ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Օպամա Պէտք Է Զրկուի Իր Նոպէլեան Մրցանակէն

By Harut Sassounian - California Courier | Friday, 11 December 2009

Ամերիակահայ կազմակերպութիւններուն ուղղուած Նոյեմբեր 20 թուակիր իր նամակին մէջ նախագահ Օպամա անգամ մը եւս ամօթալի բառախաղեր ըրաւ <<ցեղասպանութիւն>> եզրով։ Այս հանգրուանին արդէն մարդ պէտք է չափազանց միամիտ ըլլայ, որպէսզի հաւատայ, թէ ան պիտի ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանի մնացեալ տարիներուն։

Իր նախագահական քարոզարշաւին, երբ ծերակուտական Օպամա շարունակ խոստումներ կը կատարէր Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, հայ ազգային գործիչներ ջիղերու վրայ կը հետեւէին, որ թրքական կառավարութիւնը չփորձէ Հայաստանի հետ բանակցութիւններու սուտ պատճառաբանութիւնը գործածել՝ արգելք հանդիսանալու համար, որ ընտրութենէն ետք ան իր խոստումը յարգէ։

Ապրիլի սկիզբը, Անգարայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երբ նախագահ Օպամային հարց տրուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ իր տեսակէտներուն մասին, ան փախուստ տուաւ հարցումէն նշելով. <<Իմ տեսակէտներս ասկէ առաջ յայտարարած եմ եւ ես իմ տեսակէտս չեմ փոխած։ Սակայն ես մեծապէս քաջալերուած եմ այն լուրերով թէ՝ նախագահ Կիւլի ղեկավարութեամբ մենք ականատես կ՛ըլլանք բանակցութիւններու շարքի մը. գործընթաց մը, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ՝ լուծելու համար երկար ժամանակէ ի վեր գոյութիւն ունեցող շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ այս մէկը>>։

Յստակ է, որ նախագահներ Օպամա եւ Կիւլ, իրենց անձնական պատճառներով, կը ծրագրէին ականահարել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ յառաջ մղելով Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները։ Այս անսուրբ դաշնակցութեան մէջ անոնց միացան Ռուսիան եւ Եւրոպական միութիւնը՝ ճնշում բանեցնելու համար Հայաստանի ղեկավարներուն վրայ, որոնք իրենց կարգին չափազանց նախանձախնդիր էին հնազանդելու։

Այս խարդախ համաձայնութիւնը կնքուեցաւ երբ Ապրիլ 24ի նախօրեակին Հայաստանն ու Թուրքիան հրապարակեցին միացեալ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը՝ յայտարարելով հաշտութեան ճանապարհաքարտէսի մը մասին:

Զարմանալի չէր, որ իր առաջին Ապրիլ 24ի յայտարարութեան մէջ նախագահ Օպաման կրկնեց այն բոլոր մեղմաբանութիւններն ու բառախաղերը, որոնց համար ան դատապարտած էր իր նախորդը՝ նախագահ Պուշը... Օպաման գործածեց նախկին նախագահներու այն հին եւ շատ ծանօթ ուրացման եզրաբանութիւնը ինչպէս օրինակ՝ <<վայրագութիւն>>, <<ջարդ>>, <<1915ի սոսկալի դէպքերը>> եւ ամէնէն անհաւատալիօրէն՝ <<Մեծ Եղեռն>>...

Այդ յայտարարութեան մէջ նախագահ Օպամա գործածեց այն նոյն խուսափողական պատասխանը, որ տուած էր Անգարայի մէջ. <<Ես շարունակ նշած եմ իմ սեփական տեսակէտս 1915ին պատահածներուն մասին եւ պատմութեան մասին իմ տեսակէտս չէ փոխուած>>։ Այդուհանդերձ ան հաստատօրէն շարունակեց խուսափիլ իր իսկական տեսակէտը յայտնելէ։

Առաւել նախագահ Օպաման մղեց հայերուն եւ թուրքերուն, <<որ արծարծեն անցեալի իրականութիւնները իբրեւ մէկ մասը յառաջ երթալու իրենց ջանքերուն>>։ Ան արտայայտեց իր ամուր նեցուկը անոնց <<յանդուգն եւ կարեւոր երկխօսութեան... որ կը նպատակադրէ լուծել այդ ցաւալի պատմութեան հարցը>> ինչպէս նաեւ գնահատեց հայկական եւ թրքական կառավարութիւնները <<բնականացման համար կառոյց մը եւ ճանապարհաքարտէս մը>> ընդունելնուն համար։
Հետեւաբար նախագահ Օպաման կասկած չձգեց, թէ պիտի զոհէր <<Հայկական Ցեղասպանութեան>> ճշմարտութիւնը խաբէական հայ-թրքական հաշտութեան մը զոհասեղանին վրայ, զայն գործածելով իբրեւ թզենիի տերեւ մը՝ ծածկելու համար նախկին խոստումը։

Անցեալ ամիս ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ուղղած նամակի մը մէջ նախագահ Օպամա վերահաստատեց, թէ՝ <<քսաներորդ դարու մեծագոյն վայրագութիւններէն մէկուն մասին>> իր տեսակէտները չէին փոխուած։ Անգամ մը եւս ան չմանրամասնեց իր տեսակէտները... Նախագահին գրածը պատասխանն էր Հայ բարեսիրական ընդհանուր միութեան, Հայկական համագումարին եւ Միացեալ Նահանգներու Հայկական եկեղեցւոյ առաջնորդարանին կողմէ յղուած նամակի մը։ Երեք հայկական կազմակերպութիւնները իրենց նեցուկը յայտնած էին Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն նկատմամբ եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դիմում կատարած էին Սպիտակ տան։ Իր պատասխանին մէջ նախագահ Օպամա ճարպիկօրէն օգտագործեց հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ հաշտութեան գործընթացին նկատմամբ արտայայտուած նեցուկը եւ մեղմացուց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր քարոզարշաւի խոստումը։ Ան հակադարձեց ըսելով, թէ <<իրականութիւններու արդար ճանաչումը... յառաջ տանելու լաւագոյն ձեւը>> հայերուն եւ թուրքերուն կողմէ անցեալը քննարկելն է <<իբրեւ մէկ մասը յառաջ երթալու իրենց ջանքերուն>>։ Ան խոստացաւ <<<<յառաջիկայ ամիսներուն շարունակել ուժգնութեամբ նեցուկ կանգնիլ բնականացման ջանքերուն>>։ Այդպիսով նախագահը Արձանագրութիւնները կը գործածէր ականահարելու համար Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ամէն ջանք։

Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր խոստումը յարգելը նախագահ Օպամային շահերուն կը ծառայէ, տրուած ըլլալով, որ այդ մէկը պիտի վերականգնէ իր բարոյական եւ քաղաքական վստահելիութիւնը, միանալով նախագահ Ռիկընին եւ բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրողներուն, որոնք արդէն իսկ կը հաստատեն Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնները։

Նախագահ Օպամա պէտք չէ զարմանայ եթէ ամերիկահայերը այլեւս չվստահին իրեն եւ նեցուկ չկանգնին իր վերընտրման։ Անոնք, որոնք խաղեր կը խաղան Ցեղասպանութեան հետ պէտք չէ վարձատրուին։

Ան, որ զուրկ է ճշմարտութեան համար ամուր կեցուածք որդեգրելու քաջութենէն արժանի չէ Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին...

comments

Advertisement