Այրիացած Կիներու Անմականուն Զաւակներու Սերունդը

By Asbarez | Monday, 25 April 2022

(Նուիրուած՝ Խաթունի Ղազարին Ծննդեան 115րդ Ամեակին)

ՐԱՖՖԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Այդ բազմաթիւ հօտէն՝ գոմին մէջ եղուկ,

Մնացեր է խոյ մը միայն քաջարի

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Քսաներորդ դարու առաջին կիսուն, Սուրիոյ՝ իմ ծննդավայր Գամիշլի քաղաքին մէջ, յաճախ կարելի էր հանդիպիլ անմականուն (անազգանուն) բազմաթիւ հայ տղամարդոց, որոնք կը ճանչցուէին իրենց այրիացած մայրերուն անուններով, ինչպէս՝ Զարոյին Արամը, Քարիմային Յովհաննէսը, Սառային Լեւոնը եւ շատ ուրիշներ, որոնք, նոյն դարու երկրորդ կիսուն, ինծի տարեկից զաւակներ ունէին, եւ այդ զաւակներէն շատերը ինծի համար եղած են մանկութեան ընկերներ կամ վարժարանի դասընկերներ: Վաթսունական եւ եօթանասունական թուականներուն՝ փոքրիկներ էինք եւ մեր մատղաշ միտքէն օր մը չէր անցներ պրպտել եւ իմանալ, թէ ինչո՛ւ այս մարդիկ սովորական մականուններ չունէին միւսներուն նման, ինչպէս՝ Դաւիթեան, Պարսամեան, Մարտիկեան կամ Մանուկեան:

Աղօտ կերպով ծանօթացած եմ անոնցմէ ոմանց կեանքի պատմութիւններուն, սակայն առանց մանրամասնութիւններ իմանալու: Այս մարդիկ սակաւախօս էին եւ խուփբերան՝ իրենց անցեալին մասին, կամ գուցէ անկարող էին պատմել որեւէ մանրամասնութիւն: Բայց քաջածանօթ եղած եմ անոնցմէ գոնէ մէկուն մանկութեան պատմութեան, որ տասնամեակներ, նոյնիսկ ամբողջ կեանքիս ընթացքին, խռոված ու յուզած է զիս: Պատմելիքս անմականուն եւ իր մօր անունով ճանչցուած Ղազարին մանկութեան ամփոփ պատմութիւնն է: Խաթունին Ղազարը:

Այս պատմութեան պատառիկները ինծի փոխանցուած են հարազատներու եւ բարեկամներու կողմէ՝ տարբեր ժամանակներ՝ գոնէ կէս դարու ընթացքին. անոր համար ալ որոշ անհատներու տարիքները կամ կարգ մը դէպքերու թուականները կրնան խախտուած ըլլալ երկու կամ երեք տարիով:

Փոքրիկ Ղազարիկին պատմութիւնը կը սկսի իր ծնունդէն շատ առաջ, Արեւմտահայաստանի Պիթլիս նահանգի Սղերդ քաղաքի աւաններէն Զոխի մօտակայքը գտնուող Պարեհի գիւղին մէջ, երբ 19րդ դարու կէսերուն կը ծնի, կ՛ապրի եւ հոն ալ կը մահանայ Ղազարին մեծ հայրը՝ Մելքոնը, որուն մականունը անյայտ կը մնայ մեզի: Միայն գիտենք, որ Մելքոն ունեցած է երկու եղբայր՝ Օհան ու Ռուբէն: Մելքոն, Օհան եւ Ռուբէն կ՛ունենան զաւակներ եւ թոռներ: Մելքոն կ՛ունենայ Սարգիսը եւ երեք այլ զաւակներ, Օհան կ՛ունենայ Սիմոնը, իսկ Ռուբէն կ՛ունենայ Յակոբը: Երեք զաւակներն ալ կ՛աճին եւ առոյգ պատանիներ կը դառնան խաղաղ գիւղին մէջ, կը մեծնան եւ կ՛ամուսնանան՝ երջանիկ ընտանիքներ կազմելու յոյսով եւ իրենց հերթին զաւակներ կ՛ունենան: Սարգիս կ՛ամուսնանայ Խաթունին հետ եւ կ՛ունենայ Ղազարն ու Տիգրանը, Սիմոն կ՛ամուսնանայ Խանէին հետ եւ կ՛ունենայ Օհանը եւ անոր երեք եղբայրները, իսկ Յակոբ իր ճակատագիրը կը կապէ Վարոյին հետ եւ կ՛ունենայ իր անդրանիկ զաւակը՝ Կարապետը:

Սարգիսին զաւակը՝ Ղազարը, Սիմոնին տղան՝ Օհանը եւ Յակոբին զաւակը՝ Կարապետը կը պատկանին այն սերունդին, որոնք կը որբանան դեռ վաղ տարիքին, կ՛ապրին հայրազուրկ եւ կը կոչուին իրենց մայրերու անուններով՝ Խաթունին Ղազարը, Խանէին Օհանը եւ Վարդոյին Կարապետը: Հարիւր հազարաւոր փոքրիկներ կը կորսնցնեն իրենց հայրերը, որոնք պարտադիր կը զինուորագրուին օսմանեան բանակին եւ չեն վերադառնար իրենց հայրենիքն ու բնակավայրը: Սիմոնն ու Յակոբը այդ հազուագիւտ մարդոցմէ էին, որոնք կը բախտաւորուին եւ հրաշքով հայրենի գիւղ կը վերադառնան, սակայն իրենց ընտանեկան երջանիկ կեանքը եկար չի տեւեր:

Ըստ ազգականներէ քաղուած կարգ մը տեղեկութիւններու, կ՛իմանանք, որ Մելքոն, ինչպէս ըսինք, կ՛ունենայ չորս զաւակ: Անդրանիկը Սարգիսն էր, ապա Աբրահամը, Մարտիրոսը եւ չորրորդը՝ կրտսերագոյնը, որուն անունը անյայտ է: Մելքոնին մահուան մասին տեղեկութիւններ չկան: Բայց իմացած եմ, թէ իր անդրանիկ զաւակը՝ Սարգիսը, կ՛ամուսնանայ համագիւղացի եւ գեղադէմ Խաթունին հետ եւ 1907ին կ՛ունենայ իր առաջին զաւակը՝ Ղազարը, իսկ մէկ տարիէն քիչ անց, կ՛ունենայ իր երկրորդ տղայ զաւակը՝ Տիգրանը: Երկու փոքրիկներուն հայրը՝ Սարգիս, ինչպէս ըսինք, օսմանեան բանակին կողմէ բռնի կերպով կը զինուորագրուի, երբ իր առաջին զաւակը՝ Ղազարիկը, հազիւ կը դառնար երեք տարեկան, իսկ փոքրը՝ Տիգրան, տասնութ ամսական: Սարգիս քանի մը տարի կը ծառայէ օսմանեան բանակին մէջ, հաւանաբար Արեւելեան Հայաստանի սահմանին, խրամատներ փորելով եւ զօրանոցներ կառուցելով՝ ռուսական բանակին հաւանական յառաջխաղացքը խոչընդոտելու համար: Սարգիսի նման բազմահազար հայ երիտասարդներ զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը աւարտելէ ետք՝ տուն չեն վերադառնար: Անոնք կ՛ենթարկուին մահապատիժի՝ միայն հայ ըլլալու համար: Սարգիսին ճակատագիրը տարբեր չ՛ըլլար իր ազգակիցներու՝ բռնի զինուորագրուած հայ երիտասարդներու ճակատագիրէն: Ինք նոյնպէս մահապատիժի կ՛ենթարկուի: Ի՞նչ մահապատիժ՝ մարդասպանութիւն, կամ ալ պարզապէս Ցեղասպանութիւն, որ սկսած էր տասնըիններորդ դարու իննիսունական թուականներէն եւ տեւած էր մինչեւ քսաներորդ դարու առաջին քառորդը, կամ աւելի ճիշդը՝ մինչեւ հայ ժողովուրդի ոչնչացումը իր բնօրրանէն:

Սարգիսին մահուան լուրը շատ շուտ կը հասնի Պիթլիսի իր ծննդավայր գիւղը՝ Պարեհի: Այս ողբալի լուրը տարածուելէ ետք, Սարգիսին երեք պարմանի եղբայրները, կինը եւ երկու փոքրիկները կը մնան անտէր: Ծով սուգը կը պատէ անոնց եւ ողբերգութիւնը կը տիրէ նահապետական ընտանիքին կեանքին: Անոնք կը դառնան դիւրին պատառ մօտակայ քրտաբնակ գիւղերու գիշատիչներուն, որոնք անհամբեր կը սպասէին հայ ընտանիքներ կողոպտելու եւ «կէաւուր» ոչնչացնելու պատեհ առիթին: Կեղեքման առաջին քայլը կ՛ըլլայ այրիացած Խաթունին ստրկացումը՝ մօտակայ Զոխ աւանի քիւրտ աշիրեթապետի հարեմին կողմէ:

Աշիրեթապետի զինեալներէն ոմանք տան դուռը թակելով, Խաթունին կը հրահանգեն, որ ամէն օր ներկայանայ աշիրեթապետին տունը, անոր կիներուն եւ աղջիկներուն ծառայութիւն ընելու՝ հագուստ լուալու, գոմը մաքրելու եւ այլ գործեր ընելու համար: Խաթուն, ամէն օր կ՛աշխատի երկար ժամեր, երբ իր երկու փոքրիկները զինք կը սպասէին անհամբեր: Աղայի տան բնակիչներէն կար միայն մէկ կին, որ գուրգուրանք կ՛արտայայտէր Խաթունին եւ հասկացողութիւն կը ցուցաբերէր անոր դժուարութիւններուն հանդէպ, Ֆաթիման, աշիրեթապետի կիներէն մէկուն մայրը: Ֆաթիմա, երեկոները յաճախ Խաթունը կ՛արձակէր զինք տուն ղրկելով՝ իր երկու փոքրիկներուն հասնելու, զանոնք կերակրելու եւ խնամելու համար, մինչ տան բնակիչները կը ստիպէին Խաթունին կատարել գրեթէ ամէն աշխատանք՝ բացի կերակուր եփելէ եւ ընտանի անասունները կթելէ: Աղային կիները կ՛արգիլեն զինք սնունդի եւ ուտեստի գործերը ընելէ, որովհետեւ ան կը համարուի «նեճիս»՝ կրօնականօրէն անմաքուր: Խաթուն, որ այժմ այլեւս տան երիցագոյն անդամն է եւ կը համարուի բոլորին մայրը, երեկոյեան մնացած ժամերուն կը խնամէ իր երկու փոքրիկները, կը պահէ տան անասունները, կը պատրաստէ ձմրան պաշարը, եւ ամէն օր՝ առաւօտեան, ճաշով կը լեցնէ Սարգիսի երեք եղբայրներուն խուրջինները եւ կը ջանայ իր երեք պատանի տագրերը ցերեկով միշտ տունէն հեռու պահել՝ դաշտին մէջ առաւելագոյնս աշխատելով՝ զիրենք քիւրտ աղային զինեալներէն աննկատ պահելու համար: Ոչ միայն այդ, այլ ան կը մարզէ Ղազարիկը, որ խնամէ փոքր եղբայրը՝ Տիգրանը, երբ մայրը տունէն բացակայի՝ աղային հարեմին մէջ ծառայելով: Խաթուն ամէն օր ջուր եւ կաթ կը պատրաստէ եւ կը թելադրէ Ղազարիկին, որ տայ եղբօրը, երբ փոքրիկ եղբայրը ծարաւ զգայ:

Ղազարիկ, որ ինք անդադար հոգատարութեան կարիք ունի, հրաշքով կը յաջողի որոշ ժամանակ խնամել իր փոքրիկ եղբայրը: Օր մը Խաթունը կը ծանրաբեռնեն յաւելեալ աշխատանքներով, որոնք կ՛երկարին մինչեւ ուշ երեկոյ: Ֆաթիմա կրկին կը միջամտէ եւ Խաթունը տուն կը ղրկէ, որ հասնի իր երեխաներուն: Խաթուն ուշացած՝ վազնիվազ կը վերադառնայ տուն, բայց կը կանգնի սարսափելի տեսարանի մը առջեւ՝ իր փոքր երեխան գետինը պառկած էր խաղաղ, անշարժ, բայց եւ անշունչ, մինչ մօտիկը դրուած թասով կաթը գետին հոսած էր: Որդեկորոյս մայրը սարսափահար կը փորձէ փոքրիկը վերակենդանացնել կամ պուտ մը ջուր տալ, սակայն՝ ապարդիւն: Երեխան պապակէն կը մահանայ իր կեանքի երկրորդ տարին չաւարտած:

Յաջորդ առաւօտ, տան հարսը՝ Խաթուն արեւածագին կ՛արթննայ, կը հաւաքէ իր երեք տագրերը, կը փորեն փոքրիկ փոս մը եւ փոքրիկ մարմինը կը յանձնեն Պարեհիի հողին՝ տան լայնատարած բակին մէկ անկիւնը՝ հնամենի թթենիին ստուերներուն տակ: Ներկայ էին նաեւ Խաթունին քոյրը՝ Խանըմ եւ անոր ամուսինը՝ Դանիէլ: Խանըմ կը համոզէ Խաթունը, որ թաղումը կատարուի առանց արարողութիւններու կամ շարականներու, որովհետեւ քահանայ հրաւիրելու համար անհրաժեշտ էր ուղեւորութիւն մը կատարել դէպի հայկական հեռաւոր գիւղի եկեղեցին՝ անցնելով թշնամական գիւղերու կողքով: Այսպիսի ուղեւորութիւն մը կեանքին սպառնացող վտանգ կրնար ըլլալ տագրերէն մէկուն համար: Ինչպէս նաեւ Խանըմ կը համոզէ իր քոյրը, թէ մատղաշ տարիքի երեխան ոչ մէկ մեղք գործած էր եւ Աստուած զինք պիտի ընդունէր իր արքայութեան մէջ առանց քահանայի աղօթքներու: Այդ օրերուն, Խաթունին կամ ոեւէ հայ ընտանիքի մը համար հալածանքի եւ ազգային խտրականութեան պայմաններու մէջ մահանալը հայկական սովորական պատմութիւն էր:

Ամիսներ ետք, մօտակայ գիւղերէն քիւրտ զինեալներ, Պիթլիսի Զոխ աւանի թրքական պահակազօրին պաշտպանութեան ներքոյ, կը յարձակին նահատակուած Սարգիսի երկու եղբայրներուն՝ Աբրահամին եւ Մարտիրոսին վրայ, երբ այս վերջինները ընտանիքին պատկանող դաշտին մէջ աշխատանքով զբաղած էին եւ կը սպաննեն զանոնք:

Հայ բնակիչներուն համար մարդասպանական այս արարքը աննախադէպ չէր, ոչ ալ անսովոր: Յուղարկաւորութիւնը կ՛անցնի մունջ ու անխօս: Կարգ մը բարեկամներ կը կատարեն թաղումը անաղմուկ եւ նոյնիսկ զերծ՝ ցասումի եւ զայրոյթի արտայայտութիւններէ: Կարճ ժամանակ ետք, Խաթունին քոյրը՝ Խանըմ կը մահանայ, իսկ անոր ամուսինը՝ Դանիէլ, կ՛անհետանայ ու մի քանի ամիս ետք, չհաստատուած լուրեր կը հասնին Խաթունին, որ Դանիէլ լքած է իր ունեցուածքը, կալուածները եւ ապաստանած է Սուրիա: Սարսափը կը պատէ բոլորին: Խաթուն որեւէ ժամանակէ աւելի կ՛ըմբռնէ, թէ իր շուրջ մնացած է ոչ ոք, որ կարող է պաշտպանել զինք եւ իր մանչը: Իր ամուսնոյն միակ ողջ մնացած եղբայրը, որ տասնվեց տարին չէ բոլորած դեռ, ի՞նչ կրնար ընել աշիրեթապետին ախորժակներուն եւ քիւրտ բազմաթիւ զինեալներու դէմ:

Երկու եղբայրներուն սպանութենէն ետք, բոլոր բարեկամները կը համոզուին, որ իրենց հերթը պիտի գար՝ մէկը միւսին ետեւէն: Խաթուն եւս լաւ կ՛ըմբռնէ, թէ ան եւ իր մինուճար փոքրիկը մնացած են բոլորովին անպաշտպան եւ թէ ուշ կամ կանուխ ան պիտի դառնար հարճ մը աշիրեթապետին տան տղամարդոցմէ մէկուն համար եւ ուր որ է, աշիրեթապետին զինեալները անգամ մը եւս պիտի կանգնին իր դրան առաջ եւ գեղանի Խաթունը պիտի տանին, բռնի ուժով ամուսնացնելու համար աշիրեթապետին կամ իր զաւակներէն մէկուն հետ: Եւ այսպիսով , անոնք թէ՛ քրիստոնեայ «կէաւուր» կին մը եւ իր փոքրիկը «ճշմարիտ կրօնք»ի մէջ մտցուցած ըլլալով ալլահի պարգեւին պիտի արժանանային եւ թէ առանց տուայրի գումար վճարելու գեղեցիկ եւ երիտասարդ հարս մը ձեռք բերած պիտի ըլլային:

Շրջանի հայկական գիւղերու բնակիչները ականատես կ՛ըլլային հարիւր հազարաւոր հայերու տեղահանման, ամէն տարիքի եւ սեռի, որոնք կը քալէին տասնեակ ու տասնեակ մարդկային կարաւաններ կազմած, մինչեւ ատամները զինուած թուրք հեծեալ ժանտարմներու հսկողութեան տակ, որոնք կ՛ուղղուէին դէպի սուրիական Տէր Զօր քաղաքի շրջակայքը եւ Սուրիոյ խորքերը գտնուող անմարդաբնակ տափաստանները, իրենց վերջին շունչը սուրիական անապատին մէջ փչելու համար: Ամէն անգամ, երբ տեղահանուած մարդկային խլեակներու կարաւան մը անցնէր, շատեր կ՛իյնային ճանապարհի եզերքին՝ տկարութեան, սովի եւ ծարաւի պատճառով: Եւ ամէն անգամ, երբ կարաւան մը անցնէր, ետին թողնելով ինկած մանուկներ, ծերեր եւ կիներ, Պարեհիի, մօտակայ Ճուվայզ գիւղի եւ միւս հայկական գիւղերու բնակիչները կը մտածէին, «Միթէ մեր հե՞րթն ալ կու գայ շուտով: Տեղահանութեան վտանգը մեզի՞ ալ պիտի սպառնա:»: Իսկ Խաթունին սարսափը աւելի ու աւելի կը մեծնայ ամէն անգամ, երբ յիշէ աշիրեթապետին հարեմը:

Ողջ մնացած տագրը, որուն անունը ինծի անյայտ կը մնայ, շատ փոքր է ընտանիքին մնացորդացին պաշտպանութիւնը հոգալու համար: Սակայն այս փոքր տագրը օր մը կ՛որոշէ կտրուկ, վտանգաւոր եւ արկածախնդրական քայլի մը դիմել, իր մատղաշ կեանքը մահուան անդունդը նետելով՝ վերահաս վտանգին առաջքը առնելու համար: Ան մութ գիշեր մը, երբ բոլոր քիւրտերը հանգիստ մտքով կը քնանային, քրտական գիւղերուն մէջէն անցնելով կը հասնի Զոխ եւ գաղտագողի կը մտնէ աշիրեթապետին տունը, պատէն կախուած մաուզէր հրացանը, փամփշտակալները եւ ատրճանակը կը յափշտակէ, դուրս կու գայ տունէն եւ բոլոր տնեցիները արթնցնելով կը սպառնայ անոնց. «Ով որ համարձակի Խաթունին եւ Ղազարիկին մօտենալ՝ շանսատակ պիտի ընեմ. ո՛վ ըլլայ անիկա:» Հերոս տագրը դանդաղօրէն կը քալէ եւ դուրս ելլելով գիշերուան մութին մէջ կը հեռանայ եւ կ՛անհետանայ՝ իր գիւղի մօտակայ լերան լանջի մացառներուն մէջ ապաստանելով:

Աշիրեթապետին գերդաստանն ու անոնց հպատակ քիւրտերը օրեր եւ շաբաթներ ահ ու սարսափի կը մատնուին, ոչ թէ պատանի տագրոջ վախէն, այլ համոզուած ըլլալով, որ ան շուտով գիւղ պիտի վերադառնար խումբ մը ֆետայիներու հետ՝ իր նահատակուած եղբայրներուն արեան վրէժը լուծելու համար: Անոնք կը սկսին պահակութիւն ընել, թէ՛ գիշերային եւ թէ ցերեկային հերթապահութիւն ընելով: Սակայն օր մը, մօտակայ քրտական գիւղէն անցորդ մը կը նշմարէ տագրը իր պապենական դաշտին մօտ, եւ գիւղ շտապելով՝ իմաց կու տայ գիւղացիներուն եւ ցեղապետին: Մեծաթիւ զինեալ քիւրտեր ճամբայ կ՛ելլեն դէպի դաշտը, կը պաշարեն վայրը եւ հրացաններու բազմաթիւ համազարկերով կը կրակեն երիտասարդին վրայ: Կարճ ընդհարումէ ետք, երիտասարդը քանի մը փամփուշտ կուրծքէն ստանալով, կ՛իյնայ արիւնլուայ իր նախնիներու հողին վրայ, ուր սպաննուած էին իր երկու աւագ եղբայրները:

Մելքոնին ընտանիքին վերջին տղամարդը զգետնուած էր եւ հազարաւոր տարիներ գոյատեւած գերդաստանին զաւակները ոչ եւս էին: Հնամենի ընտանիք մը իր բնօրրանին մէջ կ՛անհետանար, ինչպէս կը բնաջնջուէր ամբողջ ժողովուրդ մը, որ իր հայրենիքին հողին վրայ անցուցած էր եւ ապրած մօտաւորապէս վեց հազար տարի: Ընտանիքէն մնացած էին Ղազարիկն ու Խաթունը միայն:

Քիւրտերու հաւանական յարձակումներու ահն ու սարսափը արդէն տարածուած էր հայերուն մօտ տարիներէ ի վեր: Բազմահազար հայկական գիւղերու եւ տասնեակ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած մարդասպանութեան եւ տեղահանութեան ճակատագիրը շուտով պիտի հասնէր Պարեհի եւ Ճուվայզ: Բոլորը գիտէին, որ հոս ալ տղամարդիկ պիտի առանձնացուէին, կազմէին առանձին կարաւան եւ տարուէին տարբեր ուղղութեամբ, իսկ կիները, ծերերն ու երեխաները՝ պիտի քալէին այլ ճանապարհներով: Յաճախ կը պատահէր, որ սիրուն աղջիկներն ու երիտասարդ հարսերը կ՛առեւանգուէին տեղական աշիրեթներու կողմէ եւ կը պահուէին որպէս հարճ՝ թուրք ժանտարմներու աչքին ներքոյ: Խաթուն գիտէր, որ անպաշտպան մնացած պապենական տունը շուտով պիտի դառնար քիւրտ աշիրեթապետին սեփական կալուածը, իսկ տան բնակիչներն ալ՝ անոր ստրուկները:

Հայրենի տունը լքելն ու հեռանալը անխուսափելի էր: Բայց ո՞ւր ապաստանիլ: Աշիրեթապետին ստրկանալը կամ անոր բազմաթիւ կիներէն մէկը դառնալը չէր կրնար ընտրութիւն մը ըլլալ Խաթունին համար: Ան իր ամուսնոյն՝ Սարգիսին հետ կ՛ապրէր նոյնիսկ անոր մահէն ետք եւ Ղազարիկին պիտի ժառանգէր միայն Սարգիս հայրանունն ու Մելքոն ազգանունը: Ան իր երեխան պիտի կոչէր Ղազար Սարգիս Մելքոնեան՝ ի՛նչ գնով որ ըլլար, ու այդ գինը պիտի ըլլար հայրենի տունէն ու գիւղէն հեռանալը: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ հայրենի հողէն, գիւղէն եւ տունէն հեռանալ: Ով տեղահանուած հայերու կարաւաններու արհաւիրքներուն մասին չէ լսած հարազատի մը բերանէն, կրնայ անոնց մասին կարդալ հայ մեծանուն գրող Համբարձում Կելենեանի երկերուն մէջ, որ անձամբ ճաշակած է այդ արհաւիրքները:

Ու մութ գիշեր մը, հայկական մօտակայ գիւղերէն բարեկամներ եւ Պարեհի գիւղէն ալ ազգականներ կը հաւաքուին գիւղին կալը:

Խաթուն, իր մէջքին շալկած փոքրիկ Ղազարը, հետը դրած քանի մը նկանակ եւ տիկ մը ջուր, կը միանայ գիւղացիներու բազմութեան: Գիւղին կալին մէջ իրարանցում ստեղծուած էր. ամէն մարդ կը գոռայ եւ կը կանչէ իր զաւակը կամ կինը, որպէսզի իրարմէ չհեռանան. մէկը սայլը լծած է ու բեռցուցած վերմակներով եւ ուտեստով. կին մը արժէքաւոր կաթսան առած է հետը, ուրիշ մը բռնած է մաղ մը եւ տապակ մը, ծերունի մը իր թեւին տակ կը պահէ երկու մագաղաթ՝ կերպասէ պատռտած տոպրակի մը մէջ, պատանի մը ճիւղերով հիւսուած վանդակին մէջ դրած է իր երկու կաքաւները, իսկ ուրիշ մըն ալ կը փորձէ իր գառնուկը ետեւէն տանիլ:

Ամբոխը, անխուսափելի մահէն փախուստ տալու համար արդէն պատրաստ է միանալու տեղահանուածներու կարաւաններէն մէկուն, որոնք Պարեհիի մօտով անցնող ճամբաներով կը քալեն դէպի անյայտը:

Իմանալով գեղադէմ հայ աղջիկներու եւ կիներու հանդէպ անյագ ագահութիւն ունեցող քիւրտ, թուրք ու թուրքմէն հրոսակներու մասին եւ անոնց ճիրաններէն զերծ մնալու համար, Խաթուն, ճամբայ չելած, իր պայծառ դէմքը կը ծեփէ ցեխի եւ մուրի ծուէններով՝ իր գեղեցկութիւնը թաքցնելու եւ անճանաչելի դառնալու համար:

Գիշերը կ՛անցնի յամրաքայլ ու ճնշիչ. արշալոյսին, դեռ յամեցող մութին մէջէն հեռուէն կը նշմարուի մօտեցող կարաւանին ուրուականը: Թուրք ձիաւորները արդէն տեղեկացուած էին Պարեհիի կալին մէջ հաւաքուած բազմութեան մասին: Գործընթացը կը համապատասխանէ Թուրքիոյ ծրագրած պետական քաղաքականութեան՝ Արեւմտահայաստանը դատարկել իր հնամենի բնակչութենէն եւ հողը սեփականացնել: Ժանտարմները անմիջապէս կը միացնեն Պարեհիի բնակիչները անցորդ կարաւանին եւ մեծցած կարաւանը կը քշեն դէպի հարաւ՝ Սուրիոյ հիւսիսարեւելքը գտնուող Գամիշլի քաղաքը: Խաթուն եւս կը քալէ ամբոխին մէջ՝ ետին թողնելով ամէն ինչ՝ բլուրին վրայ բազմած ծաւալուն բակով բազմասենեակ տունը, ուր կառուցուած էր երեք սենեակ Մելքոնի զաւակներէն իւրաքանչիւրին համար, որոնցմէ ոչ ոք կար այլեւս: Խաթուն անընդհատ ետ կը դառնայ ու կը նայի տան կողմը. այնտեղ կը մնար մեծ գոմը եւ հոն խաղաղ մակաղած որոճացող մաքիներն ու կովերը, որոնք կը սպասէին մէկուն, որ գար ու ստինքներէն դատարկէր առատ կաթը, բազմաթիւ հաւերը այս առաւօտ պիտի հաւկիթ ածեն եւ ոչ ոք պիտի հաւաքէ. բարձրահասակ ու հնամենի թթենին իր հաստ կոճղով, որ մայրական գուրգուրանքով իր թեւերը կը տարածէ չորս շիրիմներուն վրայ, մեծաքանակ պտուղով բեռնաւորուած նռնենիները, թոնիրը, զոր կառուցած էր Սարգիս չորս տարի առաջ, իրարու վրայ դիզուած ալիւրի պարկերը, ձմրան պաշարը, տակառներու մէջ հաւաքուած ձիթաիւղն ու կարագը, թանկարժէք գորգերը, հարսանիքի օրուան նուէրներն ու գեղեցիկ օրերէն մնացած բոլոր, բոլոր յիշատակները: Այդ բոլոր հարստութենէն, Խաթուն կ՛առնէ իր տան դրան փայտէ մեծ բանալին միայն:

Ճանապարհի վրայ հազիւ երեք ժամ քալած, թուրք ժանտարմները, ինչպէս միշտ, կը բաժնեն այր մարդիկը կարաւանէն եւ կը տանին ուրիշ ուղղութեամբ, կը բռնագրաւեն անասունները, իսկ կիներն ու երեխաները կը շարունակեն ճամբան:

Կարաւանը ցուրտ գիշերները կ՛անցընէ անյայտ արահետներու կողքին քնանալով եւ ցերեկը կիզիչ արեւէն խանծուած փոշոտ ճամբաներու վրայ տասնեակ-տասնեակ մղոններ կտրելով: Շատ մը երեխաներ կը մահանան իրենց մայրերու թեւերուն մէջ, ապա մայրը իր զաւկին անշնչացած դին կը դնէ ճամփեզրին ու վերջին հայեացք մը անոր վրայ նետելով՝ կը շարունակէ ճամբան, հաշտուելով, որ երեխան վերջապէս ազատեցաւ տարագրութեան դաժանութենէն:

Յամենայնդէպս, զինեալ թուրք ձիաւորները կարաւանին ընթացքը չէին կանգնեցներ անհաւատի մը զաւակը թաղելու կամ «կէաւուր»ի աղօթքներ կարդալու համար, որովհետեւ հայու մը զաւկին մահը տեղահանութեան ժամանակ սովորական պատմութիւն էր: Ծերունիներ եւ պառաւներ, ուժասպառ, քալելու անկարող, կ՛որոշէին կածաններու եզերքին նստիլ, յուսալով, որ իրենց վերջին շունչը պիտի փչէին մութը չինկած՝ գայլերու ու բորենիներու որսի ժամը չհասած: Վերջ ի վերջոյ ո՞վ գիտէր, թէ այս անհատնում ու երկար կածաններուն աւարտը ո՛ւր պիտի ըլլար. կարաւանի անդամներուն վերջին կայանը ո՛ւր կը գտնուէր: Ով իմանար, թէ կարաւանը յաջորդ աւանին մօտ պատառ մը հաց պիտի գտնէ՞ր թէ ոչ:

Ղազարիկ, իր մօրը ուսերուն վրայէն, իր մանկական աչուկներով կը դիտէ այդ աննկարագրելի տեսարանները՝ իրեն տարեկիցներու մունջ յուղարկաւորութիւններն ու բացօթեայ թաղումները: Մահուան գաղափարին անծանօթ՝ ան չի ըմբռներ կատարուածը, թէ ինչո՞ւ որոշ մայրեր իրենց փոքրիկները կը թողեն ճամբուն կողքը: Բայց իր մատղաշ հոգւոյն խորքը շարունակ կը մտածէ. «Միթէ ե՞ս ալ պիտի լքուիմ ճամբեզրին եւ կարաւանը պիտի շարունակէ քալել դէպի հեռուները»:

Երեք օր ետք, կէսօրուան ժամերուն, ինչպէս սովորութիւն դարձած էր, Խաթունենց կարաւանին թուրք ժանտարմները արեւակէզ տափաստաններու մէջ՝ ճամբաբաժանի մը մօտ քանի մի ծառ գտնելով՝ ստուերի տակ կը հանգստանան, կարաւանը ձգած ճանապարհի վրայ: Հեռուէն կը տեսնուի, որ փոշոտ մառախուղի ամպեր կը բարձրանան: Կը նշմարուի մօտեցող կարաւանի մը ուրուականը, ապա աստիճանաբար կը յստականայ անոր դիմագիծը: Ամէն անգամ երբ կարաւան մը կը մօտենայ, այս կարաւանի մարդիկ ճամբուն վրայ կենալով, անոնց մօտենալուն կը սպասեն, իրենց սիրելիները, ծանօթները կամ բաժնուած այրերը կը փնտռեն, տնեցիներու մասին կը հարցնեն:

Տողերուս հեղինակը պատանի տարիքին՝ Խաթունի Ղազարին հետ, 1976ին

Խաթուն, Ղազարը գետին դրած՝ կը հանգստանայ՝ իր տան փայտէ խոշոր բանալին մէջքի գօտիէն կախած, անտարբեր կը մնայ հեռուէն եկող կարաւանին ժամանման հանդէպ, իսկ կարաւանը կը մօտենայ փոթորիկի մը նման: Երկու կարաւանները ճամբաներու այս խաչմերուկին կը խառնուին իրար: Մարդիկ կը հարցուփորձեն, որոշ մարդիկ կը գտնեն ծանօթներ, երբեմն նոյնիսկ հարազատներ: Խաթուն տեղէն չի շարժիր. ան զբաղած է Ղազարով միայն՝ գիտնալով, որ իր եւ իր ամուսնոյն գերդաստանէն ոչ ոք մնացած է կենդանի: Իր ամուսինը եւ երեք տագրերը սպաննուած են. իր քոյրը՝ Խանըմ, մահացած է, իսկ անոր ամուսինը՝ Դանիէլ, ամիսներէ ի վեր գաղթած է եւ անհետ կորած. Սարգիսին հօրեղբօրորդին Յակոբը, տեսնելով, որ մահուան իր հերթը կը մօտենայ՝ իր միակ տղան՝ Կարապետը, եւ իր կինը Վարդօն առած՝ շատոնց չուած է դէպի հարաւ. Սարգիսին միւս հօրեղբօրորդին՝ Սիմոնը, իմանալով, որ ընտանեօք ոչնչացուելու վտանգը անխուսափելի է, առած էր իր կինը՝ Խանէն եւ միակ փոքրիկը՝ Օհանը (իր միւս երեք եղբայրները մահացած էին), եւ ժամանակէ մը ի վեր անհետացած է: Խաթուն, մօտեցող կարաւանին մէջ ոչ ոք ունի փնտռելու:

Ան չի կրնար նոյնիսկ լսել հարազատներ գտնող մարդոց տառապալից ճիչերը կամ կորուստները իմացողներու աղաղակները: Մօտաւորապէս մէկ ժամ անց, երբ Խաթուն Ղազարին պուտ մը ջուր կու տայ, կողքէն կը լսէ աղաղակ մը.

– Խաթո՜ւն:

Խաթուն, լսելով ծանօթ ձայնը, վեր կը նայի եւ կը ցնցուի՝ իրեն մօտեցողը Խանէն էր, իր ամուսնոյն՝ Սարգիսի հօրեղբօր տղուն՝ Սիմոնին կինը՝ Խանէն, իր կռնակին շալկած իր որբացած փոքրիկը՝ Օհանը: Խաթուն ամբողջ ընտանիքը գտածի նման ճիչ մը կ՛արձակէ.

– Խանէ՜:

Եւ նոյն ընտանիքի երկու այրիացած հարսերը իրարու գիրկ կ՛իյնան, ու աղի արտասուքի տաք կաթիլները իրարու կը միախառնուին: Ժամանակ մը գիրկընդխառն կը մնան ու երկա՜ր-երկար կու լան: Խաթուն վերջապէս շունչ կը քաշէ եւ կը հարցնէ.

– Խանէ, պա ամուսինդ Սիմո՞նը ուր է: Ո՞ղջ է. տարա՞ծ ե՜ն:

Ճամբեզրին կը նստին, արցունքները կը սրբեն, փոքրիկները իրենց գիրկը առնելով կը զրուցեն.

– Սիմոնը չկայ, Խաթո՛ւն: Սիմոնը օրերէ ի վեր չկայ: Մեր ընտանիքը խառնեցին անցնող կարաւանի մը. քալել սկսելէ երկու օր ետք, կ՛անցնէինք աւանի մը մօտէն, ուր թրքական զօրանոց կար. մեզ տանող զինուորները անջատեցին կարաւանի տղամարդիկը եւ այդ զօրանոցի ուղղութեամբ տարին: Չորս օր է, որ Սիմոնէն լուր չկայ:

– Այս կածաններուն վրայ կորած, ո՞վ լուր պիտի բերէ:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ զրուցելէ ետք, թուրք զինուորները կը հրահանգեն, որ անվերջանալի քայլքը դէպի անյայտը վերսկսի: Զիրար գտած երկու հարսերը կարծես նոր կորովով լիցքաւորուած են եւ հաստատ քայլերով կը յառաջանան, համոզուած ըլլալով, որ պիտի տոկան մինչեւ տեղ հասնիլը: Բայց ո՞ւր. ոչ ոք գիտէր:

Գաղթի ճամբուն վրայ շատերը կարաւանի ստուար շարքէն դուրս կ՛իյնան: Մարդանման խլեակներու վտիտ շարք մը միայն կը հասնի Գամիշլի: Խանէ կը յաջողի գտնել իր ազգականներէն ոմանք եւ բնակութիւն կը հաստատէ անոնց մօտ, իսկ Խաթուն կը փնտռէ իր ամուսնոյն հօրեղբօրորդին՝ Յակոբը, որուն մասին իմացած էր, թէ տեղահանուած էր իր կնոջ՝ Վարդոյի եւ տղուն՝ Կարապետի հետ եւ կարաւանի մը հետ հասած այս վայրերը: Խաթուն կը գտնէ Յակոբը, որ ամիսներ առաջ հասած եւ կրցած էր կառուցել գետնափոր գոմ մը եւ անոր վրայ մէկ սենեակնոց տուն մը, ուր կ՛ապրէր իր կնոջ՝ Վարդոյին եւ պատանի երեխային՝ Կարապետին հետ: Յակոբ եւ իր կինը կը հրաւիրեն Խաթունը Ղազարիկին հետ այդ գոմին մէջ պատսպարուելու:

Յակոբ շուտով կը մահանայ եւ Կարապետ, որ արդէն թեւակոխած էր միջին պատանութեան սեմը, որբ կը մնայ իր այրի մօր՝ Վարդոյին հետ:

Տասնամեակ մը գոմին մէջ անցընելէ ետք, Խաթուն կը մահանայ, երբ Ղազարիկը հազիւ 14 տարեկան էր:

Կը սկսի առանձին մնացած Ղազարին նոր ոդիսականը:

Այս մատղաշ տարիքին, Ղազար աշխատանքի կը մտնէ ծերունի կառապանի մը մօտ: Այնտեղ, Ղազար կը սկսի խնամել երկու ձիերը եւ ամէն առտու արեւածագին հետ, կառքը քաղաքէն դուրս քշելով՝ հող կը լեցնէ, եւ վերադառնալով՝ հողը կը ծախէ շինարարներուն՝ կղմինտր սարքելու համար. երբեմն ան մաքուր կաւահող կը մատակարարէ շրջանի բրուտներուն: Մօտաւորապէս մէկ ու կէս տասնամեակ մըն ալ այսպէս հողավաճառ աշխատելով ու ապրելով, Ղազար աշխատանքի դիմում կը ներկայացնէ նորանկախ Սուրիոյ փոխադրութեան նախարարութեան եւ կը դառնայ պետական պաշտօնեայ՝ քաղաքի շոգեկառքերու կայարանին մէջ՝ կատարելով ամէն տեսակի աշխատանք՝ նոյնիսկ ամենադժուար սեւագործութիւն: Հօր բացակայութեան պատճառով, մօր անունով կոչուելու անէծքը կը հալածէ Ղազարը մինչեւ հոս՝ շոգեկառքերու կայարան, ուր Խաթունին Ղազարը անուան կողքին, ոմանք կը սկսին զինք ճանչնալ որպէս Կայարանին Ղազարը. սակայն պետական թղթաբանութեան մէջ իր անունը գրուած էր այնպէս, ինչպէս իր մայրը երազած էր:

Այդ օրուընէ սկսեալ, Ղազարին կեանքը աւելի ապահով եւ կայուն կը դառնայ՝ ան կ՛ունենայ իր սեփական տունը եւ կ՛ամուսնանայ իրեն նման որբութեան մէջ մեծցած հայուհիի մը հետ:

Սակայն Ղազար միշտ անկարող կը մնայ իր կեանքի պատմութիւնը զաւակներուն պատմելու: Առիթներով, երբ ընտանեկան խնճոյքի սեղանի շուրջ նստած ըլլար, անպայման կը փորձէր երգով մը մասնակցիլ. բայց ափսո՜ս: Հազիւ «Տըլէ Եաման…» ըսած, ձայնը կը խեղդուէր այրող արցունքներուն յատակը: Ամբողջ կեանքին ընթացքին Ղազար իր այնքան սիրած երգը չկրցաւ երգել՝ թէկուզ մէկ անգամ: Զաւակները իր մանկութեան օրերու մասին պատառիկներ կ՛իմանան հեռաւոր ազգականներու պատմած յուշերէն:

Ղազար կ՛ունենայ վեց զաւակ՝ չորս տղայ եւ երկու դուստր: Առաջին դուստրը կը կոչէ իր հերոս մօր՝ Խաթունին անունով, իսկ անդրանիկ որդին ալ իր նահատակ հօր՝ Սարգիսին անունով: Սակայն մինչեւ իր մահը, 1991ի աշնան, իր անունը միշտ կապուած կը մնայ իր այրի մօր անուան հետ՝ ԽԱԹՈՒՆԻՆ ՂԱԶԱՐԸ: Այդ ժամանակ միայն, ըմբռնեցի, թէ ինչո՛ւ այդ սերունդին զաւակները կը կոչուէին իրենց այրի մայրերուն անունով:

Երբ Ղազար կը մահանայ, իր զաւակները տապանաքար կը կանգնեցնեն իր գերեզմանին վրայ: Ուղղահայեաց սեւ մարմարեայ քարին վրայ գրուած է՝ «Պիթլիսցի Ղազար Սարգիս Մելքոնեան 1907-1991»:

Խաթունի Ղազարին ճակատագրակիցներէն էին՝ պառաւին Տիգրանը, Մարոյին Տիգրանը, Հաուէին Իպրահիմը… եւ շատեր:

Իրենց մայրերուն անունով կոչուած սերունդէն իւրաքանչիւրը ունէր նման եղերական պատմութիւն մը, սակայն մեր միտքէն չէր անցներ հետազօտել եւ գրի առնել անոնցմէ ամէն մէկուն անցած ցաւոտ ուղիին պատմութիւնը:

Ղազարին ողբերգական պատմութեան այս պատառիկները կրցայ հաւաքել եւ ամփոփել, որովհետեւ, այդ դաժան օրերուն մէջէն անցած մանկիկը յաջողած էր ապրիլ, գոյատեւել եւ զիս, երեք եղբայրներս եւ երկու քոյրերս աշխարհ բերել:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

– Սիմոն Օհան Սիմոնեանին (Գամիշլի, այժմ՝ Պէյրութ), Խանէի Օհանին ազգաբանութեան տուեալները տրամադրելու համար.

– Նազլի Թաննուրճի Կարապետեանին (Գամիշլի, այժմ՝ Չիլի), Վարդէի Կարապետին մասին տեղեկութիւններ տրամադրելու համար.

– Լուսին Ղազար Մելքոնեանին (Գամիշլի, Քեսապ, այժմ՝ Հայաստան), Խաթունի Ղազարին եղբօր՝ վաղամեռիկ Տիգրանիկին մասին որոշ տուեալներ տրամադրելու համար.

– Խաթուն Ղազար Մելքոնեանին (Գամիշլի, այժմ՝ մահացած), հարուստ տեղեկութիւններ տրամադրելու համար Խաթունի Ղազարին մանկութեան, անոր հօր՝ Սարգիսին եւ երեք հօրեղբայրներուն՝ Մարտիրոսին, Աբրահամին եւ անունը անյայտ հօրեղբօր մասին.

– Ֆահմի Օհանեանին (Գամիշլի), իր շրջագայութիւններու հիման վրայ Պարեհի եւ Ճուվայզ գիւղերու աշխարհագրական վայրը ճշդելու համար.

– Միքայէլ Մանուկեանին (Գամիշլի, այժմ՝ Հայաստան), Խաթունի Ղազարին մօրաքրոջ՝ Խանըմին տուեալները տրամադրելու համար:

– Պատկերները՝ համացանցէն:

comments

Advertisement