Շուշիի, Ասկերանի, Վարանդայի Ու Շրջակայքի Իրավիճակը Շուրջ 115 Տարիներ Առաջ

By Asbarez | Friday, 09 April 2021

Ասկերանի բերդը

Ասկերանի բերդը

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

1905ի Օգոստոսին, Շուշիի առաջին կռիւը անմիջապէս արձագանգ կու տայ Ասկերանի մէջ: Շուշիի ՀՅԴի կազմակերպութիւնը կը հրահանգէ Վարանդայի ընկերներուն՝ փակել Ասկերանը: Փակել պէտք էր այդ մեծ ճամբան թրքական հրոսակներուն առջեւ, որոնք շատոնց պատրաստուէր էին արշաւելու Աղտամէն դէպի Շուշի: Բայց ի՞նչ էր Ասկերանը՝ ռուս-պարսկական պատերազմի օրերէն հռչակուած վայր մը, ընդարձակ կիրճ մը Վարանդայի ու Խաչէնի միջեւ, որուն արանքով կը հոսի լայնաւազան ու վարարուն Կարկառ գետը: Հինաւուրց բերդի կիսափլատակ մարտկոցները կը մնան այսօր իբրեւ վկայ այն պատմական կռիւներուն, զոր մղեց Ռուսաստանը, հայերու աջակցութեամբ, Շահնշահի պետութեան դէմ, 19րդ դարու սկիզբներուն Ղարաբաղը նուաճելու համար:

Կարկառ գէտի աջ եւ ձախ ափերէն ալիքաձեւ կ՛իջնեն բլրակներու խմբումներ, որոնց վերջին ծայրերը կը մխուին գէտի մէկ ու միւս եզերքին: Մարտկոցները երկու մասի բաժնուած են. մէկ մասը կը գտնուի Խաչէնի, միւսը Վարանդայի մէջ, երկուքին մէջտեղէն կանցնի մեծ ճամբան:

0410Khecho

Մածուն Խէչօ

Շուշիէն հրահանգը ստանալուն պէս, մեր ընտիր կռուողներէն քանի մը տասնեակ կը փութան գրաւել մարտկոցներուն մէկ մասը, Վարանդայի կողմը: Ատոնց մէջ են Գրիգոր Միրզաբէկեան (Մածուն Խէչօ), Արամայիս եւ ուրիշներ: Շուտով ծայր կու տայ թուրք ձիաւոր հրոսակներու շարանը, որ կու գար Աղտամէն ու կը սլանար դէպի Շուշի: Մերինները լուռ ու մունջ, մարտկոցներու մէջ թագնուած, կը սպասէին: Երբ թշնամի գնդակ հասնելու չափ կը մօտենայ, հայոց հրացանները կ՛որոտան: «Եա՛ Ալի» գոռալով ձիաւորներու բազմութիւնը ետ կը նահանջէ եւ գրոհ կու տայ դէպի Խաչէն, դէպի Խրամորդ եւ Խանաբարդ հայ գիւղերը: Բայց այդտեղ ալ Համազասպի վաշտն էր, որ կը ծառանայ անոնց դէմ, ջարդ տալով, որուն հետեւանքով անոնք խուճապահար փախուստիի դիմեցին: Թշնամին սակայն չէր հրաժարեր իր երազէն՝ ճեղքել Ասկերանի հայակուռ շղթան եւ օգնութեան հասնիլ Շուշիի կռուող ցեղակիցներուն: Զինուորներուն թիւը ժամ առ ժամ կ՛աճեր եւ շուտով 500 հոգինոց բազմութիւն մըն էր, որ կատաղի ոռնոցով եւ պարապ, աննպատակ հրացանաձգութեամբ կը սլանայ դէպի ահաւոր կիրճը: Եւ նորէն կը տեղայ մեր ռազմիկներու գնդակներուն տարափը, այս անգամ նաեւ Խաչէնի կողմի մարտկոցներէն, ուր Համազասպն էր թագնուած իր զինուորներով: Ու վերստին արշաւախումբը սարսափահար փախուստի կը դիմէ:

Այս բոլորը կատարուեցաւ Օգոստոս 15ին: Գիշերը անցաւ խաղաղ ու լուսցաւ թրքական նոր արշաւի ժխորին մէջ: Տեսարանը՝ բուռ մը հայ կտրիճներ՝ ապաւինած քարուքանդ բերդի մարտկոցներուն, ընդդէմ հազարաւոր զինուած խաժամուժի: Մէկ կողմէն Խաչէնի կամաւորները՝ Համազասպի առաջնորդութեամբ, իսկ միւս կողմէն՝ Վարանդայի ուժերը, փոքրաթիւ բայց արի ու վճռական, փակեր էին լայնատարած կիրճը եւ չէին թողուր, որ մէկ հատիկ թուրք իսկ անցնի Աղտամէն դէպի Շուշի կամ հակառակ ուղղութեամբ: Անցորդները անխնայ կը զարնուէին: Անգութ, միշտ նախայարձակ եւ ջարդարար խուժաններու վայրագութիւնները վրէժխնդրութեամբ վառեր էին հայ խաղաղ, աշխատաւոր գեղջուկին սիրտը եւ Կարկառի ալիքները շատ դիակներ թաւալեցին այդ օրերուն:

