Արդարութեան Տողանցքը ... միւս կողմէն

By Nerses Baliozian – Armenia Media | Thursday, 05 May 2022



Ներսէս Պալիոզեան

24 Ապրիլին ինչպէս վերջին տարիներուն սովորութիւն եղած էր Աւստրալահայութիւնը այս տարի եւս Սիտնիի կեդրոնական հրապարակներէն մէկէն տողանցեց յանուն արդարութեան ու բարձրացուց իր ձայնը կոչ ուղելով Աւստրալիոյ կառավարութեան պաշտօնապէս ճանչնալ Հայերու, Ասորիներու եւ Յոյներու դէմ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Ցեղասպանութիւնները:

Տողանցքը, ունի իր խորհուրդը եւ դաստիարակիչ պատգամը որոնց մասին հարկ է անդրադառնալ ու «ամէն տարի նոյն բան»ն է մտածելակերպը ունեցողներուն ուշադրութեան յանձնել:

Ցեղասպանութեան 100 ամեակը անկիւնադարձային թուական էր: Հայ ժողովուրդը Հայրենիքէն ներս ու դուրս մէկ մարդու նման իր պահանջատիրական ձայնը բարձրացուց: Օրին պատգամը յստակ էր՝ 100 ամեակը հանգրուան է եւ ոչ վերջակէտը մեր պայքարին: Արդարութեան Տողանցքները կու գան հաստատելու որ մեր պայքարը կը շարունակուի՝ պէտք է շարունակուի մինչեւ այն ատեն որ մեր դատին արդար լուծումին չենք հասած:

Արդարութեան Տողանցքի առաջնորդողները յստակ պատգամ ունին փոխանցելու գաղութին: Հակառակ քաղաքական ու գաղափարական տարբերութիւններուն Ցեղասպանութեան ոգեկոչումն ու պահանջատիրական պայքարը գաղութը համախմբող ու միացնող հիմնական ու կենսական ազդակներէն մէկն է:

Արդարութեան Տողանցքը եւ յատկապէս այս տարուայ արդարութեան տողանցքը որ տեղի կ'ունենար Աւստրալիոյ դաշնակցային ընտրութիւններու սեմին իր պատգամը ունի նաեւ Աւստրալիոյ քաղաքական վերնախաւին՝ Հայ ժողովուրդի պահանջքներուն համար դաշնակցային մակարդակով պայքարիլը գերագոյն մղիչ ուժն է Աւստրալահայ գաղութին քուէները ստանալու համար:

Այս տարուայ տողանցքին ներկայ հանրութեան հայեացքը սեւեռած էր պաշտօնական ամպիոնին ուրկէ ելոյթ կ'ունենային միութիւններու ներկայացուցիչներն ու քաղաքական դէմքերը որոնք ներկայ էին:

Խուռներամ բազմութեան մէջ այս տարուայ տողանցքին աչքառու էր մանուկներու ներկայութիւնը: Անոնք ներկայ էին իրենց ծնողքներուն հետ որոնք տարիներ առաջ նման տողանցքներու եւ բողոքի ցոյցերու մէջ կը մասնակցէին իրենց ծնողքներուն հետ: Անոնք եկած էին տողանցելու անմահացնելու համար յիշատակը իրենց նախահայրերուն որ դէպի մահ տողանցեցին: Վստահաբար այսօրուայ մանուկները իրենք ալ իրենց կարգին պիտի առաջնորդէն իրենց զաւակները ապագային տեղի ունենալիք արդարութեան ու պահանջատիրական տողանցքներուն ու ցոյցերուն:

Այս է հիմնական պատգամը Արդարութեան Տողանցքին՝ յարատեւ կռիւ ու յարատեւ պայքարի շունչով զինել ու դաստիարակել նոր սերունդը:

Պայքար յանուն մեր դատի արդար լուծման:

Պայքար առանց ընկրկումի ինչքան ալ որ ներկայ Հայաստանի իշխանութեան ապազգային դիրքորոշումներն ու աշխարհաքաղաքական նենգ խաղերը ջանան կտրել մեր թափը:

«Յարատեւ կռիւ, յաճախ եւ երկար ժամանակ գուցէ անյաջող` չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին, ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին» ըսած է Քրիստափոր Միքայէլեանը աւելի քան դար մը առաջ: Այսօր իրականութիւնը նոյն է, հակառակ պայմաններու փոփոխութեան, սակայն նպատակը, էութիւնն ու ճանապարհը միեւնոյնն են:

Ուստի յարատեւ կռիւն ու յարատեւ պայքարն է մեր փրկութեան միակ բանալին:

comments

Advertisement