Փաշինեան Սխալ Մը Եւս Գործեց, Ակնարկելով Որ Շուշին Ատրպէյճանական Քաղաք Է

By Asbarez | Thursday, 04 February 2021

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

1227haroutsassounian

Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը գրեթէ երեք տարի զբաղեցնելէ եւ, ամէնէն կարեւորը, արցախեան պատերազմին պատճառով երկրին արձանագրած աղէտալի պարտութեան ընթացքին կառավարութեան գլուխը մնալէ ետք, կը շարունակէ իրերայաջորդ սխալներ եւ ապակողմնորոշող յայտարարութիւններ կատարել:

Ինչպէս աւելի կանուխ գրած էի, Փաշինեան, դժբախտաբար, չի կրնար ղեկավարել Հայաստանը: Ան աւելի շատ բողոքող եւ քննադատող անձ է, քան կառավարութիւն ղեկավարելու համար անհրաժեշտ հմտութիւնները եւ փորձառութիւնը ունեցող: Արցախեան պատերազմն ալ աւելի վատթարացուց իրավիճակը երկրին մէջ եւ բացայայտեց Փաշինեանի անկարողութիւնը՝ յաղթահարելու Հայաստանի բազմաթիւ հարցերը:

Ամբողջ աշխարհի հայերը մեծ յոյսեր ունէին, որ ազատելով նախորդ վարչակարգէն՝ Փաշինեան կը յաջողի Հայաստանը առաջնորդել դէպի բարեկեցութիւն եւ, որոշ չափով, դէպի բնականոն կեանք: Հայերուն ճնշող մեծամասնութիւնը կը սատարէր անոր՝ նախկին կառավարութեան հանդէպ ունեցած հակակրանքին պատճառով:

Դժբախտաբար, պարզուեցաւ, որ Փաշինեան միայն կը խօսի, բայց ոչինչ կը կ՛ընէ: Աւելին, փորձառութեան բացակայութենէն բացի, ան ինքզինք շրջապատած էր այնպիսի խորհրդականներով եւ նախարարներով, որոնք նոյնիսկ իրմէ աւելի անփորձ էին: Հետեւանքը եղաւ այն, որ ո՛չ ինք, ո՛չ ալ իր կառավարութիւնը յաջողութեան հասնելու կարելիութիւնը ունեցան: Արցախեան պատերազմը աւելի սրեց իրավիճակը: Ըլլալով գլխաւոր գերագոյն հրամանատար, ան թոյլ տուաւ իրարու յաջորդող սխալներ՝ Հայաստանը եւ Արցախը տանելով դէպի աննկարագրելի աղէտի, զոր մենք չենք կրնար յաղթահարել տասնամեակներով, եթէ ոչ՝ ընդհանրապէս: Փաշինեան ներկայիս կը պնդէ, որ ինք պէտք է մնայ իշխանութեան ղեկին՝ երկրին առջեւ ծառացած լուրջ հիմնահարցերը լուծելու համար: Չափազանցուած միամտութիւն կ՛ըլլայ այսպիսի խոստումի մը հաւատալը: Այն առաջնորդը, որ ի վիճակի չէ եղած ղեկավարելու խաղաղ ժամանակներուն եւ ամբողջական ձախողութիւն ունեցած է պատերազմի մէջ, ի զօրու չէ բան մը շտկելու: Փաշինեան իրավիճակը աւելի վատթարացուց իր խեղաթիւրումներով եւ վարած սխալ քաղաքականութեամբ:

Քանի մը շաբաթ առաջ, խորհրդարանին մէջ իռ ելոյթի պահուն, Փաշինեան զայրացուց բազմաթիւ հայեր, երբ «դժբախտ ու տժգոյն» որակեց հայկական պատմական Շուշի քաղաքը: Որեւէ պատճառ չկար նման բացասական ածականներ օգտագործելու՝ համայն հայութեան հպարտութիւնը հանդիսացող այդ քաղաքը նկարագրելու համար:

