ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Հայեր Պոլիսէն Նիւ Եորք Կը Թռչին Մասնակցելու Համար Թրքական Քարոզչութեան

By Asbarez | Friday, 15 November 2019

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

 

1227haroutsassounian

Զարմանալի է, թէ ինչե՛ր կ՛ընէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝  Պոլսոյ հայ հոգեւորականները եւ աշխարհիկ անձերը իր քարոզչական արշաւին մէջ ընդգրկելու համար:

5 Նոյեմբեր 2019ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հաղորդակցութեան գրասենեակը ցուցահանդէս մը կազմակերպեց Նիւ Եորքի մէջ՝ ներկայացնելով Արեւմտեան Հայաստանի (ներկայիս արեւելեան Թուրքիա) Աղթամար կղզիին մէջ, Վանայ լիճի ափին գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ լուսանկարները:

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էր ոչ միայն Նիւ Եորքի մօտ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Ալփեր Աքթաշ, այլ նաեւ, որքան որ զարմանալի էր, կը մասնակցէին շարք մը հայ ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ Պոլիսէն ժամանած քրիստոնեայ այլ հոգեւորականներ:

Մասնակցողներուն շարքին էին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան, Պոլսոյ հոգեւորական Շիրվան Միւրզեան, Պոլսոյ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր, Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ատենապետ Մեսութ Օզտեմիր, Պոլսոյ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ատենապետ Եդուարդ Այվազեան, Պոլսոյ Սուրբ Գրոց միութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէն Թամար Քարասու, «Լոյս» երկշաբաթաթերթէն Արամ Քուրան, Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու եւ անոր կինը, Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու համայնքի հիմնարկի ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, Ասորական հնագոյն եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Սայիթ Սուսին, Ամերիկեան յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Էլփիտոֆորոս Լամպրինատիս եւ հայկական ու թրքական համայնքներու շարք մը ներկայացուցիչներ: Ես ուրախ եմ, որ Միացեալ Նահանգներու Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն ոեւէ մէկը չմասնակցեցաւ Նիւ Եորքի ցուցահանդէսի բացման արարողութեան:

Թէեւ հասկնալի է՝ որ նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛ուզէր Միացեալ Նահանգներու մէջ քարոզարշաւ իրականացնել՝ իր արատաւորուած կերպարը բարելաւելու նպատակով, սակայն առաւել քան անընդունելի է հայ աշխարհիկ մարդոց եւ հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ ասորի ու յոյն ղեկավարներու մասնակցութիւնը:

Կարելի է արդարացնել Պոլսոյ ղեկավարներուն մասնակցութիւնը այն բանով, որ անոնք պատանդ են թրքական կեղեքիչ վարչակարգին ձեռքը: Այսուամենայնիւ, Մաշալեան սրբազանին պարագային՝ կրնայ ըլլալ, որ ան յօժարակամ եկած է, նկատի ունենալով, որ ան Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական աթոռին համար Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն գծով երկու թեկնածուներէն մէկն է: Սրբազանը լաւ գիտէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան ցանկութեան ընդդիմանալը կրնայ իր վրայ շատ սուղ նստիլ՝ զրկելով զինք պատրիարքական աթոռէն:

Հակառակ Էրտողանի կառավարութեան՝ Ամերիկայի մէջ քարոզչութիւն իրականացնելու խիստ փափաքին, անիկա չկրցաւ օգտուիլ այդ կարելիութենէն: Թուրքիա մեծ ծախսեր ըրաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ 88 լուսանկարները Նիւ Եորք բերելու, ցուցահանդէսի դահլիճ վարձելու Մենհեթընի մէջ, Պոլիսէն Նիւ Եորք մէկ տասնեակէ աւելի հիւրեր տեղափոխելու եւ տեղաւորելու, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մասին պատմող՝ «Յայտնի Կը Դառնան Անատոլիոյ Մէջ Թաքնուած Յուշարձանները. Աքտամար» ֆիլմը նկարահանելու համար, որ ցուցադրուեցաւ ցուցահանդէսին: Այսուամենայնիւ, Թուրքիոյ կողմէ վարձուած եւ բարձր վարձատրուող ամերիկեան լոպիիստական ընկերութիւններէն չէին խնդրած կամ անոնց չէր յաջողած ամերիկեան լրատուական միջոցներով տարածել ցուցահանդէսին մասին քարոզչութիւն: Երկրորդ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը չէր մտածած ցուցահանդէսին բացումը յետաձգել մէկ շաբաթով, որպէսզի Էրտողան, որ այս շաբաթ պիտի գտնուի Ամերիկա, կարենար մասնակցիլ ժապաւէնը հատելու պաշտօնական արարողութեան: Սեպտեմբերին Էրտողան ներկայ գտնուած էր Նիւ Եորքի մէջ աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան, որ նոյնպէս հովանաւորուած էր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ:

Ահաւասիկ պատճառները, թէ ինչո՛ւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ լուսանկարներու ցուցահանդէսը կը նկատեմ թրքական քարոզչութեան դրսեւորում.

