ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՄԵԶԻ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ, ՄԵՆՔ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

By armenia.com.au | Friday, 21 August 2020





ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Աշխարհի երեսին անձ մը չկայ որ չիմանայ Լիբանանի դժնդակ ճգնաժամին մասին:

Հոն՝ Պսակաձեւ «Քորոնա» Ժահրի սարսափ, հոն՝ տնտեսական ահաւոր տագնապ, հոն՝ հացի կարօտ, հոն՝ ապրուստի տարրական իրաւունքներու ոտնակոխում, հոն՝  դրամատուներու կողմէ լիբանանցիին տարիներու վաստակի կլանում, հոն՝ անարդարութիւն, փտածութիւն եւ մասամբք սոցին...:

Այս դառնութիւնը ճաշակողը մեր Լիբանանահայ քոյրն ու եղբայրն են, բախտակից՝ Լիբանանցի իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Զարմանալի չէ, որ ստեղծուած անողոք պայմանները միջին Լիբանանցին հասցուցած են հոն, ուր ան երանի կու տայ քաղաքացիական պատերազմի սեւ օրերուն...:

Թող բոլորը իմանան, Արեւելքէն Արեւմուտք, Հիւսիսէն Հարաւ, որ Լիբանանահայը իր վէրքերը կոտտալով տոկաց տարիներ շարունակ, եւ ձեռք երկարեց իր Սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք սուրիական քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքէն ճողոպրած ապաստանած էին Լիբանան: Տակաւին, հիւծող Լիբանանէն, Լիբանանահայը իր զօրակցութիւնը շարունակեց ցուցաբերել Հայաստանին եւ Արցախին: Ճգնաժամին մէջ, «արիւնլուայ» եւ «ջարդուած ոսկորներով» Լիբանահայը շարունակեց իր յարգանքը մատուցել իր անցեալի հերոսներուն, իր հոգեւոր եւ ազգային տիտաններուն, սգաց իր նահատակները եւ հպարտացաւ իր յաղթանակներով, աւիշ ներարկելով սերունդներուն:

Եւ ահաւասիկ հսկայական պայթում մը նաւահանգիստին մէջ: Մահ, սարսափ, շփոթ, խուճապ, ցասում, պոռթկում, աւեր:

Պայթումը կը կործանէր Պէյրութը....

Պէյրութը... Այն Պէյրութը, ուր ազգային ու հոգեւոր ղեկավարութիւն թրծուած է, այն Պէյրութը, որ դար մը ամբողջ մեր աշխարհացրիւ համայնքներուն մատակարարած է կրթական մշակներ, մշակոյթի վարպետներ, կուսակցական ղեկավարներ, հոգեւոր հայրեր. ա՛յն Պէյրութը, որ կեդրոնն է եղած Հայկական բարեսիրական հաստատութեանց, Հայկական լրատուութեան, կրթական եւ մշակութային կառոյցներուն, այն Պէյրութը, որ Հայակերտումի ռահվիրաներու կերտման հնոցն է:

Սփիւռքահայութիւնը մէկ մարդու պէս ոտքի ելաւ եւ իր ձեռքը մեկնեց յօգուտ Լիբանանահայութեան, որպէսզի գոյատեւէ եւ շարունակէ ապրիլ Լիբանանահայ համայնքը իր եկեղեցիներով, դպրոցներով եւ կառոյցներով: Իւրաքանչիւր Սփիւռքահայ, հետեւաբար իւրաքանչիւր Աւստրալահայ զօրաւիգ է ապրո՛ղ ու ապրեցնո՛ղ Լիբանանահայութեան եւ իր բոլոր կարելիութիւններով պիտի շարունակէ զօրաւիգ հանդիսանալ անոր, որպէսզի մեր մեծցող սերունդին, մեր վաղուան ղեկավարութեան դէմքէն չանհետանայ ժպիտը, որպէսզի ան շարունակէ հպարտ ու յաղթական յառաջ ընթանալ, մնալու համար ազգակերտումի իր յաւիտենական առաքելութեան մէջ:


ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԳՈՒՆ ՊԱՀԵԼԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է, ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ՛ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ

Լիբանանահայութիւնը մեր գումարներուն կարիքը ունի այսօր: Պատի՛ւ բոլոր Աւստրալահայոց, անհատաբար եւ հաւաքաբար, որոնք անսակարկ նուիրումով, տասնեակ հազարաւոր տոլարներով ցայսօր մասնակցեցան հանգանակութեան: Սակայն Աւստրալահայը գիտակից է, որ մեր պարտականութիւնները այստեղ չեն աւարտիր: Պիտի նուիրենք մինչեւ մեր Լիբանանահայ եղբայրներն ու քոյրերը իրենց բնականոն կեանքը վերսկսին, մեր ազգային ու հոգեւոր կառոյցները իրենց բնականոն գործունէութեան գլուխն անցնին, նեցուկ պիտի կանգնինք անոնց մեր լումաներով, մեր շինիչ առաջարկներով, մեր ուսը անոնց ուսին տալով: Լիբանանահայութիւնը մեր առօրեայ մտահոգութիւնն է, նոյն մակարդակով ինչպէս է մեր ընտանիքի՛ն պահպանումը:

Ապաւինի՛նք Աւստրալահայութեան:


===========================================================================================================


Առ ի յիշեցում, կրնաք ձեր նուիրատուութիւնը կատարել այցելելով https://www.facebook.com/donate/721002678677919/ կամ փոխանցելով հետեւեալ հաշուեհամարին.-

Account: Armenian Relief Society of Australia

BSB: 062-295

Account Number: 10425848

Հանգանակուած գումարները Աւստրալահայ գաղութի անունով պիտի փոխանցուին Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան յատուկ հաշիւին որ բացուած է Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ:

comments

Advertisement