Վերջերս, խորհրդարանին մէջ ուրիշ ելոյթի մը ընթացքին, պատասխանելով Շուշիի մասին պատգամաւորի մը հարցումին՝ Փաշինեան առաւել սրեց իրավիճակը, երբ ըսաւ. «Շուշին պատերազմէն եւ ազատագրումէն առաջ ունեցած է 90 եւ աւելի տոկոս ատրպէյճանցի բնակչութիւն, այսինքն՝ դուք կ՛ուզէք ըսել, որ 90 եւ աւելի տոկոս ատրպէյճանցի բնակչութիւն ունեցող Շուշի քաղաքը հայկակա՞ն է իր այդ կարգավիճակով»:

Փաշինեանի ձախող խօսքերէն ետք, մեծ աղմուկ բարձրացաւ ամբողջ աշխարհի հայութեան շրջանակներուն մէջ: Քանի մը օր ետք, երբ Փաշինեան այցելեց Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնը, եւ երբ լրագրողը հարցուց անոր` խորհրդարանին մէջ Շուշիի վերաբերեալ իր ունեցած յայտարարութեան մասի՝, ան ըսաւ, որ կը պատասխանէ՝ «եթէ լրագրողը գրաւոր ներկայացնէ իր հարցումը»: Յաջորդ օրը, լրագրողը Փաշինեանի խօսքերը գրեց մեծ պաստառի մը վրայ եւ բարձրաձայն կարդաց զայն` վարչապետարանի շէնքին դիմաց: Թէեւ Փաշինեանի կողմնակիցներէն մէկը յարձակեցաւ լրագրողին վրայ եւ պատռեց անոր պաստառը, վարչապետը պահեց իր խօսքը եւ իր Դիմատետրի էջին վրայ ուղիղ սփռուող տեսանիւթով մը անդրադարձաւ այս խայտառակ կացութեան:

Իր պատասխանին մէջ, Փաշինեան նախ կը մեղադրեց լրատուական միջոցները՝ իր խօսքերը խեղաթիւրելու յանցանքով: Ան կրկնեց, որ 1990ականներու սկիզբը ատրպէյճանցիները կը կազմէին Շուշիի բնակչութեան 90 տոկոսէն աւելին կամ աւելի ճիշդ՝ 96 տոկոսը՝  շարունակելով. «Ինչպէ՞ս կարելի էր Շուշին համարել հայկական վերահսկողութեան տակ իր այդ կարգավիճակով, երբ քաղաքի բնակչութեան 96 տոկոսը ատրպէյճանցի էր»: Այնուհետեւ Փաշինեան նշեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առաջարկը՝ կատարուած 19 Հոկտեմբեր 2020ին, պատերազմի աւարտէն քանի մը շաբաթ առաջ, այն էր՝ ընդունիլ զինադադարի մասին Հայաստանի խնդրանքը՝ պայմանով, որ հայերը թոյլ տան նախկին ատրպէյճանցի բնակիչներուն վերադառնալ Շուշի՝ հայկական իշխանութեան տիրապետութեան տակ:

Փաշինեան քանի մը սխալ գործեց իր նախկին յայտարարութեան եւ իրավիճակը բարելաւելու նպատակով աւելի ուշ կատարած իր անյաջող փորձին մէջ: Իրականութեան մէջ, ան ոչ մէկ պատճառ ունէր նման խառնաշփոթ վիճակ մը ստեղծելու եւ կեղծ փաստարկներ բերելու: Ան պարզապէս պէտք էր ըսէր, որ ինք մերժած է Ալիեւին առաջարկը, որովհետեւ ատրպէյճանցիներու՝ հայկական հսկողութեան տակ գտնուող Շուշի քաղաքը վերադառնալու թոյլտուութիւնը անընդունելի էր իրեն եւ հայերուն մեծ մասին համար: Փաստօրէն, ասիկա նոյնն է, ինչ Փաշինեան ըսած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, երբ վերջինս իրեն փոխանցած էր Ալիեւի առաջարկը: Եթէ Փաշինեան սահմանափակուէր այս փաստով, հայկական աշխարհին մէջ բողոքի ալիք չէր բարձրանար: Պատճառ չկար ըսելու, թէ մինչեւ 1992, Շուշին հիմնականին մէջ բնակեցուած էր ատրպէյճանցիներով՝ նման վէճ մը յառաջացնելով այն պահուն, երբ իր իշխանութիւնը արդէն իսկ կը թուլնայ, իսկ ինք քննադատութեան կ՛ենթարկուի բազմաթիւ հայերու, որոնց շարքին՝ նաեւ իր նախկին աջակիցներուն կողմէ:

