ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. 105 Տարի Ետք Թուրքիոյ Նախագահը Տակաւին Կը Փորձէ Քօղարկել Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Thursday, 25 June 2020

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

 

1227haroutsassounian

Թուրքիոյ նախագահի Բարձրագոյն Խորհրդատուական մարմինը անցեալ Երեքշաբթի գումարեց հինգ ժամ տեւողութեամբ նիստ մը՝ քննարկելու, թէ ի՛նչ միջոցներով պէտք է արձագանգել 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ «անհիմն եւ հակաթրքական մեղադրանքներուն»:

Խորհրդատուական մարմնին մէջ ընդգրկուած են նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Իսմայիլ Քահրաման (խորհրդարանի նախկին նախագահ), Պիւլենթ Արընչ (նախկին փոխվարչապետ), Ճեմիլ Չիչեք (խորհրդարանի նախկին նախագահ), Քէօքսալ Թոփթան (խորհրդարանի նախկին նախագահ), Մեհմեթ Ալի Շահին (խորհրդարանի նախկին նախագահ), Եըլտըրըմ Աքպուլութ (նախկին վարչապետ), նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մեթին Քըրաթլը եւ նախագահի հանրային կապերու ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն։

Աշխարհի տարածքին, հայերը շատ գոհ են, որ թրքական կառավարութիւնը, մէկ դար շարունակ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ստելէ ետք, դիմելով արտակարգ միջոցներու՝ ինչպէս՝ տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս սպառնալիքներ կարդալ այլ երկիրներու, հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ ծախսելով լոպիիստական ընկերութիւններ վարձել եւ ժխտողական քարոզչութիւն տարածել, այժմ մեծ թիւով ժամեր կը յատկացնէ՝ մտածելով, թէ ինչպէ՛ս պիտի հակադարձէ «հայկական լոպիին»:

Ասիկա կը նշանակէ, որ 105 տարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ բոլոր փորձերը ապարդիւն եղած են:

Թուրքիա վատնած է ահռելի միջոցներ եւ ժամանակ՝ հերքելու անհերքելին․․․: Թուրքիոյ կառավարութիւնը թող դարձեալ փորձէ համոզել աշխարհը, որ այսպիսի Ցեղասպանութիւն չէ կատարուած: Վերջապէս, Թուրքիոյ ղեկավարները պիտի հրաժարին՝ տեսնելով, որ չեն կրնար համոզել մէկը, որ հաւատայ իրենց կեղծիքներուն:

Կու գայ այն օրը, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խոստովանի, որ շատ աւելի դիւրին է ճշմարտութիւնը ըսել, քան շարունակել հիմնաւորուած պատմական իրողութիւնը աղաւաղելու ապարդիւն ռազմավարութիւնը: Թուրքիոյ շահերէն կը բխի հաշտուիլ Հայաստանի կառավարութեան եւ անոր Սփիւռքին հետ ու բանակցիլ Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին պատճառուած վնասին դիմաց պատշաճ հատուցման եւ իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ:

Այն պահուն, երբ Թուրքիա կ՛ընդունի պատմական փաստերը եւ կը հատուցէ վնասը, այլեւս կարիք չի մնար անհանգստանալու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ամբողջ աշխարհի կողմէ լսուելիք արձագանգով: Ընդհակառակն, թուրք ղեկավարը գովասանքի կ՛արժանանայ միջազգային հանրութեան  կողմէ` փաստերուն դէմ յանդիման  գալու  եւ  Թուրքիոյ անցեալի յանցագործութիւններու հարցին հետ ազնուութեամբ վերաբերելու իր կեցուածքին համար։

Իսկ մինչ այդ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը անմիտ յամառութեամբ մը կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման իր անյոյս արշաւը։

Անցեալ շաբաթ, Բարձրագոյն Խորհրդատուական մարմինին հինգ ժամ տեւած դռնփակ նիստէն ետք, Էրտողանի աշխատակազմի հանրային կապերու ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն փոխանցեց նախագահին հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Թշնամութեան սերմերը, որոնք փորձած են ցանել աղաւաղուած պատմական դէպքերու միջոցով, չեն կրնար ծլիլ արդարութեան հողին մէջ»։ Ան «հայկական լոպի»ն մեղադրեց՝ «օսմանեան բոլոր քաղաքացիներու վերապրած դժուար ու ցաւոտ դարաշրջանը շահարկելուն համար՝ յանուն քաղաքական շահերու, ուժային զանազան խումբերու կողմէ յօրինուած կեղծիքներու եւ զրպարտութիւններու օգնութեամբ»: Աւելին, ան ըսաւ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «համապարփակ քայլեր»՝ կանխելու հայկական լոպիին կողմէ 1915ի իրադարձութիւններու օգտագործումը` «Թուրքիան եւ մեր ժողովուրդը անարգելու համար, ինչպէս նաեւ այս հարցը քաղաքական նպատակով շահարկող երկիրներու՝ իրականութեան հետ կապ չունեցող պնդումներու վրայ հիմնուած քարոզչութիւնը»։

