոնը կ’ընդգրկէ՝ ջրաբուժութեան լողաւազան, արուեստի ոլորտներ, աուտիզմի վերականգման սենեակներ, երեխաներու խնամքի կեդրոն եւայլն…

«Մեր կազմակերպութիւնը աշխատանք պիտի տանի Աւստրալիայէն հանրային օգնութիւն ապահովել, կեդրոնի հասանելիութեան եւ  յետագայի հնարաւորութիւններու զարգացման համար», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:

«Մենք ուրախ ենք, որ մեր քաղաքական ընկերները առիթ ունեցան շրջելու «Լէյտի Գոքս» վերականգումի կեդրոնին մէջ եւ ականատես եղան Պարոնուհի Գոքսի, Պրն. Թադէոսեանի եւ անոնց աշխատակազմին կողմէ տարուած հրեշտակային աշխատանքին», աւելցուց Գայսէրեան:

«Մեր մտադրութիւնն է շարունակել մտածել եւ աշխատանք տանիլ այս նախագիծին օժանդակելու համար, որպէսզի հնարաւորութեան չափ կեդրոնը ծառայէ մեծ թիւով Արցախահայերու», եզրափակեց Գայսէրեան:

Այս այցելութիւնը կազմակերպած էր, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայցուցիչ՝ Պրն. Քայլար Միքայէլեան, որ դաշնակցային ղեկավարութեամբ Հայաստան այցելող Աւստրալիական առաջին պատուիրակութեան անդամ էր:


Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը կը քննարկեն համագործակցութեան հնարաւորութիւնները



Երեւան. Դաշնակցային ղեկավարութեամբ Հայաստան այցելող Աւստրալիական առաջին պատուիրակութիւնը հանդիպում  ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ղեկավարութեան հետ, հնարաւոր փոխանակման ծրագրեր քննարկելու եւ այլ նախաձեռնութիւններու կապակցութեամբ համագործակցութիւն ստեղծելու նպատակով, յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի վերակացու՝ Դոկտ. Ռանտալ Ռոտս, ներգործութեան փոխ նախագահ՝ Պրն. Աշոտ Ղազարեան եւ եկամուտի փոխ նախագահ՝ Պրն. Գէորգ Գոյունեան դիմաւորեցին Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը եւ առաջնորդեցին զայն շրջելու համալսարանին մէջ: Աւստրալիոյ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին, երեք դաշնակցային խորհրդարանականներ՝ Պրն. Ճոն Ալեքսանտր, Պրն. Թիմ Ուիլսոն եւ Պրն. Թրենտ Զիմերման, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական՝ Դոկտ. Հյու Մակդերմոտ եւ հինգ Աւստրալահայ գործարարներ:

Ծանօթանալէ առաջ համալսարանի շրջակայ միջավայրի, առողջապահութեան եւ հանքագործութեան կեդրոններու կողմէ ներկայիս իրականացուող հիմնական հետազոտական ծրագրերուն, պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Փափազեան» գրադարան, որտեղ կը գտնուին Հայաստանի մէջ Անգլերէն լեզուով գիրքերու ամեանամեծ հաւաքածոն:

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի շրջակայ միջավայրի բնապահպանական կեդրոնի տնօրէն՝ Ալէն Ամիրխանեան խօսեցաւ անտառամշակութեան եւ անտառավերականգման ծրագիրներու մասին, նպատակ ունենալով ընդարձակել Հայաստանի անտառածածկույթը, ազգային տարածքի 11%-էն մինչեւ 20%:

Լեռնահանքային օրէնսդրութեան բարեփոխումներու հիմնարկի (MLRI) գործադիր տնօրէն՝ Պրն. Վարանդ Մկրտիչեան (Նախապէս՝ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն) նաեւ ներկայ էր զրոյցին: Ան բացատրեց, թէ ինչպէս MLRI-ն Աւստրալիոյ Քուինզլանտի համալսարանին հետ միատեղ պատասխանատու հանքագործութեան վերաբերեալ հետազոտութիւն մը կատարած է եւ ներկայիս աշխոյժ աշխատանք կը տանի Հայաստանի հանքագործութեան օրէնսդրութիւնը բարելաւելու:

Դոկտ. Ռոտս պատուիրակութեան ներկայացուց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Թուրբանջեան» հանրային առողջութեան դպրոցի, հանրային կրթական արշաւը ուղղուած պալարախտ(tuberculosis) հիւանդութեան մասին իրազեկութեան բարձրացման եւ Հայաստանի մէջ անոր երեւոյթի կրճատման:

Հայաստանի Սմերիկեան համալսարանի եւ Աւստրալիոյ պատուիրահութեան միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը առաջինն էր իր տեսակին մէջ, որ ճանապարհ պիտի բանայ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի եւ Աւստրալիոյ համալսարաններուն միջեւ յետագայի համագործակցութեան, տարբեր ոլորտներու մէջ միատեղ հետազոտութիւններ կատարելու եւ ուսանողներու փոխանակման հնարաւորութեան:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր նախկին գործընկերոջ՝ Պրն. Վարանդ Մկրտիչեանին, որուն օժանդակութեամբ իրականացաւ այս արդինաւէտ հանդիպումը: Յոյսով ենք որ այս առիթը ճամբայ պիտի բանայ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի եւ Աւստրալիոյ մէջ նմանատիպ հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութեան եւ գործընկերութեան», մեկնաբանեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:


Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը կը հանդիպի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիայի փոխ նախագահի հետ



Երեւան. Դաշնակցային խորհրդարանական՝ Պրն. Ճոն Ալեքսանտր եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիայի քարտուղար եւ փոխ նախագահ՝ Պրն. Արմէն Մելիքպէքեանի հետ հանդիպման մը ընթացքին, փափաք յայտնեցին տեսնել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Աւստրալիոյ դէմ խաղի, Սիտնիի մէջ:

Պենելոնկի Աւստրալիոյ դաշնակցային խորհրդարանական եւ Աշխարհի ութերորդ դիրքը գրաւող թենիսի նախկին ախոյեան՝ Պրն. Ճոն Ալեքսանտր եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան լաւապէս ընդունուեցան Պրն. Մելիքպէքեանի կողմէ, որ համաձայն էր գաղափարին եւ ներկայացուց զայն իրականացնելու ուղեցոյցը:

«Աւստրալահայութեան փափաքն է տեսնել Ֆութպոլի Հայաստանի ազգային խումբը եւ Հենրիկ Մխիթարեանը շարուած Աւստրալիոյ խաղցողներուն դէմ, Սիտնիի գլխաւոր մարզադաշտերէն մէկուն մէջ», ըսաւ Գայսէրեան:

«Ասիկա մեր միջնաժամկետ նպատակն է, եւ հիմնական խոչընդոտը որ պէտք է յաղթահարենք փորձելու եւ համոզելու Աւստրալիոյ ֆութպոլի ֆետերացիան նման առաջարկ ներկայացնելու, ընթացիկ եւրոպական ախոյանութեան ընտրական փուլերու հետ Հայաստանի ժամանակացոյցն է: Մենք, Պրն. Մելիքպէքեանի հետ կապի մէջ կը մնանք մինչեւ յստականայ ժամանակացոյցը»:

«Միեւնոյն ժամանակ, պիտի սերտենք, եթէ հնարաւորութիւն ունինք օգնել կազմակերպելու համար միջազգային ընկերական հանդիպում, Հայաստանի պատանեկան խումբերէն մէկուն եւ Սիտնիի իրենց համազօրներուն միջեւ», աւելցուց Գայսէրեան:

Պրն. Մելիքպէլեան, Պրն. Ալեքսանտր եւ Պրն. Գայսէրեան քննարկեցին նաեւ Հայաստանի ժամանակակից Աւանի ֆութպոլի ակադեմեան եւ անոր հնարաւոր ներուժը Աւստրալիական ֆութպոլին կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայկական ֆութպոլի առնչուող նոր նախաձեռնութիւններ, ինչպէս՝ յառաջիկայ տարի կանանց ազգային խումբի ներկայացում:


ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐ



























comments

Advertisement