Շրջանցել Ներկայ Ամբոխավարական Ժամանակաշրջանը

By ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ - Asbarez | Monday, 14 March 2022

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

2016ը մարդկային-հասարակական պատմութեան էջերուն մէջ պիտի յատկանշուի մէկ կէտով` ամբոխավարական քաղաքականութեան վերելքով (որուն հետեւանքները դժբախտաբար կը շարունակուին մինչեւ իսկ օրս):

Յիշեալ թուականին Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն աջակողմեան-ամբոխավար թեկնածու Տոնալտ Թրամփի յաղթանակը իրեն հետ համաշխարհայնօրէն վերաշխուժացուց ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնները, որոնք կ՛օգտագործեն նոյնինքն իրենց ամերիկացի գաղափարակիցին (Թրամփի) ռազմավարութիւնը, որն է` ամբոխավարութիւնը:

Ամբոխավարութիւնը չի ճանչնար պետական հաստատութիւններ, իշխանութիւններու բաժանում (օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական), միջազգային համաձայնագիրներ, համամարդկային արժէքներ կամ տիեզերական կանոններ, այլ միայն զգացումներու վրայ հիմնուած հռետորաբանութիւններ, որոնք իրենց կարգին կը հակասեն քաղաքական գիտութեան բանական մտածելակերպին:


Բոլոր անոնք, որոնք ընկերային ցանցերու թէ պատկերասփիւռի կայաններու վրայ կը հետեւին ամբոխավար քաղաքական գործիչներու ճառախօսութիւններուն-հռետորաբանութիւններուն, ինքնաբերաբար նկատի պիտի առնեն կեղծ լուրերու վրայ հիմնուած ցեղապաշտ, այլամերժ ու կարծրատիպային անիմաստ ընդհանրացումները, առողջապահական, կենսաբանական եւ կլիմայական իրականութիւններու, գիտական փաստերու ժխտումը:

Ընդհանուր առմամբ, ամբոխավարները իրենց պետական հաստատութիւնները, իշխանութիւններու բաժանումը (օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական), միջազգային համաձայնագիրները, համամարդկային արժէքները կամ տիեզերական կանոնները արհամարհելով կը դիմեն մեծ-մեծ ցնորական խոստումներու (որոնք նոյնիսկ չեն համապատասխաներ իրականութեան), իրենց քաղաքական մրցակիցներուն թշնամացումով, իրենք-զիրենք նախկին քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական ճգնաժամերէն ձերբազատելով եւ ընկերութեան մէջ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ վախ ու ատելութիւն սերմանելով:

Իսկ յիշեալ ամբոխավարական ճառախօսութիւններուն-հռետորաբանութիւններուն հետեւանքներն են` ընկերութեան բեւեռացումը, քաղաքական անկայունութիւնը, սահմանադրական յօդուածներու խախտումը, դատական համակարգի անկախութեան խաթարումը, եւ վերջապէս` լուսաւորութեան դարաշրջանի մեծագոյն ընծաներէն ժողովրդավարութեան բռնաբարում:

Հայկական ընկերութիւնը դժբախտաբար հեռու չմնաց ներկայիս մարդկութեան ամէնէն աղէտալի արհաւիրքէն` ամբոխավարութենէն:

Ներկայիս ազգովին կը դիմագրաւենք այնպիսի քաղաքական եւ հասարակական ճգնաժամ մը, զոր չէինք դիմագրաւած Հայաստանի խորհրդայնացման (1920) օրէն ի վեր:

2018ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ անոնց արդիւնքներուն հիման վրայ հաստատուած կացութիւնը արտադրեց այնպիսի քաղաքական եւ հասարակական մթնոլորտ մը, որ հայկական դիմագիծ տուաւ համաշխարհայնօրէն վերելք ստացած ամբոխավարութեան:

Այսպիսով, հայկական քաղաքական միտքը, մտնելով ամբոխավարութեան ցեխոտ դաշտը, մեր ընկերութիւնը բաժնեց եւ պիտակաւորեց սեւի ու սպիտակի, հակայեղափոխականի ու յեղափոխականի, ազգայինի ու ապազգայինի, աւանդականի ու գունաւորի միջեւ:

Յիշեալ բաժանումներն ու պիտակաւորումները ներկայ ներազգային ճգնաժամի լոյսին տակ եւ 2020ի 44օրեայ պատերազմի աւարտին` 9 Նոյեմբերին ստորագրուած ամօթալի համաձայնագիրի հետեւանքները եւ անցեալ տարուան (2021) խորհրդարանական ընտրութիւնները ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու փոխարէն աւելի պառակտեցին մեր ազգը եւ հաստատեցին ջնջումի մշակոյթ:

2018էն ի վեր Հայաստանի ու համայն հայութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումները աստիճանաբար աւելի բեւեռացուցին մեր ընկերութիւնը:

Այսօր թէ՛ առօրեայ քննարկումներու ընթացքին եւ թէ ընկերային ցանցերու վրայ արեւու լոյսին պէս կ՛երեւին բեւեռացման հետեւանքները: Այլեւս սկսած ենք մերժել նոր կարծիքները, այլ կարծիք ունեցողները նկատել թշնամի, քաղաքակրթօրէն բանավիճելու փոխարէն հաստատուած է յարձակողական մթնոլորտ, տարբեր կարծիք ունեցողներուն կը տրուին անուանակոչումներ եւ պիտակաւորումներ: Այս բոլորը մեր ընկերութեան մէջ կը խեղդեն այլակարծութիւնը, կը խրտչեցնեն մեծամասնութենէն դուրս մտածողները, եւ աւելի՛ն` պատճառ կը դառնան անոնց ձուլման եւ հայկականութենէ հեռացման:

Հաւատարիմ մնալով իր ծրագիրի գաղափարաբանութեան հիմքի` «Ժողովրդավարութիւնը կը խարսխուի մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները եւ ազատութիւնները յարգելու վրայ: Այն օրէնքով կը պաշտպանէ բազմակարծութիւնը, բազմակուսակցականութիւնը եւ խօսքի, խղճի, մամուլի, ստեղծագործութեան եւ աշխատանքի լիակատար ազատութիւնը» կէտին եւ աւելի քան 130 տարուան փորձառութիւն ունենալով հայկական քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ խորհրդայնացման խաւար օրերուն, առանց վախնալու կացինահարումներէն, բանտարկութիւններէն ու աքսորումներէն, կազմակերպեց Փետրուարեան ապստամբութիւնը, ապա Սփիւռքի մէջ վառ պահեց Հանրապետութեան ժողովրդավարական սուրբ արժէքը, իր բոլոր ջանքերով, յանուն Հայաստանի կայունութեան ու ընկերային բաղադրութեան երաշխաւորման պէտք է պաշտպանէ Հայաստանի սահմանադրութեան առաջին գլուխի երրորդ յօդուածի (մարդը, անոր արժանապատուութիւնը, հիմնական իրաւունքները եւ ազատութիւնները) հետեւեալ կէտերը` տարբեր տեսակի ցեխարձակումներէ ու սրբապղծման փորձերէ.

«1.- Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մարդը բարձրագոյն արժէք է: Մարդու անօտարելի արժանապատուութիւնը իր իրաւունքներու եւ ազատութիւններու անքակտելի հիմքն է:

«2.- Մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգումն ու պաշտպանութիւնը հանրային իշխանութեան պարտականութիւններն են:

«3.- Հանրային իշխանութիւնը սահմանափակուած է մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներով եւ ազատութիւններով` իբրեւ անմիջականօրէն գործող իրաւունք»:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, համաձայն իր գաղափարաբանութեան հիմքին, պատմական հիմնաւորման, նպատակներուն եւ քաղաքական առաջադրանքներու, իր առաջնահերթութիւններուն գլխաւորագոյններէն մէկը պէտք է դարձնէ հայկական քաղաքական միտքի ապաամբոխավարացումը, իսկ հայկական ընկերութեան ապաբեւեռացումը` յանուն ազգային միասնականութեան, քաղաքական ու պետական կարգի կայունութեան եւ, բեւեռացումէ խուսափելով, հողային ամբողջականութեան ապահովումով ճգնաժամերու պարագային արտաքին ռազմական միջամտութիւններէն: Սփիւռքի պարագային Դաշնակցութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ զայն փրկել օտարացումէ ու ձուլումէ` տարբեր կարծիք ունեցող մարդիկ ներառելով համայնքի կեանքին մէջ:

Քաղաքական ամբոխավարութիւնը փոխարինել չափաւորութեամբ, իսկ յաւելեալ կեդրոնամտութիւնն ու ընկերութեան բեւեռացումը` ազգային միասնականութեամբ: Ահա մեր ներկայ քաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամէն դուրս ելլելու բանալին: Ահա այլընտրանքը Հայաստանի անփորձ եւ ապիկար կառավարութեան:

Շրջանցենք ներկայ ամբոխավարական ժամանակաշրջանը, որ ապագային մեր պոռոտախօսութեան զոհը չդառնանք:

comments

Advertisement