Մատրիտեան Փաթեթը Սահմանային Ռեժիմ Չի Հաստատեր…

By Asbarez | Tuesday, 29 December 2020

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

garoarmenian

Բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն թշնամիին հողային զիջումներ ընելու Փաշինեանի արարքը արդարացնել ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ստեղծած Մատրիտեան Փաթեթի տուեալներով, չարաչար կը սխալին։ Այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆՕՐԷՆ միայն ընդունած է 5+2 ազատագրուած շրջաններու վերադարձը ազրպէյճանական իրաւասութեան, չի կրնար իրաւական հիմ հայթայթել ներկայի սահմանագծման խօսակցութիւններուն։ Կը կրկնեմ. չի կրնար ՝առնուազն հետեւեալ երեք հանգամանքներու հիման վրայ.

(ա) Մատրիտեան Փաթեթը ԵԱՀԿի ՄԽի համանախագահութեան բանակցային գործընթացի բոլոր տուեալներով ՓԱԹԵԹԱՅԻՆ բնոյթ ունեցող փաստաթուղթ մըն է եւ անոր մէջ ընդգրկուած բոլոր կէտերը մինչեւ վերջին վայրկեանը կը մնան վիճելի եւ բանակցութեան ենթակայ, որքան ատեն որ վերջնական համաձայնագրով — եւ կողմերու խորհրդարանական վաւերացումներով — ան չէ պաշտօնականացած։ Բանակցային փաթեթը, ինքն ըստ ինքեան, համաձայնագիր չէ։ Անիկա ոչ իսկ ունի դիտաւորութեան հանգամանք։ Ասիկա բանակցային տարրական սկզբունք է եւ ենթակայ չէ այլընտրանքային մեկնաբանութիւններու։

(բ) Փաթեթը ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆՕՐԷ՛Ն միայն կը խօսի «շրջան»ներու մասին։ Եւ յամենայն դէպս անիկա չի խօսիր «սահման»ներու մասին։ Միջազգային սահմանավէճերու բանակցային գործընթացները տեղի կ՛ունենան հանգրուանային մեթոտաբանութեամբ։ Նախ կը լուծուին տարածքային պատկանելիութեան հարցերը։ Յետո՛յ միայն — եւ բոլորովին այլ աշխատակարգով — տեղի կ՛ունենան սահմանագծման եւ սահմանային ռեժիմի ճշդման հետ կապուած խօսակցութիւնները։ Եւ մինչեւ որ այս երկրորդ հանգրուանը չհանգուցալուծուի, առաջինի համաձայնութիւնը վերջնականացման չ՛ենթարկուիր։

(գ) Այն, որ Նոյեմբեր 9ի Եռակողմանի յայտարարութեամբ ձեւաւորուած բանակցային գործընթացին համար հիմ ընտրած են հին խորհրդային սահմանագիծերը, բացարձակապէս կամայական որոշում է — ինչպէս յայտարարութիւնը՝ ի՛նք — եւ անշուշտ՝ զուրկ որեւէ տրամաբանական հիմնաւորումէ։ Խորհրդային ներքին սահմանագիծերը ծնունդ էին բոլշեւիկեան համակարգի ներքին կամայականութիւններուն։ Յատկապէս կարեւոր է ընդգծել, որ Անդրկովկասի ներքին միջ-հանրապետական սահմաններու հաստատման մէջ անձամբ դերակատար էր Ստալին՝ ի՛նք։ Այս բոլորը ընդունուած իրողութիւններ են։ Թէ ինչպէ՞ս Հայաստանի կազմէն դուրս մնացին Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն, Նախիջեւանը, Արցախը եւ ուրիշ շրջաններ լայնօրէն վաւերագրուած փաստեր են եւ չեն կարօտիր յաւելեալ քննարկումներու։ Խորհրդային Հայաստանի սահմանները կեղծ էին, մեզի պարտադրուած եւ զուրկ՝ օրինական հիմնաւորումէ։ Այս իսկ տրամաբանութեամբ, այսօրուան գործընթացը կ՛ենթադրէր սահամագծման մանրակրկիտ բանակցութիւններ եւ պահանջատիրական քաղաքականութիւն…Անգրագէտ մեքենականութեամբ կարելի չէ վերաբերուիլ սահմաններ ճշդելու պատասխանատու գործին հետ եւ թշնամին բերել մեր տան շեմէն ներս։