Թուրքիոյ նախագահական նիստին նաեւ քննարկուած են շարք մը նախագիծեր եւ գործողութիւններ, որոնք կարելիութիւն կ՛ընձեռեն «լոյս սփռել»ու հարցերու վրայ՝ պատմական եւ իրաւական յատկանիշներով, նաեւ  «զանոնք փաստերով ներկայացնելու թրքական եւ միջազգային հանրութեան», աւելցուց ան։

Ցեղասպանութիւնը ժխտելու այս նոր ծրագիրը հաւանաբար պայմանաւորուած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ անցեալ տարուան աշնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերով (405 թեր-11 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ) եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին միաձայն քուէարկութեամբ:

Հարցը այն է, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ ղեկավարները Ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ հինգ ժամ քննարկում կը կատարեն այն ատեն, երբ երկրին մէջ կ՛ուժեղանայ «Քորոնա» համաճարակը, տնտեսութիւնը փլուզուած է, թրքական լիրան անկում կ՛ապրի, իսկ Էրտողան կը կորսնցնէ հասարակութեան աջակցութիւնը:

Ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու՝ ասիկա Էրտողանի մարտավարութիւնն է՝ շեղել թուրք հասարակութեան ուշադրութիւնը իր վատ կառավարումէն եւ աղէտներէն, թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս:

Անցեալ ամիս պատկերասփիւռէն ելոյթի մը ընթացքին, Էրտողան իր վրդովումը արտայայտելով կառավարութեան բազմաթիւ հարցերուն մասին՝ ի շարս այլ հարցերու, դարձեալ յարձակեցաւ «հայկական լոպի»ին վրայ: «Մենք պիտի չնահանջենք չար ուժերու դիմաց՝ ո՛չ FETO-ի (Կիւլենի շարժումը), ո՛չ PKK-ի («Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութիւն»), ո՛չ հայկական եւ յունական լոպիներու կամ Պարսից ծոցի թշնամական կեդրոններու», խոստացաւ ան։

Հայաստանի կառավարութիւնը արագօրէն արձագանգեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նախագահ Էրտողանի կեղծիքներուն։ Ասիկա ողջունելի իրադարձութիւն է, որովհետեւ Հայաստանի նախորդ կառավարութիւնները կ՛անտեսէին թրքական նմանօրինակ բոլոր պոռթկումները: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան պատասխանեց՝ ըսելով․ «Թուրքիոյ նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան արդարացման եւ անոր զոհերը վիրաւորելու յայտարարութիւնները նորութիւն չեն եւ կը  հանդիսանան ատելութեան խօսքի դրսեւորումներ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան այդ երկրին մէջ հայերու հանդէպ այլատեացութեան մթնոլորտի պահպանման եւ ամրապնդման վրայ․․․: Ժխտողականութիւնը ապագայ չունի, անկախ անկէ, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս կը փաթեթաւորէ զայն։ Որքան ալ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ջանքեր գործադրեն ճնշելու ճշմարտութիւնը, ամէն պարագայի ճշմարտութիւնը հարթած է եւ պիտի հարթէ իր ճամբան»։
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը եւս յայտարարութիւն տարածեց՝  Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման Էրտողանի վերջին ծրագիրները անուանելով «թրքական իշխանութիւններու վտանգաւոր այլատեաց քաղաքականութիւն՝ ուղղուած Հայ Դատի գործիչներուն դէմ․․․: Ցաւօք, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ հայերու դէմ ատելութեան սերմանումը Թուրքիոյ մէջ պետական քաղաքականութիւն են»:

Աւելին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը, ասորական, յունական եւ հրէական կազմակերպութիւններու հետ միասին հանդէս եկաւ միացեալ յայտարարութեամբ՝ խստօրէն դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութեան հակադրուելու Թուրքիոյ կառավարութեան վերջին յայտարարութիւնըլ «Գիտակցելով, որ ժխտումը Ցեղասպանութեան վերջին փուլն է` ուժեղացնելու մարդկութեան պատմութեան եւ տառապանքներու ոչնչացումը, կոչ կ՛ընենք բարեխիղճ մարդոց տեղեակ պահելու Ցեղասպանութեան զոհերու անցեալի եւ ներկայի ծանր վիճակին մասին, այլեւ պատասխանատուութեան ենթարկելու անոնք, որոնք կը ձգտին խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնը, նոյն ժամանակ հաւաստիացնելով, որ աշխարհը այլեւս երբեք լուռ չի մնար, այնքան ատեն, որ տակաւին կը գործադրուի ցեղասպանութիւն», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:

Իմ խորհուրդը նախագահ Էրտողանին եւ անոր գործակիցներուն՝ հրաժարիլ Թուրքիոյ դարաւոր անյաջող ջանքերէն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերու ժխտման ուղղութեամբ, գիտակցիլ ճշմարտութեան եւ նախաձեռնել երկկողմանի համաձայնութեամբ ծրագիրի մը պատրաստութեան՝ հատուցելու համար Ցեղասպանութեան պատճառով հայ ժողովուրդին կրած կորուստները։

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

comments

Advertisement