Համազասպ

Համազասպ

Օգոստոս 22ն է: Նոր ահազանգ: Սպիտակ-կարմիր խաչով դրօշակներն վերստին կը պարզուին Վարանդայի եւ Խաչէնի եզերքներէն, պայմանական նշան մը խումբերու կողմէն, թէ՝ «պատրաստ ենք»: Առաջին կռիւը վերջացեր էր Շուշիի մէջ եւ այնտեղէն հարիւրաւոր թուրք ձիաւորներ կը վերադառնային դէպի Աղտամի իրենց որջերը: Բայց կը վախնային անցնիլ Ասկերանէն, լսեր էին որ հայ զինուորները փակեր էին անցքը. զինուորները կը համախմբուին Խոճալուի մօտ եւ երկար ատեն սիրտ չեն ունենար մօտենալու սարսափելի մարտկոցներուն: Ի վերջոյ, անոնցմէ 30 հոգի, թուրք ոստիկանապետի ուղեկցութեամբ, յառաջ կը շարժին: Մերինները չեն ուզեր այդ 30ի պատճառով վիժեցնել աւելի մեծ ծրագիր մը եւ կը ձգեն, որ անցնին, սպասելով ձիաւորներու աւելի ստուար բազմութեան: Խոճալուի մէջ հաւաքուած խուժանը, տեսնելով 30ի ապահով անցնիլը, կը քաջալերուի, խորհելով անշուշտ, որ ճամբան բաց է, թէ հայերը լքեր են իրենց դիրքերը եւ մաս առ մաս կը սկսին նոյնպէս յառաջանալ դէպի կիսաւեր պարիսպները: Նախ կ՛անցնին 11 թուրք հրոսակներ, համարձակ, ինքնավստահ եւ կը մտնեն պարիսպներուն մէջ։ Տղաները չորս կողմէն շրջապատելով, այնպէս յանկարծակիի կը բերեն անոնց, որ պաշարուածները աղաղակելու անգամ ժամանակ չեն ունենար եւ կը կոտորուին:

Խոճալուէն, այժմ աւելի քաջալերուած, ձիաւորներու ահագին բազմութիւն մը կը դիմէ դէպի Ասկերան, շուրջ 200 հոգի: Եւ երբ ամբողջ ձիաւոր հրոսակախումբը կը մտնէ պարիսպներէն ներս, անիկա կը յայտնուի մեր հրացանաւորներու երկաթէ օղակին մէջ… տղաքը չորս կողմէն միահամուռ կը սկսին կրակել: Հրոսակները միահամուռ, խելակորոյս կը սկսին ելք փնտռել, փորձելով ետ փախչիլ դէպի Խոճալու, Շուշի: Բայց ճամբուն բերանը խցանի պէս բակ էր եւ անոնց ճակատին կ՛որոտան մեր յետսապահներու հրացանները: Ձիաւորները իրենց խուճապահար երիվարներով պտոյտ կու գային կախարդական շրջագիծին մէջ: Ահաւոր «մեռելապար» մըն էր. շատերն ի հարկէ գետին կը փռուին, մաս մը կը կարողանայ քշել դէպի Հասան աղայի քարվանսարանը. այնտեղ ալ մեր զինուորներու ուրիշ խումբ մը նախօրօք դիրք բռնած էին եւ կը սկսին գնդակոծել փախչող թշնամին:

Այդ դժոխային փորձառութիւնը կը կատարուի այնպիսի գահավէժ արագութեամբ, որ հրոսակներէն ոչ մէկը ժամանակ կ՛ունենայ հրացանը ուսէն վար առնելու, փամփուշտ մը արձակելու: Կը բնաջնջուի գրեթէ ամբողջ արշաւախումբը: 200 ձիաւորներէն կրնան ճողոպրիլ ընդամէնը վեց հոգի:

Դէպքը կը տեւէ մօտաւորապէս երկու ժամ: Մարդոց եւ ձիերու դիակները խառն ի խուռն թափթփուած էին պատկառելի տարածութեան մը վրայ: Տղաներու ձեռքն անցան մեծ քանակութեամբ ձիեր ու զէնքեր: Թշնամիին կորուստը մեծ էր նաեւ որակով: Այնտեղ՝ Ասկերանի մէջ, գերեզման գտան շատ մը նշանաւոր բեկեր, ուրիշ խօսքով՝ աւազակապետեր, դրամի ու հեղինակութեան տէր, որոնք ամենայն դիւրութեամբ արշաւախումբեր կը կազմակերպէին՝ հայ ժողովուրդը թալանելու եւ կոտորելու նպատակով: Հայերուն կորուստը իրենց արձակած փամփուշտներն էին միայն:

Աննկարագրելի էր ժողովուրդին բերկրանքը Վարանդայի եւ Խաչէնի մէջ: Այդ դէպքէն յետոյ էր որ Համազասպի հռչակը կը տարածուի Ղարաբաղի մէջ: Թուրք խուժաններու համար վանեցի կտրիճը ճշմարիտ հոգէառ սաթայել մըն էր: Անոնք կը յիշատակէին «Համազօմբ» անունը անէծքով ու զարհուրանքով: Իսկ հայ աշխատաւոր ժողովուրդը կերգեր խանդավառ իր «ՀԱՄԱԶԱՍՊԸ ՊԱՆԾԱԼԻ»:

comments

Advertisement