Այն, ինչը տեղի կ՛ունենայ այսօր իշխանութեան եւ Եռակողմանի յայտարարութեան միւս կողմերուն միջեւ, ըստ էութեան, քրէական է եւ բացարձակապէս անընդունելի։ Անիկա մահացու հարուած է հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան սկզբունքին։ Ընդունիլ Փաշինեանի սահմանները կը նշանակէ ընդունիլ Հայաստանի եւ Արցախի շրջափակումը թուրք-ազրպէյճանական թշնամիին կողմէ։ Ընդունիլ այդ սահմանները կը նշանակէ մեր իսկ ձեռքերով ստորագրել հայ անկախ պետականութեան մահավճիռը։

Անշուշտ մեզի պիտի ըսուի, թէ այս դաժան հաւասարութեան մէջ այնուամենայնիւ գոյութիւն ունին ռուս խաղաղապահ ուժերը, որոնք պիտի երաշխաւորեն սահմաններու խաղաղութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը… Իսկապէ՞ս։ Լո՞ւրջ էք։ Հարցո՛ւմ. իշխանութիւնը ա՞յս միայն ունի տալիք մեր ժողովուրդին որպէս ապահովութեան հաւաստիք։ Այսինքն նախագահ Փութինի հաւաստիքնե՞րը…Ա՞յն նախագահ Փութինի, որ իր պետութեան շահերէն ելլելով՝ որոշեց հեռուէն միայն դիտել պատահածը, երբ տեղի կ՛ունենար թշնամիի նախայարձակումն ու անխնայ հրետանակոծութիւնը Ստեփանակերտի վրայ ազերիներու ապօրինի զէնքերով…

Առ ի գիտութիւն, ըստ վերջին լուրերուն, այսօր իսկ տեղի ունեցաւ անխուսափելին…Թշնամի ուժերը բացարձակապէս մերժեցին Բերձորի (Լաչինի) վրայով անցք հայթայթել Արցախէն Սիւնիք դիմող Հայկական Բանակի միաւորներուն։ Եւ ասիկա միայն սկիզբն է երկանց։

Յստակ է, որ մեր երկիրը կը դիմագրաւէ անվտանգութեան մեծ ճգնաժամ մը այսօր եւ Պր. Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւնը — որ ընդունած է մաս կազմել մեր հայրենական հողերը թշնամիին յանձնելու յանցաւոր գործողութեան — ի վիճակի չէ արժանապատիւ լուծում բերելու այս հրամայական հարցերուն։ Այս է հանրագումարը այսօրուան իրականութեան։ Եւ հետեւաբար արդար չէ, որ իշխանութիւնը իր ձեռնթափութիւնները չքմեղելու սիրոյն պաշտպանութիւն փնտռէ Մատրիտեան Փաթեթի մարտավարական նրբութիւններուն ետին ամէն օր աւելի ապակողմնորոշելով բազմաչարչար մեր ժողովուրդը եւ հանրութիւնը տանելով ապիկար բեւեռացումներու։ Մեր երկիրը պերճանքը չունի ժամանակ վատնելու։ Վճռական գործի օրերն են։ Պր. Փաշինեան պէտք է հրաժարի։ Երկիրը պէտք ունի նոր եւ խոհեմ եւ միաժամանակ համարձակ ղեկավարութեան, որ կաշկանդուած չըլլայ պարտութեան դեւերով։ Մենք այսօրուընէ սկսեալ պէտք է լծուինք մեր վաղուան յաղթանակը կերտելու դժուարին գործին։

 

23 Դեկտեմբեր 2020

comments

Advertisement