Մատնանշելով Շուշիի մէջ անցեալին բնակող ատրպէյճանցիներու մեծ տոկոսը՝ Փաշինեան քանի մը սխալ գործեց. նախ եւ առաջ, Շուշիի մէջ բնակող ատրպէյճանցիներու թիւէն բացի, յայտնի փաստ է, որ անիկա դարեր շարունակ եղած է հայկական քաղաք՝ Ատրպէյճանի գոյութենէն տակաւին շատ առաջ: 1920էն ետք, երբ ատրպէյճանցիները Շուշիի մէջ կոտորեցին հազարաւոր հայեր եւ քաղաքը հայաթափելու քաղաքականութիւն վարեցին, հայ բնակչութեան թիւը զգալիօրէն նուազեցաւ: Սակայն, իր ապակողմնորոշիչ յայտարարութեան մէջ, Փաշինեան այսպիսի բացատրութիւն մը չներկայացուց:

Երկրորդ, Փաշինեան կը սխալի՝ գնահատելով որեւէ տարածքի մը հայկական ըլլալը՝ մեկնելով յստակ ժամանակահատուածի մը մէջ անոր բնակչութեան թիւէն: Օրինակ, Նախիջեւանի կամ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ներկայիս գրեթէ հայ չկայ, սակայն հայերը մինչեւ այսօր այդ տարածքները կը համարեն պատմական Հայաստանի մաս:

Երրորդ, թէեւ հասկնալի է, որ Ալիեւի առաջարկը՝ «թոյլ տալ ատրպէյճանցի նախկին բնակիչներուն վերադառնալ Շուշի, որ կը գտնուի հայերու վերահսկողութեան տակ», դժուար ընդունելի էր Փաշինեանի եւ հայերու մեծամասնութեան համար, հոս կայ կարեւոր հարցում մը, որ պէտք էր նկատի առնուէր. քանի՞ ատրպէյճանցի պիտի վերադառնար Շուշի՝ հայկական իշխանութեան տակ ապրելու համար: Շա՛տ քիչ, եթէ ոչ զերօ: Փաշինեանի ենթադրութիւնը այն մասին, որ հազարաւոր ատրպէյճանցիներ պիտի վերադառնային Շուշի՝ քաղաքի ատրպէյճանական բնակչութիւնը դարձեալ բարձրացնելով 96 տոկոսի, իրատեսական չէր: Ոչ մէկ ատրպէյճանցի կը փափաքի ապրիլ Շուշիի մէջ՝ հայկական իշխանութեան տակ, ինչպէս որ ոչ մէկ հայ կը վտանգէ իր կեանքը՝ ապրելով Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ:

Վերջապէս, 19 Հոկտեմբեր 2020ին Փաշինեանի՝ Ալիեւի առաջարկը մերժելը կը նշանակէր, որ պատերազմը կ՛երկարաձգուէր մինչեւ 9 Նոյեմբեր, յանգեցնելով հայկական տարածքներու աւելի մեծ կորուստի՝ յօգուտ Ատրպէյճանի: Աւելին, ատրպէյճանցիները գրաւեցին Շուշին ամբողջութեամբ, եւ շատ աւելի հայ երիտասարդ զինուորներ զոհուեցան կամ վիրաւորուեցան: Պատերազմին ընթացքին Փաշինեանի տուած սխալ որոշումներուն հետեւանքները շատ աւելի աղէտալի էին, քան՝ խորհրդարանին մէջ կատարած իր սխալ յայտարարութիւնը եւ ինքն իրեն ուղղելու հետագայ անյաջող ջանքերը:

Վարչապետը պէտք է գիտակցի, թէ որքա՛ն երկար կառչած մնայ իշխանութեան, այնքա՛ն աւելի կ՛ապակայունացնէ երկիրը: Պարտուած ու ապիկար ղեկավարը չի կրնար բարելաւել երկրին ողբերգական իրավիճակը: Որքա՛ն շուտ հեռանայ ան, այնքա՛ն աւելի արագ կրնայ նոր կառավարութիւնը ստանձնել իշխանութիւնը եւ աշխատիլ Հայաստանի ու Արցախի կրած վնասները մեղմացնել ուղղութեամբ:

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

comments

Advertisement