Երկու Խօսք Ընկեր Հայկ Տէմիրճեանի Յիշատակին

By Ասատուր Շուկայեան - Armenia Media | Tuesday, 07 September 2021



Ասատուր Շուկայեան

Սեպտեմբեր 2-ի, Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրման 30 ամեակի առաւօտ կանուխ, ընկերոջ մը կողմէ ստացայ մահուան գոյժդ, սիրելի՝ Ընկեր Հայկ:

Ընկ. Հայկ Տէմիրճեանը, այն ընկերներէն էր, որոնց հետ ծանօթացայ ու մտերմացայ 35 տարիներ առաջ, երբ Աւստրալիա կը հաստատուէի:

Առաջին տպաւորութիւնս եղաւ, թէ ան ազգային գիտելիքներով եւ մանաւանդ պատմութեան հարցերու հետ կապուած, ունէր խոր տեղեկութիւն եւ փոխանցելու կարողութիւն: Այս կարողութեան կողքին, ան ընթերցասէր էր եւ կը զարգացնէր իր գիտելիքները:

Ընկ. Հայկի ամենայատկանշական նկարագրի գիծերէն մին էր ընկերասիրութիւնն ու համեստութիւնը: Ան անկեղծ էր բառին իսկական առումով եւ ընկերասէր բոլորին նկատմամբ: Բոլորին մէջ կ'ուզէր տեսնել բարին ու վսեմը եւ այդ ձեւով ալ կը յարաբերէր բոլորին հետ:

Ընկ. Հայկը զօրաւոր ազգայնական էր. Իր համար ազգն ու հայրենիքը սրբութիւններ էին, որոնց կարելի չէր դպչիլ:

Ընկեր Հայկը նաեւ գաղափարական մարդ էր եւ այդ պատճառով Աւստրալիա հաստատուած առաջին տարիներէն, 1966 թուականին, տալով կուսակցականի երդումը, անցաւ Հ.Յ.Դ շարքերը:

Ան խորունկ յարգանք ունէր երեց սերունդին նկատմամբ: Կը պաշտէր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը կերտող սերունդը եւ մեծ ակնածանքով յաճախ կը յիշէր ընկ. Սարգիս Զէյթլեանը, որ իր Հայոց Պատմութեան ուսուցիչը եղած էր Գահիրէի մէջ:

Կարելի չէ ընկ. Հայկի կուսակցականի վաստակին միայն քանի մը հատուածներով անդրադառնալ: Այս գետնի վրայ ան ունեցաւ բազմատեսակ գործունէութիւն, որոնց մէջ ամենաուշագրաւը նոր դաստիարակչական աշխատանքներն էին, որոնք մեծ խանդավառութիւն կը պատճառէին իրեն:

Կուսակցութեան աշխատանքներու կողքին, ան ունեցաւ նաեւ միութենական բեղուն գործունէութիւն Համազգայինի ծիրէն ներս:

Ունենալով Հայ գիրի, գրականութեան եւ մանաւանդ Հայոց Պատմութեան նկատմամբ խորունկ հետաքրքրութիւն, ան երկար տարիներ դասաւանդեց Համազգայինի Թարգմանչաց վարժարանէն ներս, դաստիարակելով սերունդներ ազգային ոգիով:

Ընկ. Հայկը մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցէր, կամ կը հետեւէր ազգային գետնի վրայ արձանագրուած յաջողութիւններուն, սակայն կը խուսափէր անոնց մէջ դեր ունեցած ըլլալու յաւակնութիւնը ունենալէ:

Այս գետնի վրայ պատահած է երկու առիթներ, որ մղեմ զինքը ներկայ գտնուելու իր մասին տեղի ունենալիք գնահատական խօսքի: Այս գծով յաճախ կ'ըսէր.- եթէ սկսին գնահատել եւ մեծարել զիս, կը նշանակէ վերջաւորութիւնս եկած է:

Այսօր, համաճարակի պայմանները կարծես պատճառ կը դառնան, որ իրականանայ ընկ. Հայկի փափաքը եւ ան բաժնուի մեզմէ անշշուկ, սակայն վերջին հրաժեշտիդ ներկայ պիտի գտնուին քանի մը ընկերներ, մեր կազմակերպական մեծ ընտանիքին կողմէ իրենց վերջին հրաժեշտը տալու, ապագայ օրերուն վերապահելու ըստ արժանւոյն ունեցած վաստակիդ գնահատականը:

Սիրելի ընկեր, ամբողջ կեանքդ ապրեցար Հայաստանի եւ Արցախի կարօտով եւ զարմանահրաշ զուգադիպութեամբ աչքերդ փակեցիր այն օրը երբ կը տօնակատարուէր Արցախի հիմնադրման 30-րդ տարեդարձը, որ սրտիդ այնքան կը խօսէր:
Ննջէ' հանգիստ, պատուական ընկեր եւ վստահ եղիր, որ փափաքներդ օր մը կ'իրականան նոր սերունդին կողմէ:

comments

Advertisement