  1. Թրքական կառավարութիւնը Սուրբ Խաչը հռչակած էր թանգարան, ոչ թէ եկեղեցի, արտօնելով հայերուն հոն պատարագ մատուցել տարին մէկ անգամ՝ յատուկ թույլտուութեամբ: Նիւ Եորքի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպելու փոխարէն շատ աւելի կարեւոր պիտի ըլլար Սուրբ Խաչը պահել իբրեւ եկեղեցի, այլ ոչ թէ թանգարան: Ինչո՞ւ հայ եւ միւս հոգեւորականները կը նշեն թանգարանի ցուցահանդէսի բացումը: Եթէ անոնք քիչ մըքաջութիւն ունենային, կը հրաժարէին ցուցահանդէսի բացման մասնակցելէ, մինչեւ որ զայն  դարձեալ վերածէին եկեղեցւոյ, որուն կառուցումը աւարտած է 921 թուականին, Գագիկ Արծրունի հայոց թագաւորի հովանաւորութեամբ: Այցելուները նոյնիսկ պէտք է վճարեն «թանգարան» մուտքի համար:
  2. 2007ին, Սուրբ Խաչ տաճարի վերանորոգումէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը թոյլ չտուաւ խաչ տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին՝ պատճառաբանելով, որ անիկա չափազանց ծանր է գմբէթին համար: Վերջապէս, շատ մը քննադատութիւններէ ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը 2010ին թոյլատրեց խաչ տեղադրել Սուրբ Խաչ տաճարին վերեւը:
  3. Թուրքիոյ կառավարութիւնը թրքացուցած է կղզիին անունը՝ զայն Աղթամարէն փոխելով Աքտամարի (որ թրքերէն կը նշանակէ «սպիտակ երակ»):
  4. Իր ելոյթին մէջ, Մեսրոպ արք. Մաշալեան գովաբանեց նախագահ Էրտողանը՝ Նիւ Եորքի մէջ այս ցուցահանդէսը բանալուն համար եւ ըսաւ. «Նախագահին առաջնորդութեամբ, յատուկ ուշադրութիւն եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուած է Աքտամար եկեղեցւոյ։ Ասիկա թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար մշակութային նախաձեռնութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ բարի կամքի վրայ հիմնուած կամուրջ՝ աւելի լաւ ապագայի եւ փոխըմբռնման համար»:
  5. Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու յայտարարեց. «Նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մեծ ջանքեր գործադրած է փոքրամասնութիւններու համայնքներուն համար…: Մենք կը փափաքէինք երախտագիտութիւն յայտնել անոր՝ իր ցուցաբերած բոլոր օգնութիւններուն համար եւ (նախագահի) Հաղորդակցութեան գրասենեակին, այս ցուցահանդէսին համար»:
  6. Ամերիկեան յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Էլփիտոֆորոս Լամպրինատիս ուժեղացուց թրքական քարոզչութիւնը՝ ընդգծելով ցուցահանդէսիններկայացուած լուսանկարներուն նշանակութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան ցուցաբերուող կարեւորութիւնը մատնանշելու առումով՝ ըսելով. «Թուրքիա կ՛ընթանայ ճիշդ ուղղութեամբ, եւ այս մասին ամբողջ աշխարհին պատմելը լաւ է»:
  7. Նախագահ Էրտողան անցեալ շաբաթ թրքական լրատուական միջոցներուն հպարտութեամբ ըսաւ, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութեան խումբերու 17 ներկայացուցիչներ այժմ կը գտնուին Նիւ Եորք՝ «Աքտամար եկեղեցւոյ» լուսանկարներու ցուցահանդէսին առիթով:

Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը իսկապէս անկեղծ էր Աղթամարի հայկական եկեղեցւոյ աջակցելուն մէջ, ուրեմն ինչո՞ւ վերջերս թոյլ տուաւ խումբ մը ատրպէյճանցիներու այցելել եկեղեցի եւ պնդելու, որ անիկա կովկասեան ալպանական քրիստոնէական եկեղեցի է:

Ասիկա սովորական դարձած սուտն է, զոր Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ Ատրպէյճանի բոլոր հայկական պատմական եկեղեցիները ներկայացնելու համար:

Ատրպէյճանցի այցելուները Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ծածանեցին ատրպէյճանական եւ թրքական դրօշակները, մինչ «ատրպէյճանցի քահանայ մը» իբր թէ կ՛աղօթէր: Եկեղեցւոյ դրան առջեւ ատրպէյճանցի ներկայացուցիչը հայերը մեղադրեց Ատրպէյճան ներխուժելու եւ վայրագութեան յանցանքով: Թրքական կառավարութիւնը ներողութիւն պէտք է խնդրէ հայերէն՝ այսպիսի բացայայտ սուտ մը թոյլատրելուն համար։

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

comments

Advertisement